Ազդարար (թերթ)

Հասարակական-քաղաքական, մշակութային շաբաթաթերթ, 1953 թուականէն՝ օրաթերթ։

«Ազդարար», հասարակական-քաղաքական, մշակութային շաբաթաթերթ, 1953 թուականէն՝ օրաթերթ։ Լոյս տեսած է 1942-1955 թուականներուն։ Հիմնադիր-խմբագիր՝ Մանուկ Ասլանեան։ Սկզբնական շրջանում թերթի տէրն ու տնօրէնը եղած է Յակոբ Տալեանը։ Մ. Ասլանեանի մահիէն ետք (1944), խմբագիրներ եղած են Օննիկ (Յովհաննէս) Թոփուզեանը, Խոսրով Թիւթիւնճեանը եւ Զարեհ Զարգունը։ 1950 թուականին թերթը գնած ու շարունակած է հրատարակել Оննիկ Թոփուզեանը։

Ազդարար
Ազդարար
Տեսակ շաբաթաթերթ, ապա՝ օրաթերթ։
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1942
Երկիր  Լիբանան

Հրապարակած է լիբանանեան, հայկական եւ միջազգային քաղաքական լուրեր, հայերէն եւ թարգմանական գրականութիւն, արտատպումներ կատարած է հայաստանեան հեղինակներու հրատարակվուած գործերէն, ունեցած է բժշկական բաժին։

Մեծ տեղ է յատկացուցած է Թուրքիոյ քաղաքական անցուդարձին։ Արտայայտած տեսակէտները մօտ եղած են ՀՅԴ դիրքորոշումներուն։

Աշխատակցած են Նիկոլ Աղբալեանը, Արշամ Խոնդկարեանը, Սիրան Սեզան, Նշան Պէշիկթաշլեանը, Խորէն Գաբիկեանը, Բիւզանդ Եղիայեանը, Եդուարդ Տարօնեան, Վազգէն Այգունին (Գէորգ Պաղճեան), Շաքէ Տէր Մելքոնեանը եւ ուրիշներ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։