Օրորա (մրցանակ)
«Աւրորա» (անգլ.` "Aurora Prize for Awakening Humanity") համաշխարհային մարդասիրական մրցանակին նպատակն է արժանին մատուցել մեր օրերու հերոսներուն եւ գնահատել անոնց բացառիկ ազդեցութիւնը, մարդկային կեանքի պահպանման եւ մարդասիրական գործը յառաջ մղելու ոլորտին մէջ։ «Աւրորա» մրցանակը պիտի շնորհուի ամէն տարի 24 Ապրիլին` հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակի օրը, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունով` ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն:[1]
Դափնեկիրը կը ստանայ բացառիկ հնարաւորութիւն շարունակելու նուիրատուութեան շղթան` 1 միլիոն տոլարի մրցանակը ներկայացնելով զինք ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն:[2]
Նախապատմութիւն
Խմբագրել«Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակը «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան նախագիծերէն մէկն է:[3] Ան պաշտօնապէս մեկնարկած է 10 Մարտ 2015-ին Նիւ Եորքի մէջ։ «Աւրորա» մրցանակի հիմքը հայոց ցեղասպանութեան տարիներու խիզախութեան ու գոյապայքարի ոգեշնչող պատմութիւնն է: Մրցանակը անուանուած է Արշալոյս Մարտիկեանի անունով, որ դառնալով հայոց ցեղասպանութեան ականատեսը, փրկուելով ստրկութենէն, երկրէ երկիր տեղափոխուելով` ի վերջոյ հասած է Միացեալ Նահանգներ:
Ան ստացած է Աւրորա Մարտիկանեան անունը եւ գրած՝ «Յօշոտուած Հայաստան» գիրքը, ուր պատմած է իր վերապրած սարսափելի իրադարձութիւններուն մասին: Այս գիրքը յետագային հիմք ծառայեց ֆիլմի մը համար, որու գլխաւոր դերակատարը Աւրորան էր։ Տարիներ շարունակ այս ֆիլմը մեծ ճանաչում գտաւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ եւ հսկայական դեր խաղաց հայոց ցեղասպանութեան իրազեկման գործին մէջ:
Հռոմէական դիցարանի արշալոյսի աստուածուհին` Աւրորան եւս ծառայած է իբրեւ մրցանակի անուանման ներշնչանքի աղբիւր. մրցանակը նպատակ ունի լոյս սփռել այն հերոսական ջանքերուն վրայ, որոնք թէպէտ յաճախ կը մնան աննկատ, բայց աւելի լուսաւոր կը դարձնեն դժուարութեան մէջ գտնուողներու կեանքը:[4]
100 LIVES-ի Մասին
Խմբագրել100 LIVES նախաձեռնութեան հիմքը հայոց ցեղասպանութեան իրադարձութիւններն են: Նախագիծի համահիմնադիրներն են ձեռներէց ներդրող Նուպար Աֆէեանը, Նիւ Եորքէն՝ Վարդան Գրիգորեանը եւ բարերար ու գործարար Ռուբէն Վարդանեանը:[5] 100 LIVES-ը կը հրապարակէ հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներուն եւ անոնց փրկութեան ձեռք մեկնած մարդոց մասին պատմութիւնները: Այս պատմութիւնները հաւաքուած են գիտական հետազօտութիւններու, անձնական կապերու եւ 100lives.com կայքով հանրութեան կողմէ պատմութիւնները ներկայացնելու միջոցով:[6]
