1984 (անգլերէն՝ Nineteen Eighty-Four), Ճորճ Օրուէլի վէպերէն։

Պատմութիւն

Խմբագրել

«1984» Վէպը, Անգլիացի գրող Ճորճ Օրուէլի հակա-կոմունիստական վէպն է, որ գրուած է 1948-ին եւ լոյս տեսած է 1949-ին։ Վէպին մէջ ներկայացուած է արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը 1984-ին, երբ ամբողջատիրական համակարգի մը դէմ ելլելը անհատներու կործանման կը տանէր։ «1984»ը կը զգուշացնէ Նացիստական Գերմանիոյ դէմ, ինչպէս նաեւ Ստալինի ղեկավարութեան տակ գտնուող Խորհրդային Միութեան եւ նման բռնատիրական ռեժիմներու դէմ ելլողները։ Օրուէլի հանրայայտ այս վէպը նախկին ԽՍՀՄ-ի տարածքէն ներս լոյս կը տեսնէ 1988-էն ետք, որովհետեւ ԽՍՀՄ-ի համակարգը ինքնին ամբողջատիրական եւ բռնատիրական սկզբունքներու վրայ հիմնուած էր, ինչ որ Օրուէլ խստօրէն կը քննադատէ այս գիրքին մէջ։

Վէպը «Անասնաֆիրմա» վիպակին մղումները կը շարունակէ, որ 1917-ի Հոկտեմբերեան ընկերվարական յեղափոխութեան եւ անոր հետեւանքներով յառաջացած զարգացումները կը նկարագրէ, ինչպէս նաեւ այդ օրերու աշխարհաքաղաքական տիրապետող միտումներն ու քաղաքական դէմքերը։ Կան նաեւ քննադատութիւններ եւ պետական միջամտութիւններ։

Վէպին ներքին գաղտնաբառերը աւելի խոր շեշտեր եւ ակնարկներ կը պարունակեն, ինչ որ պատճառ կը դառնան վէպին տպագրութեան եւ վաճառքին, ենթակայական մեկնաբանութիւններն ու արհամարհանքները, որոնք տեղի կ'ունենան ԽՍՀՄ-ի տարածքներէն դուրս։ Յատկապէս շատ էին արեւմտեան ձախակողմեան ուժերու քննադատութիւնները։ Իսկ վէպին յաճախակի արգելքի դէպքերը տեղի կ'ունենան Ամերիկայի որոշ նահանգներուն մէջ։ Ընդհանրապէս՝ հրատարակումէն գրեթէ անմիջապէս ետք, ինչպէս նաեւ 50 տարի ալ ետք, անընդհատ փորձեր կ'ըլլան «1984»ը վերցնելու դպրոցական գրադարաններէն։

Ուսումնասիրելով ամերիկեան դպրոցներու մէջ արգիլուած գիրքերու 1965-1982 թուականներու վիճակագրութիւնը, Լի Պերես իր «Հանրայայտ արգիլուած գիրքեր» աշխատութեան յառաջաբանին մէջ այդպիսի 30 գիրք կ'առանձնացնէ։ Այդ ցուցակին մէջ «1984»-ը 5-րդ տեղը կը գրաւէ։ Վէպին արգելքը ամերիկեան դպրոցներուն մէջ առաւել խիստ եղած է 1960-1970 թուականներուն, երբ չափազանց մեծ էր ԽՍՀՄ-ին հետ պատերազմ սկսելու հաւանականութիւնը։

Գիրքին ամէնէն շատ քննադատուող կէտերէն մէկը իր անբարոյական տեսարաններն էին, որոնք կրնային բացասական ազդեցութիւն ունենալ պատանիներու հոգեբանութեան վրայ։ Բայց աւելի ուշագրաւ են վէպը արգիլելու քաղաքական դրդապատճառները, որոնք ժամանակի ընթացքին շատ յստակ զիրար կը հակասէին։ Իւրաքանչիւր քաղաքական իրադրութիւն իր դերը ունեցած է արգելք ըլլալու, ապա այդ արգելքները վերցնելու պատճառաբանութեան հարցին մէջ։

Այդպէս, առիթով մը, ԱՄՆ-ի մէջ վէպը կ'արգիլուի այն պատճառաբանութեամբ, որ համայնավարութիւնը բարենպաստ ձեւով ներկայացուած է գրքին մէջ, իսկ ուրիշ առիթով ալ, արգելքը կը վերացուի, որովհետեւ գիրքը հրաշալի ձեւով ամբողջատիրական համակարգի մը թերութիւնները կը բացայայտէ։ Գիրքին վերնագիրին շուրջ ալ կան հարցադրումներ։

Օրուէլի վէպին վերնագիրը, եւ ԽՍՀՄ-ի մէջ 1984-ին սկսած կորպաչովեան նշանաւոր «վերակառուցումը» որոշ առեղծուածներ կը հաղորդէ վէպին։ Իրականութեան մէջ՝ «1984» վերնագիրը Օրուէլի հրատարակիչ Ֆրետ Ուորպուրկինի մտայղացքը եղած է, որմով փորձած է գրաւել ընթերցողները։ Նախնական մտայղացմամբ վէպը ունեցած է «Եւրոպայի վերջին մարդը» վերնագիրը։ Բայց ինչո՞ւ «1984», մինչեւ օրս առեղծուած մնացած է։ Ամէնէն հաւանական տարբերակը այն է, որ Ուորպուրկի պարզապէս վէպին ստեղծման տարեթիւը շրջած՝ 1948-էն:

Գիրքին տարածումը
Խմբագրել

Վէպին «Մեծ Եղբայր» կերպարը՝ Ովկիանիոյ տիրակալը, հանրայայտ դարձած է, որուն պատկերը փակցուած է ամէնուր, «Մեծ Եղբայրը քեզ կը տեսնէ» մակագրութեամբ։

Վէպը 2009-ին, «The Times» լրագիրին վերջին 60 տարիներուն ընթացքին հրատարակուած 60 լաւագոյն գիրքերու ցանկին մէջ ներառուած է, իսկ «Newsweek» հանդէսը բոլոր ժամանակներու եւ ժողովուրդներու 100 լաւագոյն գիրքերու շարքին մէջ «1984»-ին յատկացուցած է երկրորդ տեղը։ 

Գիրքին Բովանդակութիւնը

Խմբագրել

Քաղաքական աշխարհագրութիւն

Խմբագրել

Գլխաւոր հերոսը կ'ապրի աշխարհի մը մէջ, ուր երեք ամբողջատիրական գերտիրութիւններ անհասկնալի պատերազմի մը մէջ են, անորոշ տարածքներու համար։ Իւրաքանչիւր գերտիրութիւն ունի իր գաղափարախօսութիւնը՝

1. Ովկիանիան, որ կը ներառէ ամբողջ Արեւմտեան կիսագունդը, Մեծն Բրիտանիան, Աւստրալիան, եւ Հարաւային Ափրիկէն։ Գաղափարախօսութիւնը «Ingsoc»ն է, որ կը նշանակէ Անգլիական Ընկերվարութիւն։

2. Եւրասիան, կը ներառէ Եւրոպան, Ռուսաստանը ամբողջութեամբ եւ Սիպերիան։ Գաղափարախօսութիւնը՝ Նոր-Պոլշեւիզմ։

3. Արեւելեան Ասիա, կը ներառէ Չինաստանը, Ճափոնը, Քորէան, Հնդկաստանը, եւ Ինտոնեզիան։ Գաղափարախօսութիւնը՝ ինքնաոչնչացում կամ մահուան երկրպագութիւնը։

Վիճելի տարածքները՝ Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Ափրիկէն, Միջին Ասիան, Հնդկաստանը եւ Ինտոնեզիան։ Գերտէրութիւնները գրաւելով այդ տարածքները, ստրկութեան կը մատնեն բնիկ ժողովուրդը։

Գիրքին եզրափակումը

Խմբագրել

Ինկսոք եւ Տապլթինք (Ingsoc and doublethink) Ովկիանիոյ ամբողջատիրական կառավարութեան գաղափարախօսութիւնն է, որ նորախօս լեզուով (Newspeak) կը նշանակէ Անգլիական Ընկերավարութիւն, նորախօս լեզուն կառավարութեան ստեղծած լեզուն է, որ Անգլերէնի մշակուած տարբերակն է. նպատակն է այնքան մշակել լեզուն, որ Ովկիանիոյ ապագայ սերունդները չկարենան Ինկսոքի հակասող միտքեր ունենալ։

