Սպիտակի Երկրաշարժը

Սպիտակի երկրաշարժը տեղի ունեցած է Հայաստանի հիւսիս արեւմտեան մասին մէջ (այն օրերուն Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ) 7 Դեկտեմբեր 1988-ին, տեղական ժամով՝ 11:41-ին: Երկրաշարժը ունէր 6,8-7,2[1] աստիճան ուժգնութիւն: Սպիտակի ստորգետնեայ ցնցումները զգալի եղած են Երեւանի եւ Թիֆիլիսի մէջ:

Սպիտակի Երկրաշարժը
Տեսակ Երկրաշարժ
Երկիր  Խորհրդային Միութիւն
Տարեթիւ 7 Դեկտեմբեր 1988
Մագնիտուդ ռիխտերի սանդղակով 6,8
Ցունամի ոչ
Զոհուածներ 38 000
Տնտեսական վնաս 10 միլիառ USD
Lua error in Մոդուլ:Wikidata at line 701: Tried to write global coord_mod.
Spitak earthquake Ուիքիպահեստին մէջ

Շրջանը ծանօթ է հազուադէպ պատահող, բայց ուժեղ եւ աւերիչ երկրաշարժներով, անիկա կը գտնուի Ալպեան լեռներէն մինչեւ Հիմալայեան լեռներ երկարող աշխուժ երկրաշարժական գօտիին վրայ։ Ստորգետնեայ հզօր ցնցումներու հետեւանքով կէս վայրկեանի մէջ աւերուած է հանրապետութեան գրեթէ ամբողջ հիւսիսային հատուածը, ուր կ'ապրէր շուրջ 1 մլն հոգի։ Երկրաշարժին մակակեդրոնն է Սպիտակը, ուր ցնցումներու ուժգնութիւնը հասած է մինչեւ 9-10 աստիճան (ըստ ՄՍԿ-64՝ 12 աստիճանի)։

Երկրաշարժին հետեւանքով շարքէն դուրս եկած է Հայկական ԽՍՀ արդիւնաբերական ներուժին շուրջ 40%-ը։

Երկրաշարժէն ամբողջութեամբ աւերուած են Սպիտակ քաղաքը եւ 58 գիւղ, մասամբ աւերուած են Լենինական (ներկայիս՝ Գիւմրի), Ստեփանաւան, Կիրովական (ներկայիս՝ Վանաձոր) լրիւ կամ մասնակի աւերուած են Ախուրեանի, Գուգարքի, Արագածի, Կալինինոյի շրջաններու հարիւրէն աւելի գիւղեր ու աւելի քան 300 բնակավայր։

Հակառակ Սառ պատերազմի լարուածութեան, երկրաշարժէն քանի մը օր ետք Խորհրդային միութեան առաջնորդ Միխայիլ Կորպաչով պաշտօնապէս ԱՄՆ֊էն մարդասիրական օգնութիւն կը խնդրէ (Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք առաջին անգամ ըլլալով)։ 113 երկիր մեծ քանակութեամբ մարդասիրական օգնութիւն կ'ուղարկէ Խորհրդային Միութիւն՝ փրկարար սարքաւորումներու, որոնողական խումբերու եւ բժշկական սարքերու տեսքով, բայց գաղտնի նուիրատուութիւնը եւ հասարակական կազմակերպութիւններու նուիրատուութիւնները նոյնպէս միջազգային օգնութեան մաս կազմած են։

Հայաստանի օգնութիւն բերող եուկոսլաւիական օդանաւը աղէտի կ'ենթարկուի, եւ անոր 9 հոգիէ բաղկացած անձնակազմը ինչպէս նաեւ՝ 69 զինծառայող կը զոհուին Երեւանի մատոյցներուն:

Ժաժաբանական բնութագիրը

Խմբագրել
  • Ժամանակը՝ 7 Դեկտեմբեր 1988-ին‚ տեղական ժամով՝ 11։41-ին,
  • Մակակեդրոնը՝ Սպիտակ քաղաքին մօտ, Շիրակամուտ (Նալպանդ) գիւղ (φ=40,9N;λ=440, 2E),
  • Ուժգնութեան մակակեդրոնը՝ 10 աստիճան ըստ МSК - 64-ի,
  • Գիւմրի՝ 9 աստիճան ուժգնութիւն,
  • Վանաձոր՝ 8-9 աստիճան ուժգնութիւն,
  • Ստեփանաւան՝ 9 աստիճան ուժգնութիւն,
  • Երեւան՝ 6 աստիճան ուժգնութիւն,
  • Ուժգնութիւն՝ 7‚0 ըստ Richter-ի աստիճանին,
  • Գլխաւոր ցնցման տեւողութիւնը՝ շուրջ 35-45 երկվյրկ.,
  • Երկրաշարժին ընթացքին երկիրի մակերեսին յառաջացած ճեղքին երկարութիւնը՝ շուրջ 37 քմ‚ ուղղաձիգ առաւելագոյն տեղաշարժը՝ շուրջ 2 մ‚ հորիզոնական տեղաշարժը՝ 0,7-1‚0 մ։