Հիմնադիրներ
Խմբագրել«Աւրորա» մրցանակը Վարդան Գրեգորեանի, Նուպար Աֆէեանի եւ Ռուբեն Վարդանեանի մարդասիրական ձեռնարկութիւնն է: Մարդոց ուշադրութիւնը աշխարհի ամէնախոցելի խումբերու խնդիրներուն վրայ կենդրոնացնելով եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ իրական ու նշանակալի գործ կատարած մարդոց պարգեւատրելու միջոցով` հիմնադիրները կը փորձեն ձեւաւորել մարդասիրական համաշխարհային նոր շարժում մը:[7]
Առաջադրում եւ Ընտրական Գործընթաց
ԽմբագրելԱռաջադրում
ԽմբագրելԱմէն տարի «Աւրորա» մրցանակը կը դիմէ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն եւ հանրութեան, կոչ ընելով առաջադրել այնպիսի անհատներու, որոնք արտաքին մեծ վտանգներ յաղթահարելու գնով, բացառիկ ազդեցութիւն ունեցած են մարդկային կեանքի փրկութեան եւ մարդասիրութիւնը յառաջ մղելու գործին մէջ:[8]
«Աւրորա» մրցանակին թեկնածու կրնայ ըլլալ որեւէ անհատ կամ խումբ, որ ուշադրութիւն գրաւած է մարդասիրական բացառիկ արարքով: Ինքնառաջադրումներ թոյլատրուած չեն:[9]
Ընտրութիւն
ԽմբագրելԱռաջադրուած թեկնածութիւնները կ'ուսումնասիրուին եւ կը դիտարկուին խիստ ընթացակարգով: Վերջնական ընտրութիւնը կը կատարէ անկախ ընտրող յանձնաժողովը[10], որու որոշումը հիմնուած կ'ըլլայ թեկնածուի ցուցաբերած հետեւեալ յատկանիշերուն հիման վրայ.
- խիզախութիւն զգալի յաղթահարումն է, մասնագիտական պարտքէն աւելին ընելն է յանուն մարդկային կեանքի:
- նուիրուածութիւն այնպիսի արժէքներու, ինչպէս ազնուութիւնը, ազատութիւնը, արդարութիւնը, ճշմարտապահութիւնը, պատասխանատուութիւնն ու կարեկցանքը:
- ազդեցութիւն իրենց համայնքի, երկրի եւ աշխարհի վրայ, երկարաժամկէտ հետեւանքներ ունենալը մարդոց փրկութեան գործին մէջ, մարդոց ոգեշնչումը` մղելով անոնց կեանքերը փրկելու:[11][12]
«Աւրորա» Մրցանակ – 2016
ԽմբագրելԸնտրող Յանձնաժողով
Խմբագրել«Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան անդրանիկ տարուան յաղթողները պիտի ճշդուին հեղինակաւոր դատական կազմի մը կողմէ, որու անդամներն են՝ Ճորճ Քլունին, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներ Էլի Վիզըլն ու Քոսթա Ռիքայի նախկին նախագահ Օսքար Արիասը, ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնախումբի նախկին բարձրագոյն յանձնակատար, Իրլանտայի առաջին կին նախագահ (1990-97) Մերի Ռոպինսընը, Իրանի առաջին կին դատաւոր Շիրին Էպաթին, Կանանց Խաղաղութեան եւ Անվտանգութեան Ցանցի (WIPSEN-Africa) գործադիր տնօրէն Լեյմա Քպովընը, Աւստրալիայի նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գծով ՄԱԿ-ի խորհրդականի ներկայացուցիչ Կէրըթ Էվընզը, մարդու իրաւունքներու ցուցարար Հինա Ճիլանին, Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախկին ղեկավար Կէրըթ Էվընզը, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի մէջ գործող Քառնըկի համագործակցականի նախագահ, իրանահայ Վարդան Գրիգորեանը:[13]
Թեկնածութիւններու առաջադրում
Խմբագրել2016-ի «Աւրորա» մրցանակի թեկնածութիւններու առաջադրումը սկսած է 1 Յուլիս 2015-ին եւ աւարտած` 1 Հոկտեմբերին: Ներկայացուած 186 առաջադրումները ներառած են 113 թեկնածուներ` 27 երկիրներէ:
Յաւակնորդներ
Խմբագրել- Տոքթոր Թոմ Քաթինա Սուտանի Նուպա լեռներու «գթութեան մայր» հիւանդանոցի բժիշկն է: Ամերիկացի մասնագէտը Հարաւային Սուտանի սահմանակից այս գօտիին մէջ մնայուն կերպով ներկայ միակ բժիշկն է եւ առանձին կը սպասարկէ այդ տարածքի 500 հազար բնակչութեան: Հակառակ Սուտանի կառավարութեան կողմէ տարածաշրջանի անդադար ռմբակոծումին, ան երբեք չի լքեր հիւանդանոցի տարածքը, որպէսզի գիշեր-ցերեկ հասանելի ըլլայ վիրաւորներուն: Տոքթոր Քաթինան TIME պարբերականի կողմէ դասուած է 2015-ի ամէնէն ազդեցիկ անհատականութիւններու շարքին:[14]
- Սայիտա Ղուլամ Ֆաթիմա իր կեանքը նուիրած է մերօրեայ ստրկութեան ձեւերէն մէկուն` կախեալ շահագործման վերացման համար Փաքիստանի մէջ տարուող պայքարին: Անոր գլխաւորած «Կախեալ շահագործուողներու ազատագրման ճակատ»ը օգնած է բազմաթիւ մարդոց, ինչպէս` 21 հազար երեխաներու, որոնք ստիպուած եղած են աշխատիլ աղիւսի թրծարաններուն մէջ` ծնողներու պարտքերը փակելու համար: Ֆաթիմայի դէմ բազմաթիւ մահափորձեր կատարուած են: Գործունէութեան ընթացքին ան բազմաթիւ անգամներ ենթարկուած է ֆիզիքական բռնութեան:
- Հայր Պերնառ Կինուի հոգեւորական դարձած է 19 տարեկանին` հօրը եւ չորս քոյրերու մահէն ետք: Հայրենի Տոգոյէն ան գործուղուած է Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութիւն` գլխաւորելու տեղի կաթոլիկ առաքելութիւններէն մէկը: 2012-ին, երկրի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին Հայր Կինուին ապաստան եւ բժշկական օգնութիւն տրամադրած է հակամարտութեան երկու կողմերուն` հետապնդումէն փրկելով հարիւրաւոր մարդիկ:[15]
Մրցանակաբաշխութիւն
Խմբագրել«Աւրորա» անդրանիկ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ 24 Ապրիլ 2016-ին Երեւանի Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:[16]
Հանդիսավարները
ԽմբագրելՄրցանակաբաշխութիւնը կը վարէին Տէյվիտ Իկնաթիոս «Washington Post» («Ուաշինկթըն Փոսթ») օրաթերթէն եւ յայտնի օփերայի երգչուհի Յասմիկ Պապեան:
Ֆիլմերը
ԽմբագրելՄրցանակաբաշխութիւնը մեկնարկեց «Աւրորա» ֆիլմով, որու բեմադրիչը Էրիք Նազարեանն է: Ֆիլմին ընթացքին հնչեց Սերժ Թանգեանի «Աւրորայի Երազանքը» երգը:[17]
Յաւակնորդներէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացուի Անտրէ Լոշաքի հեղինակած ֆիլմերով:[18]
Ելոյթները
ԽմբագրելՄրցանակաբաշխութեան արարողութեան ժամանակ կենդանի երաժշտութիւն կը հնչէր Հայաստանի Պետական Երիտասարդական Նուագախումբի կատարումով` Սերգէյ Սմբատեանի խմբավարութեամբ: Արարողութեան ֆանֆարներու հեղինակը Ստեփան Շաքարեանն է: Մանուէլ Մաթեւոսեանի կերտած արձանիկը կը ներկայացուի «Զոյգ Արեւներ» պալէի հատուածի ուղեկցութեամբ` «Պալէ 2021 Հիմնադրամ» պարային խումբի կատարմամբ (պարուսոյց Ռուտոլֆ Խառատեան)` զուգորդուած Աւետ Տէրտէրեանի եւ Առնօ Բաբաջանեանի երաժշտութեամբ: Հայաստանի Պետական Երիտասարդական Նուագախումբը կը կատարէ հատուած մը Արամ Խաչատուրեանի «Զանգերի Սիմֆոնիա»յէն: Սոփրանօ Յասմիկ Պապեանը կը կատարէ Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»ը: Արարողութիւնը կ'աւարտի «Քեզ համար, Հայաստա՛ն» երգով` Գէորգ Յակոբեանի եւ Հայաստանի Պետական Երիտասարդական Նուագախումբի կատարումով:[17]
Դափնեկիր
Խմբագրել«Աւրորա» անդրանիկ մրցանակը շնորհուած է Պուրունտիի «Խաղաղութեան Տուն» (Maison Shalom) խնամքի տան եւ REMA հիւանդանոցի հիմնադիր Մարգարիտ Բարանկիցէին` երկրին մէջ բռնկած քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն որբերուն ու փախստականներուն խնամելու եւ հազարաւոր կեանքերու փրկութեան գործին մէջ իր ունեցած անգնահատելի ազդեցութեան համար:
Բարանկիցէն իր կեանքը նուիրաբերած է դաժանութենէ եւ բռնութենէ փրկուիլ փորձող երեխաներուն ապահով ապաստան ու կրթութիւն տրամադրելու: Պատերազմի սկզբնաւորութեան, ազգութեամբ թութսի Բարանկիցէն հետապնդումէ փրկելու նպատակով փորձած է թաքցնել ազգութեամբ հութու 72 ամէնամօտ հարեւանները: Սակայն անոնց բոլորին գտած ու տեղն ու տեղը սպաննած են` Մարգարիտին ալ հարկադրելով այդ ոճիրի ականատեսը ըլլալ:
Այս սոսկալի փորձառութենէն ետք, որ իսկական քննութիւն էր մարդկայնութեան հանդէպ իր հաւատքին համար, Մարգարիտ Բարանկիցէն կը սկսի փախստականներուն եւ երեխաներուն փրկելու ու խնամելու իր գործունէութիւնը: Յաջորդած 20 տարիներուն ան կը յաջողի փրկել ընդհանուր առմամբ 30 հազար երեխայ, իսկ 2008 թուականներուն կը բանայ հիւանդանոց, ուր մինչեւ օրս բժշկական օգնութիւն ստացած է 80 հազար մարդ:[19][20][21][22]
Կազմակերպութիւններ
