Ալպերթ Աբէլեան

Հայ բժիշկ եւ գիրքերու հեղինակ։

Ալպերթ Աբէլեան (4 Նոյեմբեր 1893(1893-11-04), Քեսապի շրջան, Լաթաքիոյ Գաւառ, Լաթաքիոյ մարզ, Սուրիա - 14 Նոյեմբեր 1986(1986-11-14)), հայ բժիշկ եւ գիրքերու հեղինակ։

Ալպերթ Աբէլեան
Ծնած է 4 Նոյեմբեր 1893(1893-11-04)
Ծննդավայր Քեսապի շրջան, Լաթաքիոյ Գաւառ, Լաթաքիոյ մարզ, Սուրիա
Մահացած է 14 Նոյեմբեր 1986(1986-11-14) (93 տարեկանին)
Մասնագիտութիւն բժիշկ, գրագէտ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Քեսապ: Ան զաւակն է բժ. Սողոմոն եւ Ովսաննա Աբէլեաններու: Ան ունեցած է երեք եղբայր եւ չորս քոյր:

Նախակրթարանի եւ միջնակարգի իր ուսումը ստացած է Քեսապի մէջ, իսկ բարձրագոյն ուսումը ստացած է Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլեճին մէջ: Իբրեւ աւարտաճառ` կը պատրաստէ «Քեսապ եւ իր գիւղերը» հատորը, որ կ՛ընդունուի մեծ գնահատանքով:

Բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժանմունքին մէջ եւ վկայուած է 1917-ին:

Շուտով զինակոչուած է օսմանեան բանակ` ենթասպայի աստիճանով եւ ծառայած է Նապլուսի մէջ, պաղեստինեան ճակատին վրայ: Պատերազմէն ետք Հոմսի եւ Ժըսըր Շուղուրի քեսապցի գաղթականները փոխադրած է Քեսապ:

1920-ին գաղթած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգի Պոսթըն քաղաքը, ուր որպէս մանկաբուժ աշխատած է իր անձնական դարմանատան եւ հիւանդանոցներու մէջ:

Ան անդամակցած է Մասաչուսեցի եւ ամերիկեան բժշկական միութիւններու: Աամուսնացած է 1923-ին` Զապէլ Առաքելեանի հետ եւ բախտաւորուած՝ երեք դուստրերով:

Աբէլեան տեսնելէ ետք Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր պատճառով հայ ժողովուրդի թուային նօսրացումը եւ ֆիզիքական ու հոգեկան ախտաբանական երեւոյթները, որոշած է իր գիտական բժշկական մտապաշարը ի սպաս դնել հայ ժողովուրդի եւ ի մասնաւորի հայ նոր սերունդի հայօրէն զարգացման, աճման, զօրեղացման եւ հզօրացման:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Իր բժշկական ասպարէզին ընդմէջէն ան փորձած է արտացոլել իր հայկականութիւնը` գրելով հայերէն բժշկական-առողջապահական գիրքեր, որոնք եղած են աղբիւր բժշկական գիտելիքներու: Ան մուտք գործած է բժշկական գրականութեան մէջ հայերէնով եւ այդ ըրած է մեծ հաճոյքով եւ որպէս հայ բժիշկի պարտականութիւն` հանդէպ իր արենակիցներուն:

Աբէլեան ընծայած է հայերէնով բժշկական եւ առողջապահական հետեւեալ հատորները․

  • «Հայ մայրերու մենտոր»,
  • «Հեքիմարան»,
  • «Մատեան մանկանց»:

Ան չէ բաւարարուած բժշկական գրականութեամբ եւ իր միտքն ու հոգին արտայայտած է նաեւ ոչ բժշկական գրականութեամբ, ուր դրսեւորած է հայ վերապրողի իր զգացումները,  իր ներաշխարհը եւ իր անհատականութիւնը: Այսպէս, իր գրչին կը պատկանին հետեւեալ հատորները․

  • «Հնգամեայ զրոյցներ»,
  • «Անահիտ կամ ամերիկահայ ֆլեփըրը»,
  • «Զմրուխտ մատանին», որոնք հրատարակուած են 1929-ին,
  • «Վաղուան արշալոյսը» եւ «Աշգար»-ը 1930-ին:

Ան բժշկագիտական եւ գեղարուեստական գրութիւններով մասնակցած է հայ մամուլին, մասնաւորապէս` Պոսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթին եւ Նիւ Եորքի «Նոր աշխարհ»-ին:

Թարգամանութիւններ

Խմբագրել

Կատարած է թարգմանական աշխատանք․

  • «Թելմա»,
  • «Վենտեթթա»,
  • «Իշխանուհի Վերճինիա» եւ «Կարմիր մայրապետ»:

Անտիպ վէպեր

Խմբագրել

Ունի անտիպ վէպեր․

  • «Ամերիկահայ մտաւորականը»,
  • «Անմեղ սէրերու յուշեր»,
  • «Զինուորական յուշերէս»,
  • «Հիւանդին խոհանոցը»,
  • «Բժշկական զրոյցներ» եւ 5 արարով թատրերգութիւն մը` «Լորա»:

Անգլերէն լեզուով գրած է «Տի Անթիոչենզ» վէպը, որուն միջոցով ուզած է ամերիկացի ժողովուրդին ծանօթացնել հայը իր կենցաղով ու մարտնչումներով ու թուրքին գործադրած վայրագութիւնները հայ ժողովուրդին դէմ: Այս վէպը եղած է արժէքաւոր եւ ուշագրաւ աշխատասիրութիւն մը, ուր Քեսապը մեծ տեղ գրաւած է:

Իր գրչանունը եղած է «Էբիլենց»[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Բժիշկ Ալպերթ Աբէլեանը Եւ Անոր «Մատեան Մանկանց»-ը»։ aztag32.rssing.com։ արտագրուած է՝ 2023-05-11 

Աղբիւրներ

Խմբագրել