Սիլվա Կապուտիկեանի Տուն-Թանգարան

Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարան, հիմնադրուած է 2003-ին՝ Սիլվա Կապուտիկեանի կտակի համաձայն։ 20 Յունուար 2009-ին բանաստեղծուհիի ծննդեան 90-ամեակի կապակցութեամբ ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ անոր ապրած տան մէջ բացուած է բանաստեղծուհիի տուն-թանգարանը։ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի մասնաճիւղն է ՀՀ կառավարութեան N 08.10.2015 1180-Ա որոշմամբ:

Սիլվա Կապուտիկեանի Տուն-Թանգարան
Տեսակ հուշային թանգարան?
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Երեւան
Կազմուած է Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարան
Հիմնադրուած է 2009
40°11′33″N 44°30′28″E / 40.19256°N 44.50764°E / 40.19256; 44.50764
Քարտէս
Քարտէս

Պատմութիւն

Խմբագրել

Սիլվա Կապուտիկեանը իր կտակով պահանջած է, որ բնակարանի ընդունարանը, ննջարան-աշխատասենեակը եւ հիւրասենեակը թողնեն նոյնութեամբ՝ ոչինչ աւելացնելով եւ ոչինչ պակասեցնելով։ Բանաստեղծուհին իր ձեռքով կահաւորած, տեղադրած ցուցանմուշները, տուած է բացատրութիւնները։ Տուն-թանգարանի ձեւաւորման ժամանակ անհրաժեշտութենէն ելլելով՝ 2008-ին ամրան ցուցասրահի վերածուած է 13 մ երկարութեամբ տնտեսական պատշգամը, ուր այժմ կը ցուցադրուի Կապուտիկեանի հարուստ արխիւի մէկ մասը։

Ցուցադրութիւն

Խմբագրել

Ցուցասրահի առաջին հատուածին մէջ ներկայացուած են Վանէն բերուած մասունքներ՝ կաւէ պուտուկը, մետաղեայ տաշտակը, որու մէջ լոգցած է ե՛ւ նորածին բանաստեղծուհին, ե՛ւ անոր որդին՝ Արա Շիրազը, տատի գործած կարպետն ու գունագեղ գուլպաները, անոր իսկ ձեռքով կարուած թաւիշէ վերարկուն եւ այլն։ Ցուցադրուած են նաեւ կարի մեքենան, որմով իր գծագրած հագուստները երիտասարդ հասակին կարած է Կապուտիկեանը եւ Ամիրեան 20 հասցէի այն տան մանրակերտը, ուր 1919-ին ծնած ու մինչեւ 1954-ին ապրած է բանաստեղծուհին[1]։

Առաջին ցուցափեղկին մէջ բանաստեղծուհիի առօրեայ օգտագործման իրերն են՝ ձեռքի ժամացոյց, պայուսակ, թաշկինակ, հովհար, յարդարանքի պարագաներ։

Երկրորդ ցուցափեղկին մէջ դրուած են այն նուէրներէն, որոնք Կապուտիկեանը ստացած է անուանի մարդոցմէ։ Թանկ նմուշներէն է յատկապէս Սիամանթոյի գրիչը[2], որ 1963-ին Փարիզի մէջ Կապուտիկեանին նուիրած է պոէտի քոյրը։

Երրորդ ցուցափեղկին մէջ Կապուտիկեանի պարգեւներն են՝ «Պատուոյ նշան», Ժողովուրդներու բարեկամութեան, Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան, «Մայրական երախտագիտութիւն» եւ այլ շքանշաններ ու մետալներ։

Հինգերորդ ցուցափեղկին մէջ անդամութեան տոմսերն են։

Ցուցադրութիւնը կ՚աւարտի Աւետիք Իսահակեանի, Վազգէն Ա. վեհափառի, Պարոյր Սեւակի, Բելա Ախմադուլինայի եւ այլ ժամանակակիցներէ ստացուած յուշանուէրներով։ Սրահին առանձնակի շուք կու տայ բանաստեղծուհիի որդիի՝ ՀՀ ժողովրդական նկարիչ Արա Շիրազի կերտած կիպսէ կիսանդրին, որու պրոնզաձոյլը դրուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ[2]։

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Թանգարանի աշխատանքները սկսած են Կապուտիկեանի արխիւի կարգաւորմամբ։ Այն կ՚ընդգրկէ 1940-ականներէն մինչեւ օրս իր գրական-հասարակական գործունէութեան վերաբերող բոլոր փաստաթուղթերը։ Շնորհիւ թանգարանի աշխատողներու պատճենահանուած է 18 հազար էջէ աւելի ձեռագիր։

 

Միջոցառումներ

Խմբագրել

Թանգարանին մէջ կը կազմակերպուին հանդիսութիւններ, գրական հանդիպումներ, որոնց ժամանակ թեմային կամ օրուայ հրամայականին համապատասխան կ՚իրականացուին ցուցադրութիւններ եւ բանախօսութիւններ։

2009 եւ 2010-ականներուն թողարկած են «Երգեր Սիլվա Կապուտիկեանի խօսքերով» 2 ձայնասկաւառակները։ Թանգարանի անմիջական մասնակցութեամբ եւ ջանքերով տարբեր արուեստանոցներու եւ հեռուստաալիքներու կողմէ ստեղծուած են նաեւ տարբեր տեսաֆիլմեր, թողարկած հեռուստահաղորդումներ։

Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ Սիլվա Կապուտիկեան փողոցը (սկիզբը՝ Բաղրամեան-Դեմիրճեան խաչմերուկէն), շէնք 1, 2-րդ մուտք, 4-րդ յարկ, բն. 26 հասցէին վրայ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Եղեգնեայ գրչով. գրական Երեւան | Սիլվա Կապուտիկեան»։ Журнал ЖАМ։ արտագրուած է՝ 2018-01-27 
  2. 2,0 2,1 «Կին Դէմքեր. Սիլվա Կապուտիկեան»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2016-09-01։ արտագրուած է՝ 2020-08-18 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել