Արմենակ Հայկազեան

Արմենակ Հայկազեան (1870, Հաճըն, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1921, Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն), աստուածաբան, մանկավարժ, գիտնական, լեզուաբան եւ երաժիշտ:

Արմենակ Հայկազեան
Ծնած է 1870
Ծննդավայր Հաճըն, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1921
Մահուան վայր Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Ստորագրութիւն

Արմենակ Հայկազեան,  «The New York Times»-ի կողմէ  կը համարուի «Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն ականաւոր հայ մանկավարժը»։

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է  Յարութիւն Հայկազեանի եւ Մէյրի Թավոնքեանի յարկին տակ:

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Հաճընի մէջ, զորս աւարտելէ ետք 1885-ին, կ'անցնի Այնթէպ։ Ուսումը կը շարունակէ Այնթէպի «Կեդրոնական Թուրքիոյ Քոլէճ»ին մէջ, ուր ուսանողութեան վերջին երկու տարիներուն կ'ըլլայ նաեւ թուաբանութեան ուսուցիչ։

1889-ին՝ 19 տարեկանին, կը ստանայ Պսակաւոր Արուեստից աստիճանը։ Ապա կ'ընդունուի Մարաշի Աստուածաբանական Ճեմարանը, որուն շրջանը աւարտելէ ետք 1892-ին, կը ստանայ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ արտօնեալ քարոզիչի իրաւունք։ Յաջորդ երկու տարիներուն՝ 1892-1894, թուաբանութեան եւ ֆիզիքական աշխարհագրութեան դասախօս կը դառնայ Թարսուսի Ս. Պօղոս հաստատութեան մէջ։

Ուսումը շարունակելու համար 1894-ին կը  փոխադրուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Շիքակոյի համալսարանին մէջ  մէկ տարի կը հետեւի  Սեմական լեզուներու եւ բաղդատական կրօններու դասընթացքներուն, կեդրոնանալով Ասորեստանեան  հնագիտութեան վրայ։

Հարթֆորտ Աստուածաբանական Ճեմարանին մէջ կը  հետեւի Մերձաւոր Արեւելքի հին լեզուներու դասընթացքներուն։

1896-ին, S.T.B. աստիճանը կը շնորհուի իրեն առ ի գնահատանք՝ իր ցուցաբերած կրթական բարձր մակարդակին։

Դոկտորական աստիճան  ստանալու համար, կրթանպաստ կը ստանայ:  Եէյլ համալսարանի Աստուածաբանական կաճառին մէջ երկու տարի կը հետեւի Սեմական լեզուներու եւ Աստուածաշնչական գրականութեան։ 898-ին, 28 տարեկանին, կը ստանայ դոկտորականը, ներկայացնելով «Սոփոնիոյ Բնագիրը» աւարտաճառը։

Աւարտելէն ետք, կարճ ժամանակ մը կը հետեւի երաժշտութեան եւ ներդաշնակութեան դասընթացքներու Թորոնթոյի համալսարանին մէջ։

1899-ին, կը վերադառնայ Շիքակօ, ուր «University Congregational եկեղեցւոյ» հովիւ կը նշանակուի։ Նոյն տարին կը վերադառնայ Թուրքիա եւ մաս կը կազմէ 1892-ին հիմնուած Գոնիայի Ափոսթոլիք Ինսթիթիւթի (ծանօթ նաեւ Ճենանեան Քոլէճ անունով) դասախօսական կազմին իբրեւ կրթական տեսուչ։ Կը նշանակուի հաստատութեան վարիչ ապա՝ նախագահ զորս կը վարէ մինչեւ իր մահը։ Իր ջանքերով, հաստատութիւնը կը բարձրանայ Քոլէճի մակարդակի որմէ ետք կը վերածուի Ափոսթոլիք Քոլէճի (Ճենանեան Քոլէճ)։  Արեւելքի մէջ կրթական եւ միսիոնարական աշխատանք տանելու համար 1907-ին,  Քոլէճի Հոգաբարձուներուն Խորհուրդը իրաւասութիւն ձեռք կը ձգէ Նիւ Եորք Նահանգին օրէնսդրութեան հիմամբ յատուկ գրանցումի։ Ըստ միսիոնարական արխիւներու, հաստատութիւնը  ամբողջութեամբ ղեկավարուած է հայերու կողմէ։

1913-1914, 13 ամիս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ կ'աշխատի Քոլէճին նոր շէնքերու ձեռքբերման համար նիւթական  ապահովելու։ ԱՄՆ գտնուած այս միջոցին,  29 Յունիս - 6 Յուլիս, 1913,  կը մասնակցի Օրեկոն նահանգի Փորթլենտ քաղաքին մէջ կայացող Համաշխարհային Քրիստոնէական Քաղաքացիութեան համաժողովին։ Համաժողովը՝ հովանաւորութեամբ Բարեփոխումներու Ազգային Ընկերակցութեան, կը հիւրընկալէ բանախօսներ աշխարհի մեծ երկիրներէն։ Քաղաքական կեանքի եւ իրաւագիտութեան մէջ նշանաւոր անձեր, բարեկարգութեան գործընթացի փորձագէտներ, բարձրաստիճան եկեղեցականներ, հեղինակներ եւ մանկավարժներ իրենց ներդրումը կ'ունենան այս համաժողովին յաջողութեան մէջ։ Համաժողովին կը մասնակցէր նաեւ Թուրքիայէն պատուիրակ դոկտոր Հայկազեանը, որ  3 Յուլիսին կայացած նիստին կը ներկայացնէ «Արեւելքի Քրիստոնեայ Ուժերը» դասախօսութիւնը։

1914-ին, Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին յայտարարութենէն երկու օր առաջ կը վերադառնայ Գոնիա։

1915-ին, հայ բնակչութեան Գոնիայէն բռնագաղթուելէն ետք  Քոլէճը կը փակուի։ Նոյն տարուան 9 Մայիսին, դոկտոր Հայկազեան եւ իր ընտանիքը կ'աքսորուին Գոնիայէն, ապրելով  Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած ոճրագործութիւններուն արհաւիրքը։

Սեպտեմբեր 1919-ին, տեղւոյն ծնողներու պահանջին անսալով, Քոլէճը կը վերաբանայ  իր դռները երեք հարիւր ուսանողներով։

14 Յուլիս 1902-ին,  դոկտ. Հայկազեան կ'ամուսնանայ  հայ աւետարանական ականաւոր հովիւ Վեր. Տիգրան Ղազարոս Կարապետեանի եւ  Աննա Գաբրիէլեանի դստեր՝  Մաթիլտա Սրբուհիին հետ (1879-1968)։ Կը բախտաւորուին վեց դուստրերով ՝ Մէյրի (1903-2002), Տէյզի (1905-1987), Լիլի (1907-1970), Նելլի (1909-2006), Բենսի (1911-2010) եւ Արմինէ (1917-2002)։

18 Փետրուար 1920-ին,  Քեմալականներու  իշխանութեան հասնելէն առաջ դոկտոր Հայկազեան իր կինն ու երեք աղջիկները՝ Նելլին, Բենսին եւ Արմինէն կ'ուղարկէ Կոստանդնուպոլիս։

Ապահովական եւ ուսման նկատառումներով,  կինը եւ հինգ աղջիկները կը մեկնին Նիւ Եորք, ԱՄՆ, ուր կը հասնին 28  Փետրուար  1921-ին։

22 Մայիս 1921-ին, կիրակնօրեայ դպրոցի ընթացքին, դոկտոր Հայկազեան  կը ձերբակալուի քեմալական ուժերու կողմէ եւ 31 Մայիսին  կ'ուղարկուի Խարբերդ։

20 Յունիսին, Խարբերդ կը հասնի ֆիզիքապէս քայքայուած։ Իրեն հետ աքսորուած հայ եւ յոյն ականաւոր  մարդոցմէ վարակուած էր բծաւոր տենդով (թայֆըս)։

23 Յունիսին կ'ուղարկուի առողջապահական մեկուսացման կեդրոն եւ 29 Յունիսին կը մտնէ հիւանդանոց, Մեզիրէ։ Հիւանդանոց ընդունման ուշացումի պատճառով, վիճակը կը վատթարանայ եւ 7 Յուլիս 1921-ին կը մահանայ Մեզիրէի Ամերիկեան Միսիոնարական հիւանդանոցին մէջ։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի կ'ունենայ Խարբերդի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ,  ւ կը թաղուի Եկեղեցւոյ գերեզմանատունը։

Տարիներ ետք, իր աղջկան Մէյրիին եւ փեսային Աւագ  (Սթիվըն) Մեհակեանի կատարած 25,000 ամերիկեան տոլարի նուիրատուութեամբ եւ գործօն օժանդակութեամբ Ստեփան Փիլիպպոսեանի,  17 Հոկտեմբեր 1955-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական Ընկերակցութեան (AMAA)  կողմէ Պէյրութի մէջ  հիմը կը դրուի Ամերիկեան կրթական ծրագիրի  հետեւողութեամբ ազատ արուեստներու  Քոլէճի մը։ Քոլէճին նպատակն էր ուսուցիչներու եւ հովիւներու պատրաստութիւնը։ Քոլէճը կ'անուանուի իր անունով, առ ի երախտագիտութիւն հայ կրթութեան մէջ անոր ունեցած ներդրումին ու աւանդին։

1992-ին, Քոլէճը կը բարձրանայ Հայկազեան Համալսարանական Քոլէճի մակարդակին,  իսկ 1996-ին՝ Հայկազեան Համալսարանի։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. Haigazian, A.H. (1898). The Text of Zephaniah. [Doctoral dissertation, Yale University]
  2. Haigazian’s private letters (1919-1920) addressed to family and friends.
  3. The Hartford Seminary Record. (1896). Hartford Seminary Press
  4. Obituary Record of Yale Graduates. (1922). Yale University Archived 2021-06-05 at the Wayback Machine.
  5. Prof. Haigazian Dies of typhus at Harpoot. New York Times, May 26, 1922
  6. Program of citizenship conference today. Morning Oregonian, July 3, 1913
  7. Ship manifest. The Statue of Liberty - Ellis Island Foundation Inc
  8. Stone, F. A. (1975). Jenanyan and Haigazian: two Armenian Protestant educators in Anatolia. Armenian Review. 27, 391-395.
  9. Ward, M. The Deportations in Asia Minor 1921-1922 Archived 2021-06-04 at the Wayback Machine.