Ռումտիկին
Ռումտիկին (ներկայիս Ֆելահիյէ)[1], գիւղ՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, կը գտնուի Կեսարիա քաղաքէն շուրջ 43 քմ հիւսիս` Ալիս գետի ափին, Ղալէ կոչուած բլուրի մը ստորոտը[2]։
Լերկ լեռնաշղթաներով շրջապատուած այս գիւղը կը բաժնուի գլխաւոր երկու մասերու՝ արեւելեան եւ արեւմտեան։
Ռումտիկին զինք շրջապատող գիւղերուն մեծագոյնն էր։ Չորս կողմէն շրջապատուած էր թրքական գիւղերով, որոնք կը գտնուէին մէկ-երկու ժամուան հեռաւորութեան վրայ։
Շրջակայ թուրք գիւղերու բնակիչները իրենց կարիքները ապահովելու համար, Ռումտիկին կու գային։
Ռումտիկինի արեւելեան, հիւսիս եւ հարաւ արեւելեան կողմերը մացառոտ անտառներ են, իսկ արեւմտեան, հիւսիս եւ հարաւ արեւմտեան կողմերը ծածկուած են դաշտերով եւ արօտավայրերով։ Դաշտային մասը կ'երկարի երկու լեռնաշղթաներու միջեւ։ Հիւսիսային կողմը լեռնային բարձրաւանդակ մըն է, մշակելի ընդարձակ հողերով, որոնց հարաւը կը բացուին անդնդախոր ձորեր, կը բարձրանան երկնամերձ լեռներ, որոնք կանգ կ'առնեն Ալիս գետի հովիտին։
Հակառակ իր առանձնացած դիրքին, Ռումտիկինցին կրցած է ինքզինք պարտադրել շրջապատին, շնորհիւ իր հպարտ եւ ըմբոստ նկարագիրին, յաճախ սարսափ ազդելով իր շրջակայ թուրք գիւղացիներուն։
Գիւղի Անուանում
ԽմբագրելՌումտիկինցիները գիւղին անունը կը հնչէին՝ Ռումտիին։
Այս անուանումին շուրջ կան քանի մը աւանդութիւններ.-
Ըստ առաջին աւանդութեան, Ռումտիկին եղած է յունական քաղաք մը, որ երկրաշարժէ կամ շարունակական արշաւանքներու հետեւանքով կործանած է եւ կ'ըսեն թէ այդ ամէնէն ետք, յոյն տիկին մը ողջ մնացած է եւ իր անունով ալ վայրը հետագային կոչուած է Ռումտիկին։
Ըստ երկրորդ աւանդութեան, յաղթական թագաւոր մը երբ գիւղէն կ'անցնէր, կը հանդիպի շատ գեղեցիկ յոյն տիկնոջ մը։ Թագաւորը զայն կնութեան կ'առնէ եւ ի յիշատակ իրեն, գիւղը կը կոչէ Ուրումտիկին կամ Ռումտիկին։
Իսկ երրորդ աւանդութեան համաձայն, յոյն բախտագուշակ կին մը կ'ապրէր գիւղին մէջ, որուն քով կու գային շրջակայ գիւղերէն բազմաթիւ մարդիկ. անոր համբաւը այնքան տարածուած էր, որ գիւղը կը կոչէին Ռումտիկին։
Ռումտիկինի Հայ Բնակչութիւնը
ԽմբագրելԳիւղին հայ բնակչութիւնը եկած ու հաստատուած է Հայաստանի արեւելեան նահանգներէն ՝ Կարինէն, Տարօնէն, Սեբաստիայէն եւ անոնց շրջակայ գիւղերէն։
Շահ Աբբաս, 1605-ին, շուրջ կէս միլիոն հայ բնակչութիւն, Արարատեան դաշտէն եւ Հայաստանի այլ մասերէն կը փոխադրէ Պարսկաստան, որոնցմէ մեծ թիւ մը կը բնակեցնէ իր մայրաքաղաքին՝ Սպահանի մօտ, այժմու Նոր Ջուղայի հողերուն վրայ, իսկ մնացեալները կը ցրուէ Պարսկաստանի զանազան շրջանները։ Իսկ Սուլթան Մուրատ Գ., 1585-ին, 60.000 հայեր Արարատեան դաշտէն եւ այլ վայրերէ կը տեղափոխէ Փոքր Ասիոյ արեւմտեան մասերը։ Առ այդ, կը կարծուի, թէ Ռումտիկինի հայ բնակչութիւնը կազմուած է այս տեղափոխութիւններու ժամանակաշրջանին։
Լուսաղբիւր
ԽմբագրելՌումտիկինի հիւսիս արեւմտեան կողմը, գիւղին անմիջական եզերքը ջուրի մեծ աւազան մը գոյութիւն ունի, որ կը կոչուի Լուսաղբիւր։ Այս անուանումը հայերը տուած են, իսկ թուրքերը կը կոչեն Սթմա Բունար, որ կը նշանակէ «ջերմ»ի աղբիւր։ Ջերմէ բռնուողները աւազանին մէջ մտնելով կը բժշկուէին։
Լուսաղբիւրը շինուած է զուտ մարմարեայ քարերով, շուրջ տասը մեթր երկարութեամբ, վեց մեթր լայնքով եւ մէկուկէս մեթր խորութեամբ։
Կամարին կեդրոնը կը գտնուի յունարէն արձանագրութիւն մը, որ կը փաստէ յոյն վարպետներու կողմէ շինուած ըլլալը։
Աւազանին յատակը կան քանի մը փոքր ակեր։ Աւազանին ջուրը ամառը պաղ, իսկ ձմեռը գաղջ կ'ըլլայ։
Լուսաղբիւրը եկեղեցիի մը յատակագիծը ունէր։
Հանքային Հողեր
