Վարվառա (Վարիա) Սահակեան

Վարվառա Սահակեան (Վարիա19-րդ դար - 1934, Պէյրութ, Լիբանան), Առաջին Խորհրդարանի (1919-1920) Երեք Կին Պատգամաւորներէն մին,

Վարվառա (Վարիա) Սահակեան
Ծնած է 19-րդ դար
Մահացած է 1934
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Մասնագիտութիւն բժիշկ, քաղաքական գործիչ
Վարած պաշտօններ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ամուսին Աւետիք Սահակեան

Աւետիք Սահակեանի (Հայր Աբրահամի) կինն էր[1]։ Առաջին հանրապետութեան տարիներուն ընտրուած է խորհրդարանի պատգամաւոր եւ ընդգրկուած կրթական ծրագիրներու մէջ: Այդ շրջանին անհրաժեշտ դեղորայքի պակասէն մահացաւ անոր զաւակը: Ատոր յաջորդեց` Հայաստանի խորհրդայնացումը, ամուսինին բանտարկութիւնը: Փետրուարեան յեղափոխութեան ժամանակ Վարիան, ամուսինը եւ երկու զաւակները՝ Արմէնն ու Սուրէնը ոտքով փախան Թաւրիզ: Այստեղ վեց տարի ապրելէ ետք Սահակեանները փոխադրուեցան Հարաւային Իրան, Հետագային` Իրաք: Սակայն կլիման չափազանց վատ ազդեց Վարիայի առողջութեան վրայ, որուն պատճառով ալ ընտանիքը ստիպուած եղաւ տեղափոխուի Լիբանան:

Մահացած է 1934-ին:

Ընտանիք Խմբագրել

Վարվառա Սահակեանի եւ Աւետիք Սահակեանի (Հայր Աբրահամի) որդիներ՝ Արմէնը ծնած է 1905-ին:

Թաւրիզեան կեանքի ծանր պայմաններուն մէջ անգամ, մտաւորական Աւետիք Սահակեանի միակ մտահոգութիւնը որդիներուն լաւ կրթութիւն ապահովելն էր: Կրտսեր որդին Արմէնը 1921-ին կ'ընդունուի Թաւրիզի երկսեռ հանրակրթական միջնակարգ ուսումնական հաստատութիւնը, որ կ'աւարտէ Յունիս 1923-ին՝ գերազանց յառաջադիմութեամբ: Այնուհետեւ Արմէնը կը մեկնի Փարիզ, ուր հասարակ աշխատաւոր էր երկաթուղային կայարանի մէջ, ապա կը յաջողի աշխատանք ճարել ռուսական թերթերէն մէկուն տպարանին մէջ: Այս ծանր կեանքին զուգահեռ Արմէնը կրցաւ ուսանիլ եւ աւարտել Սթրասպուրկի Համալսարանի հանքաբանութեան բաժինը՝ Քարիւղի նաւթի մասնագիտութեամբ: Նոյն դժուար պայմաններուն դիմակայելով Վարվառա (Վարիա) Սահակեանի եւ Աւետիք Սահակեանի (Հայր Աբրահամի) անդրանիկ որդին՝ Սուրէնը կ'աւարտէ Փրակի մէջ Քիմիագիտութեան կաճառը, ապա կ'անցնի Պուքրէշ, Ռումանիա, ուր ապրուստը ապահովելու համար թաքսիի վարորդ կ'աշխատի[2]։

Պէյրութ, Լիբանան Հայ Օգնութեան Միութիւն Խմբագրել

Պէյրութի մէջ ան ներգրաւուած է հասարակական գործունէութեան մէջ՝ մասնակցելով Օգնութեան Խաչի աշխատանքներուն: 1932-ին կորսնցուցած է միւս զաւակը, մէկ տարի անց` ամուսինը:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել