Վարդան Տէմիրճեան

Վարդան Արքեպիսկոպոս Տէմիրճեան (20 Ապրիլ 1939, Պէյրութ - 9 Սեպտեմբեր 2004, Անթիլիաս), հայ հոգեւորական, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան, բանասէր։

Վարդան Տէմիրճեան
Ծնած է 20 Ապրիլ 1939(1939-04-20)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահացած է 9 Սեպտեմբեր 2004(2004-09-09) (65 տարեկանին)
Մահուան վայր Անթիլիաս, Մաթնի շրջան, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Լիբանան
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ուսումնավայր Սեն Ժոզէֆ համալսարան
Մասնագիտութիւն հոգեւորական, բանասէր, մատենագիր, Խմբագիր
Աշխատավայր Ատրպատականի թեմ?
Հունաստանի հայոց թեմ?

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Վարդան Արքեպիսկոպոս Տէմիրճեան (աւազանի անունով՝ Յովսէփ) նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Էշրեֆիէ թաղամասի Եփրեմեան ազգային վարժարանին մէջ՝ 1946-52-ին։ 1952-57-ին ուսանած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն ներս։ 1958-61-ին հետեւած է Պէյրութի Յիսուսեան Հայրերու Սեն Ժոզեֆ Համալսարանի աստուածաբանութեան եւ իմաստասիրութեան դասընթացներուն։

4 Նոյեմբեր 1956-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ, 2 Յունիս 1957-ին՝ աբեղայ։ 18 Հոկտեմբեր 1959-ին ստացած է վարդապետական աստիճան՝ ներկայացնելէ ետք «Ցուցակ Ձեռագրաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան» խորագրով աւարտաճառ։ 13 Յունիս 1965-ին ստացած է ծայրագոյն վարդապետի աստիճան, իսկ 30 Հոկտեմբեր 1977-ին ձեռնադրուած եւ օծուած է եպիսկոպոս։ 26 Մարտ 1995-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը անոր շնորհած է արքութեան պատիւ եւ տիտղոս։

Անթիլիասի մայրավանքէն ներս՝ կուսակրօնութիւնն ընդունելէ ետք, Տէմիրճեան մինչեւ 1963 յաջորդաբար եղած է տպարանի ու գրատան տեսուչ, ինչպէս նաեւ 1961-63-ին՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ-տնօրէն՝ այդ ընթացքին՝ 1961-ին հիմնելով «Դրազարկ» պաշտօնաթերթը։ Միաժամանակ ան զբաղած է ուսուցչութեամբ։

1963-69-ին Տէմիրճեան եղած է Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ։ Իր օրով կատարուած է բացումը Թաւրիզի Սահակեան օրիորդաց միջնակարգ վարժարանին ու Մելիք-Թանգեան թանգարանին, կառուցուած են այլ ազգապատկան կալուածներ։ Թաւրիզի մէջ 1964-67-ին խմբագրած է Եկեղեցասէր Կանանց Միութեան «Դրազարկ» պարբերաթերթը։ Ապա, 1969-71-ին Տէմիրճեան վարած է Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը։

1972-ին վերադարձած է Անթիլիաս, ուր մինչեւ վախճանումը ստանձնած է վանական զանազան պաշտօններ։ Որպէս հիւրընկալ եպիսկոպոս, երկար տարիներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցած է լիբանանեան մակարդակի վրայ տեղի ունեցող պետական, դիւանագիտական, քաղաքական, համայնքային ու կրօնական այլազան ձեռնարկներու եւ հանդիսութիւններու ընթացքին։ 1972-80-ին մաս կազմած է կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան։ 1982-ին խմբագրած է ազգային, եկեղեցագիտական, պատմաբանասիրական ու վիճակագրական ուսումնասիրութիւններ ընդգրկող «Լամբրոն» տարեգիրքի առաջին հատորը։ 1982-84-ին խմբագիրն էր «Նոր Այնթապ» պարբերաթերթին, իսկ 1997-էն մինչեւ մահը կը վարէր Անթիլիասի մայրավանքի մատենադարանապետի պաշտօնը։

