Խաչակիրներու Զ․ Արշաւանք

Խաչակիրներու վեցերորդ արշաւանք, ռազմական հակամարտութիւն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաչակիրներու պետութիւններու եւ Այյուպեան սուլթանութեան միջեւ՝ 1228-1229 թուականներուն։ Պատերազմի կոչով հանդէս եկած էին Հռոմի Հոնորիոս III (1216-1227) եւ Գրիգորիոս IX (1227-1241) պապերը։ Արշաւանքի նպատակն էր իսլամներէն Երուսաղէմն ու Սուրբ Երկիրը գրաւել եւ հոն վերահաստատել խաչակիրներու գերիշխանութիւնը։

Խաչակիրներու Զ․ Արշաւանք
Խաչակիրներու Արշաւանքներ
ալ-Քամիլ ալ-Մալիք սուլթան եւ Ֆրիդրիխ II կայսր
Թուական 1228-1229
Վայր Եգիպտոս, Մերձաւոր Արեւելք
Արդիւնք խաչակիրներու դիւանագիտական յաղթանակ
Հակառակորդներ
Խաչակիրներ. Մուսուլմաններ
Հրամանատարներ
* Ֆրիդրիխ II
Հոհենշտաուֆէն
Կաղապար:Country data Այյուբյան սուլթանություն Ալ-Քամիլ

Խաչակիրներու զօրքերը ղեկավարուած են Սրբազան Հռոմէական կայսր Ֆրիդրիխ II Հոհենշտաուֆէնի, Կիպրոսի արքայ Հէնրիխ I-ի, Տեւտոնական առաջնորդ Հերման ֆոն Զալցաի եւ իրենց հպատակ ազնուականներու կողմէ։

Արշաւանքի ընթացքին ոչ մէկ ճակատամարտ չէ եղած։ Խաչակիրներու հինգերորդ արշաւանքէն եօթը տարի ետք Ֆրիդրիխ II-ը իր դիւանագիտութեան շնորհիւ կրնայ վերականգնել քրիստոնեաներու վերահսկողութիւնը Երուսաղէմի եւ անոր շրջակայ տարածքներուն վրայ տասնհինգ տարի։

Ֆրիդրիխ II-ը եւ պապութիւնը

Խմբագրել

Սրբազան Հռոմէական կայսր Ֆրիդրիխ II-ը կը պատրաստուի խաչակիրներու հինգերորդ արշաւանքին մասնակցիլ եւ Գերմանիայէն զօրք կ'ուղարկէ արեւելք։ Կայսրը անձամբ չի կրնար ուղեկցիլ բանակին, չնայած Հոնորիոս III-ի եւ Գրիգորիոս IX-ի ծանուցումներուն, քանի որ Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ դիրքերը ամրապնդելու կարիք ունէր։

Ֆրիդրիխ II-ը կը խոստանայ նոր խաչակրաց արշաւանքի մասնակցիլ։ 1225–ին Ֆրիդրիխ II-ը կ'ամուսնանայ Իզապելլայի՝ Յովհան Բրիեննի (Երուսաղէմի թագաւորութեան անուանական ղեկավար) եւ Մարիա Մոնֆերատսկոյի դստեր հետ։ Ֆրիդրիխ II-ը ատով ձեռք կը բերէ յաւակնութիւն՝ թագաւորութեան բանակի եւ կորսնցուցած հողերուն վրայ եւ կը փորձէ ետ բերել զանոնք։ 1227–ին՝ Գրիգորիոս IX-ի պապ դառնալէն ետք, Ֆրիդրիխ II-ի բանակները Պրինդիզայէն դէպի Ակրա կը շարժին` Երուսաղէմի թագաւորութեան այդ ժամանակուայ մայրաքաղաքը, բայց համաճարակը կը ստիպէ անոնց Իտալիա վերադառնալ։ Գրիգորիոս IX-ը այդ հնարաւորութիւնը կ'օգտագործէ, որպէսզի Ֆրիդրիխ II-ը հեռացնէ եկեղեցիէն։ Բայց ասիկա միակ առիթն էր, քանի որ կայսրը արդէն քանի տարի է կը փորձէր համախմբել կայսերական իշխանութիւնը Իտալիոյ մէջ, պապին հաշուետու ընելու համար։ Գրիգորիոս IX-ը կը յայտարարէ, որ կայսրը եկեղեցիէն հեռացնելու պատճառը այն էր, որ ինքը չէր ցանկար, որ Ֆրիդրիխը դուրս կու գայ խաչակիրներու արշաւանքի` սկսած խաչակիրներու հինգերորդ արշաւանքէն։

Խաչակրաց արշաւանք

Խմբագրել

Ասոր հետ մէկտեղ, որպէսզի անմիջապէս ուղեւորուի Սուրբ հող, կայսրը սկիզբը Կիպրոս կ'այցելէ, որ եղած էր անոր կալուածքը խաչակիրներու երրորդ արշաւանքի ժամանակ` կղզին Ռիչարտ Առիւծասրտի կողմէն գրաւուելէն ետք։ Ֆրիդրիխ II-ը Կիպրոսի թագաւորութիւն կը ժամանէ պահանջագրով, բայց դիմադրութեան կը հանդիպի տեղային պարոններու կողմէ, որոնց խնամակալ Ժաննա I Իբելինը կ'աջակցէր։

Ֆրիդրիխ II-ը կը պնդէ, որ խնամակալութիւնը ապօրինի է։ Կռիւը չաւարտիր, միայն արդիւնքը այն կ'ըլլայ, որ վէճին պատճառով կայսրը Իբելինի նման համախոհերէն է։ Ակրան միանշանակ կը հանդիպի Ֆրիդրիխին։ Անոր կ'աջակցէին սեփական բանակը եւ տեւտոնական ասպետները, բայց տեղական պատրիարք Ճերալտ Լոզանցին եւ հոգեւորականութիւնը պապի կողմէն էին։ Երբ քաղաքին մէջ կը տարածուի կայսրի՝ եկեղեցիէն հեռացման լուրը, խաչակիրներուն համընդհանուր աջակցութիւնը նշանակալիօրէն կը թուլանայ։ Հիւանդախնամներու եւ տաճարականներու դրութիւնը աւելի բարդ էր։ Չնայած անոնք հրաժարած էին կայսրի բանակին անմիջական միաւորուելէ, բայց խաչակիրներու արշաւանքը կ'ընդունէին։ Տեղական պարոնները սկզբը Ֆրիդրիխ II–ը կ'ողջունեն, բայց յետոյ կը վախնան անոր ձգտումներէն, որ դէպի կայսերական իշխանութեան կեդրոնացում կը տանէր։

Ֆրիդրիխ II-ի հաւաքած զօրքը իր թիւով արշաւանքի սկզբը հաւաքած զօրքի միայն ստուերն էր։ Ան կը հասկնայ, թէ Սուրբ Երկրին յաջողութեան հասնելու միակ յոյսը՝ Երուսաղէմի անձնատուրութեան համար բանակցութիւնն էր, քանի որ այյուպեաններու դէմ պայքարելու ուժ չունէր։ Ֆրիդրիխ II-ը իր բանակը ցուցադրաբար դէպի հարաւ ափի երկայնքով կը շարժէ։ Այդ մէկը բաւական կ'ըլլայ, որպէսզի համոզէ սուլթան ալ-Քամիլին, որպէսզի բանակցութիւններու մէջ մտնէ։ Եգիպտացիները զբաղած էին Սուրիոյ մէջ ապստամբութեան ճնշմամբ, այդ պատճառով ալ կը համաձայնին խաչակիրներուն զիջիլ Երուսաղէմը եւ մէկ նեղ միջանցք ձգել՝ ափի երկայնքով։ Բացի այս մէկէն, Ֆրիդրիխ II-ը կը ստանայ Նազարէթը, Սիդոնը, Եաֆան ու Բեթղեհէմը։ Միւս տարածքներու մասին պատմաբանները կը լռեն։ Փոխարէնը իսլամները վերահսկողութիւնը կը պահպանեն Երուսաղէմի մէջ՝ Տաճարային լերան եւ մզկիթներ ալ-Ակսայի եւ Գմբէթաւոր Ժայռերու վրայ։ Արաբական աղբիւրները կ'աւելցնեն, որ Ֆրիդրիխ II-ին պայմանագրով կ'արգիլուի ամրութիւններ վերականգնել Երուսաղէմի մէջ։ Պայմանագիրը կնքուած է 18 փետրուար 1229-ին՝ սահմանելով 10 տարուայ հաշտութիւն։

Ֆրիդրիխ II-ը Երուսաղէմ կը մտնէ Մարտ 1229–ին եւ յաջորդ օրը թագադրման արարողութեան կը մասնակցի։ Յայտնի չէ, թէ ինչ կարգավիճակով թագադրուած է. պատրիարքը անտեսած է արարողութիւնը, եւ այդ պատճառով Ֆրիդրիխ II-ը զայն Երուսաղէմի թագաւոր կոչել չէր կարող[1]։ Առաջին հերթին ան, իրողութեան մէջ, միայն իր որդիի խնամակալն էր, միակ որդին Իոլանտ Երուսաղէմցիի, որ արշաւանքէն ոչ շատ առաջ ծնած էր։

Հետեւանքներ

Խմբագրել

Երբ Ֆրիդրիխը տեղեկութիւններ կը ստանայ երկրին մէջ եղած դժուարութիւններուն մասին, կը ձգէ Երուսաղէմը։ Անկէ ետք ֆրանսական ասպետները դէմ դուրս կու գան զինք փոխարինողներուն։ Մօտ 15 տարի Երուսաղէմի մէջ կռիւ եւ թալան տեղի կ'ունենայ։ Վերջապէս 1244–ին, թրքական հեծելազօրը Երուսաղէմը կը գրաւէ։ Յաջորդ խաչակրաց արշաւանքները առանձին–առանձին կը կազմակերպուին, ինչպէս Լիւդովիկոս IX-ի եւ Էտուարտ I-ի արշաւանքները։ Այս մէկը ցոյց կու տար պապական իշխանութեան թուլացումը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Crusading and the Crusader States, Jotischky, (Edinburgh, 2004), 225.