Եղիշէ Քաջունի
Եղիշէ Քաջունի, ծնած է 1899-ին Արաբկիր։ Կեդրոնականի աշակերտ էր։ Հայ առաջին ֆութպոլիստներէն, նախ՝ «Սանթրալի»ի եւ ապա՝ «Տորք»ի մէջ, որուն հիմնադիրներէն կ'ըլլայ։ Պոլսոյ մէջ կ'ուսանի իրաւաբանութիւն։ Յետոյ կ'անցնի Վան՝ իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ։
Հոն կը հիմնէ «Վասպուրական» ֆութպոլի խումբը։ Ա. Աշխարհամարտին կը մասնակցի Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն։ Յետոյ կը դառնայ Զօր. Անդրանիկի քարտուղարը. անոր հետ Կովկասէն կ'անցնի Փարիզ, Լոնտոն, Մանչեսթըր։ Նոյն այդ գաղութներուն կողմէ կը վերադառնայ Հայաստան, իբրեւ օժանդակութիւն հագուստեղէն բաժնելու համար։ Այդ առիթով, Պոլսոյ մէջ ան շփում կ'ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնին հետ, կը խոստանայ սատարել երկրին սկաուտական շարժումին եւ իր հետ Հայաստան կը տանի մարզական գոյքեր։
«Անի» կեդրոնը,2 տարիներու ընթացքին, վերահրատարակել է Եղիշէ Քաջունիի հետեւեալ հատորները՝ «Զօրավար Անդրանիկ – Հայկական Առանձին Հարուածող Զօրամասը»[1]։
Ծանօթագրութիւն
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- Մարզիկ Ամսաթերթ 2001։
- Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Սկաուտական Ամսաթերթիկ էջ 9։