Կորնթոսի Ջրանցքը
Կորնթոսի ջրանցքը Διώρυγα της Κορίνθου․ արուեստական ծովու ճամբայ, պեղուած Կորսնթոսի Նեղուցին երկայնքին, որպէսզի արեւմուտքէն միացնէ Կորնթոսին Ծոցը (Յոնիական ծով) Սարոնիքոս Ծոցին (Էգէական Ծով)՝ արեւելք։ Ջրանցքը բացուած է համանուն նեղուցին երկայնքին ԺԹ․ դարուն, որպէսզի դիւրացնէ ծովային առեւտուրը։ Նաւերը կը շահին 700 քմ․ ճամբորդութիւն (Պելոպոնեսի շուրջ բոլորը) զոր պարտաւոր էին ճեղքելու ջրանցքին բացումէն առաջ։
Կորնթոսի Ջրանցքի բացումով, Պելոպոնեսը թերակղզիէ կղզի կը դառնայ։
Ջրանցքը բացուած ըլլալով նեղուցի երկայնքին եւ ծովուն մակարդակին, փականքներ lock չունի։ Անոր երկարութիւնը 6․4 քմ․ է եւ լայնքը միայն 21․4 մ․։ Այս պատճառով այժմէական հսկայ նաւերուն ջրանցքէն երթեւեկը անկարելի պիտի դառնար։ Ի․ դարուն մէջ եւ ԻԱ․ դարուն սկիզբին, ջրանցքին երկայնքի քանի մը մասերուն լայնքը բանալու (կարելի եղած սահմաններուն մէջ – 0,50 մինչեւ 1 մ․- ) աշխատանքներ տեղի կ՛ունենան եւ 2019 12 Հոկտեմբերին հսկայ զբօսանաւ մը 929 ճամբորդներով, 22․5 մ․ լայնութեամբ եւ 195․82 մ․ երկարութեամբ կը կարողանայ ջրանցքը ճեղքել։
Պատմական անդրադարձ
ԽմբագրելԿորնթոսի Ծոցին եւ Նեղուցին ռազմական դիրքին պատճառով, պատմութեան ընթացքին շատեր կը փորձեն ջրանցք բանալ։ (տե՛ս Կորնթոսին Նեղուցը։)
Յունաստանի ազատագրումէն անմիջապէս ետք, կառավարիչ Իոաննիս Քափոտիսթրիաս ֆրանսացի ճարտարագէտի մը կը պատուիրէ ջրանցք մը բանալու հաւանականութեան ծրագրի մշակումը։ Սակայն ծրագիրը անաւարտ կը մնայ, որովհետեւ ջրանցքի կառուցման համար ներկայացուած գումարը (40 միլիոն ֆրանսական ֆրանք ) անկարելի է նորաստեղծ Յունաստանի պիւտճէին համար։
Սուէզի Ջրանցքի բացումը, 1869, նոր ներմղում մը կ՛առաջացնէ եւ յաջորդ տարին Յունաստանի վարչապետ Թրասիվուլոս Զայիմիս, յունական խորհրդարանէն կ՛անցընէ օրէնքը, որով կ՛արտօնուի Կորնթոսի Նեղուցին երկայնքին ջրանցք բացուի։
Հսկայ գործը կը վստահուի ֆրանսացի գործարարներու, սակայն այդ ժամանակաշրջանին Փանամայի Ջրանցքի կառուցման պատասխանատու ֆրանսական ընկերութիւնը կը սնանկանայ եւ այդ պատճառով ֆրանսական դրամատուները գործարարներուն կը մերժեն դրամ փոխ տալ։
Վերջապէս 1881-ին ֆրանսական Société Internationale du Canal Maritime de Corinthe ընկերութեան կը մենաշնորհեն ջրանցքին կառուցումը, յանձնակատարութեամբ՝ յաջորդող 99 տարիներուն ջրանցքը աշխատցնեն։ Ջրանցքին կառուցման ընթացքին, ծախսերը կը գերազանցեն նախատեսուած պիւտճէն․ ընկերութիւնը սնանկութեան սեմին կը գտնուի։ Ի վերջոյ աշխատանքները կը լրանան երբ յունական ընկերութիւն մը յանձն կ՛առնէ աշխատանքները շարունակել ու աւարտել։
1883, 23 Ապրիլին աշխատանքներուն բացումը կը կատարուի ներկայութեամբ Յունաստանի թագաւորին՝ Եորղոս Ա․։
Ջրանցքին պաշտօնական բացումը
Խմբագրել1893, 25 Յուլիսին, 11 տարի ետք Կորնթոսի ջրանցքին պաշտօնական բացումը կը կատարուի։
Ջրանցքին կառուցումը կը դիւրացնէ ծովային առեւտուրը․ առեւտրական նաւերը Ատլանտեան Ովկիանոսի, Եւրոպայի կամ Միջերկրականին աւազանի նաւահանգիստներուն աւելի արագ կը հասնին եւ փոխադարձ։ Մեծ բեռնատար նաւերուն ջրանցքէն անցնիլը կը կատարուի ուղեկցանաւերով։
Ջրանցքին կառուցումէն ետք
ԽմբագրելՋրանցքին բարձր կրաքարէ պատերը կառուցման օրէն իսկ անկայուն են։ Հողավէժութեանց պատճառով ջրանցքին նաւարկութիւնը բացման հանդիսութենէն (Յուլիս 1893) քանի մը ամիս ետք միայն՝ Նոյեմբերին, կը սկսի։ Կ՛ անդրադառնան թէ անցնող նաւերուն ձգած ալիքները պատերը իրենց հիմեն կը քանդեն, հողավէժութիւն պատճառելով։
1893 եւ 1940 թուականներուն, ջրանցքը պարբերաբար կը գոցուի (ընդհանուրով 4 տարի) պատերուն ամրացման աշխատանքներուն համար։ Միայն 1923-ին, 41․000 խորանարդ մեթր տարր կ՛իյնայ ջրանցքին ջուրերուն մէջ․ երկու տարի կ՛առնէ անոր մաքրումը։
Ջրանցքը Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին
ԽմբագրելԲ․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, ջրանցքը լուրջ վնասներ կը կռէ։ 1941, Ապրիլ 26-ին, Գերմանացի անկարգելաւորներ օդային ուժերու օգնութեամբ ջրանցքին գլխաւոր կամուրջը կը փորձեն գրաւել։ Սակայն, որպէսզի ջրանցքը չիյնայ գերմանացիներուն ձեռքը, Բրիտանական* ուժերը կամուրջը կը պայթեցնեն։
- Բ․ Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, Յունաստան Դաշնակաիցներուն կողքին կը պատերազմի, իսկ Իտալիան՝ Գերմանիոյ։
Կամուրջը կը փոխարինուի միախմբուած կառուցումով մը՝ երկաթուղի/պողոտայ, որ կը պատրաստուի 25 օրուան մէջ Իտալական Թագաւորական Բանակի Երկաթուղիներու ճարտարագիտական Գունդի 4-րդ վաշտին կողմէն։
Երեք տարի ետք, Գերմանական ուժերը Յունաստանէն նահանջելու ատեն, կ՛աւերեն ամէն ինչ։ Ջրանցքը չի բացառուիր․ կամուրջները կը պայթեցնեն եւ ջուրը կը նետեն ամէն բան որ շարժական է, կամուրջին բեկորքը եւ ենթակառուցուածք։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Զօրքին ճարտարագիտական բաժինը, ջրանցքին մաքրութեան դժուարին գործը կը սկսի Նոյեմբեր 1947 եւ աշխատանքները կ՛աւարտին 7 Յուլիս, 1948 եւ նոյն տարուան Սեպտեմբերին ջրանցքին երթեւեկութիւնը կը կանոնաւորուի։
Ջրանցքը ներկայիս
ԽմբագրելԱյսօր երկու պողոտաներ, երկու երկաթուղային գիծեր եւ ջրանցքին երկու ծայրամասերուն ընկղմող կամուրջներ, Պելոպոնեսը կը կապեն Յունաստանի մայր ցամաքամասին։ Ջրանցքին արեւմտեան մասին կայ նաեւ զինուորական կամուրջ մը, արտակարգ պարագաներու համար։
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Ջրանցքին արեւելեան մուտքը, Սարոնիքոս Ծոցէն
-
Սարոնիքոս Ծոցէն (արեւելեան) մուտքը ջրանցք
-
Կորնթոսի Ծոցէն մուտքը, նկար՝ 1935․
-
Ջրանցքին արեւմտեան մուտքը (Կորնթոսի Ծոց) 1937 թուական
-
Ջրանցքը, անոր գլխաւոր կամուրջը․ խորին՝ Սարոնիքոս Ծոցը
-
Զբօսանաւերը ջրանքէն կ՛անցին
-
Սեպտեմբեր 2005
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Կորնթոսին Ջրանցքը(յունարէն)
- ↑ Յուլիանոս Կայսեր փորձը ջրանցք բանալու (յունարէն)
- ↑ travel news - Հսկայ զբօսանաւ մը ամենամեծ նաւն է մինչեւ այսօր որ կը ճեղքէ Կորնթոսին ջրանցքը, Amy Woodyatt, CNN (անգլերէն)[permanent dead link]
- ↑ Ամերիկեան Զօրքին ճարտարագիտական ներդրումը Միջերկրականի եւ Միջին Արեւելքին մէջ, 1947-1991, էջ 13, Robert P. Grathwol; Donita M. Moorhus (2010)(անգլերէն)
- ↑ Ջրանցքին պատութիւնը (յունարէն)
- ↑ Société Internationale du Canal Maritime de Corinthe (յունարէն)
- ↑ Կորնթոսի Ջրանքը 1923 - մինչեւ ժամանակակից շրջան (անգլերէն)
- ↑ Կորնթոսի ջրանցքը, International Travel News, Carol L. Bowman, Փետրուար 2014(անգլերէն)
- ↑ Գերմանական արշաւանքը Յունաստան, Մարիթա գործողութիւնը․ գլուխ 12-րդ, յօդուած՝ 14, Ջրանցքին գրաւումը (անգլերէն)
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Երկու Ծովերու Ջրանցքը(անգլերէն)
- Կորնթոսի Ջրանցքին քարտեսներ, google map(անգլերէն)