Սարգիս Մանասեան

Սարգիս Մանասեան (, Չարտախլու, Ելիզավետպոլի գավառ - 1920), հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, քաղաքական-պետական գործիչ, ուսուցիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ[1]:

Սարգիս Մանասեան
 
Կուսակցութիւն՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Մասնագիտութիւն՝ քաղաքական գործիչ
Ծննդավայր Չարտախլու, Ելիզավետպոլի գավառ
մահուան օր 1920

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Գանձակի Չարտախլու գիւղը: Ծննդեան ճշգրիտ թուականը անյայտ է։ Նախնական ուսումը ստացած է Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ: Աշակերտական տարիներուն` 1895-ին անդամակցած է նորակազմ ՀՅԴաշնակցութեան Թիֆլիսի «Հայկազեան եղբայրութիւն» անունով գործող աշակերտական շարժումին:

Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Թիֆլիսի ռուսական ուսուցչանոցին մէջ, ապա կոչուած է ուսուցչական աշխատանքի` նախ Շուշիի հեղինակաւոր թեմական վարժարանին, ապա` Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ:

Գործունէութիւն

Խմբագրել

1903-ին մասնակցած է «Փոթորիկ»-ի գործունէութեան:

Մանասեան եղած է Դաշնակցութեան մարտական ուժերուն զինման գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկը՝ ՀՅԴ Արեւելեան Բիւրոյի կողքին ստեղծուած Զինուորական Ֆոնտի անդամ։ Ներդրում ունեցած է 1905-1906 թուականներուն ցարական գաղտնի սպասարկութեան հրահրած հայ-թաթարական ընդհարումները դիմագրաւելու դժուարին գործին մէջ:

Ան ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ Պաքուէն մինչեւ Երեւան տարածուած հայ մարտիկները զէնք ու զինամթերքով ապահովելու գործին գլխաւոր պատասխանատուներէն եղած է:

1909-ին ցարական իշխանութիւններու կողմէ, բազմահարիւր հայ մտաւորականներու ու հասարակական գործիչներու շարքին, ձերբակալուած եւ իբրեւ դաշնակցական` ծանրագոյն պատիժ ստացած եւ դատապարտուած է[2]: Հետագային ընդհանուր ներումէն օգտուած եւ բանտարկութենէ ազատ արձակուած է:

Բանտէն ազատ արձակուելէ անմիջապէս ետք լծուած է հայ կամաւորական շարժման կազմակերպման եւ զինման աշխատանքներուն:

Փետրուար 1917-էն ետք Մանասեան մաս կազմած է Անդրկովկասը ներկայացնող հայ պատգամաւորներու խմբակին: Այդ առաքելութիւնը շարունակած է մինչեւ 28 Մայիս 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու հիմնադրումը:

Վարած պաշտօններ

Խմբագրել

Սարգիս Մանասեան նուիրուած է հայոց պետականութեան կերտումին ու հզօրացման: Հետեւաբար․

  • Ընտրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր,
  • 27 Ապրիլ 1919-ին նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար,
  • 28 Մայիս 1919-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարար[2],
  • Եղած է Ազրպէյճանի մէջ Հայաստանի դեսպան:

Մայիս 1920-ին սկիզբը ան իբրեւ լիազօր բանագնաց ուղարկուած է Իջեւան` պոլշեւիկներու հակապետական ընդհանուր խռովութիւնը լուծելու: Ս. Մանասեանին ընկերացած է յատուկ պատուիրակութիւն մը: Բանագնացներուն առաքելութիւնը եղած է երկխօսութեան ճամբով դադրեցնել խռովութիւնը:

Պոլշեւիկները դաւադրաբար զինք եւ ամբողջ պատուիրակութիւնը գերի բռնած եւ Պաքու տեղափոխած են, ուր բանտային չարչարանքներու եւ հարցաքննութեանց կարճատեւ շրջանէ մը ետք` 29 Մայիս 1920-ին, Պաքուի մերձակայքը` Կասպից ծովուն բացերը, գնդակահարած եւ ծով նետած են անոր խոշտանգուած մարմինը[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Orientica Magazine» (Անգլերէն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-11-18-ին։ արտագրուած է՝ 2020-11-13 
  2. 2,0 2,1 maik1970 (2019-05-29)։ «Սարգիս Մանասեան (1880? - 1920)»։ Azat Or (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-11-13 
  3. Avedis Lousavor։ «ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Սարգիս Մանասեան (1880?-1920) Հայաստանի անկախութիւնն ու հայ ազգային պետականութիւնը կործանելու պոլշեւիկեան հայրենադաւութեան ԶՈՀը – ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ‏» (en-US)։ արտագրուած է՝ 2020-11-13