Հրատարակութիւններ

Խմբագրել

Տէմիրճեան հեղինակած կամ խմբագրած է շարք մը պատմա-բանասիրական երկեր։ Անոնցմէ երկուքը անմիջական արգասիքն են Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ հանգրուանած հայերէն գրչագրերը ցուցակագրելու աշխատանքին, զոր՝ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի թելադրութեամբ, ան ձեռնարկած էր 1957-ին։ Առաջինը կը կրէ «Օրագիր Անդրէաս Եւ Թադէոս Արքեպիսկոպոսաց Եւ Պատմութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանուց 1930-1960» (Պէյրութ, 1960) խորագիրը եւ առաջին բաժնով կ’ընդգրկէ Գաղատիոյ մէջ ԺԸ.-ԺԹ. դարերուն պաշտօնավարած երկու առաջնորդներու կողմէ գրի առնուած եւ մինչ այդ անտիպ մնացած սկզբնաղբիւր մը։ Գիրքին երկրորդ մասը Անթիլիասի դպրեվանքին նուիրուած անջատ երկասիրութիւն մըն է։ Երկրորդ հատորը նոյնպէս հիմնուած է Անթիլիաս հանգրուանած գրչագրերու ընդգրկած անտիպ բնագրերու վրայ եւ խորագրուած է «Տաղասաց Մարտիրոս Արքեպիսկոպոս Ուռօմանեցի. Կեանքն Ու Գործունէութիւնը» (Անթիլիաս, 1974)։

Թաւրիզի մէջ առաջնորդութեան տարիներուն Տէմիրճեան ձեռնարկած է «Դիւան Ատրպատականի Հայոց Պատմութեան» շարքի խմբագրման։ Առաջին հատորը լոյս տեսած է Թաւրիզի մէջ, 1966-ին (այս հատորի երկրորդ հրատարակութիւնը՝ յաւելեալ նիւթերով, Պէյրութ, 1980-ին), իսկ երկրորդէն չորրորդ հատորները՝ Լիբանան, 1974-77-ին։ Երրորդ հատորը՝ «Ցուցակ Ձեռագրաց Թաւրիզի Մելիք-Թանգեան Ազգային-Եկեղեցական Գրադարանի» (Անթիլիաս, 1977), կ’ընդգրկէ 16 հին ու նորագիւտ ձեռագրերու նկարագրութիւն, իսկ չորրորդ հատորի խորագիրն է «Քարտէսներ Հայաստանի Եւ Իրանի. Տեղեկութիւններ Ատրպատականի Մասին. Յօդուածներ» (Պէյրութ, 1977)։ Տէմիրճեանի գործունէութեան թաւրիզեան շրջանի արգասիք է նաեւ «Յուշամատեան Ներսէս Մելիք Թանգեան Արքեպիսկոպոսի» (Թեհրան, 1968) հատորը։

Փաստական հարուստ նիւթ կը պարունակէ նաեւ Տէմիրճեանի «Գաւազանագիրք Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Հայոց Թեմերու Առաջնորդութեանց» աշխատութիւնը, որու առաջին հատորը լոյս տեսաւ Անթիլիաս, 1980-ին։ Ան կ’ընդգրկէ Լիբանանի եւ Հալէպի թեմերը, ներառեալ՝ Ճեզիրէի շրջանը։ Սոյն հատորին մէջ չէ ներգրաւուած Դամասկոսի թեմը, իսկ յետագային երկրորդ հատոր մը լոյս չէ տեսած։

Տէմիրճեան բանասիրական կարեւոր աշխատութիւններէն վերջինը՝ իր խմբագրած «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի Երան. Տ. Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոս Կիւլէսէրեանին (1868-1936) Անտիպ Նամակները, Ուղղուած Վիեննական Մխիթարեան Հայրերուն (1895-1936)» երկասիրութիւնը լոյս տեսած է Անթիլիաս, 1996-ին։

Տէմիրճեանի գրական ժառանգութեան մաս կը կազմեն նաեւ «Ս. Վարդան Ալպօմ» (Պէյրութ, 1967), «Պատմագիրք Պօղոս եւ Մարի Նաճարեաններու» (Պէյրութ, 1974), «Ծաղկեփունջ Քարոզներու Եւ Ուսումնասիրութիւններու» (Պէյրութ, 1981), ինչպէս նաեւ «Դիմաստուերներ. Ազգային Եկեղեցական Կերպարներ» (Պէյրութ, 1983) հատորները։

Առանձին հատորներով լոյս տեսած վերոյիշեալ երկասիրութիւններուն կարեւոր մասի նախնական տարբերակները, ինչպէս նաեւ Տէմիրճեանի այլ մանր բանասիրական պրպտումներ լոյս տեսած են «Հասկի» մէջ։ Այլազան յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով աշխատակցած է նաեւ սփիւռքահայ շարք մը այլ պարբերականներու՝ «Ազդակ», «Այգ», «Արարատ», «Սփիւռք», «Նայիրի», «Դրազարկ», «Գլաձոր», «Նոր Այնթապ» (բոլորն ալ՝ Պէյրութ), «Ալիք» (Թեհրան), «Արեւելք» (Հալէպ), «Յուսաբեր» (Գահիրէ), «Ազատ Օր» (Աթէնք), «Յառաջ» (Փարիզ), «Հայրենիք» (Պոսթոն), եւն.։

Տէմիրճեան պատրաստած է Բաբգէն Կաթողիկոս Կիւլէսէրեանի «Ցուցակ Ձեռագրաց Ղալաթիոյ Ազգային Մատենադարանի» (Անթիլիաս, 1961), Բիւզանդ Եղիայեանի «Ժամանակակից Պատմութիւն Կաթողիկոսութեան Հայոց Կիլիկիոյ, 1914-1972» (Անթիլիաս, 1975) եւ Մեսրոպ Արք. Աշճեանի «Դիւան Մեսրոպ Դ. Թաղիադեան» (Նոր Ջուղա, 1979) հատորներուն մէջ ընդգրկուած ցուցակները։ Միաժամանակ, ան խմբագրած ու հրատարակած է ֆրանսահայ գրագէտ Կարօ Մխիթարի (Մարտիրոս Խ. Թաշճեան) «Վշտամատեան» (Պէյրութ, 1980) եւ «Անարատ Սիրոյ Վախճանը» (Պէյրութ, 1988), Մարիա Մուշտակունի-Զէյթճեանի «Կրօնաշունչ Խօսքեր»ը, քերթուածներ եւ Աբրահամ Խօճա Լեւոնեանի հոգեւոր մտածումները» (Պէյրութ, 1981), Եղիա Տէր-Եղիազարեանի (Աղզարենց) «Մեռած Արտի մը Յարութիւնը» (Պէյրութ, 1991), «Կտակ» (Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1992) եւ «Ուխտին Ողջակէզը Կամ Կոյս Մնացած Կինը» (Պէյրութ, 1993) գեղարուեստական երկերը, Վաղարշակ Սիւնիի (Գէորգեան) «Հայրենի Յուշեր Մօտիկ Անցեալից» (Պէյրութ, 1988) եւ Շահէ Արքեպիսկոպոս Գասպարեանի «Ուսումնասիրութիւններ Եւ Յօդուածներ» (Անթիլիաս, 1989) հատորները։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Մահագրական. Տ. Վարդան Ս. Արք. Տէմիրճեան (1939-2004)», Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, հատոր ԻԴ., 2004, էջ 415-417։