Տանըլտ Թրամփ

(Վերայղուած է Տոնալտ Թրամփ-էն)

Տանըլտ Ճոն Թրամփ (անգլ.՝ Donald John Trump, Sr., ծ.՝ Յունիս 14, 1946-ին), ամերիկացի առեւտրական, քաղաքական գործիչ եւ ԱՄՆ-ի 45-րդ նախագահ:

Տանըլտ Թրամփ
անգլերէն՝ Donald Trump
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Donald John Trump[1]
Նաեւ յայտնի է իբրեւ John Barron[2][3], John Miller[2], The Donald[4] եւ David Dennison[5]
Ծնած է 14 Յունիս 1946(1946-06-14)[6][7][1][…] (78 տարեկան)
Ծննդավայր Ճամայկա հիվանդանոց, Նիւ Եորք[7][1]
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[8][9]
Ազգութիւն սպիտակ ամերիկացի?[10]
Մայրենի լեզու անգլերէն
Կրօնք Nondenominational Christianity?[11]
Ուսումնավայր Ֆորդհեմի համալսարան?
Ուորթոնի դպրոց?
Քյու Ֆորեսթ դպրոց?
Նյու Յորքի ռազմական ակադեմիա?
Փենսիլվանիոյ Համալսարան
Երկեր/Գլխաւոր գործ Թրամփ․ Գործարքի արվեստը?[12], Հաշմանդամացած Ամերիկա? եւ Աշակերտ?
Տեսակ արական
Մասնագիտութիւն բիզնես մագնատ, ներդրող, ռեստորատոր, քաղաքական գործիչ, Խաղային շոուի հաղորդավար, անշարժ գույքի գործարար, Հեռատեսիլի յայտագիրներ արտադրող, ժապաւէն արտադրող, գրագէտ, դերասան, գլխավոր գործադիր տնօրեն, առեւտրական, գործարար, ձեռնարկատէր
Վարած պաշտօններ Ընտրեալ նախագահ ԱՄՆ-ի
Անդամութիւն Միլիարդատերերի ցանկ?[13], SAG-AFTRA?[14] եւ The Trump Organization?
Կուսակցութիւն Ամերիկայի Հանրապետական Կուսակցութիւն[15]
Ամուսին Մելանյա Թրամփ?[16]
Ծնողներ հայր՝ Ֆրեդ Թրամփ?[7][1], մայր՝ Մերի Էն ՄաքԼեոդ?[1]
Երեխաներ Տանլըտ Թրամփ Կր.[12][17][18], Իւանքա Թրամփ[12][17][18], Էրիկ Թրամփ?[12][17], Թիֆանի Թրամփ?[12][17] եւ Բեռոն Ուիլյամ Թրամփ?[12][17]
Կայքէջ donaldjtrump.com(անգլերէն)
Ստորագրութիւն

1971-էն ի վեր կը նախագահէ իր շինարարական եւ այլ առեւտրական աշխատանքներու գլխաւոր կազմակերպութիւնը՝ «Տը Թրամփ Կազմակերպութիւն»-ը: Առեւտրական ասպարէզով զբաղելու ժամանակ, Թրամփ շինել տուած է գրասենեակներու աշտարակներ, պանդոկներ, բախտախաղի կեդրոններ, կոլֆի մրցադաշտեր եւ համաշխարհային այլ բարձրորակ կառոյցներ: 2016-ի ընտրութիւններուն, ընտրուած է ԱՄՆ-ի 45-րդ նախագահ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ, գերազանցելով Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթընը: Ան իր նախագահական պարտականութիւնը ստանձնած է 20 Յունուար 2017-ին:

Թրամփ ծնած ու մեծցած է Նիւ Եորքի մէջ։ 1968-ին, Փենսիլվանիոյ Համալսարանի «Ուարթըն Սքուլէն» վկայուած է քաղաքական տնտեսագիտութեան պսակաւոր գիտութեանց վկայականով (BS in Economics): 1971-ին, ստանձնած է իր հօր՝ Ֆրէտ Թրամփի շինարարական ընկերութիւնը: Թրամփ երեւցած է «Միսս USA»-ի գեղեցկութեան մրցանակին, որուն սեփականատէրն էր 1996-էն մինչեւ 2015: Ան նաեւ երեւցած է ֆիլմերու եւ պատկերասփիւռի հաղորդումներու մէջ։ 2000-ի նախագահական ընտրութիւններուն, Թրամփ ուզած է «Վերակազմութիւն» կուսակցութեան թեկնածու ըլլալ, բայց հրաժարած է քուէարկութենէն առաջ: 2004-էն 2015, ան վարած եւ արտադրած է «Էն.Պի.Սի» պատկերասփիւռի կայանի «Տը Ափրենթիս» հաղորդաշարը: 2016-ին, Ֆորպս-ի կողմէ արձանագրուած է աշխարհի 324-րդ ամէնէն հարուստ մարդը, 156-րդը՝ ԱՄՆ-ի, 3,7 միլիառ տոլարով, Հոկտեմբեր 2016-ին:[19]

Յունիս 2015-ին, Թրամփ նախագահական իր թեկնածութիւնը յայտնած է Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ եւ շուտով բարձրացած է առաջնակարգ դիրքերու: Մայիս 2016-ին, անոր Հանրապետական մրցակիցները կը դադրեցնեն իրենց ընտրական պայքարը եւ Յուլիսին ան պաշտօնապէս կը նշանակուի նախագահական թեկնածու 2016-ի Հանրապետական Ազգային Համագումարի ժամանակ: Թրամփի ընտրական պայքարը արժանացաւ ընկերային ցանցերու եւ համաշխարհային ուշադրութեան: Թուիթըր ընկերային ցանցի բազմաթիւ հարցազրոյցներու եւ ընտրական պայքարներու ընթացքին կատարած է սխալ յայտարարութիւններ: Ցոյցեր տեղի ունեցած են անոր պայքարի նախնական շրջաններուն: 7 Հոկտեմբերին, յայտնաբերուած է 2005-էն ձայնային արձանագրութիւն մը, ուր Թրամփ խոստովանած է բռնութեամբ համբուրած եւ սիրաբանած ըլլալը կիներու հետ: Ան ներողութիւն խնդրած է եւ հերքած՝ լուրը, զայն նկարագրելով, իբրեւ աւելի լայն ընտրական պայքարի մաս: 70 տարեկանին, Թրամփ դարձած է նախագահական պաշտօն ստանձնող ամէնէն տարեց անձը:

Թրամփի ծրագիրը կ'ընդգրկէ ԱՄՆ-Չինաստան վաճառականական բանակցութիւններ, շարք մը վաճառականական համաձայնութիւններու՝ ինչպէս «ՆԱՖԹԱ»-ի եւ «Թրանս-Փասիֆիք Փարթնըրշիփ»-ի ընդդիմութիւն, գաղթականութեան օրէնքներու զօրացումը՝ պատ մը կառուցելով ամերիկեան եւ մեքսիքական սահմանին վրայ, վեթերաններու հոգատարութեան բարեկարգում, «Ըֆորտըպլ Քէր Աքթ»ի վերահաստատում եւ տուգանքներու ջնջում: Նոյեմբեր 2015Փարիզի յարձակումէն աւելի քան տարի մը ետք, Թրամփ ժամանակաւորապէս արգիլած է իսլամներու գաղթը դէպի ԱՄՆ, այնուհետեւ նշելով, թէ արգելք պէտք է հանդիսանալ այն երկիրներուն, որոնք զինեալ խմբաւորումներու պատմութիւն ունին:[20]

Վաղ Կեանք

Խմբագրել

Թրամփ ծնած է 14 Յունիս 1946-ին, Ճամայքա, Քուինզ, Նիւ Եորք:[21] Ան ընտանիքի հինգ երեխաներէն երկրորդ ամէնէն փոքրն է: Իր 4 քոյր-եղբայրներէն, երեքը՝ Մարիանը, Էլիզապէթը եւ Ռոպերթը ողջ են, իսկ մէկ եղբայրը՝ կրտսեր Ֆրէտը մահացած է 1981-ին, ալքոհոլամոլութենէ: Եղբօրը մահը պատճառ դարձած է, որ ան երբեք ալքոհոլ եւ ծխախոտ չգործածէ:[22]

Թրամփ իր հօրմէն ունի գերմանական արմատներ, իսկ իր մօրմէն՝ սկովտիական: Իր 2 մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը ծնած են Եւրոպայի մէջ։ Իր հայրը՝ Ֆրէտ Թրամփը (1905-1999) ծնած է Գերմանիոյ Քալլսթատ քաղաքէն եկած ծնողներէ Քուինզի մէջ եւ դարձած է Նիւ Եորքի մեծագոյն շինարարներէն մէկը:[23][24] Մայրը՝ Մէրի Թրամփ (ծնեալ՝ ՄաքԼէօտ, 1912-2000) ծնած է Թոնկի մէջ, Լէուիս, Սկովտիա:[25] Ֆրէտ եւ Մէրի զիրար ծանօթացած են Նիւ Եորքի մէջ եւ ամուսնացած 1936-ին ու հաստատուած են Քուինզի մէջ:[25][26] Հօրեղբայրը՝ Ճօն Թրամփ, որ Մասսաչուսէցի Արուեստից Հիմնարկի դասախօս էր 1936-1973, եւ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին մաս կազմած է դաշնակիցներու ռատիոտեղեկայանի բաժինին մէջ, շինած է «Էքս-Րէյ»-ի a3nbidi մեքենաներ, որոնք քաղցկեղէ տառապողներուն կեանքը երկարած են: 1943-ին, Հետազօտութեան Դաշնակցային Բիւրօն Ճ. Թրամփի առաջարկած է, որ վերատեսութեան ենթարկէ Նիքոլա Թէսլայի թուղթերն ու առարկաները, երբ Նիքոլա Թէսլա Նիւ Եորքըր պանդոկի իր սենեակին մէջ մահացաւ:[27] Թրամփներուն մեծ հայրն էր Ֆրետերիք Թրամփ, որ շատ մեծ հարստութիւն մը շինած է Սիթըլի եւ Քանատայի Քոլնտայք քաղաքին մէջ իր ունեցած ճաշարաններէն եւ տուներէն:[28]

Թրամփ ընտանիքը լիւթերաններ եղած են, բայց Թրամփի ընտանիքը պատկանած է Ամերիկայի Վերակազմուած եկեղեցւոյ:[29] Ընտանիքի անունը նախապէս կոչուած է Տրամփֆ կամ Տրամֆթ եւ յետագային՝ 17-րդ դարու Երեսուն Տարիներու պատերազմին դարձած է Թրամփ:[30] Թրամփ ըսած է, թէ հպարտ է իր գերմանացի արմատներով: Ան, իբրեւ բարձր դատաւոր ոստիկան ծառայած է 1999-ի գերմանական եւ ամերիկեան Սթէուպէն փառատօնին, որ տեղի ունեցած է Նիւ Եորքի մէջ:[31]

 
Թրամփ 18 տարեկանին Նիւ Եորքի Զինուորական Ակադեմիայի մէջ, 30 Յունիս 1964

Ընտանիքը երկու յարկանի տուն մը ունէր Ճամայքայի Միտլանտ Փարքուէյի մէջ, ուր Թրամփ ապրած էր «Տը Քիու-Ֆորեսթ Սքուլ» յաճախած ժամանակ:[32] Թրամփ դպրոցը ձգած է 13 տարեկանին եւ մտած է Նիւ Եորքի Քորնուոլ քաղաքին մէջ գտնուող Նիւ Եորքի Զինուորական Ակադեմիա[33], ուր աւարտած է 8-րդ դասարանն ու երկրորդական վարժարանը: 1983-ին, Ֆրէտ Թրամփ հարցազրոյց վարողի մը ըսած է, թէ մանկութեան Թրամփ բաւական ծոյլ աշակերտ եղած է:[34] Թրամփ մասնակցած է տողանցքներուն, հագած է տարազ եւ աւարտական տարին ստացած է հրամանատարի աստիճան: Ան փոխանցուած է հրամատարութեան աշակերտի կարգէն, հաստատուած՝ իրմէ ստորադասի մը կողմէ, կորսուած կրտսերի մը փաստէն ետք: Թրամփ այս փոխանցումը կ'եզրակացնէ իբրեւ «բարձրացում»:[35] 2015-ին, ան կենսագրական գրողի մը ըսած է, թէ զինուորական ակադեմիան «զայն զինուորութեան գացողէ մը աւելի լաւ մարզած է»:[36]

Թրամփ 2 տարի ուսանած է «տը Պրոնքս»-ի Ֆորտհամ Համալսարանին մէջ, Օգոստոս 1964-էն սկսեալ: Ապա, փոխանցուած է Փենսիլխանիոյ Համալսարանի «Ուորթըն Սքուլ», ուր կը դասաւանդուէր շինարարական ընկերութիւններու գիտութիւններ, որ այդ օրերուն ԱՄՆ-ի մէջ ամէն տեղ գտնելը կարելի չէր:[37][38] Ուսանած ժամանակ, ան կ'աշխատէր իր ընտանիքի հիմնած ընկերութեան՝ «Էլիզապէթ Թրամփ եւ որդիք» հաստատութեան մէջ, որ կոչուած է իր հօրենական մեծ մօր անունով:[39] Մայիս 1968-ին, Թրամփ կը վկայուի Քաղաքական Տնտեսագիտութեան պսակաւոր գիտութեանց վկայականով:[38][40][41]

Թրամփ չէ մասնակցած Վիեթնամի պատերազմին:[42] Ուսանած տարիներուն՝ 1964-էն 1968, ան 4 անգամ յետաձգած է զինուորութիւնը, իբրեւ աշակերտ:[43] 1966-ին, ան յարմար նկատուած է ծառայութեան, զինուորական բժշկական քննութիւններէ ուղղուած եւ 1968-ին, ան նաեւ յարմար նկատուած է տեղական ծրագիրի յանձնախումբին կողմէ, բայց Հոկտեմբեր 1968-ին ստացած է բժշկական յետաձգում:[44] Դեկտեմբեր 1969-ին, Թրամփ խումբի վիճակահանութեան բարձր թիւ մը ստացած է, որ զայն ազատած է ծառայութենէն:[44][45][46]

Առեւտրական Ասպարէզ

Խմբագրել

«Տը Էքոնոմիսթ» 2016-ին Թրամփի առեւտրական ասպարէզին վրայ կայացած քննութիւն մը կատարած է եւ եզրակացուցած՝ թէ «իր աշխատանքը (1985-էն 2016) եղած է միջին, բաղդատած՝ Նիւ Եորքի շուկային եւ ստացուածքներուն», նկատի ունենալով իր յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները:[47] Քննութիւն մը կատարած է նաեւ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ», որուն լրագրողը Թրամփի ընտրական պայքարին կողմէ մերժուած մամլոյ յանձնարարականներ էին: Անոնք եզրակացուցած են, թէ «Թրամփ խառնուրդ մըն է սնապարծութեան, առեւտրական անկումներու եւ շինարարական յաջողութիւններու»:[48]

Շինարարական Աշխատանք

Խմբագրել

Վաղ Ասպարէզ

Խմբագրել

Նախքան համալսարանը աւարտելը, Թրամփ իր շինարարական աշխատանքի ասպարէզը սկսած է իր հօր՝[49] Ֆրէտ Թրամփի «Էլիզապէթ Թրամփ եւ որդիք» հաստատութեան մէջ,[50] որ կեդրոնացած էր միջին դասակարգի վարձու տուներու շինարարութեամբ, Նիւ Եորք Սիթիի աւաններէն՝ Պրուքլինի, Քուինզի եւ Սթէյթըն Այլընտի մէջ։ Իր նախավկայեալ ուսման ժամանակ, Ֆրէտ եւ Տանըլտ Թրամփ գործածած են $500.000-ի ներդրում, որպէսզի յաջողութեամբ բանան նախապէս փակուած «Սուիֆթըն Վիլէճ» յարկաբաժիններու աւանը, Սինսինաթիի մէջ, Օհայօ:[51]

1971-ին, ան կը սկսի հաստատութիւնը վարել եւ առաջին գործերէն կ'ըլլայ զայն վերանուանել «Տը Թրամփ Կազմակերպութիւն»:[52][53] Ան կը նշանակուի կազմակերպութեան նախագահը, 1973-ին: Այդ տարին, ինք եւ իր հայրը աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձուցին, երբ Արդարութեան Բաժանմունքը հաստատեց, թէ անոնք աւելի խտարականութիւն կը դնեն սեւերու միջեւ, որոնք կ'ուզեն իրենց յարկաբաժիններէն վարձել, քան ցած ամսականներ ունեցողներ, որոնց նշած է Թրամփ: Ապա, ստորագրուած է պայմանագրութիւն մը, որուն մէջ Թրամփները չեն ուզեր որեւէ սխալ գործ ընել եւ որակեալ փոքրամասնութիւններէ դիմողները պիտի ներկայացուին Քաղաքային Լիկայի կողմէ:[54][55]

Թրամփի առաջին մեծ գործը կ'ըլլայ Մանհաթընի մէջ, 1978-ին: Հոն, ան կը վերաձեւաւորէ Քոմոտոր պանդոկի Կեդրոնական Մեծ Վերջակայանին մօտ գտնուող Կրանտ Հիաթ պանդոկը: Այս գործը հովանաւորուած է 70 միլիոն ամերիկեան տոլարի կառուցման մուրհակով, որ միասնաբար երաշխաւորուած էր Ֆրէտ Թրամփի եւ Հիաթ պանդոկին կողմէ:[56][57]

Թրամփի Աշտարակ

Խմբագրել
 
Թրամփի Աշտարակ Միտթաուն Մանհաթընի Հինգերորդ Պողոտայէն դիտուած

1978-ին, Թրամփ համաձայնութիւններ կը գոյացնէ 58 յարկանի, 202 մեթրնոց (663 ոտք) աշտարակ մը կառուցելու Միտթաուն Մանհաթընի մէջ։ Այս աշտարակը կոչուեցաւ Թրամփի Աշտարակ: Այս աշխատանքը «Տը Նիու Եորք Թայմզ»-ը վերագրած է իր «յարատեւութեան» եւ «բանակցութեան ձիրքերուն»:[58] Շինարարական աշխատանքները աւարտած են 1983-ին, ինչպէս նաեւ Տանըլտ Թրամփի բուն բնակարանը եւ «Տը Թրամփ» կազմակերպութեան կեդրոնը:[59] Թրամփի Աշտարակէն կը սփռուի «Էն.Պի.Սի»-ի «Տը Ափրենթիս» յայտագիրը: Հոն նաեւ կը գտնուի պատկերասփիւռի արուեստանոց մը:[60]

Շինութիւնը կը գտնուի նախկին Պոնուիթ Թելլըր վաճառատան տեղը, որ նշանաւոր էր իր ճարտարապետութեամբ: Անոր կործանումը հակամարտ էր, անոր ճակատը գտնուող «Արթ Տեքօ» քանդակներու կործանման պատճառով,[61][62] ինչպէս նաեւ յանձնառուի 200 անօրէն լեհ գործաւորներ աշխատցնելու պատճառով, որոնք ժամական 4-5 տոլար կը գանձէին, 12 ժամ աշխատանքով:[63][64] 1990-ին, Թրամփ վկայած է, թէ ինք շատ հազուադէպ այցելած է վայրը եւ անտեղեակ էր անօրէն աշխատողներէն:[65][66]

Ընդարձակում

Խմբագրել
 
Ուոլման Չմշկելու Կեդրոն, Սենթրըլ Փարք

1980-ին, Սենթրըլ Փարքի մէջ գտնուող Ուլման Չմշկելու Կեդրոնի նորոգութեան աշխատանքները սկսան ընդհանուր շինարարի մը կողմէ, որ որեւէ մէկ կապ չունէր Թրամփի հետ: Այս նորոգութեան համար նախատեսուած էր երկուքուկէս տարի, բայց 1986-ին տակաւին իր աւարտին չէր հասած: Ապա, Թրամփ ստանձնեց այս գործը եւ զայն ամբողջացուց 3 ամիսէն, 1,95 միլիոն ամերիկեան տոլարով, որ 750.000 ամերիկեան տոլարով պակաս էր սկիզբի պիւտճէէն, ապա այս չմշկարանի մէկ տարուան հասոյթը նուիրեց բարեսիրական միութեան, փոխարէնը ստանալով անոր արտօնութեան իրաւունքը:[67]

1984-ին, տեղի ունեցած է «Հարրազ աթ Թրամփ Փլազա»յի բացումը, Աթլանթիք Սիթի, Նիւ Ճըրսիի մէջ։ Այս պանդոկը եւ բախտախաղի կեդրոնը կառուցուած է Թրամփի կողմէ, Հոլիտէյ Քորփի ֆինանսաւորումով[68] ու գործարկուած Հոլիտէյ Քորփի բախտախաղի բաժանմունքին կողմէ: Բախտախաղի կեդրոնի անյաջողութիւնը խնդիրներ յառաջացուցին Թրամփի եւ Հոլիտէյ Քորփի միջեւ:[69] Ինչպէս նաեւ, Թրամփ Հիլթըն Առեւտրական Ընկերութեան կողմէ Աթլանթիք Սիթիէն գնեց մասամբ շինուած շէնք մը, 320 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ: 1985-ին, երբ ամբողջացաւ շինութիւնը, կոչուեցաւ Թրամփի Պալատ, որ կառավարուեցաւ Թրամփի առաջին կնոջ՝ Իւանայի կողմէ:[70]

1985-ին, Փալմ Պիչ, Ֆլորիտայի մէջ, Թրամփ գնեց Մար-ա-Լակօ կալուածը, որ կ'արժէր 5 միլիոն ամերիկեան տոլար, ինչպէս նաեւ 3 միլիոն տոլար ծախսուեցաւ կահաւորումին համար: Որպէս ձմեռնային հանգստեան տուն ծառայելէ անկախ, Թրամփ այդ կալուածը վերածած է անձնական ակումբի, որուն անդամակցութիւնը կ'արժէր 150.000 ամերիկեան տոլար: Մօտաւորապէս նոյն ժամանակին, ան Լի Այոքայի հետ Փալմ Պիչի մէջ գնեց տիրակցութեան աւան մը, որ դարձաւ Փալմ Պիչի Թրամփ Փլազան:[71]

1988-ին, Թրամփ Մանհաթթանի Փլազա պանդոկը գնեց 400 միլիոն ամերիկեան տոլարի: Գործը եւ նորոգութեան աշխատանքները դարձեալ կառավարուեցան Իւանայի կողմէ:[72]

Նոյն տարին, Թրամփ Թաժ Մահալի Բախտախաղի կեդրոնը գնեց Մըրվ Կրիֆինի եւ «Րիզօրց Ինթըրնաշընըլ»ի գործառնութեամբ:[73] Ապրիլ 1990-ին կատարուած է բացումը կեդրոնին, որուն շինարարութեան ծախսերը արժած են 1,1 միլիառ ամերիկեան տոլար, որ այդ ժամանակուան ամէնասուղ բախտախաղի կեդրոնի շինութեան ծախսերը եղած են:[74][75] Այս շինութեան կառուցման համար, 675 միլիոն ամերիկեան տոլար պարտքի դրամ առնուած է[76] 14 առ հարիւր տոկոսով, ինչ որ պատճառ դարձած է այս ծրագրի սնանկութեան:[77] Դրամատուներն ու արժէտէրերը, որոնք հարիւրաւոր միլիոն տոլարներու վնասներ կրեցին, ուզեցին վերատեսութեան ենթարկել այս մուրհակները:

Թաժ Մահալը սնանկանալու սկսաւ 5 Հոկտեմբեր 1991-ին, երբ Թրամփ կորսնցուց անոր սեփականութեան իրաւունքին 50 առ հարիւրը, մուրհակներու տոկոսը նուազելու եւ ժամանակի երկարաձգումի պատճառներով:[78] Ան նաեւ ծախեց իր Թրամփ Շաթըլ օդանաւային ընկերութիւնը եւ 86 մեթրանոց Մեկայախթը՝ տը Թրամփ Փրինսէսը:[76][79][80] Ան այս կալուածը դարձեալ գնեց 1996-ին եւ անիկա կոչուեցաւ Թրամփ Հոթըլզ էնտ Րիզօրց: Ասիկա դարձեալ սնանկութիւն ապրեցաւ1,8 միլիառ ամերիկեան տոլար պարտքով, 2004-ին: Այս մէկը պատճառ դարձաւ Թրամփի հինգ տարուան սնանկութեան 50 միլիոն ամերիկեան տոլար իր հարստութեամբ եւ 500 միլիոն ամերիկեան տոլար պարտքով: Վերատեսութեան ենթարկուելէ ետք, Թրամփի բաժին մնաց Թաժ Մահալի սեփականութեան միայն 10 առ հարիւրը, ինչպէս նաեւ ուրիշ այլ բախտախաղի կեդրոններ:[80] 1995-ի կէսերէն մինչեւ 2009-ի սկիզբը, Թրամփ ատենապետն էր կազմակերպութեան, որուն անունը փոխուեցաւ «Թրամփ Ինթըրթէյնմընթ Րիզօրց»-ի, իսկ 2000-ի կէսէն մինչեւ 2005-ի կէսը՝ անոր տնօրէնը:[81]

Գործի Սնանկութիւններ

Խմբագրել

Թրամփ երբեք անձնական սնանկութիւն չէ ունեցած, բայց բախտախաղի կեդրոններու եւ պանդոկներու գործերը ունեցած են 6 անգամ 1991-էն 2009 թուականներուն, դրամատուներու եւ արժետէրերու հետ մուրհակներ կարգադրելու համար:[82][83] Այս գործերը կ'ապրէին 11 գլուխի սնանկութիւն, այսինքն անոնք պարտքերու կարգադրութեան ժամանակ տակաւին կրնային գործել: 2011-ին, այս մասին «Նիուզուիք» հարցուցած է Թրամփի, որ ըսած է.- «Սնանկութեան օրէնքներուն հետ կը խաղամ. Այս մէկը շատ լաւ է ինծի» պարտքերս զեղչելու համար»:[84][85]

Վեց սնանկութիւններուն պատճառներն ալ Աթլանթիք Սիթիի եւ Նիւ Եորքի մէջ իր կարողութենէն աւելի բարձր գործերու ձեռնարկումներն էին, որոնք են Թրամփի Թաժ Մահալը (1991), Թրամփ Փլազա Պանդոկն ու Բախտախաղի Կեդրոնը (1992), Փլազա Պանդոկը (1992), Փլազա Քասըլ Պանդոկն ու Բախտախաղի Կեդրոնը (1992),«Թրամփ Հոթըլզ էնտ Րիզօրց»-ը (2004), եւ «Թրամփ Ինթըրթէյնմընթ Րիզօրց»-ը (2009):[86][87][88] Թրամփ ըսած է.- «Պարտքերէն զեղչելու համար, օգտագործած եմ այս երկրին օրէնքները... Պիտի ունենանք միութիւնը: Պիտի ձեռնարկենք նորերու: Դրամատուներու հետ բանակցութիւններ պիտի վառենք: Լաւ սակարկութիւն մը պիտի ընենք: «Աշկերտի» պէս է այս մէկը: Անձնական բան մը չէ: Պարզապէս գործ է»:[77]

Կողմնակի Բախտաւորութիւններ

Խմբագրել

Երբ Թրամփ ստանձնեց իր ընտանիքին շինարարական ընկերութիւնը, զայն վերանուանեց «Տը Թրամփ Կազմակերպութիւն»: Ան շինարարական աշխատանքները ընդարձակելու կողքին, յանձն առաւ շարք մը այլ առեւտրական աշխատանքներ եւ հետզհետէ ընկերութիւնը հարիւրաւոր առանձին առեւտրական ընկերութիւններու եւ գործակիցներու մայր կազմակերպութիւնը դարձաւ։[89]

Մարզական Նախաձեռնութիւններ

Խմբագրել

Սեպտեմբեր 1983-ին, Թրամփ գնած է Նիւ Ճըրսի Ճեներալզ ամերիկեան ֆութպոլի խումբը, որ խաղացած է ԱՄՆ-ի ֆութպոլի լիկային մէջ։ Այս լիկան գարնան եւ ամրան խաղացած է երեք շրջան: 1985-ի շրջանէն ետք, կազմակերպութիւնը նիւթական դժուարութիւններու պատճառով անկում ապրած է, հակառակ «Էն.Էֆ.Էլ»-ի դէմ դատը շահելուն:[90]

Ան նաեւ եղած է Մայք Թայսընի նիւթական խորհրդատուն:[91] 1989-ին եւ 1990-ին, Թրամփ հեծելարշաւի մրցաշարքի մը տուած է Թուր տը Թրամփ անունով, որուն նպատակն էր ստեղծել Թուր տը Ֆրանսի կամ Ճիրօ տ՚Իթալիայի մակարդակով մրցաշարք մը:[92]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 Certificate of Birth Registration
  2. 2,0 2,1 Donald Trump masqueraded as publicist to brag about himself
  3. Trump lied to me about his wealth to get onto the Forbes 400. Here are the tapes.
  4. Trump vs Trump in Battle of the Exes
  5. https://www.usnews.com/news/national-news/articles/2018-03-07/trump-is-called-david-dennison-in-stormy-daniels-lawsuit-meet-the-real-one
  6. Person Profile // Internet Movie Database — 1990.
  7. 7,0 7,1 7,2 7,3 The Jamaica Hospital Certificate of Birth
  8. http://www.nytimes.com/aponline/2015/02/05/us/ap-financial-markets-us-open.html
  9. http://www.nytimes.com/aponline/2015/02/12/us/ap-us-baggage-handlers-jfk.html
  10. Coates T. The First White PresidentThe Atlantic, 2017.
  11. https://www.christianitytoday.com/news/2020/october/trump-nondenominational-presbyterian-religious-eisenhower.html
  12. 12,0 12,1 12,2 12,3 12,4 12,5 President Donald J. Trump — 2017.
  13. Forbes / S. ForbesNYC: Forbes, 1917. — ISSN 0015-6914
  14. SAG-AFTRA Statement on Donald J. Trump’s Resignation from the Union — 2021.
  15. Bush says Trump was a Democrat longer than a Republican 'in the last decade' — 2015.
  16. https://www.hollywoodreporter.com/features/trumps-wedding-melania-bill-hill-880088
  17. 17,0 17,1 17,2 17,3 17,4 (unspecified title) — 2004.
  18. 18,0 18,1 Գերմանիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
  19. «#156 Donald Trump»։ Forbes 
  20. «Donald J. Trump Statement On Preventing Muslim Immigration» (Press Release)։ donaldjtrump.com։ December 7, 2015 
  21. Jamaica Hospital (June 14, 1946)։ «Certificate of Birth: Donald John Trump» (PDF)։ Fox News Channel։ արխիւացուած բնօրինակէն April 9, 2011-ին։ արտագրուած է՝ May 31, 2016 
  22. Horowitz Jason (January 2, 2016)։ «For Donald Trump, Lessons From a Brother's Suffering»։ Նյու Յորք Թայմս։ արտագրուած է՝ July 24, 2016 
  23. Blair Gwenda (August 24, 2015)։ «The Man Who Made Trump Who He Is»։ Politico։ արտագրուած է՝ July 24, 2016 
  24. «Mary MacLeod Trump Philanthropist, 88»։ Նյու Յորք Թայմս (Obituary)։ August 9, 2000։ արտագրուած է՝ May 12, 2016 
  25. 25,0 25,1 Pilon Mary (June 24, 2016)։ «Donald Trump's Immigrant Mother»։ The New Yorker 
  26. McGrane Sally (April 29, 2016)։ «The Ancestral German Home of the Trumps»։ The New Yorker 
  27. Davidson Amy (April 8, 2016)։ «Donald Trump’s Nuclear Uncle»։ The New Yorker։ արտագրուած է՝ July 24, 2016 
  28. «Donald Trump's grandfather ran Canadian brothel during gold rush»։ CBC News։ September 19, 2015։ արտագրուած է՝ December 10, 2015 
  29. Blair, Gwenda (2001). The Trumps: Three Generations of Builders and a Presidential Candidate (1st ed.). Simon & Schuster. pp. 28–29 and p. 453. ISBN 9780743210799.
  30. Blair Gwenda (2001)։ The Trumps: Three Generations That Built an Empire։ New York: Simon & Schuster։ էջ 26։ ISBN 978-0-7432-1079-9 
  31. Frates Chris (August 24, 2015)։ «Donald Trump's Immigrant Wives»։ CNN։ արտագրուած է՝ September 3, 2015 
  32. Horowitz Jason (September 22, 2015)։ «Donald Trump's Old Queens Neighborhood Contrasts With the Diverse Area Around It»։ Նյու Յորք Թայմս։ արտագրուած է՝ January 17, 2016 
  33. Strauss Valerie (July 17, 2015)։ «Yes, Donald Trump really went to an Ivy League school»։ The Washington Post։ արտագրուած է՝ February 27, 2016 
  34. Bender, Marylin (August 7, 1983)։ «The empire and ego of Donald Trump»։ The New York Times։ արտագրուած է՝ May 22, 2008 
  35. Miller Michael (January 9, 2016)։ «50 years later, disagreements over young Trump's military academy record»։ The Washington Post։ արտագրուած է՝ April 9, 2016 
  36. Barbaro Michael (September 8, 2015)։ «Donald Trump Likens His Schooling to Military Service in Book»։ The New York Times։ արտագրուած է՝ September 8, 2015 
  37. Blair Gwenda (2005)։ Donald Trump: Master Apprentice։ Simon and Schuster։ էջեր 16–։ ISBN 978-0-7432-7510-1 
  38. 38,0 38,1 Viser Matt (August 28, 2015)։ «Even in college, Donald Trump was brash»։ The Boston Globe 
  39. Ehrenfreund Max (September 3, 2015)։ «The real reason Donald Trump is so rich»։ The Washington Post։ արտագրուած է՝ January 17, 2016 
  40. «The Best Known Brand Name in Real Estate»։ The Wharton School։ Spring 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-04-12-ին։ արտագրուած է՝ 2016-11-13 
  41. «Two Hundred and Twelfth Commencement for the Conferring of Degrees»։ University of Pennsylvania։ May 20, 1968։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ July 19, 2016-ին 
  42. Montopoli, Brian (April 29, 2011)։ «Donald Trump avoided Vietnam with deferments, records show»։ CBS News։ արտագրուած է՝ July 17, 2015 
  43. Lee Kurtis (August 4, 2016)։ «How deferments protected Donald Trump from serving in Vietnam»։ Los Angeles Times։ ISSN 0458-3035։ արտագրուած է՝ August 4, 2016 
  44. 44,0 44,1 Whitlock Craig (July 21, 2015)։ «Questions linger about Trump's draft deferments during Vietnam War»։ The Washington Post 
  45. Goldman Russell (April 29, 2011)։ «Donald Trump's Own Secret: Vietnam Draft Records»։ ABC News։ արտագրուած է՝ August 1, 2016։ «Nor do the documents categorically suggest it was deferments and not a high draft number that ultimately allowed him to avoid the draft.» 
  46. Eder Steve, Philipps Dave (August 1, 2016)։ «Donald Trump's Draft Deferments: Four for College, One for Bad Feet»։ The New York Times։ ISSN 0362-4331։ արտագրուած է՝ August 2, 2016։ «Because of his medical exemption, his lottery number would have been irrelevant, said Richard Flahavan, a spokesman for the Selective Service System, who has worked for the agency for three decades....Still, Mr. Trump, in the interviews, said he believed he could have been subject to another physical exam to check on his bone spurs, had his draft number been called. 'I would have had to go eventually because that was a minor medical....' But the publicly available draft records of Mr. Trump include the letters 'DISQ' next to his exam date, with no notation indicating that he would be re-examined.» 
  47. «From the Tower to the White House»։ The Economist։ February 20, 2016։ արտագրուած է՝ February 29, 2016։ «Mr Trump's performance has been mediocre compared with the stockmarket and property in New York.» 
  48. Swanson Ana (February 29, 2016)։ «The myth and the reality of Donald Trump's business empire»։ The Washington Post 
  49. «In Step With: Donald Trump»։ Parade։ November 14, 2004։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ October 14, 2010-ին 
  50. Trump Donald J., Schwartz Tony (January 1989) [First published 1987]։ Trump: The Art of the Deal։ Warner Books։ էջ 46։ ISBN 978-0-446-35325-0։ «He called his company Elizabeth Trump & Son ...» 
  51. «Donald Trump's Bond Hill connection»։ The Enquirer։ August 12, 2015 
  52. Blair Gwenda (2005)։ Donald Trump: Master Apprenticel։ Simon & Schuster։ էջ 23։ ISBN 978-0-7432-7510-1 
  53. Kelly Conor (July 27, 2015)։ «Meet Donald Trump: Everything You Need To Know (And Probably Didn't Know) About The 2016 Republican Presidential Candidate»։ ABC News 
  54. Dunlap David (July 30, 2015)։ «1973: Meet Donald Trump»։ Նյու Յորք Թայմս։ արխիւացուած բնօրինակէն July 31, 2015-ին։ «Trump Management ... was also to allow the league to present qualified applicants for every fifth vacancy... Trump himself said he was satisfied that the agreement did not 'compel the Trump Organization to accept persons on welfare as tenants unless as qualified as any other tenant.'» 
  55. Kranish Michael, O'Harrow Robert (January 23, 2016)։ «Inside the government's racial bias case against Donald Trump's company, and how he fought it»։ The Washington Post։ «Civil rights groups in the city viewed the Trump company as just one example of a nationwide problem of housing discrimination. But targeting the Trumps provided a chance to have an impact, said Eleanor Holmes Norton, who was then chairwoman of the city's human rights commission. 'They were big names.'» 
  56. Wooten Sara McIntosh (2009)։ Donald Trump: From Real Estate to Reality TV։ էջեր 32–35։ ISBN 0-7660-2890-9 
  57. Kessler Glenn (March 3, 2016)։ «Trump's false claim he built his empire with a 'small loan' from his father»։ The Washington Post 
  58. «The Expanding Empire of Donald Trump»։ The New York Times։ April 8, 1984 
  59. Flegenheimer Matt, Haberman Maggie (March 29, 2016)։ «With the New York Presidential Primary, the Circus Is Coming Home»։ The New York Times։ արտագրուած է՝ March 29, 2016 
  60. «History»։ Trump Tower New York։ n.d.։ արտագրուած է՝ May 24, 2016 
  61. Gray Christopher (October 3, 2014)։ «The Store That Slipped Through the Cracks»։ The New York Times։ արտագրուած է՝ August 22, 2015 
  62. Leccese Michael (July 1, 1980)։ «New York City Trumped: Developer Smashes Panels»։ Preservation News։ արտագրուած է՝ August 22, 2015 
