Սեւան Նշանեան

Սեւան Նշանեան (թրք.՝ Sevan Nişanyan, 21 Դեկտեմբեր 1956(1956-12-21), Պոլիս, Թուրքիա), պոլսահայ մտաւորական, ճամբորդող լրագրող, հետազօտող եւ ճարտարապետ[1]։

Սեւան Նշանեան
Sevan Nishanyan ICM 2018 (43047074585) (cropped).jpg
Ծնած է 21 Դեկտեմբեր 1956(1956-12-21) (66 տարեկան)
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն Flag of Turkey.svg Թուրքիա
Կրօնք Աթէիզմ
Ուսումնավայր Եէյլի համալսարան
Քոլումպիա Համալսարան
­Ռո­պերթ Գո­լէ­ճ
Բանկալթի մասնաւոր հայկական դպրոց
Մասնագիտութիւն գրագէտ, լեզուաբան, ուսումնասիրող, լրագրող
Կայքէջ sevannisanyan.info

ԿենսագրութիւնԽմբագրել

Ճարտարապետ Վաղարշ Նշանեանի որդին է։ Շրջանաւարտ եղած է Բանկալթի Վիեննական Մխիթարեան Վարժարանէն (1968), ապա Նիշանթաշը Ըշըք Լիսէյի միջնակարգի բաժինէն (1971), յետոյ Ռոպէրթ Ամերիկեան Քոլէճէն (1974): Իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է՝ ԱՄՆ-ը, Եյլի Համալսարանի փիլիսիփայութեան բաժինէն (1979): Քոլումպիա Համալսարանի մէջ քաղաքագիտութեան ճիւղը աշխատութիւններ ըրած է սակայն չլմնցուց իր աւարտաճառը «փիլիսոփայութեան վարդապետ» (PhD) աստիճանի համար:

Կը տիրապետէ բազմաթիւ լեզուներու։

1985-ին վերադարձած է Թուրքիա՝ զինուորական ծառայութեան համար։ Հետագայ երկու տասնամեակներուն հանդէս եկած է իբրեւ մասնագէտ ճամբորդական լրագրող եւ ուղեցոյցներու խմբագիր։ Լրագրող Թոմաս Կոլցի հետ համատեղ հրատարակած է շարք մը ուղեցոյցներ Թուրքիոյ շրջաններու մասին։ Գրած է նաեւ «American Express» ուղեցոյցներ Աթէնքի, Փրակի, Վիեննայի եւ Պուտափեշտի մասին։

2004-ին ստացած է Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու կազմակերպութեան մրցանակ։
Բանտարկուած է 16 տարի, 7 ամիս ժամկէտով թրքական կառավարութիւնը քննադատելուն համար[2]։ 14 Յուլիս 2017-ին բանտէն փախուստ տուած է[3][4]։ 26 Յուլիս 2017-ին Յունաստանին մէջ կեցութեան արտօնագիր ստացած է:

1994-ին Նշանեան գրած է «Սխալ Հանրապետութիւն» (թրք.՝ Yanlış Cumhuriyet) գիրքը, ուր կը ներկայացնէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման առասպելները։

Index AnatolicusԽմբագրել

2010-ին Նշանեան հրապարակած է թրքացման քաղաքականութեան պատճառով փոխուած Թուրքիոյ 16.000-էն աւելի տեղանուններով «Index Anatolicus»-ը, ուր ներկայացուած են թրքականի փոխարինուած հազարաւոր աւանդական անուններ, հիմնականին մէջ՝ յունական, հայկական, քրտական, ասորական եւ արաբական ծագումով:

ԲանտարկութիւնԽմբագրել

Նշանեան հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու` լեզուական եւ կրօնական նիւթերով, որոնց համար ալ 17 տարուան արգելափակման ենթարկուած ապօրինի շինարարութեան անհիմն մեղադրանքներով: Անոր արգելափակումը եղած է  քաղաքական շարժառիթով: Ան իր բանտախուցին մէջ եւս շարունակած է խորհրդածել, ստեղծագործել եւ գրել: Բանտին մէջ ան ամբողջացուցած է թրքերէնի մասին իր բառարանային լուրջ ուսումնասիրութիւնը[1]:

Արտաքին ՅղումներԽմբագրել

  1. 1,0 1,1 «Պոլսահայ Մտաւորական Սեւան Նշանեան Կը Ծրագրէ Յունաստան Ապաստանիլ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2017-07-26։ արտագրուած է՝ 2021-11-30 
  2. «Լրացաւ Սեւան Նշանեանի բանտարկութեան երեք տարին | Ակօս»։ Agos։ արտագրուած է՝ 2021-11-30 
  3. Սեւան Նշանեան ազատութեան մէջ
  4. Պոլսահայ գրող, հրապարակախօս Սեւան Նշանեան բանտէն փախուստի դիմած է