Աւերուած գօտիին բնութագիրը

Խմբագրել

Երկրաշարժը կ'ընդգրկէ հանրապետութեան հիւսիսային եւ հիւսիս արեւելեան շրջանները, անոր տարածքին մօտաւորապէս 40%-ը:

  • Վնասուած գօտիին մակերեսը՝ 10,000 քմ քառակուսի‚ ուր կ'ապրէր 1 միլիոն բնակիչ,
  • Ուժեղ աւերման գօտիին թիւը՝ 11,
  • Աւերուած գիւղերուն թիւը՝ 58,
  • Վնասուած քաղաքներուն թիւը՝ 21,
  • Վնասուած գիւղերուն թիւը՝ 342,
  • Անօթեւան մնացածներուն թիւը՝ 514,000 հոգի։
Երկու երկրաշարժներուն համեմատութիւնը[2]
Սպիտակի երկրաշարժը Լոմա-Փրիետայի երկրաշարժը
Թուական 7 Դեկտեմբեր 1988 17 Հոկտեմբեր 1989
Ուժգնութիւն 6.9 7.1
Վայր Հայաստան Հիւսիսային Քալիֆորնիա
Մահացողներ >25,000 67
Վիրաւորներ 31,000 2,435
Անօթեւան մնացողներ 514,000 7,362
Գոյքային վնասներ Անյայտ ~7.8 միլիար ԱՄՆ տոլար

Մարդկային կորուստները

Խմբագրել

Զոհերուն թիւը՝[3] 25,000 հոգի, բաժնուած՝

Փլատակներէն դուրս կը բերուի ողջ՝ 45,000 հոգի, հիւանդանոց կը տեղափոխուի՝ 12,500 հոգի։ Շուրջ 170 հազար հոգի դուրս կը բերուի աղէտի գօտիէն եւ հանգրուան կը գտնէ՝ Խորհրդային Միութեան տարբեր հանրապետութիւններուն մէջ[4]:

Նիւթական վնասները կը գնահատուին 10 միլիառ ԱՄՆ տոլարով։

Գործելէ կը դադրին 170 արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ եւ շուրջ 1200 անասնապահական շինութիւններ կ'աւերուին:

Պատկերներ

Խմբագրել

Հետեւանքները քաղաքաշինութեան ոլորտին մէջ

Խմբագրել

Երկրաշարժէն ետք, վերատեսութեան կ'ենթարկուի Հայաստանի երկրաշարժական շրջանացման քարտէսը, նախկին երկու՝ 7 եւ 8 գօտիներու փոխարէն կ'ընդունուի 1, 2 եւ 3 գօտիներով քարտէս մը, ուր երկրաշարժական վտանգը կ'արձանագրուէր ոչ թէ ուժգնութեամբ, այլեւ՝ սպասուած երկրաշարժներու առաւելագոյն արագացումներով։

  • 1 գօտիի համար այն 200 սմ/վ2 (մօտաւորապէս 8 աստիճան ուժգնութիւն)
  • 2 գօտիի համար այն 300 սմ/վ2 (մօտաւորապէս 8,5 աստիճան ուժգնութիւն)
  • 3 գօտիի համար այն 400 սմ/վ2 (մօտաւորապէս 9 աստիճան ուժգնութիւն)

Օրինակ, Երեւան կը գտնուի 3-րդ գօտիին վրայ, այսինքն՝ կրնայ տեղի ունենալ 9 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Earthquakes»։ արտագրուած է՝ 2015-12-13 }|publisher = earthquake.usgs.gov}}
  2. Տիրք Փրոսքէ (Dirk Proske), Վտանգներ եւ Աղէտներ (անգլերէն՝ Risks and Disasters), Վտանգներու ցուցակ, Սփրինկըր Պերլին Հայտելպըրկ, 2008, էջ 97, ԳՄՍՀ՝ 978-3-540-79554-4։
  3. Service Robert (2003)։ A History of Modern Russia: From Nicholas II to Vladimir Putin։ Cambridge, Massachusetts: Harvard University Press։ էջեր 468–469։ ISBN 0-674-01801-X 
  4. Սպիտակի Երկրաշարժը

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել