Վրէժ-Արմէն (1940, Գահիրէ, Եգիպտոս), հայ ճարտաևապետ, խմբագիր։

Վրէժ-Արմէն
Ծնած է 1940
Ծննդավայր Գահիրէ
Կրօնք Քրիստոնեա
Աշխատավայր Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդի «Հայաստան» շաբաթաթերթին մէջ
Ամուսին Նազան Գուլաքեան

Կենսագրական գիծեր Խմբագրել

Նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Գալուստեան Ազգ. վարժարանին մէջ. երկրորդական ուսումը՝ Հելիոպոլսոյ Սէն Ժորժ գոլէժին մէջ։ 1964-ին վկայուած է Գահիրէի համալսարանի ճարտարապետութեան ճիւղէն Պսակաւորի աստիճանով[1]:

1966-ին հաստատուած է Մոնթրէալ եւ ճարտարապետութեան Մագիստրոսի վկայական ստացած է 1969-ին McGill համալսարանէն։ Իր ասպարէզը ի գործ կը դնէ մինչեւ այսօր։

Ամուսնացած է Աղեքսանդրիոյ մէջ՝ Նազան Գուլաքեանի հետ։ Բախտաւորուած են երկու դուստրերով։

Գրելու փորձերու սկսած է դպրոցական գրասեղաններէն եւ մաս կազմած՝ աշակերտական «Հունձք» պարբերաթերթի խմբագրութեան։

Իր առաջին գրութիւնը «Հաւո՜ւ Աստուած» լոյս տեսած է 1956-ին «Յուսաբեր»ի մէջ։ Վարած է սոյն թերթին «Երիտասարդական Շարժում» էջի խմբագրութիւնը, 1960-ական թուականներուն։

Աշխատակցած է նաեւ Փարիզի Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդի «Հայաստան» շաբաթաթերթին, «Հայրենիք» օրաթերթին (Պոսթոն), Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ դրօշակին (Աթէնք):

1979-ի հիմնադրութեան օրէն ի վեր կապուած է «Հորիզոն» շաբաթաթերթին, 11 տարի վարելով խմբագրի, իսկ 1992-էն ի վեր՝ աւագ խմբագրի պաշտօնը, միաժամանակ կատարելով գրական յաւելուածի խմբագրութիւնը։

Գործօն դեր ունեցած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան Երիտ. Միութիւն, «Համազգային»ի, Հայ Դատի յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ կրթական մարզին, յատկապէս Մոնթրէալի Ս. Յակոբ ազգային երկրորդական վարժարանի հիմնարկութեան մէջ:

Տուած է բազմաթիւ դասախօսութիւններ գրական-մշակութային եւ ազգային նիւթերու շուրջ:

Իր հրատարակութիւններն են.-

  • Հայաստանի Պատմական Ատլաս, հրատ. Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի (Նիւ Եորք, 1987). հեղինակ՝ Կարպիս Արմէն, խմբագիր՝ Վրէժ-Արմէն, Ոստայն 1, հրատարակուած՝ Մեսրոպ Մաշտոց հիմնարկութեան (Թորոնթօ, 1988),
  • Հ.Յ.Դ. Յուշմատեան, ալպոմ-ատլաս. հրատարակութիւն Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի (Լոս Անճելըս 4 1993). խմբագիրի օգնական՝ Վրէժ-Արմէն:

Տպագրութեան պատրաստ են.-

  • Ոստայն 3 «Այս Երկիրը Երկիր Չէ». նաեւ հարցազրոյցներ, երգիծական էջեր, ընկերական մտորումներ եւլն․:

Վրէժ-Արմէն կարճ եւ գողտրիկ պատմուածքներով կը ներկայացնէ իր ապրած կեանքէն իրական պատկերներ- իւրաքանչիւրը քանի մը էջ միայն, որոնք կը նմանին այն համադամներուն, որոնց համը բերանդ կը մնայ ու սիրտդ կ՛առնէ։

Համակրելի պատմուածագիրը ոճի նորութիւն մը կը բերէ՝ պարզ եւ կտրուկ նախադասութիւններով օժտելով իր նիւթերը, որոնց այլազանութիւնը մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ. անոնց յաճախ ցոյց կու տան կեանքին զաւեշտական կողմերը. սակայն անոնց խորը շատ անգամ յուզող իրականութիւն մը կայ թաքնուած, նաեւ տպագորիչ հայկականութիււն մը, որ սրտագրաւ է ինքնին։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն (խմբ. խմբագրող և համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն էջ էջ 704։