Ինկսոքը հետեւեալ ձեւով կը բացատրուի, անիկա սակաւապետական համայնավարութիւն մըն է, որ կը մերժէ ընկերավարական շարժման բոլոր հիմնական սկզբունքները, եւ կը հակասէ անոնց, յանուն ընկերվարութեան։ Կուսակցութեան համար իշխելը նպատակի մը հասնելու միջոց չէ, այլ ինքնին նպատակ է, որովհետեւ եթէ կարենան իշխել ներկային վրայ, ապա կրնան նաեւ կեղծել անցեալը, իսկ եթէ կարենան աղաւաղել անցեալը, ապա կրնան իրենց ներկայի արարքները արդարացնել։ Բայց Ովկիանիոյ ժողովուրդը, եւ նոյնիսկ ընթերցողները, ամբողջութեամբ չեն գիտեր, թէ ինչպէ՛ս ստեղծուած է այս կուսակցութիւնը, որովհետեւ մարդիկ կուսակցութեան ներքին գործելաձեւին կը ծանօթանան միայն Ուինսթընի տեսակետէն, իսկ Ովկիանիոյ մէջ իրականութիւնը ամէն օր, ամէն վայրկեան, եւ ամէն երկվայրկեան փոփոխման կ'ենթարկուի կառավարութեան կողմէ. այն ինչ որ ներկայ դրութեամբ ճիշդ կը համարուի, կրնայ մէկ ժամ ետք սխալ համարուիլ։ Ամէն ինչ կախեալ է կուսակցութեան շահերէն։ Այսինքն, եթէ կուսակցութեան համար պէտք է, որ մարդ հաւատայ, թէ 2+2=5, ան կը հաւատայ, թէ 2+2=5, նոյնիսկ եթէ տրամաբանութիւնը կ'ըսէ, թէ 2+2=4, եւ այս ձեւի շարք մը գաղափարներ կան, որոնք կառավարութիւնը կը յաջողի համոզել Ովկիանիոյ քաղաքացիներուն։ Այս երեւոյթը «Տապըլթինք» կը կոչուի։ Տապըլթինքը այն է, երբ մարդիկ միաժամանակ երկու զիրար հակասող փաստեր իբրեւ իրականութիւն կ'ընդունին, առանց հասկնալու, որ այդ երկու միտքերը զիրար կը հակասեն։ Կուսակցութիւնը Տապըլթինքը իբրեւ միջոց կ'օգտագործէ քաղաքացիները խաբելու համար։ Օրինակ, պատմութեան ընթացքին, Ովկիանիոյ թշնամին անընդհատ փոփոխութիւններու կ'ենթարկուի, մէկ կ'ըսեն, թէ իրենց թշնամին Եւրասիան է, ուրիշ առիթով մը կ'ըսեն, թէ Արեւելեան Ասիան է։ Վէպին մէջ յաճախ կարելի է հանդիպիլ տարբեր վիճակներու, երբ երկու գերտիրութիւններու միջեւ փոփոխութիւններ կ'ըլլան, նախ մէկը թշնամի է, միւսը դաշնակից, սակայն երկվայրկեաններու ընթացքին հակառակը կը յայտարարուի, եւ բոլորը կը հաւատան, որ իրականութիւնը միշտ ալ նոր յայտարարուածն է, հակառակ անոր, որ վայրկեան մը առաջ ուրիշ բանի կը հաւատային։ Ճշմարտութեան նախարարութեան աշխատակիցները անմիջապէս պատմական բոլոր տուեալները փոփոխութեան կ'ենթարկեն, որպէսզի համընկնին ներկայ «իրականութեան»:

Նախարարութիւններ

Խմբագրել

Ովկիանիան ունի չորս նախարարութիւններ, որոնք կը զբաղին ժողովուրդին ամբողջական հսկողութեամբ։ Իւրաքանչիւր նախարարութեան անունը կը հակասէ իր գործունէութիւնը։

  1. Ճշմարտութեան նախարարութիւնը ՝ մարդոց կեղծ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ եւ որոշ փաստեր փոփոխութեան կ'ենթարկէ, յօգուտ Ովկիանիոյ։
  2. Սիրոյ նախարարութիւնը՝ Նախանձախնդիր է հսկելու «մարդոց սիրոյն»՝ «Մեծ Եղբօր հանդէպ», հակառակ պարագային, անհատը կ'ենթարկուի զանազան տանջանքներու։
  3. Խաղաղութեան նախարարութիւնը ՝ կը զբաղի ռազմական գործերով, խթանելով յարատեւ բախումները այլ տէրութիւններու հետ։
  4. Առատութեան նախարարութիւնը՝ կը կառավարէ սնունդի եւ այլ պարագաներու սակաւութիւնը։

Եղբայրութիւնը (The Brotherhood)

Եղբայրութիւնը հակա-կուսակցական կազմակերպութիւն մըն է, որ հիմնած է Էմմանուէլ Կոլդսթին անունով նախկին կուսակցական մը, որ դաւաճանած է «Մեծ Եղբայրը»: Նպատակն է տապալել կուսակցութիւնը եւ «Մեծ Եղբայր»ը: Անոնք կը համարուին կուսակցութեան մեծագոյն թշնամիները, բայց այս կազմակերպութեան ծագումը անյայտ է, Ուինսթըն կասկածներ ունի կազմակերպութեան գոյութեան մասին, կ'ենթադրէ, որ հաւանաբար եղբայրութիւնը նաեւ կուսակցութեան յօրինած սուտերէն մէկն է իբրեւ թակարդ՝ «միտքի ոճրագործներուն»։

Հեռուստացոյց (Telescreen)

Բառացի թարգմանութեամբ, կը նշանակէ հեռուստացոյց։ Գիրքին մէջ «Թելեսքրին»ները յատուկ սարքեր են, որոնք կան բոլորին տան մէջ, աշխատավայրը եւ փողոցը։ «Թելեսքրին»ները կը հետեւին մարդոց բոլոր քայլերուն, եւ կը նկարեն անոնց բոլոր շարժումները։ Յատուկ ժամերու կը միացնեն «Մեծ Եղբօր» ելոյթները կամ նամակները, եւ բոլորը, անկախ տարիքի, պարտաւոր են լսելու այդ բոլորը։ Ըստ Օպրայնի միայն ներքին կուսակցութեան անդամները իրաւունք ունին «Թելեսքրին»ը անջատած պահելու կէս ժամով, սակայն ժամանակի ընթացքին կը պարզուի, թէ նոյնիսկ երբ անջատուած են, «Թելեսքրին»երը կը նկարեն եւ կը ձայնագրեն ամէն բան։

Դասակարգային կառոյցին մասին

Խմբագրել

Ովկիանիոյ հասարակութիւնը կը բաժնուի երեք խաւերու, կուսակցութեան ներքին անդամները, արտաքին անդամները, եւ Պրոլները: Բոլորին վրայ կ'իշխէ «Մեծ Եղբայրը»։

  1. Կուսակցութեան ներքին անդամները կը ներկայացնեն Ովկիանիոյ բարձրագոյն խաւը, կը կազմեն բնակչութեան 2%ը, եւ կ'որոշեն երկիրին ու կուսակցութեան օրէնքները, եւ թէ ե՛րբ որո՛ւն թշնամին կը դառնան։ Ունին նաեւ շարք մը ուրիշ առաւելութիւններ՝ կ'ապրին լաւ թաղամասերու եւ հանգիստ տուներու մէջ, ուր առանց արտօնութեան մուտքը արգիլուած է: Ունին անձնական սպասարկողներ, արագ փոխադրամիջոցներ, կը ստանան բնական սնունդ եւ կրնան իրենց տուներէն ներս կարճ ժամանակահատուածով մը անջատել «Թելեսքրին»ը։ Բայց պէտք է հնազանդին կուսակցութեան բոլոր օրէնքներուն, ապա թէ ոչ՝ կը պատժուին նոյն ձեւով ինչպէս արտաքին կուսակցութեան անդամները։
  2. Արտաքին կուսակցութեան անդամները կը ներկայացնեն երկիրին միջին խաւը: Անոնք կ'աշխատին չորս նախարարութիւններէն մէկուն մէջ, որպէսզի կիրարկեն կուսակցութեան օրէնքները։ Արտաքին կուսակցութեան անդամները կ'ապրին շատ ծանր պայմաններու տակ, վատ թաղամասերու մէջ, առանց պաշարի, եւ առանց անձնական մեքենաներու։ Կառավարութիւնը անընդհատ իրենց կը հսկէ «Թելեսքրին»ներու միջոցով, եւ կը ստիպէ, որ անոնք «հայրենասէր» մնան։ Բայց, քանի որ միջին խաւի անդամները որոշ չափով ուսեալ են եւ կարողութիւնը ունին գիտակցելու, որ իրենց հանդէպ վերաբերմունքը անարդար է, հետեւաբար հաւանականութիւնը շատ մեծ է, որ միջին խաւը յեղափոխութիւն յայտարարէ կառավարութեան դէմ։
  3. Պրոլները՝ ամէնէն աղքատ խաւը կը ներկայացնեն: Անոնք Ովկիանիոյ բնակչութեան մեծամասնութիւնն են, եւ իրենց կը տրուի ամէնէն դժուար եւ ձանձրալի գործերը: Անոնք պետութեան հսկողութեան տակ չեն գտնուիր, իրենց տուներէն ներս «Թելեսքրին»ներ չկան, եւ կուսակցութիւնը մեծ ճիգ կը թափէ, որ անոնք ուսում չստանան եւ մնան տգէտ, որպէսզի աւելի դիւրին ըլլայ զիրենք կառավարելը։ Պրոլներուն հետ կ'ապրին գաղտնի ոստիկաններ, որոնք վտանգաւոր կամ կասկածելի պրոլները կուսակցութեան կը յանձնեն, որպէսզի ոչնչացուին։

Հիմնական հերոսներ

Խմբագրել

Ուինսթըն- Ուինսթըն գիրքին մէջ կը նկարագրուի իբրեւ 39-ամեայ երիտասարդ մը։ Ամուսնացած է, սակայն կինը կուսակցութեան մոլի կողմանկից ըլլալուն պատճառով, իրենց յարաբերութիւնները վատացած են եւ կինը հեռացած է։ Ուինսթըն հետաքրքրուած է բանաստեղծութեամբ եւ հնամենի իրերով։ Մինչեւ Ճուլիային հանդիպիլը, ան ունէր օրագիր մը, որուն մէջ կը գրէր բոլոր միտքերը կուսակցութենէն գաղտնի պահելով։ Գիրքին ամբողջ ընթացքին Ուինսթըն կը փնտռէ համախոհներ, որոնք նոյնպէս համաձայն էին, որ «Մեծ Եղբայրը» չարիք է, եւ հասարակութիւնը՝ հիւանդ։

Ճուլիան- Ուինսթընի սիրահարն է, սկիզբի շրջանին Ուինսթըն կը կարծէ, թէ Ճուլիան գաղտնի ոստիկան է, սակայն հետագային կը պարզուի, թէ այդպէս չէ։ Ճուլիա կ'ատէ կուսակցութիւնը, սակայն Ուինսթընին նման նպատակներ չունի զիրենք տապալելու, չէ հետաքրքրուած կուսակցութեան հետ կապուած դաւադրութիւնները ուսումնասիրելով, եւ կը խախտէ կուսակցութեան օրէնքները՝ միայն իր կեանքը վայելելու նպատակով։

Օպրայնը- Օպրայն ներքին կուսակցութեան անդամ է, բայց Ուինսթըն այնքան ալ չէ համոզուած, որ ինք հաւատարիմ է կուսակցութեան, կ'ենթադրէ, որ Օպրայն եւս կ'ատէ կուսակցութիւնը եւ եղբայրութեան անդամ է։ Ժամանակ մը ետք, գաղտնիքը կը բացահայտուի եւ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ եղբայրութեան անդամ, եւ Ուինսթընն ու Ճուլիան կը ներգրաւէ կազմակերպութեան մէջ։

Մեծ Եղբայրը- Մեծ Եղբայրը կը ներկայացնէ կուսակցութիւնը։ Մեծ Եղբօր կերպարը բնաւ չի գործեր վէպին մէջ. հաւանաբար ան գոյութիւն անգամ չունի, բայց կը համարուի Ովկիանիոյ ղեկավարը։ Ովկիանիոյ մէջ ամէնուրեք որմնազդեր կան Մեծ Եղբօր դեմքով, որոնց վրայ գրուած է «Մեծ Եղբայրը կը դիտէ քեզ»։ Կուսակցութեան համար Մեծ Եղբայրը աստուածային կերպար մըն է։

Գիրքին գլխաւոր նիւթը

Խմբագրել

Օրուէլ վէպին այս նիւթը քաղած է Սովետական Միութեան օրինակէն եւ Անգլիոյ ռազմական վիճակէն։ Ան կը պատկերացնէ, թէ ինչի՛ կը վերածուի անգլիական հասարակութեան վիճակը, եթէ կառավարուի Ստալինեան ռեժիմով։

Գիրքին հանրածանօթ նախադասութիւններէն մէկը 2+2=5 արտայայտութիւնն է, որուն հիմքը Օրուէլ վերցուցած է կոմունիստական կուսակցութեան հնգամեայ ծրագիրէն, որ կը քաջալերէր ժողովուրդը հինգ տարուան գործի մը ծրագիրը ամբողջացնելու՝ չորս տարուան ընթացքին։

Վէպին մէջ Ոկիանիա կը փոխէ իր զինակցութիւնը Արեւելեան Ասիայէն Եւրասիոյ, որուն հիման վրայ կ'ըսէ, Ովկիանիա միշտ եղած է Եւրասիոյի կողմնակիցը։ Այս հատուածին մէջ Օրուէլ կը բացայայտէ Սովետական Միութեան փոփոխական յարաբերութիւնը Նացիստական Գերմանիոյ հետ։ Երկու երկիրներն ալ քննադատօրէն կը վերաբերէին իրարու հետ, մինչեւ 1939-ին կնքուած Խորհրդա-գերմանական պայմանագիրը։ 1939-էն 1941 արգիլուած էր Գերմանիոյ քննադատութիւնը Սովետական մամուլին մէջ, մինչեւ Գերմանիոյ ԽՍՀՄ ներխուժումը 1941-ին։ Մեծ Եղբօր կերպարը ներշնչուած է Ստալինէն։

Ոստիկանութեան գաղափարը մտայղացուած է ԽՍՀՄ-ի ներքին գործերու ժողովրդական պետական եւ վարչական սկզբունքներուն հիման վրայ, որ մարդիկ կը բանտարկէր եւ կ'արգիլէր, որ անոնք կիսուէին իրենց հակասովետական գաղափարներն ու կարծիքները։

Մէջբերումներ

Խմբագրել
  • Երբեք եւ ոչ մէկ պատճառով կը ցանկաս, որ ցաւդ զօրանայ։ Ցաւէն միայն մէկ բան կ'ակնկալես, որ մեղմանայ։
  • Աշխարհի տարածքին ֆիզիքական ցաւէն աւելի ուժեղ ցաւ չկայ։
  • Դուք ձեզ կը խաբէք՝ ենթադրելով, թէ ինչ որ դուք կը տեսնէք, բոլորն ալ նոյնը կը տեսնեն։
  • Ամէնէն վտանգաւորը քունի մէջ խօսիլն է, ուր անհնար է ինքնավերահսկումը։

Գրականութիւն

Խմբագրել
Afterword by Erich Fromm (1961)., pp. 324–37.
Orwell's text has a "Selected Bibliography", pp. 338–39; the foreword and the afterword each contain further references.
The Plume edition is an authorised reprint of a hardcover edition published by Harcourt, Inc.
The Plume edition is also published in a Signet edition. The copyright page says this, but the Signet ed. does not have the Pynchon foreword.
Copyright is explicitly extended to digital and any other means.