Փաթրայի Ծոցը
Փաթրայի Ծոցը ((յունարէն) Πατραϊκός κόλπος) Յոնիական Ծովուն արեւելեան բաժինն է։ Արեւմուտքէն «փակուած» է Ռիօ Նեղուցէն (յաճախ կ՛անուանուի Փոքրիկ Տարտանել), որ զայն Կորնթոսի Ծոցին կը կապէ։ Ռիօ Նեղուցին վրայ 2004 թուականին կը վերջանայ կառուցումը Ռիօ-Անթիռիօ կամուրջին․ կամուրջը իրարու կը կապէ Նեղուցին երկու ծայրերուն գտնուող՝ Ռիօ քաղաքը (Պելոպոնես) եւ Անթիռիօ գիւղը (Էթօլոաքարնանիա)։ Կամուրջին արեւելեան կողմը կը գտնուի Կորնթոսի Ծոցը, իսկ արեւմտեան՝ Փաթրայի Ծոցը։

Աշխարհագրական Դիրք Խմբագրել
Փաթրայի Ծոցը կը գտնուի Կեդրոնական Յունաստանի եւ Պելոպոնեսի միջեւ, Կորնթոսի Ծոցին արեւմտեան կողմը։ Անունը առած է անոր հարաւ-արեւեմտեան ափերուն վրայ գտնուող Փաթրա քաղաք-նաւահանգիստէն․ Յունաստանի 3-րդ մեծ քաղաքը։
Արեւմուտքէն, Յոնիական Ծովուն հետ սահմանը Արաքսոս Άραξος հրուանդանի (Պելոպոնես) եւ Կեղրոնական Յունաստանին հարաւ արեւմտեան ծայրամասը գտնուող Օքսիա Οξεία կղզիակին միջեւ «ծիր»ն է։
Փաթրայի Ծոցին երկայնքն է 40-50 քլմ․ իսկ լայնքը՝ 10-20 քլմ․։ Խորութիւնը կը հասնի մինչեւ 130 մ․ Լաքոփեթրա Λακκόπετρα շրջանի բացերը։
Ծովային խաչմերուկ Խմբագրել
Փաթրա քաղաք-նաւահանգիստը, Ծոցին ամենամեծ նաւահանգիստն է եւ Յունաստանի երկրորդը, Փիրէայէն ետք ու ծոցին հարաւ արեւմուտքը կը գտնուի։ Մեծ նաւ-անցանաւերը ferry-boat Փաթրայէն ամենօրեայ հերթականութեամբ դէպի Իտալիոյ արեւելեան նաւահանգիստները՝ Անքոնա, Վենետիկ, Փրիտեզի եւ Թրիեսթէ կ՛ուղղուին․ Եւրոպայի առեւտուրի դուռն է, մանաւանդ կեդրոն-արեւմտեանՊալքանեան երկիրներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին ու ատկէ ետք( Պոզնիոյ պատերազմ 1992-1995 եւ Խրուաթիօ պատերազմ 1991-1995)։
Նոյնպէս ամենօրեայ յաճախականութեամբ դէպի Յոնիական կղզիներ տեղի կ՛ունենայ նաւ-անցանաւերու երթեւեկութիւնը՝ Քերքիրա, Քեֆալոնիա, Զաքինթոս եւ նաեւ դէպի Մեսոլոկի (դիմացի ափ)։ Իսկ Ռիօ քաղաքի նաւահանգիստէն անցանաւերու երթեւեկութիւնը դէպի Անթիռիօ օրուան ընթացքին մօտաւորապէս ամէն 15-20 վայրկեան անգամ կ՛ըլլայ։
Ռիօ-Անթիռիօ կամուրջը Պեղոպոնեզը Πελοπόννησος եւ Ատտիկէն Αττική կը կապէ Յունաստանի մայր ցամաքամասի արեւմտեան մասին՝ Կեդրոնական Յունաստանի արեւմտեան բաժին եւ Իփիրոս։
Պատմական անդրադարձ Խմբագրել
Անուանումը Խմբագրել
Հին տարիներուն, Կորնթոսի Ծոցին շարունակութիւնը կը համարուի, յատկապէս՝ անոր նախածոցը։ Փաթրայի Ծոցը անունին կը հանդիպինք Վենետիկցի նաւաստիներուն նկարագրութիւններուն եւ Փետրօ Թաֆուր Pedro Tafur ծովագնացին արձանագրութիւններուն մէջ (1435)։
Հետագային զայն կը կոչեն Նաֆփաքթոյի Ծոց, ուր եւ տեղի կ՛ունենայ Նաֆփաքթոյի ծովամարտը, ծանօթ նաեւ իբրեւ Լեփանտոյի ծովամարտ (1571)։
1821 թուականէն արդէն, կարգ մը արձանագրութիւններուն մէջ Ծոցին սահմանը Կորնթոսի Ծոցին հետ Ռիօ Անթիռիօ նեղուցն է։
Ռազմական դիրքը Խմբագրել
Փաթրայի Ծոցը պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ ծովամարտերու թատերաբեմ եղած է․ կարեւորները․-
1499-ին Լեփանտոյի 1-ին ծովամարտը, ծանօթ նաեւ իբրեւ Սափենզայի ծովամարտը, Վենետիկի համրապետութեան եւ Օսմանեան Կայսրութեան միջեւ,
1500-ին Լեփանտոյի 2-րդ ծովամարտը,
1571-ին Լեփանտոյի 3-րդ ծովամարտը, Եւրոպայի Կաթոլիկ Դաշնակից պետութիւններուն եւ Օսմանեան Կայսրութեան միջեւ,
1772-ին Փաթրային ծովամարտը, Ռուսական եւ Օսմանեան կայսրութեանց միջեւ։
Ծոցին հարստութիւնը Խմբագրել
Փաթրայի Ծոցին բնապահպանման արժէքը մեծ է, շնորհիւ Մեսոլոկի Missolonghi Lagoon, Էթօլիքօ Aitoliko Lagoon եւ Արաքսօ λιμνοθάλασσα Πάπα ծովալիճերուն։ Անոնք կը պահպանուին Ramsar Convention-ին դաշինքով։ Ծոցին շուրջը կը զարգանայ ձկնորսութիւնը։
Ծոցը անուշ ջուրով կը մատակարարեն Ահելոօս եւ էվինոս գետերը, որոնք կը թափին Ծոցին հիւսիս արեւելեան կողմը, նաեւ՝ Փիրոս եւ Ղլաւքոս գետերը, որոնք կը թափին Ծոցին հարաւ եւ հարաւ արեւելեան կողմը։
Տե՛ս նաեւ Խմբագրել
Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել
Արտաքին յղումներ Խմբագրել
- Ռիօ-Անտիռիօին կամուրջը(յունարէն)
- Կորնթոսի Ջրանցքը(ֆր.)
- Լեփանտօին պատերազմը(անգլերէն)
- Ramsar Convention - դաշինքը(ֆր.)
- Մեսոլոկի գոց ծովը ծովալիճ(անգլերէն)
- Էթօլիքօ գոց ծովը(անգլերէն)