Խմբագրել2016 թուականին «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր Մարգարիտ Բարանկիցէն 1 միլիոն տոլարի մրցանակը ուղղած է իրեն ոգեշնչած հետեւեալ կազմակերպութիւններուն` Ժան-ֆրանսուա Փեթերսպուրկ հիմնադրամ (Fondation Jean-Francois Peterbroeck), Կրանտ-դուքս եւ Կրանտ-դքսուհի հիմնադրամ (Fondation du Grand-Duc et de la Grande-Duchesse), «Պրիտըրլէխ Տիլըն» հիմնադրամ (Bridderlech Deelen):[23]
Մրցանակ
ԽմբագրելՇնորհուող գումար
ԽմբագրելՈրպէս դափնեկիր` Մարգարիտ Բարանկիցէին շնորհուեցաւ 100 հազար տոլարի պարգեւ: 1 միլիոն տոլարի մրցանակը տրամադրուեցաւ անոր առաջադրած կազմակերպութիւններուն՝ փախստական երեխաներու եւ որբերու վերականգնման նպաստելու, անոնց ցուցաբերուող օգնութիւնը խթանելու, ինչպէս նաեւ մանկական աղքատութեան դէմ պայքարին օժանդակելու նպատակով:[24]
Արձանիկ
Խմբագրել«Աւրորա» մարդասիրական մրցանակի արձանիկը կերտած է Մանուէլ Մաթեւոսեանը: Ան կը կոչուի «Դէպի Յաւերժութիւն»:[25]
«Աւրորա» Մրցանակ – 2017
ԽմբագրելԴափնեկիր
Խմբագրել2017 թուականին «Աւրորա» մրցանակը շնորհուած է «Գթութեան Մայր» հիւանդանոցի բժիշկ Թոմ Քաթինային, որուն տեղացիները բժիշկ Թոմ կը կոչեն: Բժիշկը հասանելի է օրը 24 ժամ, շաբաթը` եօթը օր` հոգ տանելով Նուպայի աւելի քան 750,000 բնակիչներուն` Սուտանի կառավարութեան եւ Սուտանի ազգային ազատագրական շարժման մինչեւ տեւական քաղաքացիական պատերազմի պայմաններուն մէջ։ Օգնութիւն ստանալու համար մարդիկ երբեմն ամբողջ շաբաթ մը կը քալեն եւ սովորաբար հիւանդանոց կը հասնին ռմբակոծումներէ ստացած վնասուածքներով եւ բազմաթիւ այլ հիւանդութիւններով` ոսկորներու կոտրուածքէն մինչեւ մալարիա: Ընդհանուր առմամբ` բժիշկ Քաթինան կը խնամէ օրական 500 հիւանդ եւ տարեկան աւելի քան հազար վիրահատութիւն կը կատարէ[26]:
2017 թուականին «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր բժիշկ Թոմ Քաթինան 1 միլիոն տոլարի մրցանակն ուղղած է հետեւեալ երեք կազմակերպութիւններուն[26]`
- Ափրիկեան Առաքելութեան Առողջապահական Հիմնադրամ (AMHF), ԱՄՆ
- Կաթոլիկ Առողջապահական Առաքելութեան Խորհուրդ (CMMB), ԱՄՆ
- Aktion Canchanabury, Գերմանիա
Ընտրող յանձնաժողով
ԽմբագրելԸնտրող յանձնաժողովի նախագահն է դերասան եւ բարերար Ճորճ Քլունին: Յանձնաժողովի կազմին մէջ ընդգրկուած են Օսքար Արեասը, Շիրին Էպատին եւ Լեյմա Քպովըն, Մերի Ռոպինսընը, Կէրըթ Էվընզը, Վարդան Գրիգորեանը, Հինա Ճիլանին:[27][28]
Առաջադրում
Խմբագրել1 Յունիս 2016 թուականէն մինչեւ 9 Սեպտեմբեր` առաջադրումներու փուլի ընթացքին, ստացուած է 558 դիմում 13 լեզուներով, որոնցմէ 254-ը` չկրկնուող թեկնածութիւններ են: Առաջադրումներ կատարուած են 66 երկիրներէ:[29]
Յաւակնորդներ
Խմբագրել2017 թուականի «Աւրորա» մրցանակի յաւակնորդներն են.
Անուն | Երկիր | Աշխատանք |
---|---|---|
Թոմ Քաթինա | ԱՄՆ | Բժիշկ Թոմ Քաթինան պատերազմի մէջ գտնուող Նուպա լեռներու միակ վիրաբոյժն է եւ տարեկան կ'իրականացնէ աւելի քան 1000 վիրահատութիւններ: |
Ֆարթուն Ատան
եւ |
Կաղապար:Country data Սոմալի Սոմալիա | ֆարթուն Ատան եւ Իլուատ Էլմանը մայր ու աղջիկ են: Անոնք հիմնադրած են «էլմեն» խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու կեդրոնը, որու միջոցով Սոմալի մէջ կը պայքարին խաղաղութեան հաստատման համար: |
Ճամիլա Աֆղանի | Կաղապար:Country data Աֆղանստան Աֆղանիստան | «նուռէ կրթական եւ հնարաւորութիւններու ընդլայնման կազմակերպութեան հիմնադիր, որ կը զբաղի Աֆղանիստանի մէջ կանանց եւ աղջիկներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ: |
Մուհամէտ Տարուիշ | Կաղապար:Country data Սիրիա Սուրիա | Սուրիոյ`պաշարման մէջ գտնուող 40 հազար բնակչութիւն ունեցող Մատայա քաղաքին մէջ մնացած 3 բժիշկներէն մէկը, որ կը տրամադրէ բժշկական օգնութիւն` չնայած սահմանափակ բժշկական կրթութեան: |
Տենիս Մուկվեգէ | Կաղապար:Country data Կոնգոյի Դեմոկրատական Հանրապետություն Գոնկոյի Տեմոկրատական Հանրապետութիւն | Փանզի հիւանդանոցի հիմնադիր, կը բուժէ սեռական բռնութիւններու ենթարկուած կանանց եւ անոնց կը ցուցաբերէ կրթական եւ իրաւական աջակցութիւն Գոնկոյի Տեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ: |
Aurora Dialogues քննարկումներ
ԽմբագրելՀամաշխարհային մարդասիրական ոլորտի ներկայացուցիչները ժամանեցին Երեւան` մասնակցելու 23 Ապրիլ 2016 թուականին Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցած Aurora Dialogues քննարկումներուն, որ համաշխարհային արդի ամէնահրատապ հիմնախնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու քննարկումներու հարթակ է: Մասնակիցները, որոնց կարգին էին ընտրող յանձնաժողովի անդամներ Հինա Ճիլանին, Շիրին Էպաթին եւ Կէրըթ Էվընզը, իրենց տեսակէտները յայտնեցին փախստականներու համաշխարհային ճգնաժամի, մարդասիրութեան ոլորտի հանրութեան մէջ կանանց դերի եւ աշխարհի ուշադրութիւնը մարդասիրական ճգնաժամերու վրայ բեւեռելու հարցին լրատուական դերին վերաբերեալ:[30][31][32]
Ավրորա «Մարդասիրութեան» ցուցիչ
ԽմբագրելAurora Dialogues քննարկումներու ընթացքին ներկայացուած այս յատուկ հետազօտութիւնը, որ կ'ուսումնասիրէ մարդասիրական կարեւորագոյն հիմնախնդիրներու հանրային ընկալումը, հիմնուելով աշխարհի վեց երկիրներու մէջ 4.600 հոգիի տեսակէտներուն վրայ։ Ուսումնասիրելով անոնց կարծիքը միջազգային միջամտութեան անհրաժեշտութեան եւ պատասխանատուութեան վերաբերեալ` հետազօտութիւնը կը բացայայտէ, որ համաշխարհային մակարդակի մէջ խզում կայ փախստականներու ճգնաժամի ընկալման եւ իրականութեան միջեւ։ Հետազօտութիւնն իրականացուած է 2016 թ. Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներու ընթացքին Edelman Intelligence-ի կողմէ:[33][34][35]
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «George Clooney, The Aurora Prize And Hope In Armenia»։ Forbes։ 29 April 2016
- ↑ «Aurora Prize ceremony kicks off in Yerevan»։ News.am։ 24 April 2016
- ↑ «Beneficiaries of $1 Million Aurora Prize Announced»։ The Armenian Weekly։ 25 August 2016
- ↑ «100 years later in New York: #BeArmenian, #BeAlive»։ Mediamax։ 11 March 2015
- ↑ «100 LIVES initiative to kick off in New York today»։ Mediamax։ 10 March 2015
- ↑ «‘100 LIVES' Initiative Launched in New York»։ The Armenian Weekly։ 11 March 2015
- ↑ «100 LIVES Opens Nomination Period for New $1 Million Global Humanitarian Award»։ Asbarez։ 8 July 2015։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 11 September 2017-ին։ արտագրուած է՝ 14 August 2017
- ↑ «Nominations open for Aurora Prize for Awakening Humanity»։ PanArmenian.net։ 9 July 2015
- ↑ «Աւրորայ մրցանակ․ յաճախ տրուող հարցեր»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-08-ին։ արտագրուած է՝ 2017-08-14
- ↑ «Nominations For 2017 Aurora Prize For Awakening Humanity Are Now Closed»։ Lragir.am։ 10 September 2016։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 11 October 2016-ին։ արտագրուած է՝ 14 August 2017
- ↑ «Humanitarian Leaders to Gather in Armenia for Aurora Prize Ceremony»։ Lragir.am։ 18 April 2016
- ↑ «Aurora Prize FAQ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-10-09-ին։ արտագրուած է՝ 2017-08-14
- ↑ «Aurora Prize Selection Committee Meets to Deliberate on Finalists»։ Asbarez։ 14 March 2016
- ↑ «The 100 Most Influential People»։ TIME
- ↑ «A Look at the Four Finalists of the 2016 Aurora Prize»։ The Huffington Post։ 5 May 2016
- ↑ «Aurora Prize Cremony Kicks Off»։ Armenpress։ 24 April 2016
- ↑ 17,0 17,1 «Inaugural Aurora Prize Held In Yerevan»։ Asbarez։ 25 April 2016
- ↑ «Անդրեյ Լոշակը ֆիլմ կնկարի Բորիս Բերեզովսկու մասին»։ Ա1+։ 15 July 2016
- ↑ Melanie Gouby (8 August 2016)։ «After rescuing 20,000 Burundian orphans, Marguerite Barankitse forges on in exile»։ The New York Times։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 9 October 2016-ին։ արտագրուած է՝ 14 August 2017
- ↑ «Marguerite Barankitse: Armenia's example teaches to never give up»։ Mediamax։ 24 April 2016
- ↑ «A Calling To Love»։ AuroraPrize.com։ 10 March 2016
- ↑ «'Why does no one mention Burundi?' asks winner of new humanitarian award»։ The Guardian։ 10 March 2016
- ↑ «Beneficiaries of $ 1 mln award from Aurora Prize confirmed»։ Mediamax։ 19 August 2016
- ↑ Sophie Morlin-Yron (16 May 2016)։ «$1m prize for heroic Burundi woman who saved 30,000 children from war»։ CNN
- ↑ ««Ավրորա» քանդակի հեղինակը Մանվել Մաթեւոսյանն է»։ Ա1+։ 25 April 2016
- ↑ 26,0 26,1 «թոմ Քաթինա. 2017թ. Աւրորայ մրցանակի դափնեկիր»։ AURORA PRIZE։ արտագրուած է՝ 2017-05-29
- ↑ «Aurora Prize: The Selection Committee»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-10-09-ին։ արտագրուած է՝ 2017-08-14
- ↑ «Nominations for the 2017 Aurora Prize for Awakening Humanity Now Closed»։ Hetq։ 9 September 2016
- ↑ «254 candidates nominated for 2017 Aurora Prize»։ Mediamax։ 10 September 2016
- ↑ «Aurora Dialogues: Armenia to present a new say to the world»։ Panorama.am։ 22 April 2016
- ↑ «First-Ever Aurora Dialogues To Provide Platform For Humanitarian Discussion»։ Asbarez։ 19 April 2016
- ↑ «Ուշադրությունը՝ դեպի մարդասիրական հարցեր. Aurora dialogues»։ Ա1+։ 23 April 2016
- ↑ «Syria refugee crisis underestimated by UK public»։ Daily Mail։ 22 April 2016
- ↑ «Humanitarian Index reveals preconceptions about refugees»։ Impact։ 11 May 2016
- ↑ «First Annual Humanitarian Index Released»։ Aurora Prize։ 22 April 2016