  63. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named Baquet13July
  64. Daly Michael (July 8, 2015)։ «Trump Tower Was Built on Undocumented Workers' Backs»։ The Daily Beast։ արտագրուած է՝ August 24, 2015 
  65. Hays Constance L. (April 27, 1991)։ «Judge Says Trump Tower Builders Cheated Union on Pension Funds»։ The New York Times։ արտագրուած է՝ March 9, 2016 
  66. Raab Selwyn (June 14, 1998)։ «After 15 Years in Court, Workers' Lawsuit Against Trump Faces Yet Another Delay»։ The New York Times։ արտագրուած է՝ August 24, 2015։ «Both sides, however, appealed the findings and each won partial victories. A Federal appeals court upheld most of Judge Stewart's decisions but ruled that Trump-Equitable had been denied a full opportunity to rebut the charge that the funds had been damaged by the loss of contributions for the Polish workers. The appeals court also ruled that Judge Stewart wrongly dismissed a claim by the plaintiffs that the Trump group was responsible for payments to the funds because it had been the workers' actual employer.» 
  67. Freedlander David (September 29, 2015)։ «A 1980s New York City Battle Explains Donald Trump’s Candidacy»։ Bloomberg L.P.։ Bloomberg։ արտագրուած է՝ October 23, 2016 
  68. Wooten Sara McIntosh (2009)։ Donald Trump: From Real Estate to Reality TV։ էջեր 57–58։ ISBN 0-7660-2890-9 
  69. Swartz Steve (November 11, 1985)։ «Holiday, Trump drafting terms to end rocky alliance over Atlantic City casino»։ The Wall Street Journal   – via ProQuest (subscription required)
  70. Wooten Sara McIntosh (2009)։ Donald Trump: From Real Estate to Reality TV։ էջեր 59–60։ ISBN 0-7660-2890-9 
  71. Wooten Sara McIntosh (2009)։ Donald Trump: From Real Estate to Reality TV։ էջ 62։ ISBN 0-7660-2890-9 
  72. Wooten Sara McIntosh (2009)։ Donald Trump: From Real Estate to Reality TV։ էջեր 65–66։ ISBN 0-7660-2890-9 
  73. Cuff Daniel (December 18, 1988)։ «Seven Acquisitive Executives Who Made Business News in 1988: Donald Trump – Trump Organization; The Artist of the Deal Turns Sour into Sweet»։ Նյու Յորք Թայմս։ արտագրուած է՝ May 27, 2011 
  74. Glynn Lenny (April 8, 1990)։ «Trump's Taj — Open at Last, With a Scary Appetite»։ Նյու Յորք Թայմս։ արտագրուած է՝ August 14, 2016 
  75. Parry Wayne (May 20, 2016)։ «New owner wants to make Trump's Taj Mahal casino great again»։ PBS NewsHour։ Associated Press։ արտագրուած է՝ August 14, 2016 
  76. 76,0 76,1 «Trump reaches agreement with bondholders on Taj Mahal»։ United Press International։ April 9, 1991։ արտագրուած է՝ March 21, 2016 
  77. 77,0 77,1 Bingham Amy (April 21, 2011)։ «Donald Trump's Companies Filed for Bankruptcy 4 Times»։ ABC News։ արտագրուած է՝ February 20, 2015 
  78. «Taj Mahal is out of Bankruptcy»։ Նյու Յորք Թայմս։ October 5, 1991։ արտագրուած է՝ May 22, 2008 
  79. Schneider Karen S. (May 19, 1997)։ «The Donald Ducks Out»։ People։ արտագրուած է՝ September 10, 2015 
  80. 80,0 80,1 McQuade Dan (August 16, 2015)։ «The Truth About the Rise and Fall of Donald Trump's Atlantic City Empire»։ Philadelphia Magazine։ արտագրուած է՝ March 21, 2016 
  81. Tully Shawn (March 10, 2016)։ «How Donald Trump Made Millions Off His Biggest Business Failure»։ Fortune։ արտագրուած է՝ March 21, 2016 
  82. Hood, Bryan (June 29, 2015)։ «4 Times Donald Trump’s Companies Declared Bankruptcy»։ Vanity Fair News։ արտագրուած է՝ January 17, 2016 
  83. Hao Li (April 12, 2011)։ «Donald Trump Questioned on His Bankruptcies»։ International Business Times։ արտագրուած է՝ February 19, 2015 
  84. Stone Peter (May 5, 2011)։ «Donald Trump's lawsuits could turn off conservatives who embrace tort reform»։ The Center for Public Integrity։ արտագրուած է՝ March 14, 2016 
  85. Kurtz Howard (April 24, 2011)։ «Kurtz: The Trump Backlash»։ Newsweek։ արտագրուած է՝ March 14, 2016 
  86. Winter Tom։ «Trump Bankruptcy Math Doesn't Add Up»։ NBC News։ արտագրուած է՝ October 8, 2016 
  87. O'Connor Clare (April 29, 2011)։ «Fourth Time's A Charm: How Donald Trump Made Bankruptcy Work For Him»։ Forbes։ արտագրուած է՝ February 19, 2015 
  88. Hirby James։ «How is Donald Trump Able to File for Bankruptcy So Many Times?»։ The Law Dictionary։ արտագրուած է՝ February 19, 2015 
  89. Zurcher Anthony (July 23, 2015)։ «Five take-aways from Donald Trump's financial disclosure»։ BBC։ արտագրուած է՝ January 17, 2016 
  90. Markazi Arash (July 14, 2015)։ «5 things to know about Donald Trump's foray into doomed USFL»։ ESPN 
  91. Anderson, Dave (July 12, 1988)։ «Sports of The Times; Trump: Promoter Or Adviser?»։ The New York Times։ արտագրուած է՝ February 11, 2011 
  92. «Trump Gets Tyson Fight»։ The New York Times։ February 25, 1988։ արտագրուած է՝ February 11, 2011