Ֆիտայական Շարժման «Զօրավար Անդրանիկ» Թանգարան
Ֆիդայական շարժման «Զօրավար Անդրանիկ» թանգարան, բացուած է 1995-ին, Անդրանիկ Օզանեանի 130-ամեակի առիթով։ Երկու տարի ետք փակուած է եւ կրկին վերաբացուած է 16 Սեպտեմբեր 2006-ին Կոմիտասի անուան պանթէոնի հարեւանութեամբ։
Ֆիտայական Շարժման «Զօրավար Անդրանիկ» Թանգարան | |
---|---|
Տեսակ | թանգարան |
Երկիր | Հայաստան |
Տեղագրութիւն | Երեւան |
Հասցէ | Կաշեգործներու 233, Երեւան, ՀՀ |
Հիմնադրուած է | 5 Մայիս 2006 |
Տնօրէն | Ժորժէթա Բեգլարեան |
40°10′N 44°30′E / 40.16°N 44.5°E | |
Ցուցադրութիւն
ԽմբագրելԵրկյարկանի թանգարանի երկու ընդարձակ դահլիճներուն մէջ կը ներկայացուին ֆիտայական շարժման նշանաւոր գործիչներու կեանքը, գործունէութիւնը, անձնական իրերը՝ Արաբոյէն մինչեւ Արցախեան շարժում։ Առանձին ցուցատախտակներով կը ներկայացուին ֆիտաական շարժման պատմութիւնը, ֆետայիներու, հայդուկներու (Անդրանիկ, Աղբիւր Սերոբ, Մախլութօ, Սեւքարեցի Սաքոյ, Գարեգին Նժդեհ եւ ուրիշներ) մասին նիւթեր, նկարներ, փաստաթուղթեր, անձնական բազմաթիւ իրեր, որոնք 30 տարիներու ընթացքին հաւաքուած են թանգարանին հիմնադիր տնօրէն Իլյիչ Բեգլարեանի կողմէն։
Առանձին կը ներկայացուին նշանաւոր զօրավար Անդրանիկի անձնական իրերը՝ բերուած Պուլկարիայի անոր տունէն։ Ցուցանմուշներու շարքին են փաստաթուղթեր, նամակներ, ձեռագրեր, գործիքներ, թերթեր, գիրքեր, շքանշաններ եւ այլն։ Թանգարանին մէջ կը ներկայացուին բազմաթիւ գիրքեր եւ ալպոմներ հայդուկներու, Հայկական հարցի, Արցախեան պատերազմի մասին։
Թանգարանի հետաքրքիր եւ արժէքաւոր իրերէն են Անդրանիկի՝ Պալքանեան պատերազմին մասնակցած թուրը, Առաջին Կամաւորական Գունդին, որուն հրամանատարն էր Անդրանիկը, շեփորը, Անդրանիկի՝ Պուլկարիոյ տան մանրակերտը, ծննդավայրի՝ Շապին Գարահիսարի յատակագիծը, Մշոյ Սուրբ Առաքելոց վանքի յատակագիծն ու զանգը, Արա Շիրազի կերտած Անդրանիկի քանդակը, Անդրանիկին՝ Դսեղի մէջ նուիրուած դաշոյնը, Թումանեանի եւ Անդրանիկի՝ Թիֆլիսին մէջ 1917-1918 տարիներուն հրատարակած «Հայաստան» օրաթերթի բոլոր համարները, թերթի խմբագրատան գրիչը, գրասենեակային իրերը, Մախլութոյի (Սմբատ զօրավար) անձնական իրերը՝ հին փաթիֆոնը (patyphone), ժամացոյցը, Սերոբի դաշոյնը, եւ այլն։
Թանգարանին մաս կը կազմէ նաեւ շինութեան կից փոքրիկ պուրակը, ուր տեղադրուած են քանի մը ֆետայիներու քանդակները։
Հասցէ
ԽմբագրելԹանգարանը կը գտնուի Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ, հայոց մեծերու պանթէոնի հարեւանութեամբ՝ Կաշեգործներու 233 հասցէով։
Պատկերասրահ
ԽմբագրելԱրտաքին յղումներ
Խմբագրել- Ֆիտայական շարժման «Զօրավար Անդրանիկ» թանգարան Archived 2014-09-09 at the Wayback Machine.