Կարպիս Ափրիկեան

Կարպիս Ափրիկեան (6 Հոկտեմբեր 1926(1926-10-06)[1], Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս[1] - 15 Հոկտեմբեր 2024(2024-10-15)[2][1], Մալակոֆ, Ֆրանսա[3][1]), ֆրանսահայ երաժշտահան, խմբավար, Փարիզի «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբի երկարամեայ ղեկավար,

Կարպիս Ափրիկեան
Ծննդեան անուն մասրի՝ جاربيس اپريكيان
Ծնած է 6 Հոկտեմբեր 1926(1926-10-06)[1]
Ծննդավայր Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս[1]
Մահացած է 15 Հոկտեմբեր 2024(2024-10-15)[2][1] (98 տարեկանին)
Մահուան վայր Մալակոֆ, Ֆրանսա[3][1]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Ուսումնավայր Փարիզի Նորմալ երաժշտական դպրոց?
Փարիզի երաժշտանոց
Մասնագիտութիւն երգիչ, երաժշտագէտ, երգահան, խմբավար
Վարած պաշտօններ խմբավար?
Երեխաներ Կորիւն Ափրիկեան եւ Արա Ափրիկեան

Մաէսթրօ Կարպիս Ափրիկեան մեծապէս նպաստած է Եւրոպայի մէջ Կոմիտասի, Կանաչեանի, Ալեմշահի գործերուն ծանօթացումին: Ան իր տաղանդով ու վարպետութեամբ հայ երաժշտութեան երկնակամարին վրայ դարձած է եզակի անուն մը, որուն վաստակը արժանի է ամէն յարգանքի ու մեծարանքի: Հայ երգի եւ երաժշտութեան երախտապարտ սպասարկուններէն է: 57 տարի ոչ միայն իր ուսերուն վրայ կրած է «Սիփան-Կոմիտաս»ը (անշուշտ առանց ուրանալու իրեն թիկունք կանգնած անձերու վաստակը), բայց նաեւ հասցուցած է անհամար երգիչներ, յօրինած է երգեր, օրաթորիօներ: Եւ այս ամբողջը՝ Սփիւռքի ծանօթ պայմաններուն մէջ:

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

75 տարի առաջ Կարպիս Ափրիկեանը սկսաւ երաժշտութեամբ զբաղիլ: 15 տարեկանին Աղեքսանդրիոյ Եգիպտոս Պօղոսեան ազգ. վարժարանի երաժշտութեան ուսուցիչ Աշոտ Պատմագրեանի աշակերտ, անոր բացակայութեան ինք կը ստանձնէր տարեվերջի հանդիսութեան երգչախումբին ղեկավարութիւնը: Իսկ ուսուցիչին մեկնումէն ետք դարձաւ անոր յաջորդը, մինչ 1953:

Փարիզ մեկնելէ առաջ Կ. Ափրիկեան Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ շարք մը համերգներ տուաւ, ինչպէս «Ալհամրա» հանրածանօթ հանդիսասրահին մէջ։ Երաժշտութեան բնագաւառին մէջ առաջնակարգ դէմք դարձաւ, արժանանալով մինչեւ իսկ Եգիպտոսի նախագահին գնահատանքին:

Եթէ Մայէսթրօ Կարպիս Ափրիկեանի ջանքերը չըլլային, Գ. Ալեմշահի «Աւարայրի ճակատամարտը» համանուագային վիպերգութիւնը (poe՛me symphonique) պիտի նուագուէ՞ր Երեւանի մէջ։ Նույնն է պարագան իր «Սասունցի Դաւիթ» օրաթորիոյին, որ դիւցազներգական բնոյթով համանուագախմբային երկ է ու կը պարունակէ մեներգներ, խմբերգներ:

Լեւոն Շանթ իր նշանաւոր գործը կոչած էր «Հին Աստուածներ». Կարպիս Ափրիկեան գտած էր Բարսեղ Կանաչեանի այդ թատերգութեան համար յօրինած դաշնամուրի բաժին մը եւ ջութակի ու թաւջութակի կցկտուր հատուածներ: Անոնց վրայ հիմնուելով, ան յաջողութեամբ ստեղծեց մէկ արարնոց, խտացուած «Աբեղան» օփերան, որ համանուագախմբային երկ մըն է: Իրեն կը պարտինք նուագախումբի ընկերակցութեամբ «Նանօր»-ի ժողովրդականացումը. Կանաչեան-Ափրիկեանի «Նանօր»-ը դարձաւ կոթող մը եւ միջազգային երաժշտասէրներու մօտ լաւ ընդունելութեան արժանացաւ:

Մայէսթրօ Կարպիս Ափրիկեան հետագային Կանաչեանի բազմաթիւ գործերուն գործիքային բաժիններ աւելցուցած է, ինչպես «Շուշօ»-ին, «Վարդերի հետ»-ին, որոնք այլեւս գրեթէ չենք լսեր Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ...

Կոմիտասեան պատարագ
Խմբագրել

Ինչ կը վերաբերի Կոմիտասեան պատարագին, Մայէսթրօ Կարպիս Ափրիկեան նկատած է, որ զայն խառն երգչախումբի պատշաճեցնելու բոլոր փորձերը գոհացուցիչ արդիւնք չեն տուած, անոնց հնչեղութիւնը մնացած ըլլալով թեթեւ, նոյնիսկ միապաղաղ: Ինքն իր նոր մօտեցումով պայծառութիւն մը բերած է, նկատի ունենալով tessitur-ը, այսինքնՙ երգաձայնի մօտաւոր հնչածաւալը, երգողներուն համար ամէնէն նպաստաւորը, յարմարագոյնը: Ըրածը «փոխագրութիւն-վերագրութիւն» կարելի է կոչել: Նոյն աշխատանքը կատարած է մեր հիասքանչ գոհար շարականներուն վրայ:

  Աւելի քան 70 տարի մայէսթրօ Կարպիս Ափրիկեանը ծառայած է հայ երգարուեստին, յատկապես խմբերգային արուեստին, սկիզբը Եգիպտոսի մէջ, ապա, 1960-ականներէն սկսած, Ֆրանսայի մէջ։ Ան մէկն է սփիուռքահայ այն երգահան-խմբավարներէնՙ Համբարձում Պէրպէրեան, Շահան Պէրպէրեան, Բարսեղ Կանաչեան, Աշոտ Պատմագրեան, ինչպես նաեւ Պետելեան, Սեպուհ Աբգարեան, Արսէն Սայեան եւ ուրիշներ, որոնք իսկապէս անգնահատելի դեր կատարած են սփիւռքահայ սերունդներուն հայ երգով հայ պահելու, ազգային երգի միջոցով իրենց ազգային ամենամաքուր զգացումները պահպանելու գործին մէջ։ Կարպիս Ափրիկեանը այդ սերունդի վերջին մոհիկաններէն է, արժանի մեր ժողովուրդի երախտագիտութեանը:
- Բժիշկ՝ Լեւոն Մոմճեան ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ եւ ՅԱՌԱՋ ՕՐԱԹԵՐԹ 2007Թ.
 


Երկերն ու ստեղծագործութիւնները

Խմբագրել

Բազմաթիւ են Մայէսթրօ Կարպիս Ափրիկեան երգահանին երկերը: Ցիշենք քանի մը հատը, համառօտ կերպով, որոնք արժանի են հետագային աւելի մանրակրկիտ քննարկումներու. «Լճակը»» իր հաճելի ձայնակայքի փոփոխութիւններով։

Հարսանեկան փոքր փունջ»՝ երաժտականը նոր ուղի մը կը բանայ հայ երգացանկին մէջ:

«Լամէնթօ, ողբ» նուիրուած կոմիտասին,

«Մութն էր երկինքը» մելամադձոտ մեղեդի

«Զ'ըլլար, չ'ըլլար» քոնթրը փուանթիք բազմաձայնութեան այլ ձեւ, մեղեդիական եւ ռիթմիք, Զուարթաիսօսութիւն:

Հուսկ կը հասնինք կանաչեան - Ափրիկեան «Աբեղան» օփերային:

Խոհեր, Սրտէ Բխած Խօսքեր, Ուղղուած Կարպիս Ափրիկեանին, Իր Ծննդեան 90ամեակին Առթիւ

Խմբագրել

-«Աւելի քան կէս դար նուիրումով, անխոնջ, «առանց դուլի ու լքումի» պիտի ըսէր մեծ գրագէտը՝ Յակոբ Օշական, դաստիարակեցիք, ղեկավարեցիք «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբը, վեհանձնաբար փոխանցեցիք ձեր թանկագին գիտելիքներուն մեծ մասը, անհուն սէրը՝ հայ երգին ու երաժշտութեան: Երախտապարտ ենք»:

- «Բծախնդրութեամբ սորվեցուցիք անհամար գեղեցիկ, գողտրիկ երգեր… Յատուկ տեղ մը կը գրաւեն մեր սիրտերուն մէջ «Սասունցի Դաւիթ» օրաթորիօն, մեր եկեղեցւոյ Սուրբ եւ անմահ պատարագը, ինչպէս նաեւ փունջ մը հիասքանչ շարականները: Երախտապարտ ենք»:

-«Ձեր 90-րդ տարեդարձին ուրախ առիթով, «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբի հաւատարիմ անդամները սրտանց՝ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթեն ձեզի եւ ձեր ազնիւ տիկնոջ՝ Աննիկին»:

-«Ապրիք ուրախ ու երջանիկ, շրջապատուած՝ հարազատներով»:

-«Ձեր վարձքը կատա՛ր, յարգելի, սիրելի մայէսթրօ: «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբէն՝ ԱՐՓԻՆԷ ՏԱՏԵԱՆ 8 Հոկտեմբեր 2016»:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 Fichier des personnes décédées
  2. 2,0 2,1 2,2 Décès du Maestro Garbis Aprikian, une grande perte pour la musique (...) - Nouvelles d'Arménie en Ligne
  3. 3,0 3,1 3,2 https://www.armenews.com/spip.php?page=article&id_article=120228