Վիքթոր Բալայեան

Հայ արձակագիր

Վիքթոր Բալայեան (16 Յուլիս 1931(1931-07-16)[1], Ստեփանաւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Անդրկովկասի ԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն[1] - 31 Յունուար 1995(1995-01-31)[2], Երեւան, Հայաստան), հայ արձակագիր, լրագրող, թարգմանիչ եւ Գրողներու միութեան անդամ։

Վիքթոր Բալայեան
Ծնած է 16 Յուլիս 1931(1931-07-16)[1]
Ծննդավայր Ստեփանաւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Անդրկովկասի ԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն[1]
Մահացած է 31 Յունուար 1995(1995-01-31)[2] (63 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստան
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարան[1]
Տեսակ արկածային գրականություն?[1]
Մասնագիտութիւն գրագէտ, լրագրող, թարգմանիչ, Խմբագիր
Աշխատավայր Պիոներ կանչ?[1]
Աւանկարտ[1]
«Հայաստան» Հրատարակչութիւն[1]
Հայֆիլմ
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն[1]

Կեանք եւ գործունէութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Լոռիի մարզի Կարկառ գիւղը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1954 թուականին:

Վարած պաշտօններ

Խմբագրել

Ուսումը աւարտելէ ետք իբրեւ գրական աշխատող աշխատած է «Պիոներ կանչ» թերթին մէջ, իսկ 1956-1958 թուականներուն ստանձնած է «Աւանկարտ» թերթի վարիչի պաշտօնը: Այնուհետեւ Բալայեան եղած է «Պիոներ կանչ» թերթի պատասխանատու քարտուղար, որմէ ետք ստանձնած է «Հայաստան» հրատարակչութեան մանկապատանեկան գրականութեան խմբագրութեան վարիչի պաշտօնը:

Թերթերու մէջ ստանձնած պաշօտններուն առընթեր ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնած է Երեւանի համալսարանի լրագրութեան բաժնին մէջ, դասաւանդելով «Գրականութիւնը եւ արուեստը լրագրութեան էջերուն մէջ» առարկան:

Ան 1970-1974 թուականներուն եղած է «Հայաստան» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիրը։ 1974-1979 թուականներուն «Սովետական գրող» հրատարակչութեան տնօրէն, իսկ 1979-1984 թուականներուն՝ հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Այս բոլոր պաշտօններու կողքին Բալայեան զբաղած է գրականութեամբ. հայերէն, ինչպէս նաեւ ռուսերէն լեզուով լոյս տեսած են իր աշխատութիւնները, ինչպէս՝

  • «Քանդուած նկուղի գաղտնիքը»,
  • «Ստուեր եւ լոյս», «Առաջին դասը»,
  • «Անտեսանելի հետքեր»,
  • «Մշուշը ցրւում է» եւ այլ աշխատութիւններ:

Ստեղծագործելու կողքին զբաղած է նաեւ թարգմանական աշխատանքով՝ հայերէնի թարգմանելով Զ. Նենացքիի, Ի. Մատիաշովսքիի, Լուիս Նորմանի եւ այլ գրողներու գործերը[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։