Թիսէաս

(Վերայղուած է Թեսեւս-էն)

Թիսէաս (յուն․՝ Θησέας, հին յուն․՝ Θησεύς Թիսեւս)․ Աթէնքի առասպելական արքայ։ Աթէնացիներու սիրելի հերոսը եղած է: Աթենացիները անոր մասին կ'ըսէին՝ «Ոչ մէկ բան կը կատարուի առանց Թիսէասին»:[1] Պատճառն այն է, որ Թիսէաս մասնակցած է անհամար արկածախնդրութիւններու եւ ճամբորդութիւններու:

Թիսէաս
հին յուն․՝ Θησεύς
Թիսէաս կը սպաննէ Մինոթաւրոսը: Քովը Աթինա աստուածուհին է։
Ծնած է Ք․Ա․15-րդ դար
Ծննդավայր Թրիզինա, Պելոպոնես, Յունաստան
Մահացած է Ք․Ա․ 14-րդ դար
Քաղաքացիութիւն Աթէնք
Ազգութիւն յոյն
Մասնագիտութիւն թագաւոր
Վարած պաշտօններ Աթէնքի թագաւոր
Ամուսին Ֆետրա, Անտիոփի (Ամազոնա), Արիատնի, Իփոլիթի
Ծնողներ Էգէաս, Փոսիտոնաս (ըստ առասպելի մը) ու Էթրա
Երեխաներ Իփոլիթոս, Մելանիփոս, Աքամաս, Տիմոֆոն եւ Իֆիղենիա

Առաջին տարիները

Խմբագրել

Թիսէաս Աթէնքի արքայ էգէասի զաւակն էր ըստ առասպելին, (հաւանական է նաեւ հայրը Փոսիտոնաս աստուածը ըլլայ, քանի նախապէս նոյն իրիկունը Էթրա յարաբերուած էր անոր հետ), սակայն կը բնակէր Թրիզինա, Փիթէաս թագաւորին պալատը, իր մօր՝ Էթրային հետ: Հայրը վերադարձած էր Աթէնք նախքան զաւակին ծնունդը: Մինչ այդ, ան հողին մէջ թաղած էր իր թուրը եւ տրեխները։ Պատանութեան վերջաւորութեան, Էթրա տղուն կը յայտնէ անոր ծագումը եւ Թիսէաս կը տեղաշարժէ ժայռը եւ կը հանէ իր հօր իրերը: Ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Աթէնք, հայրը հանդիպելու համար:

Դէպի Աթէնք

Խմբագրել

Դէպի Աթէնք ճամբուն վրայ, Թիսէաս կը հանդիպի կարգ մը դժուարութիւններու եւ արգելքներու, յաջորդաբար՝ Փերիֆիթիս աւազակին, Ֆէա վայրի խոզին, Սքիրոնաս եւ Փրոքրուսթիս աւազակներուն, որ սակայն դիւրութեամբ զանց կ՛ընէ։ Աթէնք չհասած, Քիֆիսոս գետի ջուրերուն մէջ Ֆիթալոսին (յունական դիցաբանութեան մէջ Ատիկէի հերոսներէն մէկն է) տղոցմէ մաքրում կը ստանայ (աւազակները սպաննելու համար), որպէսզի հօրը հետ առաջին հանդիպումին ներկայանայ իբրեւ մաքրուած՝ սրբացուած հերոս։

Հօրը առջեւ կը ներկայանայ առանց ինքնութիւնը յայտնելու։ Սակայն Միտիա, կը հասկնայ անոր ով ըլլալը եւ կը վախնայ թէ ան իր զաւկին (որ ունեցած է Էգէասին հետ) տեղը պիտի առնէ՝ իբրեւ գահաժառանգ։ Այս պատճառով, ան թագաւորին կը համոզէ ձերբազատուիլ օտարէն եւ թոյն մը կը պատրաստէ։ Սակայն, երբ ընթրիքի պահուն, Թիսէաս թուրը կը քաշէ, որպէսզի միսը կտրէ, հայրը կը ճանչնայ զէնքը որ Թրիզինա թաղած էր (Էգէաս թուրը իր հօրմէն՝ Քեքրոփասէն ժառանգած էր) եւ անմիջապէս կը միջամտէ ու զաւկին կեանքը կը փրկէ։ Միտիա իր զաւկին Միտոսին հետ Աթէնքէն կը հեռանան։

Էգէասին եղբայրը՝ Փալանտաս, եւ իր 50 զաւակները կը փորձեն Աթէնքի գահին տիրանալ, սակայն Թիսէաս կ՛ընդմիջէ, կը խափանէ անոնց ծրագիրները եւ կը հաստատէ հօրը իշխանութիւնը։

Թիսէաս եւ Մինոթաւրոս

Խմբագրել
 
Թիսէաս եւ Մինոթաւրոս:

Մինոթաւրոսի դէմ տարած յաղթանակը Թիսէասի սխրագործութիւններէն ամենակարեւորն է: Այս պատմութեան մէջ դերակատար են յունական դիցաբանութեան բազմաթիւ յայտնի անձեր՝ Կրետէի ահեղ տիրակալ Մինոաս, որ Աթէնքէն ինը տարի անգամ մը եօթ պատանի եւ եօթ աղջիկ կ'առնէր, որպէսզի Մինոթաւրոս Լապիրինթոսին մէջ զանոնք բզիկ-բզիկ ընելով լափէ։ Արիատնի, Մինոասին դուստրը որ Թիսէասին կ՛օգնէ եւ Տիոնիսոս աստուածը։

Թիսէաս եւ Արիատնի

Խմբագրել

Թիսէաս կ՛որոշէ վերջ տալ Մինոասի այս վայրագութեան եւ ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Կրետէ, եօթը տղոցմէ մէկուն փոխարինելով։ Կրետէ, Արիատնիին կը հանդիպի ու կը սիրահարուին։ Արիատնի երբ վստահ կ՛ըլլայ թէ Թիսէաս զայն հետը Աթէնք պիտի տանի ու պիտի ամուսնանան, անոր կը յանձնէ թելի կծիկը, որպէսզի չկորսուի լապիրինթոսին մէջ եւ գործը կատարելէ ետք, կարողանայ դուրս գալ: Այդպէս ալ կ՛ըլլայ, Թիսէաս Մինոթաւրոսը կը սպաննէ եւ օգտուելով գիշերուան մութէն, Արիատնիին հետ նաւահանգիստ կը հասնին եւ վերադարձի ճամբան կ՛առնեն։

Արիատնի եւ Տիոնիսոս

Խմբագրել
 
Արիատնի եւ Տիոնիսոս, գործ՝ Ք․Ա․ 400-375

Վերադարձի ճամբուն վրայ, Նաքսոս կղզին կանգ կ՛առնեն։ Իրիկունը, Թիսէասի երազին մէջ Տիոնիսոս աստուածը կը յայտնուի ու անոր կը յայտնէ թէ պէտք է կղզիէն մեկնի առանց Արիատնիին, որովհետեւ ճակատագիրը այդպէս գրուած է եւ Արիատնի իր կինը պիտի դառնայ։ Արիատնի Նաքսոս կը մնայ, կ՛ամուսնանայ Տիոնիսոսին։ Այդպէս կը զարգանայ կղզիին բնակիչներուն մօտ Արիատնիին պաշտամունքը իբրեւ աստուածուհի։

Թիսէասի վերադարձը Աթէնք

Խմբագրել

Աթէնքէն մեկնելէն առաջ Էգէաս զաւկին պատուիրած էր, որ Մինոթաւրոսին յաղթած ըլլալու պարագային Թիսէաս վերադարձի նաւուն վրայ պիտի պարզէ ճերմակ առագաստները, հակառակ պարագային՝ սեւ: Թիսէաս սակայն, մոռցած էր պայմանը եւ նաւը Աթէնք կը հասնի սեւ առագաստներով:

Էգէաս ամէն օր Սունիոյի հրուանդանէն (ըստ կարգ մը պատմաբաններու Աքրոփոլիսի ժայռէն) ծովը կը դիտէր։ Տեսնելով սեւ առագաստները ինքզինքը ծովը կը նետէ։ Ծովը, ուրկէ Թիսէաս Կրետէէն մինչեւ Աթէնքի նաւահանգիստը՝ Փիրէա կը ճամբորդէ, էգէասի անունով՝ Էգէական ծով կ՛անուանուի։

Թիսէաս թագաւոր

Խմբագրել

Թիսէաս Աթէնքի ամենակարող թագաւորներէն մէկը եղած է։ Ան կը հաստատէ Աթէնքի մեծութիւնը միացնելով Ատիկէի բնակավայրերը։ Այդ պատճառով, աթենացիները 16 Էքաթոմվէոնային կը տօնէին «Սինիքիա» կամ «Սինիքեսիա»։

Թիսէաս Աթէնքի քաղաքացիները կը բաժնէ 3 դասակարգի․ ազնուականներու, հողատէրերու եւ ստեղծագործներու (շինականներ եւ արհեստագործներ)։ Բազմաթիւ են անոր յաջողութիւնները։ Ամենակարեւորներէն են՝ Մեղարիտային գրաւումը (Մեղարայի շրջան), Ամազոնեսներուն եւ Քենտաւրոսներուն դէմ տարած յաղթանակները, Փիրիթոոսին հետ 12 տարեկան Գեղեցիկ Հելենիին առեւանգումը Սպարթիէն (կամ Սփարթի)։ Իսկ երբ Փիրիթոոսին հետ կը փորձեն վարի աշխարհէն (Ատիս աստուծոյ բնակավայրը) Փերսեֆոնին առեւանգել Ատիսին կողմէ տարիներ հոն քարացած կը մնան մինչեւ ազատագրուին Հերակլիսին (Իրաքլիս) կողմէ։ Ատկէ ետք, երբ Աթէնք կը վերադառնայ, իր դէմ կը գտնէ աթենացիներուն եւ քաղաքը կը լքէ։ Ըստ դիցաբանութեան ան կը մահանայ Սքիրոս կղզին։ Անոր զաւակներէն Տիմոֆոն եւ Աքամաս կը մասնակցին Տրոյեան պատերազմին։

Հերոսին յիշատակումը

Խմբագրել

Պատմական շրջանին, Փիսիսթրաթոսն է որ աթենացիներուն կը յիշեցնէ անոնց պարտականութիւնը հերոսին հանդէպ (Ք․Ա․ 6-րդ դար)։ Իսկ Ք․Ա․ 475-ին Քիմոն (Քիմոն Միլթեատու) կ՛արշաւէ Սքիրոսին դէմ, զայն կը գրաւէ ու կը սկսի բնտռել Թիսէասին գերեզմանը։ Վերջապէս բլուրի մը գագաթը պեղելէ ետք հին հսկայ վիմադամբան մը կը գտնէ ու անոր մօտ նիզակի մը ծայրը եւ թուր մը։ Կը հաւատայ թէ Թիսէասինն են եւ եռակարգ ցռկանաւով Աթէնք կը բերէ։ Աթենացիները կը պատուեն իրենց հերոս թագաւորին «վերադարձը» եւ անոր աճիւնները կը թաղեն յատուկ կառուցուած յուշարձանին՝ Թիսիոնին (Θησείον) մէջ։ Նաեւ կ՛որոշեն ամէն տարի 8 Փիանեփսիոնայի զոհաբերութիւններ ընել․ այդ օրը Թիսէասին Կրետէէն վերադարձի թուականն էր, իսկ 8 Էքաթոմվէոնային (այդ թուականն է երբ առաջին անգամ Աթէնք կու գայ) կը պատուեն անոր յիշատակը։

[2] [3][4] [5] [6]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել