Կարապետ Արթին Տաւուտ փաշա (1816 կամ 1816, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1873 կամ անհայտ), հայկական ծագումով Օսմանեան պետական գործիչ, ինքնավար Լիբանանի առաջին կառավարիչ (1861-1869), ծանօթ՝ «Լիբանանցի Տաւուտ Փաշա» անունով։

Տաւուտ Փաշա
Ծնած է 1816 կամ 1816
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1873 կամ անհայտ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մայրենի լեզու հայերէն
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, դիւանագէտ
Վարած պաշտօններ Mutasarrif of Mount Lebanon?

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Տաւուտ փաշա ծնած է Պոլիս, Մարտ 1816-ին։

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ ‎ֆրանսական վարժարանի մը մէջ, ապա կը մեկնի Պերլին, ուր իբրեւ յառաջադէմ աշակերտ, ուսման ընթացքը աւարտելէ ետք, կը վերադառնայ Պոլիս եւ պաշտօն մը կը ստանձնէ Օսմանեան կայսրութեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան մէջ։

1840-ին կը նշանակուի Պերլինի Թրքական դեսպանատան թարգման, ինչ որ իրեն առիթ կ'ընծայէ գերմանական օրէնսդրութիւնը ուսումնասիրելու եւ մեծարժէք ու գնահատուած գիրք մը գրելու այդ մասին։

Տաւուտ փաշա միջազգային պետական եւ հանրային ուշադրութեան կ'արժանանայ, երբ կը նշանակուի ինքնավար Լիբանանի առաջին կառավարիչը, հոն պատահած 1860-ի արիւնալի խռովութիւններէն ետք։

1860 թուական, Լիբանանի Խռովութիւնները

Խմբագրել

Լիբանանի 1860-ի խռովութիւնները կը սկսին աննշան թուացող դէպքով մը, որ տեղի կ'ունենայ Պէյթ Մէրի գիւղին մէջ։ Կարճ ժամանակի մը ընթացքին եղբայրասպան կռիւ մը ծայր կ'առնէ Մարոնի եւ Տիւրզի համայնքներուն միջեւ, պատճառ դառնալով մեծաթիւ զոհերու եւ աւերներու։

Այս խռովութիւնները մեծ յուզում կը յառաջացնեն Եւրոպայի մէջ եւ հարկ կ'ըլլայ եւրոպական միջամտութեան։ Շուտով ‎ֆրանսական բանակէն 10,000 հոգի Պէյրութ կը ժամանէ։ Անոնք կը հանդարտեցնեն գրգռուած կիրքերը եւ խաղաղութիւն կը հաստատեն։

Սակայն Ֆրանսա այսքանով չի գոհանար, այլ կը յաջողի Լիբանանը կիսանկախ հռչակել տալ։ Այսպիսով Լիբանան, մաս կազմելով հանդերձ Օսմանեան Պետութեան, կը ստանայ իր ներքին հարցերը ինքնուրոյնաբար լուծելու իրաւունքը։

Ըստ այս նոր կարգավիճակին, Լիբանան պիտի ունենար Օսմանեան կայսրութեան հպատակ քրիստոնեայ կառավարիչ մը՝ ընտրուած եւրոպական պետութիւններուն կողմէ։

Հայերը ժամանակին Օսմանեան պետութեան մէջ բարձր դիրքերու տիրացած ըլլալով, մեծապէս կ'օգտուին այս նոր կացութենէն։ Այդպիսով, 1861-էն մինչեւ 1915 Լիբանանի եօթը կառավարիչներէն երկուքը հայեր կ'ըլլան: Առաջինը՝ Տաւուտ փաշան եւ վերջինը՝ Յովհաննէս Գույումճեան փաշան (15 Դեկտեմբեր 1912-էն 1915)։

Լիբանանի Կառավարիչ

Խմբագրել

9 Յունիս 1861-ին, եւրոպական եօթը պետութիւններու միահամուռ փափաքին ընդառաջելով՝ Տաւուտ Փաշա կիսանկախ Լիբանանի առաջին կառավարիչ կը նշանակուի, գրաւելով միջազգային մամուլին եւ այդ օրերու քաղաքական դէմքերուն ուշադրութիւնը։ Անոր կը շնորհուի «մուշիր»ի (մարաջախտի) կոչում եւ փաշայի տիտղոս[1]:Այս երեք տարուան համար եղած ընտրութիւնը Սուլթանը կը վաւերացնէ հրովարտակով մը։ Կարելի է ըսել, որ Օսմանեան պետութեան գոյութեան ընթացքին ասիկա առաջին անգամն էր, որ քրիստոնեայի մը այսպիսի բարձր պաշտօն կը յանձնուէր։

Տաւուտ Փաշա Յուլիսի վերջերը կը հաստատուի Տէյր Ալ Քամարի մէջ, զոր կը հռչակէ Լիբանանի մայրաքաղաքը։

Երկիրը քաոսային եւ լարուած վիճակի մէջ կը գտնուէր, երբ Փաշան կը կոչուի զայն կառավարելու։ Տիւրզի- քրիստոնեայ յարաբերութիւնները ոչ միայն խզուած էին, այլեւ ծայր աստիճան լարուած։ բազմաթիւ շէն աւաններ եւ գիւղեր կործանած էին եւ Լիբանան գրեթէ աւերակներու վերածուած։

Տաւուտ Փաշային առաջին գործը կ'ըլլայ կիրքերը հանդարտեցնել եւ կեանքի եւ ինչքի ապահովութիւն հաստատել երկիրին մէջ։ Ապա ան կը սկսի շինարարութեան ու ժողովուրդին վիճակը բարեկարգելու աշխատանքներուն։

Բարեկարգումներ

Խմբագրել
  • Տաւուտ փաշա մեծ կարեւորութիւն կու տայ երկրագործութեան եւ կը քաջալերէ հողագործները՝ անոնց կանխիկ դրամագլուխ տալով։
  • Ան կը նուազեցնէ տուրքերը, եւ բազմաթիւ կամուրջներ շինել կու տայ, որոնցմէ նշանաւոր է Տամուրի կամուրջը։
  • Իր գահակալութենէն առաջ, Լիբանանի մէջ շատ քիչ էին բարեկարգուած ճամբաները: Երկիրը կը գործէր քարուտ եւ նեղ կածաններով։ Տաւուտ Փաշա, գիտնալով որ երկրի մը յառաջդիմութեան համար ճամբաները մեծ կարեւորութիւն ունին, անմիջապէս կը լծուի այս գործին։ Իր Լիբանանի կառավարիչ եղած տարիներուն ընթացքին 700,000 մեթրէ աւելի ճամբայ շինել կու տայ։

Տաւուտ Փաշա եւ Կրթութիւնը

Խմբագրել

Տաւուտ փաշա զարկ կու տայ կրթութեան։ Այդ օրերուն, Լիբանանի մէջ ոչ միայն բարձրագոյն դպրոցներ չկային, այլ եղածներն ալ նախնական վարժարաններ էին։

Դպրոցները զարգացնելու գործին մէջ ան շատ դժուարութիւններու կը հանդիպի, յատկապէս յարուցուած թրքական կառավարութեան կողմէ։ Թրքական կառավարութիւնը ոչ մէկ պիւտճէ կը տրամադրէ Տաւուտ Փաշային՝ դպրոցներ հիմնելու համար։ Թուրքերը չէին ուզեր, որ Լիբանան յառաջդիմէր եւ անոր քաղաքացիները զարգանային։ Փաշան անձնական խնայողութեամբ զարկ կու տայ կրթութեան եւ դպրոցներու զարգացման։

Ան կը յաջողի բազմաթիւ նախակրթարաններ հիմնել։ Երկրորդական վարժարան մըն ալ կը հիմնէ Ապիէյի մէջ եւ իր անունով կը կոչէ «Տաուուտիյէ Մետրեսէ»։ Իր ժամանակին այս դպրոցը Լիբանանի ամէնէն բարձրակարգ եւ ամէնէն բարեկարգ դպրոցն էր։

Քաղաքականութիւնը

Խմբագրել
  • Տաւուտ Փաշա կը մեղմացնէ Մարոնի-Տիւրզի հակամարտութիւնը եւ ամբողջ Լիբանանի մէջ եղբայրական մթնոլորտ մը կը ստեղծէ։
  • Ան Լիբանանը կը բաժնէ վեց գաւառներու եւ իւրաքանչիւրին կառավարիչ մը կը նշանակէ։
  • Լիբանանի բանակը հզօրացնելու համար, ‎ֆրանսացի սպաներ կը հրաւիրէ։
  • Ան կը ձեռնարկէ Լիբանանի կառավարութեան առաջին պաշտօնաթերթին հրատարակութեան։ «Լիպան» անունով այս թերթը լոյս կը տեսնէ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյթ էլ Տինի մէջ, 4 էջերով՝ արաբերէն եւ ‎ֆրանսերէն։
  • Բացի Լիբանանը տնտեսական եւ կրթական լաւ մակարդակի բարձրացնելէ, Տաւուտ փաշա կը ջանայ երկիրը քաղաքականօրէն կիսանկախ պահել եւ ապահովել անոր անփոփոխ եւ բարենպաստ աշխարհագրական դիրք մը։
  • Ան կը ջանայ Պեքայի բարեբեր շրջանը Լիբանանի կցել։ Նախ ընդդիմութեան կը հանդիպի, բայց վերջ ի վերջոյ Օսմանեան կառավարութիւնը կը համոզուի այդ առաջարկին եւ տեղի կու տայ անոր։ Այս կարգադրութիւնը մեծապէս կ'օգնէ Լիբանանի տնտեսական զարգացման։
  • Իր պաշտօնավարման տարիներուն, ան կ'աշխատի Լիբանանը եւ Կիլիկիան միացնել եւ մէկ միացեալ քրիստոնէական կիսանկախ կառավարութիւն մը հաստատել:
  • Ուրիշ կարեւոր հարց մը, զոր Տաւուտ Փաշա շատ կ'ուզէ լուծել եւ որ իր իսկ հրաժարելուն պատճառ կ'ըլլայ, նաւահանգիստի հարցն էր։ Այդ օրերուն Լիբանան նաւահանգիստ մը չունէր, այլ լեռներու մէջ լճացած, առանց ծովային ելքի հողամաս մըն էր։ Փաշան նախ կը խնդրէ, որ Թրիփոլին կամ Պէյրութը Լիբանանի միացուին եւ Լիբանան տարածուի մինչեւ Սայտա։ Երբ իր այս խնդրանքը կը մերժուի, ան կը բողոքէ, եւ երբ բողոքը կ'անտեսուի, կը հրաժարի իր պաշտօնէն։

Օսմանեան Մայրաքաղաքին մէջ

Խմբագրել

Այսպիսով 1868-ին Տաւուտ Փաշա կը հեռանայ Լիբանանէն ու կ'անցնի Պոլիս, ուր իրեն կը յանձնուի Հեռագրատան, Նամակատան եւ Հանրօգուտ Շինութեանց նախարարութիւնը։

Ի թիւս այլ օգտաշատ գործերու` ան Եւրոպայի մէջ վայելած իր հեղինակութիւնն ու կապերը օգտագործելով` կրցած է կազմակերպել Ասիան եւ Մերձաւոր Արեւելքը Եւրոպային կապող Ռումելիի երկաթուղիին շինարարութիւնը, որ կայսրութեան տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին մէջ բացառիկ արժէք մը ներկայացուցած է:

1870-ին Տաւուտ փաշա ծանրօրէն կը հիւանդանայ։

1873-ին, հրաժարելով պաշտօնէն, նախ կ'երթայ Քիոս կղզին՝ կազդուրուելու, ապա կ'անցնի Պիարից, ուր կը մեռնի 4 Նոյեմբեր 1873-ին, 58 տարեկանին։

Տաւուտ Փաշա եւ Հայերը

Խմբագրել

Շատ յատկանշական է Տաւուտ փաշային հայերը Լիբանան տեղաւորելու քաղաքականութիւնը եւ այս ուղղութեամբ անոր թափած ջանքերը։

Իր տարած քաղաքականութեան իրականացման ճանապարհին հանդիպած է մեծ խոչընդոտներու: Նոյնիսկ տեղացիները չեն վարաած զինք մեղադրելու՝ ըսելով. «Հայկական պետութիւն կը հիմնէ»: Իսկ հայերը Լիբանանի մէջ բնակեցնելուն առիթով կ'ըսեն. «Տաւուտ փաշան Լիբանանը կը հայացնէ:

Ամբողջ Օսմանեան Պետութեան մէջ Լիբանան ըլլալով քրիստոնեաներու մեծամասնութիւն կազմող միակ վայրը, Տաւուտ Փաշա կ'աշխատի կարելի եղած չափով հայերը հոն տեղաւորել։ Իր իսկ թելադրութեամբ, բազմաթիւ հայ ընտանիքներ Լիբանան կը հաստատուին։

Լիբանան գտնուած միջոցին ան շատ լաւ յարաբերութեան մէջ էր հայերուն հետ եւ մշտապէս կ'այցելէր Զմմառի վանքը՝ իր շքախումբով ներկայ գտնուելու տօնական օրերու եկեղեցական արարողութեանց։

Շքանշաններ

Խմբագրել

Տաւուտ Փաշա կը վարձատրուի կարեւոր շքանշաններով։

  • Ֆրանսայի Նափոլէոն Գ. կայսրը անոր կը շնորհէ Պատուոյ Լէգէոնի մեծ շքանշանը։
  • Սուլթան Ապտիւլ Ազիզ կը նուիրէ անոր Օսմանիէի Մեծ Ժապաւէնը։
  • Հռոմի Պապը Փաշային կու տայ Մեծն Գրիգորի Ասպետութեան առաջին կարգի շքանշանը։
  • Հին գերման ցեղերու օրէնքներուն նուիրուած իր գիտական ծաւալուն ուսումնասիրութեան համար Գերմանիոյ վարչապետին կողմէ կը ստանայ յատուկ մրցանակ մը եւ կ'ընտրուի Պերլինի Գիտութիւններու կաճառին անդամ:
  • Լիբանանի մէջ կառավարութիւնը յաւերժացուցած է Փաշային անունը՝ Պէյրութի փողոցներէն մէկը Տաւուտ Փաշա կոչելով։ Այս փողոցը Փալանճեան Ճեմարանին շէնքին արեւմտեան պատին կից դէպի քաղաք երկարող փողոցին շարունակութիւնն է։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայերը Լիբանանի մէջ.Պատմութիւն Լիբանանահայ գաղութի՝ հնագոյն դարերէն մինչեւ Ա. ընդ. պատերազմին վերջաւորութիւնը. Սիսակ Յակոբի Վարժապետեան, 1951