Վենեզուելայի հայերը

Վենեզուելայի հայ գաղութը ծնունդ առած է Ա. Համաշխարհային պատերազմէն անմիջապէս ետք` քանի մը հայ ընտանիքներու կայք հաստատումով Քարաքասի մէջ[1]:

Խաչքար՝ Վենեզուելայի Քարաքաս քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ քով

Կազմաւորում

Խմբագրել

Քարաքասի քանի մը ընտանիքները, երկար ու դժուարին տարիներ, հայապահպանման համար դժնդակ պայքար մղած են այլասերիչ ազդակներու դէմ, մինչեւ որ նոր հայ գաղթականներ եկած են առաւել զօրութեամբ գօտեպնդելու իրենց հայեցիութիւնը:

Վենեզուելայի հայ գաղութը սկսած է զարգանալ 1955-1958 տարիներուն, մեծ մասամբ Սուրիայէն, ինչպէս նաեւ Յունաստանէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Թուրքիայէն, Ռումանիայէն եւ Պուլկարիայէն հետզհետէ ժամանած հայերով: Վերջին գաղթականներու ժամանումէն քանի մը տարի ետք, արդէն կը սկսի խօսուիլ եկեղեցւոյ, դպրոցի, վարդապետի եւ ակումբի մասին:

Վենեզուելայի հայերը, հակառակ իրենց գաղութի փոքր թիւին, տարին քանի մը անգամ կը խմբուին Ստեփան Ծաղիկեանի ապարանքը` խորհրդակցելու համար ազգաշէն գործերու մասին:

 
Քարաքասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին

Այս հանդիպումները երկար չեն տեւեր եւ 27 Ապրիլ 1966-ի առաւօտուն, Քարաքաս կը ժամանէ գաղութին հոգեւոր հովիւը` Եզնիկ վրդ. Բալայեանը, որ կը հաստատուի Քարաքաս` արտօնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետ Խորէն Ա. կաթողիկոսին: Վարդապետին ժամանումէն ետք ազգային գործը արագ թափ մը կը ստանայ: Առաջին հերթին կը փնտռուի կալուած մը, որ պիտի դառնար Ազգային տունը: Շնորհիւ վարչական կազմի անդուլ փնտռտուքներուն` 15 Օգոստոս 1966-ին կը գնուի ազգային կալուածը:

8 Յունուար 1967-ին, տեղի կ'ունենայ «Ազգային Արարատ տուն»-ի բացման արարողութիւնը եւ ժողովուրդը կը հաղորդուի Քարաքասի նորակառոյց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:

Քանի մը ամիս ետք գաղութը կ'ունենայ իր շաբաթօրեայ դպրոցը` երեք ժամուան տեւողութեամբ: Աշակերտները կը խօսին հայերէն[2]:

Առաջին առիթով ծնունդ կ'առնէ Վենեզուելայի հայ տիկնանց միութիւնը, որ իր գործին շրջագիծին մէջ կ'առնէ եկեղեցւոյ եւ դպրոցին հոգածութիւնը: Ապա կը հիմնուի Վենեզուելայի հայ երիտասարդաց միութիւնը, որուն գլխաւոր նպատակն է կերտել` հոգեպէս, մտաւորապէս ու մարմնապէս առողջ նոր սերունդ մը: Երիտասարդացի հովանիին տակ կը կազմուին երգի, պարի եւ թատերական խումբեր, որոնք կը խթանեն հայ կեանքը:

Հայ գաղութին թիւը

Խմբագրել

Ներկայիս Վենեզուելա իր մէջ կը հաշուէ 3000-4000 հայ[3]: Շուրջ 450 հայ կը գտնուի մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ, մնացեալները ցրուած են զանազան քաղաքներու մէջ: Քիչ չէ թիւը նաեւ օր ըստ օրէ ժամանող նոր գաղթականներուն:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել