Աւետիս Ինճեճիքեան

Աւետիս Ինճեճիքեան (Ծնեալ 1884 Օսմանեան Կայսրութիւն, Հալէպի վիլայէթ, Անտիոքի շրջան, Քեսապ - մահացած 1976, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն, Լաթաքիոյ շրջան, Քեսապ) Սուրիահայ բժիշկ, բանասէր, ուսուցիչ, երեսփոխան (պատգամաւոր), ազգային գործիչ։[1][2][3]

Աւետիս Ինճեճիքեան
Ծնած է 1884
Ծննդավայր Քեսապ
Մահացած է 1976
Մահուան վայր Քեսապ
Քաղաքացիութիւն Օսմանեան Կայսրութիւն, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն
Ազգութիւն Հայ
Մայրենի լեզու Հայերէն, Արաբերէն, Օսմանական Թրքերէն, Ֆրանսերէն, Անգլերէն
Կրօնք Քրիստոնիա
Ուսումնավայր Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Կոչում Բժիշկ
Երկեր/Գլխաւոր գործ Քեսապ եւ Իր Բարբառը
Մասնագիտութիւն Բժիշկ
Կուսակցութիւն ՀՅԴ
Երեխաներ Գաբրիէլ Ինճեճիքեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Քեսապ 1884 թուականին։ 1914-ին կ՚ամուսնանայ է Քեսապցի բժիշկ Սողոմոն Աբէլեանի (Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն շրջանաւարտ առաջին Հայ բժիշկը) դստեր` Մարի-ի հետ, ունեցած են 3 դուստր՝ Սիրվարդ, Սառա, Ռոզա եւ Սոնա, եւ երկու որդի՝ Յակոբ եւ Գաբրիէլ։ Վերջինս եղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայկական վարժարան բանալու տեսիլքը եւ խիզախութիւնը ունեցողն[4] ու առաջին Հայկական դպրոցի՝ «Ֆերահեան վարժարանի» հիմնադիր–տնօրէնը։[5][6]: 1924-ին Անտիոք, Սուէտիիէ (ուր կը գտնուին Մուսա-Լեռան գիւղերը) կ՚ընտրուի Սուրիոյ Երեսփոխանական ժողովի անդամ` Անտիոքի եւ Քեսապի շրջանէն, եւ 1925-ին կը վերընտրուի: 1926-1928 թուականներուն քաղաքական պատճառներով կը տեղափոխուի Սուտանի մայրաքաղաք՝ Խարթում, ապա կը վերադառնայ Սուրիա՝ Քեսապ։ Աւետիս Ինճեճիքեան մահացած է 1976-ին եւ թաղուած է իր ծննդավայր Քեսապի մէջ:[3] Հայերէնէն բացի կը խօսէր Անգլերէն, Թրքերէն, Ֆրանսերէն ու Արաբերէն։

Կրթութիւն եւ Ուսում

Խմբագրել

Յաճախած է Քեսապի Հայ Աւետարանական Մանչերու Վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք երկու տարի ուսուցչութիւն կ՚ընէ նոյն վարժարանին մէջ։ 1907 Թուականին աւարտած է Այնթապի Գոլէճը։ 1912-ին կը մտնէ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Բժշկական դպրոցը։ Բժշկական վկայականը կը ստանայ 1919-ին (Մեծ եղեռնին յաջորդած զինադադարէն ետք վերսկսած էր ուսումը)։[1][2]

Մեծ Եղեռնի (Հայոց Ցեղասպանութեան) Օրերուն

Խմբագրել

1915 թուականի Մեծ եղեռնի օրերուն ընտանեօք կը տարագրուի Քեսապի վերջին կարաւանին՝ Աւետարանական Հարանուանութեան զաւակներուն հետ[1] (Թուրքերը Աւետարանականներուն խօստացած էին չենթարկել տարագրութեան, սակայն ի տարբերութիւն Առաքելականներուն եւ Կաթողիկեներուն որոնք կը տարագրուին դէպի հարաւ՝ Համա, Հոմս, Յորդանան, մինչեւ Եգիպտոս՝ Փոր-Սաաիտ, Աւետարականները կը տարագրուին դէպի Տէր-Զորի անապատը)։ Որոշ ժամանակ մը կը մնայ Ճըսըր Ուշ-Շուղուր (Արաբերէն՝ جسر الشغور), ապա իր աներհօր՝ Բժիշկ Ս․ Աբելեանի հետ կը մնայ Հալէպ իբրեւ սպայ օսմանեան բանակի եւ օգնական բժիշկ տեղւոյն զինուորական հիւանդանոցի։[1]

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Աւետիս Ինճեչիքեանը տարած է տարբեր բնոյթի գործեր։ Հակառակ անոր որ հանրութեան կողմէն հիմնականօրէն կը ճանչցուի որպէս բժիշկ եւ ազգային գործիչ, սակայն ան նաեւ եղած է բանասէր․ արձանագրած է Քեսապի պատմութիւնը, պատրաստած է Օսմաներէնէ (Օսմանական-Թրքերէն)-Հայերէնի, Քեսապերէնէ (Հայերէնի Քեսապ շրջանի բարբառը)-Արեւմտահայերէնի բառարաններ:[1]

Բանասիրութիւն

Խմբագրել

«Քեսապ եւ Իր Բարբառը» գիրք

Խմբագրել

Այս գիրքը հրարատարակուած է Պարոն Յակոբ Չոլաքեանին ջանքերով, եւ լոյս տեսած է իր «Քեսապ» գիրքին երրորդ հատորին մէջ։ Այս աշխատութիւնը սիրողական գործ է, հեղինակին դեռ ծանօթ չէին բարբառներու ուսումնասիրութեան իր ժամանակի նորագոյն նուաճումները, սակայն անիկա կը շարունակէ մնալ եզակի եւ իւրայատուկ գործ մը մինչեւ լոյս կը տեսնեն Յ․ Չոլաքեանի աշխատութիւնները։[1]

Գիրքին Բովանդակութիւնը
Խմբագրել

Հրատրակուած գիքրը բաղկացած է 233 մեքենագիր էջերէ։ Ունի Երկու գլխաւոր բաժիններ՝ «Պատմութիւն» եւ «Բարբառ»։ «Պատմութեան» բաժինը կը սկսի վաղնջական ժամանակներէն ու կը հասնի մինչեւ 20-րդ դաու սկիզբը (առանց խօսելու 1909 աղէտին՝ Ատանայի Կոտորածին, եւ Մեծ Եղեռնի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ու հեղինակին ժամանակակից կարգ մը դէպքերու մսին)։ «Բարբառ»-ին բաժինը ունի 162 էջ՝ առաջին 51-ը բարբառին նկարագրութիւնն է, իսկ երկրորդ մասը՝ էջ 52-էն սկսեալ միասիւնակ բառարանը։[1]

  • Ներածութիւն։
  • Քեսապ եւ իր բարբառը։
  • Յառաջաբան կազմողի կողմէ։
  • Պատմական ընդհանուր ակնարկ հիւսիսային Սուրիոյ Հայ գաղթականութեան մասին։
  • Կասիոս Լեռը եւ Պարլամու վանքը։
  • Քեսապ գաւառակը։
  • Քեսապ Ժ․Թ․ (19) դարու կէսերէն սկսեալ։
  • Յաւելուած։
  • Հիւսիսային Սուրիոյ քրիստինուօկ բարբառները։
  • Քեսապի քրիստինուօկ բարբառը։
  • Բառարան։

Ազգային Գործունէութիւն

Խմբագրել

1904 թուականին երբ կը գտնուէր Պէյրութի մէջ, կը դառնայ տեղւոյն Հ․Յ․Դ․-ի անդրանիկ անդամներէն, իսկ 1905-ին՝ Զաւարեան Ուսանողական միութեան առաջնորդներէն մէկը։ Եղած է նոյն թուականին Քեսապի մէջ կազմուած դաշնակցութեան հիմնադիրներէն մէկը։[3][1]

1914-ին կը մասնակցի Կարինի մէջ կայացած ՀՅԴ-ի Ը. (9-րդ) Ընդհանուր ժողովին (երկրորդ համագումարին):[2] 1909 Ապրիլ 23-ի Աղէտին (Ատանայի Կոտորածին ընթացքին) կը մասնակցի դիմադրութեան, երբ կը սայթաքի ու ծանրօրէն կը վիրաւորուի ոտքէն։ Այդկէ թեթեւակի կաղութիւն մը կը պահէ մինչեւ վերջ։[1]

1923-ին մեծ դեր ունեցած է Քեսապի քաղաքապետարանի կազմութեան աշխատանքներուն մէջ, Քեսապի ջուրի, ելեկտրականութեան եւ բարեկարգումի այլ աշխատանքներուն մէջ, բացի քաղաքապետարանի բժիշկը ըլլալէն։[1]

1932-ին բժիշկ Աւետիս Ինճեճիքեանի ջանքերով կը հիմնուի ՍՕԽ՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (նաեւ կը կոչուի ՀՕՄ՝ Հայ Օգնութեան Միութիւն) Քեսապ աւանի եւ Գարատուրան գիւղի մասնաճիւղերը։[2][1]

Բժշկութիւն

Խմբագրել

Եղած է յարգուած բժիշկ ո՛չ միայն հայերու, այլ նաեւ Քեսապի արաբ, ալեւի, յոյն եւ թուրք բնակիչներուն եւ անոնց ղեկավարներուն կողմէ: Եղած է ծառայասէր բժիշկ, դարմանած է հիւանդներուն ախտերը սիրով եւ հոգածութեամբ, բուժած է մարդոց հոգեկան տառապանքներն ու դժուարութիւնները:[3] 1920-1922 կը գործէ Սուէտիոյ մէջ` իբրեւ քաղաքապետարանի բժիշկ:[3] 1926-ին Քաղաքական պատճառներով կը հաստատուի Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումի մէջ, եւ հոն կը գործէ երկու տարի իբրեւ բժիշկ: Երկար ատեն եղած է Քեսապի քաղաքապետարանի բժիշկ:[1]

Ուսուցչութիւն

Խմբագրել

Քեսապի Հայ Աւետարանական Մանչերու Վարժարանը աւարտելէ ետք, նոյն վարժարանին մէջ երկու տարի ուսուցչութիւն կ՚ընէ։ Իսկ Այնթապի Գոլէճը աւարտելէ ետք, վեց տարի ուսուցչութեամբ կը զբաղուի Քեսապի մէջ։[1]

Ուսումնասիրաց Միութիւնը

Խմբագրել

1910-ին խումբ մը երիտասարդներու հետ կը հիմնէ Քեսապի Ուսումնասիրաց միութիւնը: Խարթումէն վերադառնալէ ետք կը ղեկավարէ այս միութիւնը, որուն առաջին նպատակն էր Քեսապի կրթական գործը ազատել յարանուանութիւններու սեփականութիւնը ըլլալէն, զարկ տալ ազգային դաստիարակութեան եւ շրջանի բոլոր նախակրթարաններուն համար ստեղծել երկրորդական տիպար վարժարան մը։ Ինճեճիքեան ջանք կը թափէ, որ աւետարանական, առաքելական, կաթողիկէ եւ լատին համայնքները միանան կրթական գործին մէջ։ Իր ջանքերով կը հիմնուի Քեսապի Միացեալ վարժարանը: Ան կը դառնայ Միացեալ վարժարանին արտօնատէրը յաչս պետութեան: 1925-ին Քեսապի մէջ կը բանայ Սուրիահայ առաջին երկրորդական վարժարանը։[1]

Աւետիս Ինճեճիքեան հիմնարարա դեր ունեցած է Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու եւ Լիբանանի մէջ Ուսումնասիրաց Միութեան մասնաճիւղեր հիմնելու գործին մէջ, եւ անոնց միջոցով օգնելու Միացեալ վարժարաններուն եւ Քեսապի մէջ իրագործուած քաղաքապետական ու ժողովրդական իրագործումներուն։[2][1]

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Չոլաքեան, Յակոբ՝ «Քեսապ», Գ․ Հատոր։ Հրատարակութիւն «Ամերիկաբնակ Քեսապցիներու Ուսումնասիրաց Մութեան», Հալէպ, 2004։
  • Մանճիկեան Յակոբ, Աւետեան-Մանճիկեան Քնար-Ռիթա, Մանճիկեան-Ասատուրեան Սեւան, Մանճիկեան Կարօ՝ «Հարիւրամեակ - Քեսապի Ուսումնասիրաց Ընկերութեան եւ նոյնանուն երկրորդական վարժարանին»։ «Հատոր Առաջին՝ 1910-1940», Անթիլիաս, 2018։
  • Լոս Անճելըսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան, տարեգիրք, 1977:
  • Լոս Անճելըսի Քեսապցիներուն Ուսումնասիրաց Միութիւն, Քեսապն ու քեսապցին, Լոս Անճելըս, 2011:
  • Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին (Յաւելուած), Բժիշկին Զ. խօսքը, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնրէալ, 2022:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 1,12 1,13 1,14 Չոլաքեան, Յակոբ՝ «Քեսապ», Գ․ Հատոր, 2004։ Էջեր՝ 13-19։
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Մանճիկեան Յակոբ, Քնար-Ռիթա, Սեւան, Կարօ՝ «Հարիւրամեակ»։ 2018։ Էջեր՝ 46-47
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Հարպոյեան, Կարպիս։ «Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Աւետիս Ինճէճիքեանի Կենսագրութիւնը» - Ազդակ Օրաթերթ, Փետրուար 11, 2023
  4. asbarez.am Վախճանեցաւ Անզուգական Հայորդի՝ Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը by Asbarez Staff։  April 14, 2019․
  5. Դպրոցի Մը Պատմութիւնը - Ազդակ Օրաթերթ
  6. Դպրոցի Մը Պատմութիւնը (2) Ազդակ Օրաթերթ