Ստեփան Ա. Քհնյ. Ղազարեան
Ստեփան Ա. Քհնյ. Ղազարեան (1879, Մալաթիա, Թուրքիա - 9 Նոյեմբեր 1954, Լիբանան), Աւազանի անունով՝ Մկրտիչ, ծնած է մալաթիացի ծնողքէ, Մալաթիոյ մէջ 1879-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Հայ Կաթողիկէ Վարժարանին մէջ, ուր սորված է հայերէն, գրաբար ու կրօնական գիտելիքներ։
Ստեփան Ա. Քհնյ. Ղազարեան | |
---|---|
Ծնած է | 1879 |
Ծննդավայր | Մալաթիա, Թուրքիա |
Մահացած է | 9 Նոյեմբեր 1954 |
Մահուան վայր | Լիբանան |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Մասնագիտութիւն | հոգեւորական, քահանայ |
Երեխաներ | Սարգիս, Ռոզա եւ Մկրտիչ |
Կենսագրութիւն
Խմբագրել1895-ի հայկական կոտորածին կորսնցուցած է իր ծնողքն ու բոլոր ազգականները եւ այնուհետեւ ապրած է որբ ու անօգնական։ Հակառակ ուսումը շարունակելու իր փափաքին, որբութիւնը զրկած է զինք բարձրագոյն կրթութենէ: Այս պայմաններն ու հանապազօրեայ հացը ապահովելու հրամայականը զինք մղած են արհեստի։ Ժամանակի ընթացքին, դարձած է վարպետ քարակոփ ու որմնադիր։
Երբ յարատեւ աշխատանքով իր նիւթական վիճակը բարելաւած է, պատրաստուած է ամուսնական կեանքի։ Իր կեանքի ընկերը ընտրած է Օրդ. Վարդուհի Թաշճեանը, որուն հետ Մալաթիոյ մէջ պսակուած է 1905-ին, ձեռամբ Տ. Միքայէլ եպս. խաչատուրեանի։ Ունեցած է երեք զաւակներ՝ Սարգիս, Ռոզա եւ Մկրտիչ (այժմ Տէր Վահան)։ 1914-ի համաշխարհային Պատերազմին զինուորագրուած է եւ չորս տարիներ, իբրեւ արհեստաւոր թրքական բանակին ծառայելով, ազատուած Մեծ եղեռնի արհաւիրքներէն։ 1918-ի զինադադարին, ազատ արձակուելով եւ իր ընտանիքին վերամիանալով վերսկսած է իր աշխատանքին։
Անձնական աշխատանքին կողքին Հեւտեւած է եկեղեցական ու ազգային գործերու։ Կրօնական զգացումները զինք առաջնորդած են եկեղեցւոյ ծառայութեան։ Իր աշխարհական հագուստին տակ կրած է կրօնական հեզահամբոյր հոգի մը՝ ամէնուն մատչելի։
Պատերազմէն ետք, 1920-էն իբրեւ գնահատանք էր անբասիր կենցաղին, ժողովուրդին միաձայն հաւանութեամբ հրաւիրուած է քահանայական պաշտօնի։ Արդէն որոշումը յարգելով, նոյն տարին մեկնած է Խարբերդ ձեռնադրութեան պատրաստուելու։
Գործերը
ԽմբագրելԻր քահանայական օծումը տեղի ունեցած է ձեռամբ Խարբերդի Առաջնորդ՝ Տ. Գիւտ եպս. Մխիթարեանի, տեղւոյն Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, 15 Օգոստոս 1920-էն, վերակոչուելով Տէր Ստեփան։
Քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանին գործնական գիտելիքները սորվելէ ետք, առաջնորդ Սրբազան Հօր ու հայրենակիցներուն փափաքով նշանակուած է հոգեւոր հովիւ վերապրող մալաթիացի ծխական ժողովուրդին։
Երբ միացած է իր հօտին, համեստ քարոզութիւններով, բայց ծառայելու բարձր տրամադրութեամբ ու մեծ հաւատքով ձեռնարկած է հովուական աշխատանքներուն։ Ի գին մեծ զոհողութիւններու բացած է դպրոց մը եւ քիւրտերու ու թուրքերու մօտ ապաստան գտած ու փրկուած է հայ փոքրիկները հաւաքելով, անոնց սորվեցուցած է Մեսրոպեան ոսկեղնիկ լեզուին քաղցրահունչ տառերը։
Միւս կողմէ աշխատանք տարած է ժողովուրդը կապուած պահելու պապենական հողին։ Հովուական այցելութիւններով նոր շունչ, յոյս ու ապրելու, գոյատեւելու հաւատք ներշնչած է հայրենակիցներուն։ Սակայն թրքական զինուորներ դժուարութիւններ յարուցանելով ստեղծած են անապահով վիճակ մը։ Աւելին՝ թրքական «Աթէշ եըլտըրըմ» կոչուած հերոսակախումբը խափանարարական աշխատանքներ կատարած է ու բռնութիւն բանեցուցած ժողովուրդին վրայ, որպէսզի հեռանայ իր հողերէն ու տուներէն։ Տակաւ առ տակաւ թրքական սարսափը, վախը, անվստահութիւնն ու անապահով վիճակը սաստկացած են, այնքան որ անզէն այս ժողովուրդը չկարենալով հանդուրժել այս անիրաւութիւններուն ու բազմացող ոճիրներուն, հարկադրուած փնտռած է նպաստաւոր պայմաններ եւ ապահով երկինքներ։
Երբ Մալաթեան կը պարպուի հայութենէն երկրորդ արտագաղթին, Հօտին Հետ մեկնած է Հալէպ 1922-ին։ Հինգ տարի քահանայագործած է Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ։ Ազգ. Իշխանութեան ու կրօնական Ժողովին փափաքին ընդառաջելով հովուական ու կազմակերպչական առաքելութեամբ այցելու հովիւ նշանակուած է Թեմի զանազան շրջաններուն։ Մեծ սիրով ու հաւատքով լծուած է աշխատանքի եւ կազմակերպած Համայի, Հոմսի, Քեսապի, Պապլ Մումպուճի, Ճարապլուսի, Ապիատի ու Ռագգայի թաղականութիւնները։
Վեհափառ Սահակ Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ տարի մը հովուած է՝ Քեսապի հայութիւնը եւ երկու տարի ալ Ազերի հայ գաղութը։ Ուր որ գացած է, յարգուած ու գնահատուած է ժողովուրդէն։
Հալէպի Մալաթիոյ Կրթասիրաց Ընկերութիւնը լիազօրած է Տէր Հայրը, իբրեւ գործիչ վարելու միութեան գործը եւ միաժամանակ հովուելու հայրենակիցները։
Մեծ Եղեռնի տարիներուն Հալէպ դարձած է հայ տարագիրներու ապաստանարան։ Հակառակ Ագգային իշխանութեան խնամատարութեան ու առողջապահական միջոցառումներուն, մահը ամէն օր կը հնձէ բազմաթիւ կեանքեր։
Այդ դժնդակ պայմաններուն մէջ, քահանան իր հայրենակիցներուն ու տարագիր ժոդովուրդին հետ ճաշակած է կեանքի դառնութիւնները։
Այդ օրերուն է, որ Հալէպի մէջ հիմնուած են հայրենական միութիւններ, որոնք տարած են հսկայական աշխատանք։ Իրենց նիւթական նպաստներով, ընկերային ու առողջապահական ծառայութիւններով, մեծ օգտակարութիւն ունեցած են բազմահազար տարագիրներուն։ Այդ բոլոր գործունէութեան հսկող, նպաստաբաշխումները կազմակերպող, անմիջական շտապ օգնութիւններուն հասնող ու բոլոր տեսակի գործերը դասաւորող ու համադրող վերին մարմինը՝ Բերիոյ Թեմի Ազգ. Իշխանութիւնը եղած է իր կրօնական ու՝ Քաղաքական Ժողովները ներկայացնելով։
Հալէպի Մալաթիոյ կրթասիրաց Միութիւնը ունեցած է նաեւ Ամերիկայի մէջ Հայրենակցական միութիւն մը, որուն նաեւ լիազօր ներկայացուցիչը եղած է Տէր Ստեփան։ Ամերիկայի հայրենակիցներէն ստացած նիւթական նպաստները ինք անձամբ բաշխած է չքաւոր մալաթիացիներուն։ Որոշ ժամանակաշրջան մը, հայրենակիցներու հաւանութեամբ ու տնօրինութեամբ, իր նիւթական անձուկ վիճակին պատճառով, Տէր Հօր ընտանիքը եւս ապրած է հայրենակցական միութեան նիւթական օժանդակութեամբ։
Յետ բազում տառապանքներու, ի վերջոյ 1929-ին իրեն համար բացուած է ծառայութեան նոր դաշտ մը՝ Արաբ-Բունար։ Առաջնորդին տնօրինութեամբ տեղափոխուած է այս նոր գիւղաքաղաքը ու հոգեւոր հովիւ նշանակուած՝ տեղւոյն գաղութին ու շրջակայ հայութեան։
1922-ին, Արաբ-Բունարը եղած է ընդարձակ տափաստան մը Գանի-Արաբի եւ Միւբշիտ-Բունարի միջեւ։ Այդ օրերուն, կարելի չէր հոնկէ անցնիլ առանց որոշ մտավախութեան կամ սարսափի։ Այդ գօտիին մէջ, մարզիկ իրենց ամէն քայլափոխին կրնային հանդիպիլ հրոսակախումբերու, որոնք կը կողոպտէին ու անխնայօրէն կը սպաննէին խեղճ ու անպաշտպան անցորդները։ Ընդարձակ այդ տափաստանին մէջտեղ գտնուող ջրաղացը թաքստոցն էր հրոսակներու խումբին։
Այս վայրի բնութեան մէջ հայերու տեղաւորուիլը սկսած է Եդեսիոյ պարպումով, ուրկէ ափ մը հայեր, առաջնորդութեամբ Յովհաննէս Զուվալերթանեանի, 1923-ի սկիզբը կանգ առած են Եդեսիոյ հարաւ-արեւմտեան կողմը, ուր յոգնաբեկ կարաւանը վրան զարկած է ջրաղացին մօտ, որ իր շրջակայ տարածութիւններով պիտի կազմէր Արաբ-Բունար աւանը։
Արաբ-Բունարի հիմնադիր Յովհաննէս Զուվալերթանեան քաջալերած է հայերը եւ մասնաւորաբար իր հայրենակիցները այդ վայրին մէջ հաստատուելու։
Հետզհետէ հոն հաստատուող տասնեակ մը հայ ընտանիքներուն ձեռք բերած յաջողութիւնները, արձագանգ գտած են հեռաւոր շրջաններու կարմուճցիներու, տիգրանակերտցիներու եւ լճեցիներու մօտ, որոնք տակաւ եկած ու հաստատուած, աշխատանքով տուն-տեղ շինած եւ ընդարձակած են շրջանակը։
Հայու շինարար ոգին, կարճ ժամանակամիջոցին, հրաշքներ գործած է։ Ի գին մեծ զոհողութիւններու, փայտաշէն տուներուն քովն ի վեր բարձրացած են քարաշէն բնակարաններ։
Արաբ-բունարցին հիւրասէր եղած է եւ կապուած նահապետական սովորութիւններուն։ Քանի մը հարսներ կրնան ապրիլ մէկ յարկի տակ։ Շրջանի գիւղացիութեան տիրող մեծամասնութիւնը քիւրտ եղած է եւ զբաղած է արջառներ կամ հօտ պահելով։
Ինչպէս բոլոր գիւղերուն մէջ, նոյնպէս հոս, իգական սեռը կապուած է դաշտին ու տան գործերուն։ Առաւելաբար կինը աշխատած ու տղամարդը կերած է։ Կինը չէ ունեցած հանգիստ ու դադար։ Հոս արհեստներու ու առեւտուրի կողքին, մեծ կարեւորութեամբ կապուած են հողամշակութեան։
Տեղացիներու տարազը հինէն ի վեր, եդեսիացիներու ազդեցութիւնը կրած է։
1924-ին Արաբ-Բունարի հայ ազգաբնակչութեան թիւը կը հասնի հարիւր ընտանիքի։ Գնուած է հողաշերտ մը ու 1926-ին հոն կառցուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին։
Տէր Հօր առաջին գործը եղած է վերականգնումի ընթացքին մէջ գտնուող նորակազմ այս գաղութին ագգայիններուն ու ղեկավարներուն հետ մօտէն յարաբերութիւններ մշակել, զանոնք լաւապէս ճանչնալ ու գործակցութեան ձեռք երկարել, շրջանի հայութեան եկեղեցական, ազգային ու կրթական կեանքը կազմակերպելու։ Իր անկեղծութիւնն ու նուիրումի ոգին շուտով զգալի դարձած է գործակիցներուն ու հօտին։ Իր պարզ եւ հաւատքով առլցուն քարոզներով ու իր քաղցր եւ տպաւորիչ ձայնով աշխուժացուցած է եկեղեցւոյ կեանքը։ Շարականներու հմտութեամբ կազմակերպած է դպրաց դասը, շարական ուսուցանելով։ Հետեւած է նաեւ կրթական աշխատանքներուն եւ ձրիաբար կրօն դասաւանդած է դպրոցէն ներս։ Այսպիսով, հովիւի, հօտի, դպրոցի ու ագգայիններու միջեւ կապերը ամրապնդած է։ Վստահութիւնը շահած է ագգայիններուն ու ժողովուրդին։ Իր հիւրընկալ ու հաղորդական բնաւորութեամբ, շահած է բոլոր խաւերուն հետ։ Անկողմնակալ ու հայրական սիրով վերաբերած է բոլորին հետ։
Գաղութի խաղաղութեան, ներդաշնակ յարաբերութեան, բոլոր կողմերու համագործակցութեան, միակամութեան, զանազան մարզերու մէջ արձանագրած յաջողութեան ու յառաջդիմութեան մէջ, անուրանալի եղած են Տէր Հօր թափած ջանքերն ու զոհողութիւնները։ Իր համեստ նկարագիրով, լուռ ու մունջ աշխատած է իր հօտին համար։
Կրցած է տոկալ ու չյուսահատիլ։ Հօտին հետ նոյնանալ ու կազմել մէկ ընտանիք ու արմատանալ մինչեւ խոր ծերութիւն: Այլ խօքով՝ հաւատքով ապրած ու քահանայագործած է ու կրցած է մեծ զոհողութիւններու հայ քահանային վարկը բարձր պահել ու միշտ մնալ հայ եկեղեցականի վայել ծառայական տիպարին մէջ։ Ատոր համար ալ մինչեւ վերջ յարգուած ու սիրուած հոգեւորական մը եղած է։
Աւելի քան քառորդ դար Արաբ-Բունարի եւ շրջակայքի հայութեան ծառայելէ ետք, իր յառաջացեալ տարիքին պատճառով խնդրած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդէն ու կրօնական Ժողովէն, որ զինք հանգստեան կոչեն։ Իր փափաքը կատարուած է։ Դադրած է քահանայագործելէ եւ նոյն տարին հանգստանալու համար փոխադրուած է Պէյրութ, իր զաւկին՝ Տէր Վահանին քով։ Հազիւ քանի մը ամիս ապրած՝ անհանգստացած ու կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք վախճանած է 7 Նոյեմբեր 1954-ին։
Թաղում
ԽմբագրելԹաղման ու օծման արարողութիւնը կատարուած են 9 Նոյեմբեր 1954-ին, Հայաշէնի Ա. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ՝ Լիբանանի Թեմի Հայոց Առաջնորդ՝ Տ. Խորէն Եպս. Բարոյեանի (հետագային կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ)։
Թաղումը տեղի ունեցած է մեծ շուքով, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, այլ համայնքներու ներկայացուցիչներու, ազգային մարմիններու, հայրենակցական ու միութենական ներկայացուցիչներու, թաղական խորհուրդներու, դպրաց դասերու, դպրոցական աշակերտներու ու յուղարկաւորներու հոծ բազմութեան մը։ Թափօրին անձամբ հետեւած է Առաջնորդ Սրբազանը մինչեւ Ֆըրն Շպպէքի Ազգ. Գերեզմանատունը, ուր խօսած է պատշաճ դամբանական մը՝ վեր առնելով Տէր Հօր ազգօգուտ գործունէութիւնը, զինք ներկայացնելով իբրեւ տիպար հովիւ՝ Աւետարանի խօսքով՝ «Մշակ առանց ամօթոյ...»։
Իր տարիներու բարւոք ծարայութեան Համար ան գնահատուած է Լանջախաչով, Ծաղկեայ սեւ փիլոնով եւ Աւագութեան պատիւով ու տիտղոսով[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։