Երեւանի Մնջախաղի Պետական Թատրոն
Երեւանի Մնջախաղի Պետական Թատրոն, մնջախաղի ժանրի պետական թատրոն Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ։ Թատրոնը ստեղծուած է 1974 թուականին եւ պետական թատրոնի կարգավիճակ ստացած՝ 1983 թուականին։ Թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարն է Ժիրայր Տատասեանը, ով կը ղեկավարէ թատրոնը 1998 թուականէն սկսեալ։
Երեւանի Մնջախաղի Պետական Թատրոն |
Տեսարան «Գիրք Ծաղկանց» ներկայացումէն, Լոս Անճլոսի կեդրոնական գրադարան, 2012: | |
Կայք |
---|
Սեփական տարածք չունենալով, թատրոնի բեմադրութիւնները կը ներկայացուին Երեւանի պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ՝ վարձակալութեան հիմունքներով։ 2012 թուականի ամրան Երեւանի քաղաքապետարանին որոշումով թատրոնին շէնքը կառուցելու համար տարածք յատկացուեցաւ Հիւսիսային պողոտայի վրայ[1]։ 15 Փետրուար 2017-ին Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնին գործունէութիւնը ծաւալելու նպատակով յատկացուեցաւ ազգային գրապալատին շէնքը[2]։
Թատրոնի պատմութիւնը
ԽմբագրելԹատրոնը սկիզբ առաւ 1969 թուականին՝ Մոսկուայի թատերական արուեստի պետական ինստիտուտի ուսանող Հենրիկ Պօղոսեանի կողմէ, որուն ստեղծած «Տուշպա» թատերախումբը մանրապատումներու ծրագիրով 1969 թուականին դարձաւ հանրապետութեան ուսանողական «Գարուն» փառատօնի դափնեկիր։ Պօղոսեանի ղեկավարած թատերախումբը կը գործէր Հայաստանի արուեստի աշխատողներու տան մէջ։ 1972-ին Պօղոսեան իր թատրոնին հետ աշխատելու կը հրաւիրէ Արսէն Փոլադովին, ով կ'ուսանէր Մոսկուայի կուլտուրայի ինստիտուտի բեմադրական բաժանմունքին մէջ։ Փոլադով արդէն աւարտած էր ռուս անուանի մնջախաղաց Ա․ Ռումնեւի ղեկավարած մնջախաղի երկամեայ դասընթացքները։ Իրադարձութիւններու բերումով Պօղոսեանը այս թուականներուն հեռացաւ թատրոնէն եւ խումբը ցրուեցաւ։ Փոլադով ստիպուած եղաւ վերստին սկսիլ թատրոնի կազմավորման աշխատանքին եւ ամբողջովին նոր կազմով շուտով բեմադրեց Ուիլիամ Սարոեանի «Սովեալներ» մնջախաղային ներկայացումը եւ շարք մը մանրապատումներ։ Իր առաջին ամբողջական ներկայացմամբ թատերախումբը հանդէս եկաւ 1974 թուականի Մայիսի 18-ին Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան գեղարուեստական խորհուրդի եւ մշակոյթի անուանի գործիչներու ներկայութեամբ, որուն շնորհիւ ճանչցուեցաւ «Պրոֆեսիոնալ կոլեկտիւ» եւ ընդգրկուեցաւ Հայ համերգի կազմին մէջ։ Այս տարեթիւը կը համարուի թատրոնի ծննդեան տարեթիւը։
Թատրոնը պետական կարգավիճակ ստացաւ 1983 թուականին[3] եւ վերանուանուեցաւ «Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոն»։ Ստանալով պետական հովանաւորութիւն՝ թատրոնը սակայն չստացաւ իր տարածքը եւ ցայսօր չունենալով իր բեմահարթակը, թատրոնի բեմադրութիւնները կը ներկայացուին Երեւանի պատանի հանդիսատեսի թատրոնի տարածքին մէջ։
Թատրոնը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումէն ետք
ԽմբագրելՀայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումէն ետք 1990-ական թուականներու սկիզբը կը վատանայ Փոլադովի առողջութիւնը եւ իր առաջարկով թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարի պաշտօնը կը ստանձնէ Եուրի Կոստանեան։ Կոստանեանի օրօք թատրոնը կը ստանայ ժամանակաւոր տարածք՝ Գեղարուեստի ակադեմիայի նախկին ուսանողական թատրոնի բեմը, որ կը վերակառուցուի ամբողջ թատերակազմին ջանքերով։ 1998 թուականին Կոստանեանի առաջարկով թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար կը դառնայ Ժիրայր Տատասեանը, ով կը ղեկավարէ թատրոնը մինչեւ օրս։
1999 թուականին Երեւանի Մնջախաղի Պետական Թատրոնին մէջ իր առաջին քայլերը կ'առնէ այժմեան Եւրոպական Շարժման Թատրոնի եւ Ժամանակակից մնջախաղի ամենավառ ներկայացուցիչներէն մէկը, ֆրանսահայ դերասան - մնջախաղաց, ռեժիսոր եւ պարադրող Վահրամ Զարեան[4], որ եղած է աշխարհահռչակ մնջախաղաց Մարսել Մարսոյի [2][permanent dead link] վերջին ուսանողը։
Վահրամ Զարեանը կը հիմնէ իր թատերախումբը՝ « VAHRAM ZARYAN COMPANY», որուն հիմնական գործունէութիւնը ծաւալուած է նոր մնջախաղի եւ ժամանակակից շարժման թատրոնի զարգացման բնագավառին մէջ։
1999 թուականին Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնին կից կը ստեղծուի մնջախաղացներ պատրաստելու սդուտիա՝ թատրոնի դերասան Համլետ Չոբանեանի ղեկավարութեամբ։ Սդուտիայի շրջանաւարտներէն շատեր այսօր արդէն ընդգրկուած են թատրոնի հիմնական կազմին մէջ։
Խաղացանկ
ԽմբագրելԹատրոնի խաղացանկը կը պարունակէ հետեւեալ բեմադրութիւնները․[5]
- «Գիրք Ծաղկանց»
- «Արդաղիոն»
- «Դեւը»
- «Չարի Ծաղիկներ»
- «Շրջանակից Դուրս»
- «Արթմնի Երազ»
- «Թռիչք»
- «Խաղը»
- «Ինչպէս Նկարել Թռչուն»
- «Մետամորֆոզ»
- «Գեներ»
- «Շերանիկ»
- «Մագաղաթ»
- «Այծ-Ծէս»
Փառատօն
ԽմբագրելԵրկու տարին մէկ Ծաղկաձորի մէջ կը կազմակերպուի Մնջախաղի միջազգային փառատօն՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան, Երեւանի Մնջախաղի Պետական Թատրոնի, Ազգային Թատերական Ստեղծագործական Միաւորման եւ Ծաղկաձորի քաղաքապետարանին կողմէ։
2010 թուականին, Մնջախաղի Թատրոններու Միջազգային Փառատօնը Ծաղկաձորի մէջ կոչուեցաւ նշանաւոր ծաղրածու-մնջախաղաց Լեոնիդ Ենգիբարեանի անունով։ Իսկ արդէն 2012 թուականին, երբ Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ հերթական Մնջախաղի միջազգային փառատօնը, կեդրոնական հրապարակին մէջ տեղադրուեցաւ աշխարհահռչակ Լեոնիդ Ենգիբարեանի պրոնզէ արձանը։
2008, 2010 եւ 2012 թուականներուն տեղի ունեցած փառատօններուն մասնակցած են թատերախումբեր եւ անհատ կատարողներ Սպանիայէն, Իտալիայէն, Յունաստանէն, Ռուսաստանէն, Լաթուիայէն, ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն, Չեխիայէն, Լեհաստանէն, Դանիայէն, Ճափոնէն, Ղազախիստանէն, ինչպէս նաեւ հայկական թատերական, կրկէսային խումբեր, նուագախումբեր, կրակէ ցուցադրումներ կատարող խումբեր, երիտասարդական խումբեր։ Յաջորդ փառատօնը կայացաւ 2014 թուականին՝ Օգոստոս 10-15-ը։
Ներկայացումները տեղի կ'ունենան փողոցին մէջ կամ հրապարակը տեղադրուած բացօթեայ բեմին վրայ։ Փառատօնի հինգ օրերու ընթացքին Ծաղկաձորի փողոցները կը լեցուին հրաւիրուած թատրոներու ներկայացումներով, ֆիլմերու ցուցադրութեամբ, ցուցահանդէսներով, տօնավաճառներով, բազմաթիւ խաղերով, ինչպէս նաեւ կրկէսային, լարախաղային ներկայացումներով, որոնց ընթացքին տեղի կ'ունենայ անմիջական կապակցութիւն հանդիսատեսի հետ, կ'իրագործուի տարբեր թատերախումբերու համատեղ ծրագիրներ, տեղի կ'ունենայ նաեւ փորձի փոխանակում, ինչպէս նաեւ փողոցային մնջախաղի վարպետութեան դասընթացքներ։ Փառատօնի ընթացքին կը գործադրուին նաեւ պարարուեստի վարպետութեան մասնագիտացուած դասընթացքներ՝ փորձառու վարպետներու կողմէ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Մնջախաղի պետական թատրոնը վերջապէս կ'ունենայ իր սեփական տանիքը
- ↑ «Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնը արդէն իր շէնքը ունի։»։ armenpress.am։ արտագրուած է՝ 15 Փետրուար 2017
- ↑ «Հին եւ նոր Երեւան», պատմական տեղեկագիր-ուղեցոյցի թատրոններուն նուիրուած գլուխ
- ↑ [1]
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-09-05-ին։ արտագրուած է՝ 2018-10-20