Սողոմոն Աբէլեան
Սողոմոն Աբէլեան (1868, Քեսապի շրջան, Լաթաքիոյ Գաւառ, Լաթաքիոյ մարզ, Սուրիա), հայ բժիշկ։
Ծնած է | 1868 |
---|---|
Ծննդավայր | Քեսապի շրջան, Լաթաքիոյ Գաւառ, Լաթաքիոյ մարզ, Սուրիա |
Կրթութիւն | Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է Քեսապ: Զաւակն է քեսապցի Գէորգ Աբէլեանի: Ունեցած է երկու եղբայր եւ չորս քոյր: Իբրեւ բժիշկ վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցէն, 1890-ին: Եղած է առաջին հայ շրջանաւարտ բժիշկը Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն:
Վերադառնալով Քեսապ, աշխատած է մինչեւ 1901: 1901-1908 եղած է Անտիոքի քաղաքապետութեան բժիշկը: Մեծ դերակատարութիւն ունեցած է 1909-ին, Քեսապի Հայ համայնքի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ, թուրքերու կազմակերպած սպանդէն ետք:
1914-ին, զինակոչուած է օսմանեան բանակ եւ ծառայած է Վանի, Թիֆլիսի եւ Պոլսոյ մէջ: Զինուորական ծառայութենէն ետք վերադարձած է Քեսապ եւ գործած է մինչեւ իր մահը՝ 1945:
Աբէլեան պաշտօնավարած է Հալէպի զինուորական հիւանդանոցին մէջ, իբրեւ բժշկապետ: Նոյն հիւանդանոցին մէջ աշխատած է իր փեսան՝ բժիշկ Աւետիս Ինճեճիքեան, իբրեւ բանակային բժիշկ:
Իր եղբայրը՝ Պետրոս Աբէլեան, շնորհիւ միսոնարուհի Միս Չամպըրզի, 1907-ին կրթանպաստ ստանալով անցած է Ամերիկա եւ Iowa Northern University համալսարանին մէջ ուսանած է աստուածաբանութիւն, դարձած է ձեռնադրեալ պատուելի:
Ան եղած է եկեղեցասէր, ուղղամիտ, արդար, ուսումնասէր եւ ազգային գործիչ: 1909-ի աղէտէն ետք, մաս կազմած է «Օգնութեան յանձնախումբ»-ին:
Ամուսնացած է Այնթապի Աղջկանց ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանէն շրջանաւարտ՝ Ովսաննա Առաքելեանի հետ: Անոնք բախտաւորուած են երկու աղջիկ եւ չորս մանչ զաւակներով: Անոր Մարի անունով դուստրը ամուսնացած է քեսապցի բժիշկ Աւետիս Ինճեճիքեանի հետ: Բժիշկ Ալպէրթ Աբէլեանը իր չորս մանչ զաւակներէն մէկն է[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Սողոմոն Աբէլեան»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2023-02-17։ արտագրուած է՝ 2023-07-19
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, բժիշկ Ալպէրթ Աբէլեան, Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին, Մոնթրէալ, 2018:
- Աբէլեան Ս. Ալպէրթ, «Քեսապ եւ իր գիւղերը, Պէյրութ, 2002:
- Չոլաքեան Յակոբ, Քեսապ, Գ. հատոր, Հալէպ, 2004: