Ահաբեկչութեան Դէմ Պատերազմ
Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ (անգլերէն՝ War on Terror), համընդհանուր օգտագործուող [[Բառակապակցութիւն|բառակապակցութիւն, որ քաղաքականութեան մէջ կ'օգտագործուի, զանգուածային լրատուամիջոցներուն եւ այլ ոլորտներու մէջ: Նաեւ «ահաբեկչութեան դէմ պայքար», «միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքար» արտայայտութիւները կը կիրառեն:
21-րդ դարուն կամ աւելի ճիշդը 11 Սեպտեմբեր 2001-ի իրադարձութիւններէն եւ ԱՄՆ նախագահ Ճորճ Պուշ-կրտսերի արձագանգէն ետք:
Բառակապակցութեան Պատմութիւն
Խմբագրել«Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ» բառակապակցութիւնը անուանում չի համարուիր, որովհետեւ բազմաթիւ տարբեր իմաստներ ունի տարբեր երկիրներու, տարբեր ժամանակահատուածներու մէջ: Առաջին անգամ այս մէկը կիրառուած է արեւմտեան մամուլին մէջ 19-րդ դարու վերջը Ռուսական կայսրութեան եւ Եւրոպայի երկիրներու կառավարութիւններու անիշխանականութեան՝ միջազգային քաղաքական առաջնորդներու, օրինական իշխանութեան եւ անոր ներկայացուցիչներուն դէմ ուղղուած պայքարը արտայայտելու համար:
Բառակապակցութիւնը մասնաւորապէս կիրառուած է Նիւ Եորք Թայմս-ի 2 Ապրիլ 1881-ի յօդուածին մէջ: Բազմաթիւ անիշխանականներ իրենք զիրենք ահաբեկիչներ կ'անուանեն եւ այդ բառը որեւէ բացասական բնոյթ չէր կրեր:
Այդ բառակապակցութիւնը շատ յաճախ օգտագործուած է նաեւ ԱՄՆ նախագահ Ռ. Ռիկընի կողմէ:
11 Սեպտեմբեր 2001-էն ետք
Խմբագրել«Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ» բառակապակցութիւնը «վերակենդանացած» է 11 Սեպտեմբերի 2001-ի ահաբեկչական յարձակումներէն ետք: 11 Սեպտեմբեր 2001-ին, ժամը 20:30-ին[1], ինչպէս զանգուածային լրատուամիջոցները կը յայտնէին, Ճորճ Պուշ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հետ կապուած իր երրորդ յայտարարութեան ժամանակ ըսած է. «...եւ մենք կը յաղթենք ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը»[2]: Յետագային, այդ բառակապակցութիւնը սկսաւ աւելի յաճախ օգտագործուիլ:
20 Սեպտեմբեր 2001-ին, համաժողովին եւ ամերիկեան ժողովուրդին ուղղուած դիմումին մէջ, որ ընթերցուած է ԱՄՆ խորհրդարանի երկու պալատներու համատեղ նիստի ժամանակ, Ճորճ Պուշ կրտսերը ահաբեկչութեան դէմ պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարած է, ըսելով. «Ահաբեկչութեան դէմ մեր պատերազմը կը սկսի «Ալ Քաիդա»-էն, բայց անոր հետ չաւարտիր: Այս մէկը չաւարտիր, մինչեւ որ աշխարհի իւրաքանչիւր ահաբեկչական խմբաւորում չյայտնաբերուի, չկանգնի եւ պարտութեան չմատնուի»: Աւելի ուշ՝ ձեւակերպելով ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի սկզբունքը, Պուշ կրտսերը ըսաւ. «...այսօրուայ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը կը նմանի պաղ պատերազմի: Այս մէկը թշնամիին դէմ գաղափարախօսական պայքար է, որ կ'արհամարհէ ազատութիւնը եւ կը հետապնդէ դոդալիդար նպատակներ...»:
26 Հոկտեմբեր 2001-ին նախագահ Ճորճ Պուշ օրէնք ստորագրած է, որ կոչուած է «Հայրենասիրական արարք»: Ան կառավարութեան եւ ոստիկանութեան լայն լիազօրութիւններ տուած է քաղաքացիներուն հետեւելու համար: Օրէնքը, մասնաւորապէս, ընդլայնած է Հետաքննութիւններու դաշնային գրասենեակի եւ ԱՄՆ-ի այլ յատուկ մարմիններու իրաւունքները գաղտնալսման եւ ելեկտրոնային հսկողութեան համար, որ շատերու կողմէ որպէս սահմանադրութեան 4-րդ փոփոխութեան խախտում՝ գնահատուած է:
Ինչպէս նշուած է, Շանհայի հասարակական գիտութիւններու ակադեմիայի միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի աշխատակից Լի Կայշէն, 11 Սեպտեմբեր-ին, երբ ողբերգութիւնը տեղի ունեցած է, Չինաստանը ամերիկեան կառավարութեան յայտնած է, որ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի ծրագիրը կը ստանայ: Այդ մէկը վերացուցած է Ճորճ Պուշի անհանգստութեան պատճառներէն մէկը եւ ԱՄՆ իր ամբողջ ուժը ուղղած՝ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի վրայ, իսկ Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները եղած են յետագայ տասնամեակներու համար[3]:
Անգլիական «Նիւ Սթեյթսմէն»-ը 9/11-ի իրադարձութիւններէն մէկ ու կէս ամիս ետք գրած է. «Պատերազմող ճամբարները եւ աշխարհի ազգերը միաւորուած են մէկ ընդհանուր թշնամիի՝ համաշխարհային ահաբեկչութեան դէմ»[4]:
7 Յուլիս 2005-ին, Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններէն ետք, անգլիական իշխանութիւնները չուզեցին ընդօրինակել ահաբեկչական յարձակումներու դէմ ուղղուած ամերիկեան ռազմավարութիւնը եւ «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ» բառակապակցութիւնը սկսաւ աւելի քիչ օգտագործուիլ:
Տես նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Би-би-си: Хронология 11 сентября 2001 года
- ↑ Би-би-си: Президент Буш обращается к нации (11 сентября 2001 года)
- ↑ Не время смеяться над Америкой | Ближний Восток | ИноСМИ - Все, что достойно перевода
- ↑ «Россия и Запад после 1917 года — РОССИЯ И АНТИТЕРРОРИСТИЧЕСКАЯ КОАЛИЦИЯ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-16-ին։ արտագրուած է՝ 2017-08-14