Դաջուածքը մորթի տակ թանաքի կամ ներկի միջոցով պատկերներու, նախշերու դրոշմումն է[1]:

Դաջուածքը արուեստի ստեղծագործական գործընթաց է եւ կը պահանջէ արուեստի ճաշակ, հմտութիւն եւ երեւակայութիւն:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Դաջուածքը շատ հին սովորութիւն է: Տարբեր մշակոյթի ներկայացուցիչներ, ըստ աւանդոյթի կը դաջէին իրենց երեսները կամ մարմինի տարբեր մասերը:

Անիկա կը սկսի արդիականանալ 1700 թուականներէն սկսեալ, երբ անգլիացի բուսաբան Սըր Ճոզեֆ Պեքս, նաւային երկար ճանապարհորդութենէն, Անգլիա կը վերադառնայ դաջուածք ըրած. ան Անգլիոյ բարձր խաւի ներկայացուցիչ էր եւ նաւակազմի բազմաթիւ անդամներ նոյնպէս կը վերադառնան դաջուածքներով, որ հետագային կը վերածուի աւանդոյթի:

Պատմութեան ընթացքին, դաջուածքը ունեցած է բացասական իմաստ, քանի որ յաճախ յանցագործները կը կրէին դաջուածքներ:

Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ դաջուածքի ժամանակակից հասկացողութիւնը փոխուած է:

1970-ական թուականներէն ի վեր, դաջուածքները կը գրաւեն նորաձեւութեան հիմնական տեղը եւ կը սկսին զարդարել նշանաւոր երգիչներու եւ դերասաններու մարմինները:

 

Անիկա լայն տարածում կը գտնէ յատկապէս երիտասարդներու շրջանակին մէջ, որոնք կը սկսին կրկնօրինակել իրենց կուռքերը: 

Նպատակ

Խմբագրել

Մարդիկ ցանկութիւն կը յայտնեն դաջուածք ընելու գեղագիտական, կրօնական, սիրելիին յարգանքի տուրք մատուցելու, կեանքի պահ մը կարեւորելու եւ յիշարժան դարձնելու նպատակներով.

Դաջուածքի տարածումը ունի քանի մը պատճառ՝

  • Գրաւչութեան միջոց,
  • Հաղորդակցութեան միջոց,
  • Խորհրդանիշ,
  • Ցոյց տալու սեփական նշանակութիւնը կամ պատկանելիութիւնը,
  • Ինքնարտայայտման ձեւ,
  • Ընդգծելու անհատականութիւնն ու անկախութիւնը,
  • Առնականութիւն,
  • Անձնական նշանակութիւն,
  • Լաւ տարբերակ՝ իւրայատուկ երեւելու[2]:

Վտանգներ

Խմբագրել

Դաջուածքները անառողջապահական են: Դաջուածքի գծագրիչը ասեղներով մնայուն թանաք կը ներարկէ մորթին տակ: Տարբեր գոյներ ստանալու համար, գունաւոր նիւթեր կը խառնուին թանաքին հեղուկին, որ սովորաբար բաղկացած է կլիսերինէ, իսկ այդ ներկերը ընդհանրապէս կը ստանան հանքանիւթերէ, ծանր մետաղներէ (սնդիկ, երկաթ, կապար, պղինձ, ալիւմին, քատմիում) կամ ազօ գունանիւթերէ, որոնք կու տան որոշակի երանգներ: Ազօ գունանիւթերը յատկապէս մտահոգիչ են, քանի որ կրնան թոյլ տալ, որ թունաւոր միացութիւններ ներթափանցեն արեան մէջ:

Թանաքի որոշ մասնիկներ չափազանց մեծ են, ուստի անոնք կը մնան մորթի շերտին տակ, իսկ նանօմասնիկները այնքան փոքր են, որ թափանցելով մորթի խոր շերտերը կրնան հասնիլ արեան մէջ: Վերջիններս ունին ուղեղի թունաւոր ազդեցութիւն եւ կրնան յառաջացնել նեարդերու վնաս եւ նոյնիսկ ըլլալ քաղցկեղածին: Սեւ թանաքը առաւել եւս կապուած է նանօմասնիկներու բարձր մակարդակի հետ: Ըստ ուսումնասիրութիւններու, դաջուածքի թանաքները երբեմն կրնան աղտոտիլ մանրէներով կամ ժահրերով, եթէ նոյնիսկ մշակուած են պահածոներով:

Դաջուածքի վտանգները առողջութեան վրայ՝
Խմբագրել

1.- Գերզգայունութիւն (allergic reactions)՝ հնարաւոր է զգալ գերզգայունութիւն մորթ մտած թանաքի նկատմամբ:

Նշաններն են՝

2.-  Վարակներ՝ դաջուածքին ասեղը կրնայ վնասել մորթին տակ գտնուող արեան անօթները. այդ պատճառով է որ կը կապտի, կ'ուռի եւ թեթեւակի կը բորբոքի: Անշուշտ բորբոքումը բնական եւ պաշտպանական հակազդեցութիւն է եւ կը նպաստէ շուտ  ապաքինման: Դաջուածքէն ետք, մորթը պատշաճ կերպով չխնամելը կը մեծցնէ վարակին վտանգը, նոյնիսկ կրնայ յառաջացնել սեպսիս: Անհրաժեշտ է յարգել նախազգուշական բոլոր միջոցները, մասնագէտը պէտք է գործածէ մէկ անգամուան օգտագործման ասեղ եւ հականեխէ գործիքները:

Դաջուածքը հակացուցուած է անչափահասներուն, յղիներուն եւ քրոնիկ հիւանդութիւններով տառապողներուն՝ շաքարախտաւորներուն, սրտանօթային խնդիրներ ունեցողներուն եւ լուսնոտներուն:

Դաջուածք ընողները արեան նուիրատու կրնան ըլլալ դաջուածք ընելէն առնուազն մէկ տարի ետք:

Հինայով դաջուածք
Խմբագրել
 

Կարելի է կատարել ժամանակաւոր դաջուածք՝  հինայով, անիկա մարմինին վրայ կը մնայ 15-30 օր՝ կախեալ մորթի տեսակէն եւ լուալը կապ չունի հինայի ջնջուելուն հետ: Հինայով հարսի ձեռքերն ու ոտքերը նախշեր դաջելու սովորոյթը ժամանակին շատ տարածուած էր հայերուն մօտ:

Ասպարէզներ, որոնք կ'արգիլեն դաջուածքի ակնյայտ երեւումը
Խմբագրել

Կարգ մը ասպարէզներ կ'արգիլեն դաջուածքի ակնյայտ երեւումը, ինչպէս՝

  • առողջական ոլորտը,
  • ոստիկանութիւնը,
  • օրէնսդիր ասպարէզը,
  • քարտուղարութիւնը,
  • ուսուցչութիւնը,
  • դրամատունը,
  • պանդոկավարներ,
  • կառավարական  մարդիկ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել