Օննիկ Սարգիսեան

Օննիկ Սարգիս Սարգիսեան հայ մանկավարժ, գրականագէտ, գրաքննադատ, հայագէտ: Հայրենասէրը, սերունդներու ուսուցիչը եւ դաստիարակը: խմբագիրը, լրագրող:


Ծնած է 14 Մայիս 1914
Ծննդավայր Սասուն
Մահացած է 30 Ապրիլ 1993
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Ուսումնավայր Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն
Մասնագիտութիւն մանկավարժ, Հայագիտութիւն
Աշխատավայր մանկավարժ, երաժիշտ, խմբավար,
Երեխաներ դուստրեր՝ Սոնա, Սալբի ու Մարալ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Օննիկ Սարգիսեանը ծնած է 14 Մայիս 1914-ին Արևմտեան Հայաստանի Սասունի գաւառի Մղենք գիւղին մէջ։ 1932 թուականին աւարտեր է Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութիւնը, 1954 թուականին՝ Պէյրութի Սեն Ժոզէֆ համալսարանի արեւելագիտական կաճառը:

Տարագրութեան ճակատագիրով երկու տարեկան երեխան կը դառնայ թափառական, հարազատներուն հետ տեղափոխուելով Կիլիկիա՝ որպէս յարաբերաբար ապահով վայր. նախ Ատանա ու ապա Ալեքսանտրէթ (Սանճաք)։

1923-ին հարազատներով կը հաստատուի Հալէպ, ուր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ նախ Կիլիկեան, ապա Հայկազեան վարժարաններէն ներս։ 1926-ին, 12 տարեկան պատանին կ՚ուղարկուի Կիպրոս, դառնալու առաջին աշակերտներէն Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան։ Պատանի Օննիկին մօտ այդ տարիներուն կը յայտնաբերուի գրական ուսումնասիրութիւններ կատարելու յաջող փորձերը։ 1932-ին աւարտելէ ետք կրթարանի երկրորդական ուսումնաշրջանը, կը վերադառնայ Սուրիա։

Հալէպի մէջ ատենոյ Բարեգործականի կրթական գործիչ ու ՌԱԿ-ի երախտաւոր Միքայէլ Նաթանեանի պնդումներուն վրայ, Սարգիսեան կը մտնէ ուսուցչական ասպարէզ։ Առաջին հերթին կը մեկնի Ազէզ (Սուրիա), ուր Բարեգործականը ունէր նախակրթարան մը։ Հոն շուրջ երկու տարի հայերէն լեզու դասաւանդելէ ետք, 1934-ին կ՚անցնի Քեսապ, այս անգամ պաշտօնավարելով Ֆրանսիսքէններու վարժարանէն ներս։

1938-ին կը վերադառնայ Հալէպ ու կը շարունակէ ուսուցչական ասպարէզը որպէս հայ գրականութեան դասատու, յաջորդաբար Սահակեան, Կիլիկեան եւ Ուսումնասիրաց վարժարաններուն մէջ։

Այս շրջանին Օննիկ Սարգիսեան միութենական ու հասարակական իր մասնակցութիւնը կը բերէ մաս կազմելով Հալէպի Բարեգործականի Մշակութային յանձնախումբին, միաժամանակ գրական սերտ կապեր պահելով յարաբերաբար երիտասարդ Ստեփան Ալաջաջեանի (Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար), ինչպէս նաեւ բանաստեղծ Զարեհ Մելքոնեանի հետ։

1947-ին կը հրաւիրուի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն, որպէս ընդհանուր դաստիարակ ու գրականութեան ակումբի պատասխանատու։ Յաջորդող երեք տարիներուն Մելգոնեանի մէջ իրեն աշակերտող սան-սանուհիներէն շատեր յետագային կը նուիրուին ազգային հասարակական կեանքի, իրենց բնակած գաղութներէն ներս։

1950-ին կու գայ ընտանիքով հաստատուելու Պէյրութ ու կը դառնայ դասախօս հայերէնի ու հայ գրականութեան ՀԲԸ Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանէն ներս։ Պէյրութի մէջ իր գաղափարական հակումներով մուտք կը գործէ ՌԱԿ-ի շարքերը ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ։

Այս շրջանին իր բարձրագոյն ուսումը կը կատարելագործէ հետեւելով Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի հայագիտական դասընթացքներուն։

1957-ին կը հրաւիրուի որպէս տնօրէն Պէյրութի մէջ նորաբաց ՀԲԸ Միութեան Երուանդ Տեմիրճեան վարժարանին, նոյն ժամանակ որպէս այցելու ուսուցիչ մնալով Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն ներս։ Լիբանանի ատենոյ կրթական կեանքին իր մասնակցութիւնը Սարգիսեան պիտի բերէր նաեւ Սիմոն Սիմոնեանի հետ կազմելով «Արագած» հայերէն դասագիրքերու շարքը։

1933-1987 թուականներուն հայոց լեզու եւ գրականութիւն է դասաւանդել Սուրիայի, Կիպրոսի եւ Լիբանանի հայկական վարժարաններուն մէջ, եղեր է Քեսապի Սէն Ժոզէֆ, Հալէպի Կիլիկեան, Պէյրութի Դեմիրճեան վարժարաններու տնօրէնը:

Օննիկ Սարգիսեան մահացեր է 30 Ապրիլ 1993-ին Կլենտէյլի մէջ:

ԹՄՄ-ի «Շիրակ» գրական ամսագիր

Խմբագրել

1956-ին բանաստեղծ Զարեհ Մելքոնեանի հետ կը դառնայ անդրանիկ խմբագիրը ԹՄՄ-ի «Շիրակ» գրական ամսագրին, ինչպէս նաեւ յետագային ամբողջ տասնամեակ մը կը վարէ ատենապետութիւնը Լիբանանի մէջ Թէքէեան Մշակութային Միութեան։

1956-1991 թուականներուն՝ Պէյրութի «Շիրակ» ամսագիրի հիմնադիր-խմբագիրը՝ Օննիկ Սարգիսեան[1]:

Հրատարակութիւններ՝ դասագիրքեր

Խմբագրել

Սփիւռքի վարժարաններու համար Օննիկ Սարգիսեան կազմեր է «Արագած» (համահեղինակ՝ Ա. Սիմոնեան) եւ «Աշխարհագրութիւն» դասագիրքերը:

Օննիկ Սարգիսեան հեղինակեր է նաեւ բազմաթիւ պատմուածքներ ու գրականագիտական յօդուածներ[2][3]:

Ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել
  • Արագած: Դասագիրք հայերէն լեզուի: Զ. տարի, Պէյրութ, Սեւան, 1973:
  • Արագած: Դասագիրք հայերէն լեզուի: Ա տարի, 1971, 96 էջ[4]:
  • Արագած: Դասագիրք հայերէն լեզուի: Բ. տարի, Սեւան հրատարակչութիւն, 1968, 128 էջ[5]:
  • Արագած: Դասագիրք հայերէն լեզուի: Ա. տարի, Պէյրութ, Սեւան, 1963:
  • Արագած: Դասագիրք հայերէն լեզուի: Պէյրութ, Սեւան, 1961:
  • Արագած: Դասագիրք հայերէն լեզուի: Պէյրութ, Սեւան, 1960:
  • Արագած: Դասագիրք հայերէն լեզուի: Պէյրութ, Սեւան, 1959:
  • Արագած: Դասագիրք հայերէն լեզուի: Պէյրութ, Սեւան, 1956:
  • Արագած: Դասագիրք հայերէն լեզուի: Ա.հ.,., 1955, 177 էջ[6]:
  • Արագած: Դասագիրք հայերէն լեզուի: Լիբանան, Կաթողիկոսութեան Հայոց Կիլիկիոյ, 1948:
  • Արագած: Դասագիրք հայերէն լեզուի: Հալէպ, Անի, Ա. Էքմէքճեան, 1941:

Վահան Թէքէեանի ծննդեան 100-ամեակ

Խմբագրել
  1978-ին հրախտաւորը կը հրաւիրուի Հիւսիսային Ամերիկա, որպէս գլխաւոր բանախօս շրջելու զանազան գաղութներ, Վահան Թէքէեանի ծննդեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած միջոցառումներուն, որ նախաձեռնուած էր ԹՄՄ-ի Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ։ Այս տողերուն հեղինակն ալ առիթը ունեցաւ վայելելու իր երբեմնի հայերէն լեզուի ուսուցիչին ներկայութիւնը։
- ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
 


Պարգեւ

Խմբագրել

Օննիկ Սարգիսեան 1986-ին արժանացած է հայրենի «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին Երեւանի մէջ (1986), ինչպէս նաեւ Խորհրդային Հայաստանի Լուսաւորութեան նախարարութեան «Խաչատուր Աբովեան»ի անուան մետալին, առ ի գնահատանք իր գրական եւ կրթական գործունէութեան։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Ով ով է. Հայեր. Կենսագրական հանրագիտարան, հատոր երկրորդ, Երևան, 2007, էջ 406:»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-11-ին։ արտագրուած է՝ 2019-08-25 
  2. «Կոհա առցանց քարտարան, Սիմոնեան, Սիմոն Օվէի, Սարգիսեան, Օննիկ»։ haygirk.nla.am (hy-Armn)։ արտագրուած է՝ 2019-04-11 
  3. «AV Production - Օննիկ Սարգիսեան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-05-14-ին։ արտագրուած է՝ 2019-04-11 
  4. Սարգիսեան Օննիկ, Սիմոնեան Սիմոն (1971)։ Արագած: Դասագիրք հայերէն լեզուի ; Ա տարի (հայերեն) 
  5. Սարգիսեան Օննիկ, Սիմոնեան Սիմոն (1968)։ Արագած: Դասագիրք հայերէն լեզուի ; Բ. տարի (հայերեն)։ Hratarakutʻiwn Sewan hratarakchʻakan tan 
  6. Սիմոնեան Սիմոն, Սարգիսեան Օննիկ (1955)։ Արագած: Դասագիրք հայերէն լեզուի (հայերեն)։ Ա.հ.,. 

Աղբիւրներ

Խմբագրել