Արամ Գարամանուկեան

Արամ Գարամանուկեան (1 Մայիս 1910(1910-05-01), Այնթէպ, Այնթապի սանջակ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 23 Դեկտեմբեր 1996(1996-12-23), Ֆորթ Լի, Պերկըն Քաունթի, Նիւ Ճըրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), սուրիական բանակի հայազգի զօրավար-տեղակալ, իրաւաբան[2]։

Արամ Գարամանուկեան
Ծնած է 1 Մայիս 1910(1910-05-01)
Ծննդավայր Այնթէպ, Այնթապի սանջակ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 23 Դեկտեմբեր 1996(1996-12-23) (86 տարեկանին)
Մահուան վայր Ֆորթ Լի, Պերկըն Քաունթի, Նիւ Ճըրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Ուսումնավայր Հատուկ Ռազմական Դպրոց Սեն Սիր?
Փարիզի Համալսարան
Սեն Ժոզէֆ համալսարան
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, զինուորական
Վարած պաշտօններ Սիրիայի Ժողովրդական խորհրդի անդամ?
Ծնողներ Հայր՝ Յակոբ Գարամանուկեան, մայր՝ Մարիամ Լէյլէքեան[1]

Գարամանուկեան ծնած է 1910-ին՝ Այնթապ: Նախնական ուսումը կը ստանայ ծննդավայրի Ադենական եւ Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանին մէջ[3], իսկ երկրորդականը՝ Ֆրեր Մարիսթներու գոլէճը:

1932-ին կը ընդունուի Դամասկոսի Զինուորական վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ կ'ըլլայ, հրետանիի ճիւղէն, 1934-ին: Իր մասնագիտութիւնը կը կատարելագործէ Ֆրանսա, «École d’Application d’Artillerie»-ի մէջ 1938-39[4]:

Բարձրագոյն զինուորական կրթութիւնը կը ստանայ Փարիզ, École Supérieure de guerre-ի մէջ, 1945-ին: Սուրիական Արաբական բանակին մէջ կը վար է պատասխանատու պաշտօններ: 1949-57, կ՛ըլլայ Սուրիական հրետանիի Ընհդ. Հրամանատար եւ Ընդհ. Սպայակոյտի անդամ: Կը մասնակցի Պաղեստինի պատերազմներուն:

Յաջորդական յառաջխաղացումներով, 1956-ին կը ստացնէ զօրաբաժինի Զօրավարի աստիճան եւ հանգստեան կը կոչուի 1958-ին:

1961-ին, Հալէպ քաղաքի կողմէն, կ՛ընտրուի Սուրիական խորհրդարանի եւ Սահմանադիր ժողովի անդամ: 1964-էն սկսեալ կը հետեւի Պէյրութի Ֆրանսական իրաւագիտական բաժանմունքի դասընթացներուն: Ապա շարունակելով իր իրաւագիտական ուսումը Փարիզի Համալսարանին մէջ, 1972-ին կ՛ընդունուի իբրեւ docteur en droit d’état, եւ իր աւարտաճառը կ՛ըլլայ «Օտարականները եւ զինուորական ծառայութիւնը», ուր գլուխ մը կը յատկացնէ Հայկական լեգէոնին:

Զինուորական ասպարէզին ընթացքին կը պարգեւատրուի Սուրիական, Լիբանանեան եւ Եգիպտական արժանեաց Առաջին կարգի բազմաթիւ շքանշաններով եւ կը ստանայ Ֆրանսական Պատուոյ Լեգէոնի սպայի աստիճան (Officier de la légion d’honneur):

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել