Անդրանիկ Գըլըճեան
Անդրանիկ Գըլըճեան (1922, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1996, Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) պոլսահայ գրող։
Անդրանիկ Գըլըճեան | |
---|---|
Ծնած է | 1922 |
Ծննդավայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1996 |
Մահուան վայր | Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Իսթամպուլ եւ մահացած՝ Սան Ֆրանսիսքօ։ Յաճախած է Պոլսոյ Եսայեան եւ Կեդրոնական վարժարանները։ Վկայուած է Իսթանպուլի Գեղարուեստի Ակադամիայէն։ Ուսուցչագործած է Գարակէօզեան Որբանոցի, Տատեան, Սահակեան-Նունեան, Ս. Խաչ Դպրեվանք եւ ամերիկեան վարժարաններու մէջ։ Տնօրէնի պաշտօն ստանձնած է Պէզճեան, Արամեան-Ունճեան վարժարաններուն մէջ։
Աշխատակցած է Տիթրոյթի «Միութիւն» հանդէսին։ Օգտագործած է Անդօ գրչանունը։ Հալէպի մէջ հեղինակած է Հայ լեզուի քերականութեան նուիրած 2 հատորներ։ Վերջին տարիներուն զբաղած է գեղանկարչութեամբ, միշտ ստորագրելով Անդօ։ 1965-ին հաստատուած է Տիթրոյթ[1]։
Հրատարակուած գործ
Խմբագրել- Ստեղծագործութիւն (բանաստեղծութիւն)-ԱՄՆ, 1996։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Կարօ Աբրահամեան, Ժամանակակակից իսթանպուլահայ գրողներ, հ. Ա (խմբ. Պէպօ Սիմոնեան), Անթիլիաս, «Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», 2004։