Ռոպէր Ճէպէճեան (1909, Հալէպ - 26 Ապրիլ 2001(2001-04-26), Հալէպ, Սուրիա), ակնաբոյժ, հասարակական գործիչ, հրատարակիչ:

Ռոպէր Ճէպէճեան
Ծնած է 1909
Ծննդավայր Հալէպ
Մահացած է 26 Ապրիլ 2001(2001-04-26)
Մահուան վայր Հալէպ, Սուրիա
Մասնագիտութիւն ակնաբոյժ, հանրային գործիչ, հրատարակիչ

Համալսարանական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը ետքը ուսումը շարունակած է եւ մասնագիտացած է Ֆրանսայի մէջ:

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ան որդին է հանրաճանաչ բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեանի:

Աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի բժշկական ճիւղը (1934): Աւարտելէ ետք համալսարանը մեկնած է Ֆրանսա մասնագիտանալու Էտուարտ Հէրրիոտի Լիոնի մէջ գտնուող հիւանդանոցէն ներս (Édouard-Herriot (19331934)), նոյնպէս Փարիզի տարբեր հիւանդանոցներուն մէջ:

1934 ին վերադարձած է Հալէպ գործելու իբրեւ ակնաբոյժ, սկիզբը աշխատած է իր հօր եւ մօրեղբոր Ֆիլիպ Յովնանեանի հետ իր աշխատավայրին մէջ, որ կը գտնուէր Ճատէդ խանտաքի (جادة الخندق) մէջ մինչեւ 1948 թուական, ապա փոխադրուած է Ճամիլիէ թաղամաս (حي الجميلية):

Գործերը

Խմբագրել

Ռոպէր Ճէպէճեան մեծ դեր ունէր բժշկութեան զարգացման Հալէպի մէջ:

Յիշենք կարգ մը իր գործունէութիւներէն:

  • 1948-ին Հալէպի մէջ հիմնեց Ճէպէճեան ակնաբուժարանը (1971-էն Միջին արեւելքի աչքի հիւանդութիւներու գիտական կեդրոնը):
  • 1935-ին համաճարակներու ուսումնասիրութիւններ լէշամնիայի (leshamnia) շուրջ:
  • 1938-ին Սուրիոյ մէջ առաջինն է որ ուսումնասիրած է տրախոման, մշակած է տրախոման, աչքի մանրախտ (Trachoma) բուժման եղանակը:
  • 1940-ին մասնակցած է դպրոցական բժշկութեան ստուգումներուն գործընթացը հիմնելու աշխատանքին:
  • 1947-ին կատարած է աչքի եղջերապատուաստման վիրահատութիւն:
  • 1948-ին հիմնած է Աչազրկման Կանխարգելման Սուրիական Ընկերութիւնը, որու նախաձեռնութեամբ 1955-ին Հալէպի մէջ հիմնուեցաւ կոյրերու առաջին դպրոցը:
  • 1952-ին հիմնած է առաջին մասնագիտացուած ակնաբուժարանը, Համաշխարհային Առողջապահութեան Հիմնարկի աջակցութեամբ համարուեցաւ այս նպատակին ծառայող առաջին խորհրդաժողովը Սուրիոյ մէջ։
  • Ռոպէր Ճէպէճեանի եւ Լիոն Ասմարի նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ կազմակերպութիւնը յաջողեցաւ դիմադրել կուրութեան արտօնութիւն ստանալ՝ կատարելու համարեղջերաթաղանթի պատուաստման գործողութիւնը՝ օգտագործելով մեռելներու աչքեր՝ մահացողի ընտանիքէն արտօնութիւն ստանալէ ետք. 10 Մայիս 1952-ին թողարկուած է թիւ (266)ով, երկրի նախագահի կողմէ հաստատուած եւ ստորագրուած օրէնքի համաձայն:
  • 1955-ին Զարեհ Գաբլանի հետ հիմնած է «Մարտիրոս Սարեան»ի անուան նկարչական ակադեմիան:
  • 1968-1970-ին ղեկավարած է ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ մասնաճիւղը:
  • Ան նպաստած է Հալէպի մէջ առաջին օրինակելի կոյրերու դպրոցի ստեղծման, որը անուանուած է Ապի Ալ-Ալաա Ալ-Մաարի (أبي العلاء المعري)ի յիշատակին, 1968-ին առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ մէջ սկսաւ ուսուցանուիլ Պրէյլի գիրերի ձեւով, Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութեան եւ Հալէպի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ կառուցուեցաւ նոր կեդրոնը:
  • 1970-ին Ռ. Ճէպէճեան ստացաւ բժշկական փիլիսոփայութեան տոքթորականը՝ Երեւանի բժշկական ակադեմիայէն, աչքի մանրախտ (Trachoma) բուժման եղանակ առաջարկելէ ետք:
  • 1975-1977թթ. Սուրիոյ ակնաբուժական ընկերութեան նախագահն է:
  • Հրատարակած է ցեղասպանութեան եւ փախստականներուն նուիրուած նիւթեր, ալպոմներ:
  • Զբաղած է նկարչութեամբ:
  • Ճէպէճեանի նախաձեռնութեամբ ՀՀ տեղափոխուած են նկարիչներ՝ Արմիսի եւ Ժ. Օրագեանի որոշ գործեր, բազմաթիւ ձեռագրեր, հնատիպ գիրքեր, հայկական ժանեակներու հաւաքածու, եւն.:
  • Ունեցած է շարք մը ցուցահանդէսներ:
  • Պարգեւատրուած է ՀՀ ԳԱԱ Մեսրոպ Մաշտոցի յուշամետալով:

Արուեստի գործերէն

Խմբագրել

Իր արուեստի կեանքի առաջին ուսուցիչն էր հռչակաւոր Հալէպահայ արուեստագէտ Արմիսը: Ճէպէճեան ազդուած էր Արմէսի գործերով: Իրենք ծանօթացած էին Ֆրանսայի մէջ:

Նոյնպէս ծանօթացած էր Հալէպահայ արուեստագէտ Քարզուի հետ:

1972-ին իր առաջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Հալէպի ազգային թանգարանէն ներս, 1984-ին իր երկրորդ ցուցահանդէսը նոյն ցուցասրահէն ներս եւ այս մէկը անուանուած էր Սիրուն Քեսապ ( كسب الجميلة ):

Նպաստեց Մարտիրոս Սարեանի ակադեմիայի կառուցման գործընթացին:

Ճէպէճեանի ամենայայտնի արտայայտիչ նկարներէն է «ակնաքօղի գործողութենէ ետք», որը նկարած է 1965-ին: Ան երկու հիւանդի պատկերն էր, որոնք անցուցած էին այս գործողութիւնը: Պատկերին մէջ ակնյայտ է մէկ հիւանդին աչքերը ցցուն եւ մեծ, իսկ միւսին աջ աչքին վրայ սպիտակ կապ՝ ձախ աչքին ծիածանաթաղանթը սպիտակ, որը նշան է հիւանդութեան. այս պատկերը յաճախ օգտագործուած է ակնաբոյժներու ժողովներուն:

Մատենագիտութիւն

Խմբագրել
  • Ինքնակենսագրութիւն, յուշեր եւ գործունէութիւններ, Հալէպ, 1999[1]:
  • Ճէպէճեան Ռ.Ա., Գեղարդ: Սուրիահայ տարեգիրք, Հալէպ, 1991 (համահեղինակ):
  • Ճէպէճեան Ռ.Ա., Սարեան Ակադեմիա. արծաթեայ յոբելեան 1955-1980, ՀԲԸՄ, ՀալԷպ, 1980:
  • Ճէպէճեան Ռ.Ա., Ալպոմ բռնագաղթի հայ կարաւաններու երթուղիներուն՝ 1915-ին Սուրիոյ տարածքին, Հալէպ, 1994:
  • Ճէպէճեան Ռ.Ա., Հիւանդութիւններու կեանքն ու յեղաշրջումը, Հալէպ, 1962:
  • Ճէպէճեան Ռ.Ա., Հայ բժշկութեան պատմութիւն եւ հայ-արաբ բժշկական դպրոցներու կապերը, Պէյրութ, 1967:
  • Ճէպէճեան Ռ.Ա., Մտերիմ զրոյց՝ ուղղագրութեան հարցի շուրջ, հ. Ա, Հալէպ, 1970:
  • Ճէպէճեան Ռ.Ա., Ալպոմ Հալէպի հայ գաղթականներու Հիւղաւանին: 1922-1936, Հալէպ, 1986 (համահեղինակ):

Ձեռքբերումներ

Խմբագրել
  • 1970թ.՝ բժշկական գիտութիւններու թեկնածու:
  • 1948թ.-էն՝ Ֆրանսայի ակնաբուժական ընկերութեան անդամ:
  • 1965թ.-էն՝ Սուրիոյ ակնաբուժական ընկերութեան անդամ:
  • 1979թ.-էն՝ ՀԽՍՀ ակնաբոյժներու ընկերութեան պատուաւոր անդամ:
  • 1956թ.-էն՝ ԱՀԿ Սուրիոյ ներկայացուցիչ:
  • ՀՀ ԳԱԱ Մեսրոպ Մաշտոցի յուշամետալ:

Մահը

26 Ապրիլ 2000-ին մահացաւ հռչակաւոր բժիշկ եւ արուեստագէտ Ռոպէր Ճէպէճեանը Հալէպի մէջ, 91 տարեկանին, բաւական ծաւալուն օգուտ ձգելով մարդկութեան:

Տե՛ս նաև

Խմբագրել
  • Ով ով է. հայեր (կենսագրական հանրագիտարան: Երկու հատորով), ՀՀ խմբ. հանձնաժողով՝ Հ. Մ. Այվազյան (գլխ. խմբագիր) և ուրիշներ, Երևան, Հայկական հանրագիտարան հրատ., Հ.2, Ճաղարյան-Ֆրիկ, 2007:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. "Ով ով է. Հայեր", կենս. հանրագիտ., հատոր Ա., Երևան, 2005: