Ս. Պատարագ
Պատարագ ( նուէր, ընծայ), քրիստոնէական գլխաւոր աստուածապաշտական արարողութիւն։ կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի զոհաբերութիւնը։
Ս. Պատարագը Սիրոյ խորհուրդն է, որովհետեւ անով Հայր Աստուած սրբագործուած հացն ու գինին Ս. Հոգիին ներգործութեամբ կը վերածէ Իր Միածին Որդւոյն Մարմնին ու Արեան՝ անոնք բաշխելով ու ճաշակողները միաւորելով Իրեն հետ:
Ս. Պատարագի արարողութեան բուն առանցքը կը կազմէ Հաղորդութեան խորհուրդը, որ հաստատուած է Յիսուս Քրիստոսի կողմէ՝ Խորհրդաւոր ընթրիքին ընթացքին։ Ան Քրիստոսի ինքնազոհաբերման խորհուրդն է, որուն ընթացքին Անմահ Գառն Աստուծոյ՝ իբրեւ հաշտութեան զոհ, խորհրդաւոր կերպով կը պատարագուի Ս. Սեղանին վրայ՝ բաշխելով մեզի իր Ս. մարմինն ու արիւնը, որմով կը վերականգնի ի սկզբանէ հաստատուած հաղորդակցական կապը։ Պատարագի արարողութեան գիրքը կը կոչուի Պատարագամատոյց կամ Խորհրդատետր: Պատարագի արարողութեան կարգը առաջին երեք դարերուն ընդհանուր էր բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիներուն մէջ [1]։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորունչ Կեսարիայէն բերելով Բարսեղեան Պատարագամատոյցը, զայն կ'աւանդէ հայ եկեղեցւոյ: Ժամանակի ընթացքին այդ Պատարագամատոյցը հայացած ու մշակուած է հայ եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ եւ այսօր ալ կ'օգտագործուի մեր եկեղեցւոյ մէջ:
«Երկինքը երկրի վրայ». այսպէս հասկցուած է Ս. Պատարագը վաղնջական օրերուն, այսպէս կ'ըմբռնեն քրիստոնեաները Ս. Պատարագին խորհուրդը: Պատարագով ողջ եկեղեցին հոն գտնուող հաւատացեալներուն հետ միասին կը դառնայ երկինք երկրի վրայ եւ դրախտ՝ կենաց ծառին անմահարար պտուղներով: Ըստ Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայրապետին՝ Ս. Պատարագի ընթացքին երկինքը կը բացուի եւ հրեշտակները կ'իջնեն: Թէեւ Պատարագը երկրի վրայ կը կատարուի, սակայն երկրային ընծայով չէ, այլ երկինքէն իջնող Հացով (Յովհաննէս 6:41), Ով կեանք կու տայ աշխարհին[2]:
Բովանդակութիւն եւ ընթացակարգ
ԽմբագրելՊատարագը կը բովանդակէ Յիսուսի մարդեղութեան ողջ խորհուրդը, կեանքին դրուագները եւ անոր բոլոր փրկագործութեան տնօրինութիւնները՝ Ծնունդէն մինչեւ Համբարձում եւ Հոգեգալուստ, որոնք կ'արտացոլան խորհրդապաշտական գործողութիւններով՝ Աստուածաշնչեան ընթերցումներով, սաղմոսներու եւ շարականներու կատարմամբ, խրատներով, քարոզներով ու աղօթքներով։
Պատարագը բաղկացած է չորս հիմնական մասերէ.
- Պատրաստութիւն, որուն նպատակն է սրբագործել խորհրդակատար քահանան եւ հաւատացեալ ժողովուրդը՝ պատրաստ ըլլալով Ս. Պատարագին արարողութեան։ Կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մարդեղութիւնը։
- Երախայից կամ ճաշու պատարագ։ Կը խորհրդանշէ Քրիստոսի գործունէութիւնը (խնկարկութիւն, ճաշու մուտք, ընթերցուած, Հաւատամք):
- Հաւատացելոց կամ Սրբեցելոց պատարագ։ Կանոն Ս. Պատարագի (մեծ մուտք, ողջոյն, սրբագործութիւն, յիշատակութիւն եւ ճաշակում), կը խորհրդանշէ Վերջին ընթրիքը եւ Աւագ Շաբաթը։
- Վերջին օրհնութիւն եւ Արձակում։ Կը խորհրդանշէ Համբարձումն ու Հոգեգալուստը։
Պատարագի ընթացքին կը կատարուի հաղորդութիւն՝ հաւատացեալները կը ճաշակեն Յիսուս Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը խորհրդանշող սրբազան հաց եւ գինի։ Դարերու ընթացքին պատարագը կրած է ծիսական փոփոխութիւններ։ Քրիստոնէական տարբեր դաւանանքներու մէջ կ'ընթանայ տարբեր ձեւերով։ Սովորաբար Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցին պատարագը կը կատարէ Կիրակի, սրբոց եւ տէրունական օրերուն։ Պատարագի լեզուն հին հայերէնն է՝ գրաբարը։
Պատարագին մասնակցող գլխաւոր դերակատարները
ԽմբագրելՊատարագին մասնակցող գլխաւոր դերակատարները պատարագիչ քահանան, սարկաւագը եւ դպիրներն են: Դպիրները կը ներկայացնեն ժողովուրդը, եւ այն, ինչ որ կ'երգեն, ժողովուրդին անունով կ'ըլլայ, թէ՛ պատասխան, թէ՛ գոհունակութեան արտայայտութիւն եւ թէ խնդրանք: Պատարագիչ քահանային եւ ժողովուրդին, այսինքն՝ դպիրներուն միջեւ միջնորդը սարկաւագն է՝ քահանային օգնականը եւ սպասաւորը:
Պատրաստութիւն, զգեստաւորում եւ լուացում
ԽմբագրելՍ. Պատարագի առաջին՝ պատրաստութեան մասը կը սկսի զգեստաւորման արարողութեամբ: Քահանային աւանդատուն մտնելը, նախկին հանդերձները հանելը եւ աւելի պայծառները հագնիլը կը խորհրդանշէ հին, մեղաւոր մարդոց մերկանալը, նորը՝ զՔրիստոս հագնիլը եւ սրբութեամբ ու արդարութեամբ նորոգուիլը: Խոյրը կը խորհրդանշէ իմաստութեան պսակը եւ փրկութեան սաղաւարտը, քահանային ուրարը՝ Քրիստոսի Աւետարանին լուծը, զոր քահանան կը պատրաստուի կրել:
Պատարագիչը խորհուրդի կատարման ընթացքին գլուխը չի ծածկեր, այլ պաշտամունքը կը մատուցէ բաց գլուխով, որ կը խորհրդանշէ պատարագիչ հոգեւորականին համարձակութիւնը եւ սիրտին պարզութիւնը: Իսկ խորհուրդին մասնակցող միւս հոգեւորականները՝ եպիսկոպոսները, աբեղաները եւ քահանաները, գլուխները կը ծածկեն, որովհետեւ Խորհուրդի կատարման ընթացքին հարկ է բոլոր զգայարանները ծածուկ պահել: Դպիրները, «Խորհուրդ խորին» շարականը երգելով, քահանային եւ սարկաւագին հետ կու գան բեմին առջեւ, եւ քահանան կը լուայ ձեռքերը՝ ծածուկ աղօթելով (սաղմոս ԻԵ.): Լուացումը կը խոհրդանշէ մեղքերէն մաքրուիլը, որմէ ետք միայն կարելի է բարձրանալ Ս. Սեղան:
Խնկարկութիւն
ԽմբագրելԼուացումէն ետք քահանան, դառնալով դէպի ժողովուրդը, Աստուածածնին բարեխօսութեամբ հրապարակայնօրէն կը խոստովանի իր մեղքերը: Այս օրինակով ալ ժողովուրդը մինչեւ հաղորդուիլը պարտաւոր է մաքրուիլ՝ խոստովանիլ իր մեղքերը, ապա միայն ճաշակել:
Նախամուտ
ԽմբագրելԽոստովանելէն ետք պատարագիչը սաղմոսերգութեամբ բեմ կը բարձրանայ, մեծ վարագոյրը կը փակուի եւ դպիրները կ'երգեն հոգեւոր մեղեդի մը կամ օրուան պատշաճ տաղը, իսկ քահանան կ'ընթերցէ Նարեկացիին աղօթքը, որ ուղղուած է Ս. Հոգիին: Այս աղօթքով քահանան կը հայցէ Ս. Հոգիին օգնութիւնը՝ Խորհուրդը կատարելու: Վարագոյրին փակուիլը կը խորհրդանշէ մեղքի պատճառով մարդոց եւ Աստուծոյ միջեւ բաժանումը:
Առաջադրութիւն
ԽմբագրելԱղօթքէն ետք քահանան կը դնէ սաղաւարտը եւ ընծայարան կ'երթայ, ուր սարկաւագին ձեռքէն վերցնելով նուիրական հացը կամ նշխարը՝ կը դնէ մաղզմային վրայ եւ գինին խաչաձեւ կը լեցնէ սկիհին մէջ: Այնուհետեւ Ոսկեբերանի Աղօթքով («Տէր Աստուած մեր») քահանան կը դիմէ Հայր Աստուծոյ ու Աղօթքի աւարտին սկիհը կը ծածկէ քօղով: Կը սկսի խնկարկութիւնը: Ճաշու պաշտօն քահանան բուրվառով կը խնկարկէ սուրբ սպասը եւ այդպէս կու գայ Ս. Սեղանին առջեւ:
Կը խնկարկէ (վարագոյրը կը բացուի) ու կ'իջնէ բեմէն՝ թափօրով շրջելով ժողովուրդին մէջ, այնուհետեւ կրկին կը բարձրանայ բեմ («աշխարհագալոց»):
«Աշխարհագալոց»՝ կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսին մարդեղացումը, մեր բնութեան հաղորդ ըլլալը, Աւետարանի անուշահոտ բուրմունքին տարածումը (խնկարկութիւն), իսկ դարձեալ բեմ ելլելը՝ երկինք բարձրանալը: Աշխարհագալոցին կը յաջորդէ «Ժամամուտ»ը կամ Պատարագի սկիզբը:
Ողջոյն
ԽմբագրելՄինչ սարկաւագը «Աստուծոյ երկրպագեսցուք» կ'ըսէ, պատարագիչ քահանան կէս մը կը բանայ Սկիհին ծածկոցը, որպէսզի Ս. Հացը երեւի մաղզմային եզերքէն, եւ թեթեւ մը դէպի ձախ կ'երթայ, որպէսզի Ընծան ժողովուրդին կողմէ տեսնուի եւ ձեռնամած կը կանգնի։ Իսկ բուրվառակիր սարկաւագը խնկարկելէ ետք, կ'երկրպագէ Ս. Սեղանին եւ քահանային ձեռքը համբուրելով՝ կը ստանայ ողջոյնը ու ժողովուրդին դառնալով կը հրահանգէ, որ սրբութեան համբոյրով զիրար ողջունեն։ Ապա Խորանէն վար իջնելով՝ Քրիստոսի յայտնութեան աւետիսը կը փոխանցէ Եկեղեցւոյ դասին մէջ սպասող երիցագոյն եկեղեցականին։
Մինչ այդ, դպիրները ժողովուրդին հետ միասին կ'երգեն հետեւեալ շարականը.
«Ողջոյն»ին եւ անոր փոխանցումին իմաստը
Խմբագրել«Ողջոյն»ը Յիսուս Քրիստոսի աներեւութաբար Սեղան իջնելուն եւ յայտնուելուն աւետիսն է։ Իրարու փոխանցուող ողջոյնը Քրիստոսի յայտնութեամբ հաւատացեալներուն վրայ իջնող երկնային խաղաղութեան եւ անոր առթած ուրախութեան արտայայտութիւնն է։ Այդ պահուն, Յիսուս Քրիստոսի յայտնութեամբ հաւատացեալները կը դառնան մէկ սիրտ, մէկ հոգի, մէկ ամբողջութիւն եւ մէկ եղբայրութիւն, ուր կը տիրէ սէրը եւ կը սփռուի երկնային խաղաղութիւնը ներկաներուն վրայ, որոնք միաբերան կ'օրհնեն միասնական Ս. Երրորդութիւնը։ Հետեւաբար, ողջոյն տուող իւրաքանչիւր անձ կ'ըսէ. Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ|, իսկ ողջոյնը ստացողը կը պատասխանէ.
Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի: |
Քրիստոսի դարաշրջանին զիրար համբուրելը բարեւելու ձեւ մըն էր։ Այս իմաստով Պօղոս առաքեալ կը յանձնարարէ հաւատացեալներուն, որ զիրար ողջունեն «սուրբ համբոյրով» (Հմմտ. Հռ 16.16։ Ա.Կր 16.20։ Բ.Կր 12.12)։
Անցեալին «Ողջոյն»ի բանաձեւին կ'ընկերանար ողջագուրումը, որ ձեւական չէր, այլ՝ իրական, ինչպէս սարկաւագին հրահանգը կ'ըսէր։ Որովհետեւ առաջին դարու քրիստոնէական փոքր համայնքները հաւատքի շատ սերտ ընտանիք մը կը կազմէին, եւ ոչ ոք անպարկեշտ բան կը տեսնէր ընտանիքի մը անդամներուն միջեւ փոխանակուած համբոյրին մէջ։ Որքան Եկեղեցիները կը մեծնան, այնքան «ողջոյն»ը կը ձեւափոխուի։ Սկզբնական համբոյրը կը փոխանակուի ողջագուրումով, երբ իւրաքանչիւրը միւսին ուսը կը համբուրէր։ Յետոյ այս ալ կը փոխուի, եւ իրարու թեթեւ խոնարհումի մը ձեւը կը ստանայ՝ աջ ձեռքը կուրծքին դրած։ Իսկ կարգ մը այլ Եկեղեցիներու մէջ անիկա կը վերածուի պարզ ձեռք թօթուելու արարողութեան մը։
Ս. Սկիհին շղարշը
Խմբագրել«Ողջոյն»ի պահուն Ս. Սկիհի շղարշը եւ նշխարին յաչս ժողովուրդին յայտնուիլը կը խորհրդանշէ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինին արգանդը, շղարշին կէս բացուիլը կը նշանակէ Աստուածամօր արգանդին բացումը, իսկ Նշխարին երեւիլը՝ նշանակ է Քրիստոսի աշխարհ յայտնուելուն[3]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Ս. Պատարագ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-08-15-ին։ արտագրուած է՝ 2021-08-15
- ↑ Մեր պատարագը
- ↑ Ս. Պատարագին խորհուրդը
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Պատարագամատոյց Archived 2020-01-03 at the Wayback Machine.
- Մեր Ս. Պատարագը Archived 2021-08-15 at the Wayback Machine.
- Ս. Պատարագի մեկնութիւն, Խոսրով Անձեւացի Archived 2021-08-15 at the Wayback Machine.
- Arak29 Badarak Komitas Music Notes Archived 2013-06-09 at the Wayback Machine.
- Arak29 Badarak Yekmalian Music Notes Archived 2013-06-09 at the Wayback Machine.
- Arak29 (Badarak) Պատարագամատոյց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Archived 2012-04-02 at the Wayback Machine.