Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան
Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան (ծնեալ Հալէպ, Սուրիա 1978-ին): Ուսուցիչ, փոխ-տնօրէն, խմբագիր, բանաստեղծ, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան անդամ:
Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան | |
---|---|
Ծնած է | 1978-ին |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Առաքելական Քրիստոնեայ |
Կարողութիւն | բանաստեղծ |
Մասնագիտութիւն | Քիմիագիտական բաժանմունք |
Աշխատավայր | Կրթական մշակ, Ուսուցիչ, Վարժարանի փոխ-տնօրէն, խմբագիր, |
Ամուսին | Հուրի Փիլաւճեան |
Ծնողներ | Յովհաննէս եւ Ժորժէթ |
Երեխաներ | Կարին |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԿարօ Յովհաննէս Արսլանեան արմատներով՝ Այնթապցի հօր Յովհաննէս Արսլանեանի, ուսումը ստացած է Հալէպի Ազգային Կիւլպէնկեան Վարժարանէն, ապա 1995-ին աւարտած է Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը, որմէ ետք յաջողութեամբ աւարտած է Հալէպի Պետական համալսարանի Քիմիագիտական բաժանմունքը:
2018-ին աւարտած է ՀՊՄՀ ի տարրական կրթութիւն եւ մեթոդիկայի բաժնի մագիստրա-տուրականը:
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն - ՀՄԸՄ
Խմբագրել1986-էն ի վեր Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան ՀՄԸՄ-ի անդամ է: Ան նշանակուած է «Գայլ» միաւորի պատասխանատու ապա սկաուստական խորհուրդ անդամ:
Հալէպի Զաւարեան թատերական միաւոր եւ Հալէպի Զուարթնոց երգչախումբ
Խմբագրել1993-1999 տարեշրջանին Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան մաս կը կազմէ Հալէպի Զաւարեան թատերական միաւորին:
2003-2004 տարեշրջանին, ան մաս կը կազմէ Հալէպի Զուարթնոց երգչախումբին:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան անդամ
Խմբագրել1996 էն մինչ այսօր Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան անդամ է Համազգայինի - Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան:
Ուսուցչական ասպարէզ - Հալէպ, Սուրիա
Խմբագրել2004-2005-2006-2007 տարեշրջաններուն, Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան չորս տարիներ շարունակ պաշտօնավարած է Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանէն ներս՝ դասաւանդելով միջնակարգի ու աւագ բաժնի աշակերտներուն քիմիա եւ բնագիտութիւն:
Ազգային վարժարանի փոխ տնօրէն - Քուէյթ
Խմբագրել2007-ին, Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան յատուկ հրաւէրով ստանալով կը մեկնի Քուէյթ եւ նոյն տարին կը ստանձնէ տեղւոյն Քուէյթի ազգային վարժարանի ու աւագ դպրոցի փոխ տնօրէնի պաշտօնը մինչեւ այսօր:
«Ազդարար» շաբաթաթերթի խմբագիր
Խմբագրել2008-էն ի վեր Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան ստանձնած է Քուէյթի «Ազդարար» շաբաթաթերթի խմբագրի պաշտօնը:
Հրատարակութիւններ
Խմբագրել2004-ին, արեւմատահայերէն տարբերակով կը հրատարակէ Թումանեանի հերքիաթներէն շարք մը, որ պատրաստուած էր յատուկ նկարելու եւ ներկելու ենթաբաբաժինով մը: Տպագրուած է՝ Հալէպ, Սուրիա:
2019-ին, Կարօ Յովհաննէս Արսլանեան կը հրատարակէ «ԵԹԷ» խորագրեալ բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը, Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատան միջոցով:
Մամուլի աշխատակից եւ Սուրիահայ Լրագրողներու անդամ
ԽմբագրելԿարօ Յովհաննէս Արսլանեան իր բանաստեղծութիւններով ու յատուկ յօդուածներով պարբերաբար հանդէս եկած է սփիւռքի մամուլի մէջ։ Ան անդամ է Սուրիահայ Գրողներու համախմբումին:
Փոխան Գրախօսականի «ԵԹԷ» Քերթողագիրք Հեղինակ՝ Կարօ Արսլանեան
Խմբագրել2019-ին, Երեւանի մէջ լոյս տեսած է Քուէյթաբնակ երիտասարդ գրող եւ կրթական մշակ՝ Կարօ Արսլանեանի[1] առաջին ստեղծագործութիւնը եղող «ԵԹԷ» քերթողագիրքը: 90 էջերու մէջ ներփակուած այս հատորիկը, խորքին մէջ բաժնուած է հինգ «ԵԹԷ»-ներու- «Եթէ սիրես», «Եթէ Պայքարիս», «Եթէ Աղօթես», «Եթէ Հաւատաս», «Եթէ յուսաս»:
Եւ իմ ակնոցով այս «Եթէ»ն ունի եզակի հայեացք մը, մաքուր տպաւորութեամբ: Հոն Բոլոր միտքերը նոյն նպատակը կարծես կը հետապնդեն: Այսպէս արեւու նման զարդարուած է սէրը որ պահած է իր պայծառութիւնը: Անձնական ապրումներու գումար մը, ընդհանրապէս ռոմանթիկ եւ նոյնքան ալ մտայղացման նորութիւններով եւ ձեւաչափերով: Տեսանելի են մտքի եւ գաղափարներու հոսքի թափանցիկութիւնը: Գովելի է եւ նոյնքան քաջալերելի: Եթէ տաղանդը կայ, միշտ կ’ըսեմ եւ կը կրկնեմ, կրնայ այդ մէկը հեղինակը դէպի նոր ճանապարհներ տանիլ: Ու «ԵԹԷ»ն հասկնալի ոճով, մեղմ եւ քաղցր հարազատ պատկերներով, յաճախ հիւթեղ գեղարուեստական ոճով, տագնապահար հայու մտածումները, սէրերը գեղարուեստական շքեղանքով ներկայացնելը ողջունելի նախաձեռնութիւն մըն է: Այս մասին ոչ մէկ խօսք: |
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Սփիւռքի Ձայնը» ԿԱՐՕ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
- ՀԱՅ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՑԱՆՑ
- Հորիզոն շաբաթաթերթի գրական յաւելուածը
- Հայ ժողովուրդի բարեկամ` Ահմէտ Ալ Սարրաֆը Քուէյթի հայաշունչ կրթօճախէն ներս
- Մոնթրէալի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գրական յաւելուածն է։ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՐՕ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
- Փոխան Գրախօսականի «ԵԹԷ» Քերթողագիրք Հեղինակ՝ Կարօ Արսլանեան, գրեց՝ Գէորգ Պետիկեան
- «Առաջնորդներու Դասընթացները Կ’օգնեն Առաջնորդի Բնորոշ Հմտութիւններ Ձեռք Բերել». Կարօ Արսլանեան