Եդուարդ Սիմքէշեան

Էտուարտ Սիմպէշեան (1906-1979) Ծնած է Պոլիս և նախակրդութիւնը ստացած է Մայր վարժարանի մէջ՝ ուր իր առաջին ուսուցիչը եղած է Մելգոն կիւրճեան, ապա Պէզազեան լեկէոնի մէջ՝ ուր իր ուսուցիթները եղած են Յակոբ Օշական, Եղիշէ արք. Դուրեան, Տիրան Չրաքեան և Արմէն Տորեան: Պատանի տարիքէն՝ գրականութիւնը կիրք մը եղած է իրեն համար։ Հազիւ տասնհինք տարու, իր առջինեկ փորձերը հրատարկուած են Պոլսոյ «Ոստան» ամսագրին մէջ ու գրաւած են ուշադրութիւնը վահան թէքէեանի, Շաւարշ Միսաքեանի և Միքայէլ Շամտանեանի: Յամառ ընթերցող՝ պատանութեան տարիներուն իսկ ընտանի դարձած է նաև տիրացած էր Ֆրանսական գրականութեան (մայրենի լեզուին չափ նաե՜ւ տիրացած էր ֆրանսերէնին.1921-ին, տակաւին 15 տարու, առաջնութիւն շահած է Ֆրանսական կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած գրական մրցումի մը մէջ)՝ որուն բոլոր տիրական դէմքերը համապարփակ աշխատասիրութիւններով ներկայացուցած է Պոլսոյ 1930-1970ական տարիներու պարբերականներուն մէջ։ 1927-ին վկայուելով իբրեւ բժիշկ -ատամնաբոյժ, իր ասպարէզին զուգահեր փարած է գրական -հրապարակագրային կեանքի՝ աշխատակցելով սփիւրքեան մեր բոլոր կարեւոր թերթերուն, ինչպէս նաև Պոլսոյ և արտասահմանի ֆրանսական կարգ մը հանդէսներու, որոնց կարգին «Լա Նուվէլ Ռըվիւ Ֆրանսէզ»ի: 1944-1975 եղած է նաև խմբագիրներէն «Մարմարա» օրաթերթի: Գրական մարզի մէջ մշական է արձակ և քերդուած բանաստեղծութիւնը, գրադատութիւն և քննադատութիւն: Ինջպէս նկատել տուինք, 15է աւելի իր գործերը կը մնան անտիպ, կամ մասամբ միայն հրատարակուած՝ մամուլի մէջ։ 1975-ին, Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի նախանձեռնութեամբ հրատարակուեցաւ « Ջահակիրները » անունին տակ խմբուած մենեգրային -վերլուծական իր աշխատասիրութիւններէն մաս մը միայն ,-ալիշանի, Գր. Օտեանի, Մ. Պէշիկթաշլեանի, Պ. Դուրեանի, Ռ. Պէրպէրեանի, Մ. Կիւրճեանի, Մ. Ձերազի, Խրիմեանի, Օրմանեանի , Եղիշէ արք. Դուրեանի, Եղեայի, Արփիարեանի, Թլկատինցինի, Զապէլ Ասատուրի, Չոպանեանի և Տիրան Չրաքեանի մասին: 1977-ինհրատարակեց նաև «Գարնանացան» անունին տակ մէկ տեղուած քերթուածներու շարք մը։ Անտիպ կը մնան արձակ տաղերու, վերլուծական և փորձագրային աշխատասիրութիւններու, թատերաքրային և վիպերգային իր վաստակին կարեւոր մէկ մասը, ինչպէս նաև Ֆրանսերէնով երեք գործեր[1]:

էտուարտ Սիմպէշեան
Ծնած է 1906
Ծննդավայր Պոլիս
Մահացած է 1979
Ազգութիւն հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն ատամնաբոյժ

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Ա (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 2005։