Զոհրապ Քէշիշեան

Հայ գեղանկարիչ, արուէստագէտ։

Զոհրապ Քէշիշեան (Զոհրապ, 1943, Հալէպ, Սուրիա - 5 Փետրուար 2017(2017-02-05), Լիբանան), լիբանանահայ գեղանկարիչ, արուէստագէտ։

Զոհրապ Քէշիշեան
Ծնած է 1943
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Մահացած է 5 Փետրուար 2017(2017-02-05)
Մահուան վայր Լիբանան
Մասնագիտութնիւն գեղանկարիչ

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Հալէպ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Մեսրոպեան վարժարանէն, իսկ միջնակարգ եւ երկրորդական կրթութիւնը՝ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանէն։ Արուեստի իր կրթութիւնը ստացած է Հալէպի յունական արուեստի հիմնարկին մէջ, որմէ վկայուած է 1961-ին, ապա անցած է Լիբանան, ուր բարձրագոյն ուսումը ամբողջացուցած է իտալական «Ժուլիանօ» արուեստանոցին մէջ, 1970-ին, անկէ ետք արուեստի բարձրագոյն վկայականի տիրացած է Քասլիքի արուեստի հիմնարկէն[1]:

Գործունէութիւն

Խմբագրել

1972 թուականէն սկսած է աշխատիլ իբրեւ արհեստավարժ գեղանկարիչ եւ դասախօս: Նկարած է լիբանանեան եւ օտար քաղաքական գործիչներու, նախագահներու եւ հոգեւորականներու դիմանկարներ:

Ցուցահանդէսներ

Խմբագրել

1972-էն 2016 տուած է աւելի քան 40 անհատական ցուցահանդէսներ` Լիբանանի, Սուրիոյ, Քուէյթի, Միացեալ Նահանգներու, Կիպրոսի եւ Քանատայի մէջ, ինչպէս նաեւ մասնակցած է մեծաթիւ հաւաքական ցուցահանդէսներու:

Անոր գործերը տարածուած են աշխարհով մէկ` Իտալիա, Զուիցերիա, Սուրիա, Կիպրոս, Միացեալ Նահանգներ, Քուէյթ, Քանատա եւ այլն:

Կերպարներ

Խմբագրել

Զոհրապի գործերուն մէջ կը հանդիպինք զանազան կերպարներու, ինչպէս` կինը, հողը, բնութիւնը, մանուկը, կարօտը, սէրը եւ այլ կերպարներ։

Անոր գործերը կարելի է դասել իբրեւ տպաւորապաշտ, խորհրդապաշտ, վիպապաշտ, գերիրապաշտ դասական  դպրոցներու պատկանող գործեր:

Տիրացած է բազմաթիւ մրցանակներու[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել