Հայաստանի Անկախութեան Վերականգումը՝ Բագրատունեաց Թագաւորութիւնը

Հայաստանի արաբներու տիրապետութեան տակ գտնուող ժամանակաշրջան, է.դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ Հայաստան արաբներու տիրապետութեան տակ գտնուող շրջան, երբ երկիրը կը կառավարուէր ոստիկաններով: Ոստիկաններու իշխանութիւնը տեւած է մինչեւ Թ. Դարու կէսը:

Հայ ժողովուրդի իրավիճակը

Խմբագրել

Հայերը չեն կրնար հաշտուիլ օտար լուծի տակ մնալու գաղափարին հետ.երբեմն բանակցութեամբ, երբեմն ըմբոստութեամբ, անոնք կ'աշխատին վերականգնել հայրենի անկախութիւնը:Թ. դարու առաջին տասնամեակէն սկսեալ, Աշոտ Մսակերի օրով, անկախութեան համար տարուած պայքարը կը դրուի աւելի ամուր հիմերու վրայ, մանաւանդ որ արտաքին եւ ներքին պայմանները կը նպաստէին հայերուն: Ներքին ճակատի վրայ իշխանները, մանաւանդ Բագրատունիները, իրենց ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած էին ռազմական ուժ եւ նիւթական հարստութիւն: Արտաքին ճակատի վրայ վերսկսած էին կռիւները բիւզանդական կայսրութեան եւ արաբական խալիֆայութեան միջեւ, որ նաեւ կը գտնուէր ներքին պառակտումի եւ անկայուն վիճակի մէջ: 852-ին, Բուղայի արշաւանքը վերջին եւ անօգուտ փորձ մը կ'ըլլայ արաբներուն կողմէ՝ Հայաստանը իրենց տիրապետութեան տակ պահելու համար:

Բագրատունիները

Խմբագրել

Արաբական տիրապետութեան շրջանին, Հայաստանի նախարարական կազմին մէջ տեղի ունեցած էին քանի մը կարեւոր փոփոխութիւններ:Ներքին մրցակցութեան հետեւանքով նախարարական բազմաթիւ տուներ կորսնցուցած էին իրենց կալուածները յօգուտ աւելի մեծ տուներու, որոնք օգտուելով կեդրոնական իշխանութեան բացակայութենէն, աւելի եւս ընդարձակած էին աւատապետական իրենց իրաւունքները: Միւս կողմէ, Արշակունեաց Հայաստանի կարգ մը ռազմական նախարարութիւնները՝ Մամիկոնեան, Կամսարական, Գնունի, Ռշտունի, Խորխոռունի եւ այլն, դադրած էին առաջնակարգ դեր խաղալէ Հայաստանի զինուորական եւ քաղաքական կեանքին մէջ: Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ բոլորովին կորսուած ու մոռցուած էին: Արաբական արշաւանքներու եւ բռնատիրութեան առաջին շրջանին մեծ պայքար կը մղուի մանաւանդ Մամիկոնեաններուն եւ Բագրատունիներուն միջեւ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը հետեւէր տարբեր քաղաքականութեան: Մամիկոնեանները կը փորձէին ամէն գնով թօթափել պարսկական լուծը, ու այդ պատճառով իսկ անոնք կը սպառեն իրենց ուժը՝ յաճախ անօգուտ կռիւներու եւ ապստամբութիւններու մէջ:Բնական է, որ այս պայմաններուն մէջ, արաբական խալիֆայութիւնը կասկածանքով վերաբերէր իրենց հետ ու անխնայ հալածէր զանոնք: Բագրատունիները կը հետեւին Թէոդորոս Ռշտունիի գծած ուղիին:Անոնք կ'ըլլան աւելի դիւնագէտ եւ ճկուն ու կը շահին խալիֆայութեան վստահութիւնը:Այս խոհեմ քաղաքականութեան զուգահեռ, անոնք հը փորձեն ընդարձակել իրենց կալուածները եւ զօրացնել իրենց զինուորական ուժը:Արաբներուն շնորհիւ անոնք կը գրաւեն ո՛չ միայն գերագահ դիրք, այլ նաեւ՝ քաղաքական ու տնտեսական հեղինակութիւն կը դառնան Վասպուրականի, Սիւնիքի եւ Արցախի հայ իշխաններուն համար:855-ին, արաբները Հայաստանի կառավարիչ կը նշանակեն Պաղտատ գերեվարուած Սմբատ Բագրատունիի 35ամեայ որդին՝ Աշոտ Բագրատունին: Թ. Դարու կիսուն, Բագրատունիներու սեփականութիւնը կը կազմէին արդէն կեդրոնական Հայաստանը, Բագրեւանդը եւ այլ հողամասեր:Այս շրջանին, անոնց գերագահութիւնը անառարկելի կերպով ընդունուած էր գրեթէ բոլոր իշխաններուն եւ նոյնիսկ խալիֆային կողմէ, որ 862-ին Իշխանաց Իշխան տիտղոսը շնորհած էր անոնց նահապետին՝ Աշոտ Բագրատունիին:

Անկախութեան Ճամբուն Վրայ

Խմբագրել

Իշխանաց Իշխան Աշոտ Բագրատունի կը յաջողի իր շուրջ հաւաքել հայ նախարարները:Իր երկու աղջիկները կնութեան տալով Վասպուրականի Գրիգոր Դերենիկ եւ Սիւնեաց Վասակ Իշխաններուն, ան իրեն կը կապէ նախարարական այս երկու տուները: Միւս կողմէ, ան կը յաջողի խալիֆայէն ապահովել աքսորական իշխաններուն հայրենադարձի իրաւունքը:Այս ձեւով Աշոտ կը ներկայանայ իբրեւ Հայաստանի ամէնէն ազդեցիկ անձնաւորութիւնը: Ազատագրելու համար ամբողջ երկիրը անհրաժեշտ էր ձերբազատիլ Հայաստանի մէջ հաստատուած էմիրներու սպառնալիքէն: Այս նպատակին համար, Աշոտ կը կազմէ 40 հազարնոց բանակ մը, որուն հրամանատարութիւնը կը յանձնէ իր Աբբաս եղբօր, որ որոշ ժամանակ մը ետք կը դառնայ հայկական բանակին սպարապետը: Հայկական բանակը իր առաջին յաղթանակը կը տանի Մանազկերտի էմիրին դէմ, որ ապստամբած էր Պաղտատի դէմ: Այս յաղթանակով Աշոտ Բագրատունի միաժամանակ ծանր հարուած կը հասցնէր Հայաստանի մէջ գտնուող արաբական զօրքերուն եւ մեծ ծառայութիւն կը մատուցանէր խալիֆային՝ պատժելով իր դէմ ապստամբած էմիրը: Օր ըստ օրէ կը մեծնար Աշոտ Բագրատունիի հեղինակութիւնը: Գրեթէ բոլոր հայ իշխանները եւ Հայաստանի արաբ էմիրները ընդունած էին անոր գերագահութիւնը. նոյնը ըրած էին նաեւ Աղուանից աշխարհի եւ Վրաստանի իշխանները:

Աշոտ Բագրատունի Թագաւոր (885-890)

Խմբագրել

Երբ Աշոտ Բագրատունի կը հասնի իր զօրութեան գագաթնակէտին, ամէն կողմէ փափաք կը յայտնուի զայն թագաւորութեան բարձրացնելու:Նախարարները կը դիմեն Պաղտատի խալիֆային եւ կը խնդրեն թագ ուղարկել Աշոտին համար:Խալիֆան կը ստիպուի ընդունիլ կատարուած իրողութիւնը, այլապէս հզօր իշխանը կրնար ապստամբիլ եւ հակիլ դէպի Բիւզանդական կայսրութիւն: 885-ին Պաղտատէն կը հասնի արքայական թագը եւ աթոռանիստ Բագարան քաղաքին մէջ, Աշոտ հանդիսաւոր կերպով կ'օծուի Գէորգ Բ. կաթողիկոսին կողմէ, ներկայութեամբ բոլոր հայ իշխաններուն եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն, դառնալով Աշոտ Ա. Թագաւոր Հայոց: Այս իմանալով, Բիւզանդիոնի ծագումով հայ կայսրը՝ Բարսեղ Ա., որ հիմնած էր Մակեդոնական կոչուած հարստութիւնը, կը փութայ ինք եւս թագ ուղարկել Աշոտին, ապահովելու համար անոր բարեկամութիւնը:Ընդունելով այս թագը եւս, Աշոտ բարեկամական դաշինք կը կնքէ Բիւզադիոնի հետ, ցոյց տալու համար իր անկախութիւնը արաբական խալիֆայութենէն: Թագաւոր դառնալէ ետք, Աշոտի գլխաւոր նպատակը կ'ըլլայ Հայաստանը ընդարձակել, զայն հասցնելու համար Արշակունեաց շրջանի սահմաներուն:Երբեմն զէնքի ուժով, երբեմն ալ խաղաղ միջոցներով ան կը յաջողի իրեն հպատակեցնել հայ իշխանները եւ նոյնիսկ արաբ էմիրները: Յաճախ սակայն ան կը ստիպուի զէնքի դիմել՝ ճնշելու համար զանազան շրջաններու մէջ ծայր տուող ըմբոստութիւնները:Այսպէս, օրինակ, սպարապետ Աբբաս կը ճզմէ Վանանդի եւ Գուգարքի իշխաններուն ապստամբութիւնը եւ անոնց երկիրը՝ Կարս բերդաքաղաքով կը միացնէ թագաւորութեան: Աշոտ նաեւ օգնութեան կը հասնի Կովկասեան լեռնականներու յարձակումներուն թիրախ՝ վրացիներուն եւ աղուաններուն:Ատիկա պատճառ կ'ըլլայ, որ այլ իշխաններ եւս ընդունին իր վեհապետութիւնը: Ընդհանուր գիծերու մէջ, Աշոտ Ա.-ի իշխանապետութիւնը եւ ապա՝ թագաւորութիւնը Հայաստանի համար կ'ըլլան նախախնամական:Երկարատեւ աւերումներէ եւ թշուառութենէ դուրս գալով, բազմաթիւ քաղաքներ եւ գիւղեր կը վերաշինուին, մայրաքաղաք Բագարանը կը ծաղկի, երկիրը կը բարգաւաճի ու ժողովուրդը վերստին կը լծուի խաղաղ եւ շինարար աշխատանքի: Աշոտ կը մահանայ 890-ին, գահը ձգելով իր Սմբատ որդիին:

Սմբատ Ա. (890-914)

Խմբագրել

Իր գահակալութեան առաջին իսկ օրէն, Սմբատ կը բախի դժուարութիւններու:Օգտուելով անոր անփոձութենէն սպարապետ Աբբաս կ'ուզէ գահը խլել իրմէ:Իր հրամայած բանակով ան կը քալէ իր եղբօրորդիին դէմ, բայց իր կարգին դժուարութեան հանդիպելով՝ հաշտութիւն կը խնդրէ: Այս դէպքերուն ընթացքին Աբխազիոյ Ատրնեսեհ իշխանը զօրավիգ կը կանգնի Սմբատին:Հետագային հայոց թագաւորը թագով մը կը յայտնէ իր երախտագիտութիւնը Ատրներսեհին, որ այս ձեւով կը դառնայ Բագրատունի երկրորդ թագաւորը: Իր հօրը Աշոտի նման, Սմբատ կ'ուզէ զօրացնել կեդրոնական իշխանութիւնը:Ան մայրաքաղաքը Բագարանէն կը փոխադրէ Երազգաւորս եւ բանակին թիւը կը բարձրացնէ 60 հազարի: Արտաքին քաղաքականութեան մէջ եւս Սմբատ կը հետեւի իր հօրը օրինակին եւ լաւ յարաբերութիւններ կը մշակէ դրացի երկիրներուն հետ:Ան նոյնիսկ բարեկամական դաշինք կը կնքէ Բիւզանդիոնի կայսեր հետ, ինչ որ սակայն իրեն դէմ կը գրգռէ արաբները: Ամբողջացնելու համար Արշակունեաց շրջանի սահմանները, Սմբատ Ա. կը նուաճէ հարաւային Հայաստանի կարգ մը գաւառները, ապա կը պաշարէ եւ կը գրաւէ Դուինը, ուր արաբական էմիրութիւն մը հաստատուած էր: Հայաստանի հզօրացումը եւ Սմբատի հեղինակութեան աճը լաւ աչքով չէր դիտուեր Ատրպատականի էմիրին կողմէ:Նախիջեւանէն գալով, ան կը պաշարէ Դուինը:Անակնկալի եկած Սմբատ կը ստիպուի քաշուիլ եւ սպասել նախարարական զօրքերը:Երկու բանակները իրարու կը հանդիպին Արագածի ստորոտը՝ Դողս գիւղը:Չարաչար պարտուելով, ատրպատականցին կը նահանջէ եւ հաշտութիւն կը խնդրէ:Անոր այս պարտութիւնը սակայն վերջնական չ'ըլլար, մեծամեծ խոստումներով ան կը յաջողի իրեն կողմնակից դարձնել Վասպուրականի իշխանները եւ զանոնք գրգռել Սմբատի դէմ: 807-ին, հիւսիսային Միջագետքի էմիրը մեծ բանակով մը կը մտնէ հարաւային Հայաստան եւ կը գրաւէ Տարօն գաւառը:Անոր նպատակն էր տէր դառնալ ամբողջ Հայաստանին:Հայկական բանակով Սմբատ կը քալէ անոր դէմ. ճակատամարտը կ'ընթանայ հայերու յաջողութեամբ, երբ անակնկալ կերպով Արծրունիները իրենց զօրքը կը քաշեն կռիւէն:Մեծ թիւով զոհեր տալով, Սմբատ կը ստիպուի նահանջել, սակայն թշնամին, որ իր կարգին արդէն ծանր հարուած ստացած էր, չի հետապնդեր հայերը: Սմբատի այս պարտութիւնը կը քաջալերէ Ատրպատականի էմիրը, որ մտնելով Հայաստան, կը պաշտպանէ Կարսը, որուն պաշտպան Հասան Գնունի իշխանը, հերոսական դիմադրութենէ ետք, կը ստիպուի յանձնել բերդը:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Հայոց Պատմութիւն Հայաստանն ու Հայութիւնը Գ.-Ժգ. Դարերուն էջ 89 ------> 98, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, Ա. տպագրութիւն, Պէյրութ, 2009: