Տրդատ Պալեան
Տրդատ եպս․ Պալեան (1850[1] - 2 Յուլիս 1923[1], Աթէնք, Յունաստան[1]), հայ բանասէր, մատենագէտ, բանահաւաք եւ եկեղեցական գործիչ։
Տրդատ Պալեան | |
---|---|
Ծնած է | 1850[1] |
Մահացած է | 2 Յուլիս 1923[1] |
Մահուան վայր | Աթէնք, Յունաստան[1] |
Քաղաքացիութիւն |
Օսմանեան Կայսրութիւն Հունաստանի թագավորություն |
Մասնագիտութիւն | բանասէր, մատենագէտ, բանահաւաք, հոգեւորական |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է Կեսարիա: Փոքր տարիքէն ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Զմիւռնիա, ուր նախնական կրթութիւնը ստացած է Ներսիսեան վարժարանին մէջ: Ապա ընդունուած է Երուսաղէմի դպրեվանք եւ աւարտելէ ետք ստացած՝ հոգեւորականի օծում:
Վարած պաշտօններ եւ գործունէութիւն
ԽմբագրելԵկեղեցական օծում ստանալէ ետք Պալեան 1884-1887 թուականներու միջեւ ստանձնած է Սուրբ Յակոբեանց վանքի աւագ թարգմանիչի պաշտօնը, ապա՝ 1887 թուականին, ընտրուած է Կեսարիոյ թեմի առաջնորդ:
Պաշտօնավարելով Կեսարիոյ մէջ, Պալեան 1888 թուականին հիմնած է ժառանգաւորաց վարժարան, որ եղած է Կեսարիոյ եւ շրջակայ շրջաններու կրթական ու մշակութային կենդրոն: Վարժարանի կողքին Պալեան հիմնած է նաեւ գրադարան եւ թանգարան, ուր հաւաքած ու մեկտեղած է հայկական հին ձեռագրեր եւ հնատիպ հրատարակութիւններ:
Պալեան հրաժարելով առաջնորդութեան պաշտօնէն, սկսած է շրջիլ Փոքր Ասիոյ, Կիլիկիոյ, Պաղեստինի եւ այլ վայրերու հայաբնակ գիւղերը եւ գրի առնել անոնց բանահիւսութիւնները, որոնք 1922-ի հալածանքներու ժամանակ Զմիւռնիոյ մէջ բռնագրաւուած եւ ոչնչացած են՝ մնալով անտիպ: Հալածանքներու պատճառով ապաստանած է Աթէնք, ուր անցուցած է իր կեանքի մնացած կարճ ժամանակաշրջանը:
Աշխատութիւններ
ԽմբագրելՊալեան 1900 թուականներէն սկսեալ աշխատակցած է «Բազմավէպ», «Հանդէս Ամսօրեայ», «Բիւզանդիոն», «Լոյս», «Բանասէր», «Արեւելեան Մամուլ» եւ այլ պարբերականներու, հրատարակելով բանասիրական յօդուածներ, մատենագիտական ցանկեր, եկեղեցական նիւթեր եւ այլ հրապարակախօսական նիւթեր:
Պալեան կարեւոր ներդրում ունեցած է Յակոբ Մեղապարտի հրատարակութիւններու ժամանակաշրջանը յայտնաբերելու գործին մէջ:
Հրատարակած է «Սուրբ Երկիր», «Ցուցակ հայերէն ձեռագրաց ի Թուրքիա», «Հայ աշուղներ, Զմիւռնիա», «Հայ վանօրայք ի Թուրքիա» եւ այլ աշխատութիւններ[2][3]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 9 — հատոր 9. — է. 86.
- ↑ «Նոր հրատարակութիւնը տե՛ս Տրդատ Եպս. Պալեան, Հայ վանօրայք, (հրատարակութեան պատրաստեց՝ Կարինէ Աւետիսեան), Երեւան, հրատ. Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, 2008։»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-22-ին։ արտագրուած է՝ 2022-07-25
- ↑ «ՏՐԴԱՏ ՊԱԼԵԱՆ (1850-1923)»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-07-25