Գրիգոր Աղափիրեան

Աղափիրեան Գրիգոր Եպիսկոպոս (26 Յունիս 1827, Աստրախան - 1897, Ագուլիս), ուսուցիչ, թարգմանիչ։

Գրիգոր Աղափիրեան
Ծնած է 26 Յունիս 1827(1827-06-26)
Ծննդավայր Աստրախան, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 1897
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ, թարգմանիչ

Ծնած՝ Աստրախան 1827 26 Յունիսի-ին։ Կրթութիւն ստացած է Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանին մէջ եւ յետոյ Ագաֆոն Ակիմեանի միջնորդութեամբ կ՛երթայ Դոպատ եւ 1849 թուականի Սեպտեմբերին կը մտնէ համալսարան՝ «Աստուածաբանութիւն» ուսանելու համար։ Մի քանի տարի մնալով Դորպատ կ՛անցնի Նոր Նախիջեւան, ապա Մոսկուա եւ 1857-ին Լազարեան ճեմարանի մէջ կը վարէ ուսուցչի պաշտօն։ 1858-ին երթալով Էջմիածին՝ աբեղայ ձեռնադրուեցաւ եւ ուղարկուեցաւ Նոր Նախիջեւանի Սուրբ Խաչ վանքի վանահայր։ Գաբրիէլ վ․ Այվազովսկին, որ նոյն թեմի փոխանորդ էր՝ կը մերժէ զինք եւ Աղափիրեան պետական հրամանին յամաձայն կ՛երթայ Էջմիածին։ 1872 26 Մարտ-ին՝ Գէորգ Դ․ կաթողիկոսը զինք եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ։ Ուսուչութիւն ընելով Թէոդոսիոյ (այսօր՝ Ֆէոտոսիա) Խալիպեան դպրոցին եւ Գէորգեան ճեմարանի մէջ, 1879-ին Հին Ղրիմի Սուրբ Խաչ վանքի վանահայր էր արդէն եւ վերջն ալ երկար ժամանակ Աստրախանի Թեմական առաջնորդ։ Մակար կաթողիկոս ծերութեան պատճառով իրեն հանգստութիւն շնորհեց նշանակելով զինք Ագուլիսի Սուրբ Թովմա առաքեալի անուան վանքի վանահայր, ուր եւ վախճանեցաւ 1897-ին։

Աշխատակցած է՝ «Արարատ»-ին տալով կրօնաբարոյական խորհրդածութիւններ վերնագրով քարոզներու ամբողջական հաւաքածոյ մը, որոնք լոյս տեսան առանձին գիրքերով (վադ, 1887 եւ 1897)։ Այդ քարոզները տպուած են «Արարատ»-ի մէջ թարգմանուած են նաեւ գերմաներէնի։ Անոր թարգմանած է նաեւ՝ «Մերթ խօսակցիս, մերթ լուռ կու գաս» ոտանաւորը (Քնար հայկական)։