Գառնիկ Գիւզալեան
Գառնիկ Գիւզալեան (1893, Փարպի, Էջմիածին, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 17 Ապրիլ 1958, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս), հայ մանկավարժ։
Գառնիկ Գիւզալեան | |
---|---|
Ծնած է | 1893 |
Ծննդավայր | Փարպի, Էջմիածին, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 17 Ապրիլ 1958 |
Մահուան վայր | Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս |
Ուսումնավայր |
Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան Շարլզ Համալսարան, Փրակի մէջ |
Մասնագիտութիւն | մանկավարժ |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է Փարպի, Արագածոտնի մարզ: Մեծատուն Գիւզալեաններու արժանաւոր շառաւիղ էր: Ուսանած է Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանը եւ պատանի տարիքէն փարած է Դաշնակցութեան գաղափարներուն` ՀՅԴ աշակերտական եւ ուսանողական միութիւններու գործունէութեան աշխուժ մասնակցութիւն բերելով:
Գործունէութիւն
Խմբագրել1914-ին, աւարտելով Գէորգեան Ճեմարանը, Գառնիկ Գիւզալեան ամբողջութեամբ լծուած է հանրային հասարակական գործունէութեան: Հայ ժողովուրդի պատմութեան դժուարին այդ ժամանակաշրջանին, նախ հայ կամաւորական Շարժման ծաւալման եւ, ապա, Հայաստանի անկախութեան նուաճման ու Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շինարարութեան աշխատանքներուն եռանդուն մասնակիցը դարձած է ՀՅԴ Ուսանողական Միութեան ճամբով:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք իր հերթին անցած է Թաւրիզ, ապա` Պալքաններ: Ուսումը շարունակելու նպատակով` հետեւած է Փրակայի համալսարանի պատմագիտական ճիւղին, ուրկէ վկայուած է1928-ին: Փրակայի ուսման տարիները զինք օգնած են, որպէսզի հայ եւ ռուս ժողովուրդներու պատմութեան քաջածանօթի իր հմտութեան վրայ Գիւզալեան գումարէ նաեւ քսաներորդ դարու 20-ականներու Եւրոպայի քաղաքական-գաղափարական բարդ խմորումներուն մօտէն ծանօթացումը:
Երկրէն բերուած եւ Եւրոպայի մէջ հարստացած իր մտաւորական պաշարով Գառնիկ Գիւզալեան հիմնարար դեր կատարած է հայ քաղաքական մտքի պատմութիւնն ու գաղափարաբանութիւնը քսաներորդ դարու երկրորդ քառորդի պրիսմակով ուսումնասիրելու եւ տարագիր հայութեան ներկայացնելու ճակատին վրայ:
1932-ին հրաւիրուած է Պէյրութ` նորաբաց Համազգայինի Ճեմարանը, իբրեւ պատմութեան ուսուցիչ: Աւելի քան 25 տարի Գառնիկ Գիւզալեան գործած է Ճեմարանի մէջ, ուր պատմական գիտելիքներէ անդին` հայ ազգային-քաղաքական յիշողութեան էատարրերը փոխանցած եւ սորվեցուցած է տարագրութեան մէջ հասակ նետող նորահաս սերունդներուն:
Ուսուցչութեան կողքին, Գառնիկ Գիւզալեան բեղուն աշխատանք կատարած է հայ քաղաքական մտքի զարգացման հոլովոյթը ուսումնասիրելու եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ազգային-քաղաքական ու հասարակականգաղափարական հոլովոյթը հունաւորած բախտորոշ խնդիրները լուսարձակի տակ առնելու ուղղութեամբ[1]:
Աշխատութիւններ
ԽմբագրելԳառնիկ Գիւզալեանի պատմագիտական աշխատութիւնները ցրուած են Սփիւռքի տարաբնոյթ մամուլի էջերուն մէջ։ 200-էն աւելի ամսագրային յօդուածներ տպագրած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի, «Հայրենիք Ամսագիր»-ի, «Վէմ»-ի եւ «Ակօս»-ի, «Սիոն»-ի, «Հասկ»-ի, «Ազդարար»-ի, «Երիտասարդ հայուհի»-ի, «Տարօնի արծիւ»-ի, «Ազդակ շաբաթօրեայ»-ի եւ այլ էջերու մէջ, կամ առանձին հատորով հրատարակուած Գառնիկ Գիւզալեանի աշխատասիրութիւններով`
- «Հայ քաղաքական մտքի զարգացումը եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը» (1927),
- «Ն. Ադոնցը` որպէս պատմաբան» (1943),
- «Հայաստանի պատմութեան շրջանները» (1946),
- «Հինգերորդ դարի կրօնական եւ քաղաքական շարժումները» (1947),
- «Հայոց յեղափոխութիւնից առաջ» (1950),
- «Պատմութիւն Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հայաստանի» (1951),
- «Հայոց պատմութիւն» (1953) եւ միւս գործերով, Գառնիկ Գիւզալեան գլխաւոր երկու առաջադրանք իրագործած է[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 «Գառնիկ Գիւզալեան (1893-1958). Ազգային-Քաղաքական Մեր Յիշողութեան Իմաստուն Ջահակիրը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2023-08-06