ԽմբագրելԳիւղին հիւսիսային կողմը լեռ մը կայ, որ կը կոչուի՝ Ղըրաճ։ Այս լեռը ոսկիի կամ պղինձի հանք պարունակող վայր մը եղած է։
Հիւսիս-արեւմտեան կողմը հարուստ եղած է կիրով։
Դէպի հիւսիս-արեւմուտք, ընդարձակ տարածութեան վրայ, կաւային հողի հարուստ խաւ մը գոյութիւն ունէր։
Հարաւային կողմը կանաչ եւ կարմիր հողի հարուստ խաւ մը գոյութիւն ունէր։
Եկեղեցի եւ Դպրոց
ԽմբագրելՌումտիկինը ունէր փառաւոր եկեղեցի մը Ս. Աստուածածին անունով։ Եկեղեցւոյ կից կը գտնուէր Պարթեւեան Ազգ. Վարժարանը[2]։
Եկեղեցին ունէր ոսկեզօծ երեք խորաններ։ Եկեղեցւոյ շինութիւնը տեւած է եօթը տարի, վարպետները յոյներ եղած են։
Թուրքերը, շրջան մը եկեղեցին իբրեւ մթերանոց գործածելէ ետք, զայն հիմնովին քանդած են։
Պարթեւեան Ազգ. Վարժարան
ԽմբագրելՎարժարանը եկեղեցւոյ կից, միայարկ շէնք մըն էր։ Դպրոցը տախտակամած էր, մուտքին փայտանոց մը ունէր։ Ձմրան, ամէն աշակերտ, ամէն առտու պարտաւոր էր իրեն հետ բերելու վառելիք փայտ մը, կոճղ մը, որպէսզի դպրոցը տաքցնէին վառարանով, որ զետեղուած էր գետինը սրահին կեդրոնը։
Սեղաններ չկային, աշակերտնը ծալլապատիկ կը նստէր գետինը՝ բազմոցներու վրայ, որ իւրաքանչիւրը իր տունէն բերած կ'ըլլար։
Դպրոցին ուսման մակարդակը կը հաւասարէր բարձրագոյն վարժարանի մը. կը դասաւանդուէին հայերէն, թրքերէն, անգլերէն, պատմութիւն ու գիտութիւններ։
Ուսուցչական կազմը, առ հասարակ, երեք հոգիէ կը բաղկանար։ Աւագ ուսուցիչ մը տնօրէնի պատասխանատուութեամբ, օգնական ուսուցիչ մը եւ փոքրիկներուն համար առանձին ուսուցիչ մը, որ «Ղալֆա» կը կոչուէր։
Ռումտիկինի հայ ազգաբնակչութեան իննսունհինգ տոկոսը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներէն բաղկացած էր։
Կազմակերպչական
ԽմբագրելՌումտիկինի մէջ կային Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն եւ Հայ Յեղափոխականներու Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնները։
Լեզուն
ԽմբագրելՌումտիկինցին հայախօս էր, կը խօսէր հարուստ եւ իւրայատուկ բարբառ մը, որ կը տարբերէր միւս գիւղերու բարբառներէն։ Արդի աշխարհաբար գրական լեզուն մուտք չէր գործած գիւղէն ներս, իսկ գրաբարը եկեղեցւոյ լեզուն էր։
Սովորութիւններ
ԽմբագրելՌումտիկինի մէջ, Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը գրեթէ միասին կը տօնէին: Նոր Տարուան առաջին օրը տան տիկինը աղբիւր կ'երթար իրեն հետ տանելով բոկեղ հաց, ցորեն ու գարի:
Բոկեղ հացը աղբիւրին «գլուխը կ'անցընէր», իսկ ցորենը եւ գարին աղբիւրին գուռը կը ցանէր ու կ'ըսէր.
Ա՛ռ քեզի ցորեն, Տո՛ւր ինծի հորէն,
Ա՛ռ քեզի գարին
Տո՛ւր ինծի բարին:
Տան տիկինը կը կաղընդէր նաեւ տան եզներն ու կովերը, մասնակից դարձնելով զանոնք Կաղանդի բարիքներուն[3]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Քարտէսներ | Անգարայի վիլայէթ | Եոզկատի սանճաք | Յուշամատեանի սիւնակ :: Houshamadyan - a project to reconstruct Ottoman Armenian town and village life»։ www.houshamadyan.org։ արտագրուած է՝ 2021-01-27
- ↑ 2,0 2,1 «Genocide Museum | The Armenian Genocide Museum-institute»։ www.genocide-museum.am։ արտագրուած է՝ 2021-01-27
- ↑ «Սովորութիւններ, Հաւատալիքներ Եւ Նախապաշարումներ՝ Հայկական Տարբեր Շրջաններու Մէջ. Վան, Կարին, Ռումտիկին – Armenian Independent Broadcasting of Boston» (en-US)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-02-04-ին։ արտագրուած է՝ 2021-01-27
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Յիշատակարան Ռումտիկինի» Հայկազուն Յ. Եափուճեան, Հրատ. Ռումտիկինի Հայրենակցական Միութեան- Պէյրութ, Տպարան Ատլաս, Պէյրութ,1967։