Գրատպութեան Թանգարան (Երեւան)

Գրատպութեան թանգարան, Հայաստանի ազգային գրադարանի շէնքին մէջ[1] գործող թանգարան, որ կը ներկայացնէ հայ գրատպութեան անցած պատմութիւնը[2]:

Գրատպութեան Թանգարան
Տեսակ թանգարան
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Երեւան
Վայր Հայաստանի Ազզային Գրադարանը
Հասցէ Տէրեան 720009
Հիմնադրուած է 2017
40°11′23″N 44°31′24″E / 40.189719°N 44.523389°E / 40.189719; 44.523389
Քարտէս
Քարտէս

Պատմութիւն

Խմբագրել

Գրատպութեան անցած ճանապարհը ներկայացնելու համար հայերէն տպագիր ամենամեծ պահոցին՝ Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ, հիմնուած է նոր արուեստագիտութիւններով յագեցած թանգարան[3]:

Յուիուար 2018-էն Հայաստանի ազգային գրադարանի Գրատպութեան թանգարանը դարձած է Եւրոպական գրատպութեան թանգարաններու դաշնութեան անդամ[4][5]:

Սրահներ

Խմբագրել

Տպագրութեան պատմութիւնը ներկայացուած է Գրատպութեան թանգարանի վեց սրահներուն մէջ`

  1. «Գրի ակունքները սրահին մէջ» ներկայացուած է նախագրային շրջանէն մինչեւ գիրը ինկած ժամանակահատուածին մէջ ստեղծուած գրաւոր մշակոյթի նմուշներ՝ ժայռապատկերներ, սեպագիր արձանագրութիւններ[3]:
  2. «Հայոց այբուբենը սրահին մէջ» ներկայացուած են գրչութեան տեսակները եւ եւրոպացի հրատարակիչներու գիրքերուն մէջ փայտափորագիր հայոց այբուբենը[3]:
  3. «Հայ գրատպութեան առաջնեկները սրահին մէջ» ներկայացուած են հայերէն տպագիր առաջին գիրքը՝ «Ուրբաթագիրքը» (հրատարակուած է Յակոբ Մեղապարտի կողմէ Վենետիկի մէջ, 1512-ին), Աստուածաշունչը (հրատարակուած Ոսկան Երեւանցիի կողմէ Ամսթերտամի մէջ, 1666-1668-ականներուն), առաջին տպագիր քարտէզը՝ «Համատարած աշխարհացոյցը» (Ամսթերտամ, 1695-ին), առաջին տպագիր պարբերականը՝ «Ազդարարը» (Մատրաս, 1794-1796-ականներուն)[3]:
  4. «Հայկական գրատպութեան սփիւռքը սրահին մէջ» ներկայացուած են այն հիմնական օճախները, ուր գործած են հայկական տպարաններ եւ տպագրուած են հայերէն գիրքեր: Այստեղ կարելի է ծանօթանալ տպագրավայրերու յամառօտ պատմութեան[3]:
  5. «Գրահրատարակչութիւն սրահին մէջ» ցուցադրուած են տպագրական մեքենաներ, կլիշէներ, տարբեր երկիրներու մէջ գործած հայկական տպարաններու նկարներ: Հոլոգրաֆիկ ցուցադրութեան միջոցով ներկայացուած են տպագրութեան հիմնական ձեւերը[3]:
  6. «Գրի յաւերժութիւնը սրահին մէջ» ներկայացուած է տպագրութեան սկզբնաւորումը Հայաստանի տարածքին։ Ցուցադրուած են Հայաստանի եւ Արցախի մամուլի եզակի նմուշներ[3]:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ կը բացուի Գրատպութեան թանգարան
  2. Ազգային գրադարանին մէջ բացուեցաւ Հայ գրատպութեան թանգարանը
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 3,5 3,6 Գրատպութեան թանգարան
  4. «Association of European Printing Museums ~ Members»։ www.aepm.eu։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-08-27-ին։ արտագրուած է՝ 2018-08-21 
  5. Association of European Printing Museums, National Library of Armenia. The Museum of Printing

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել