Հայ արհեստավարժ երաժշտական կազմաւորումը

Հայ արհեստավարժ երաժշտական կազմաւորումը,արեւելահայերու մշակութային հիմնական կեդրոններէն էին՝ Թիֆլիսը,Պաքուն,Մոսկուան,եւ Պետերսբուրգը, ուր կրթութիւն ստացան բազմաթիւ հայ երիտասարդներ՝ դաշնակահարներ, ջութակահարներ, երգիչներ, երաժշտահաննէր, երաժշտագէտներ: Արեւմտահայերու մշակութային կեդրոնը Կ.Պոլիսն էր, իսկ Հայաստանի տարածքին համեմատաբար աշխոյժ էր Շուշիի եւ Ալեքսանդրապոլի երաժշտական կեանքը:

19-րդ դարու երկրորդ կիսուն առկայ էին նախադրեալներ, որոնք նպաստեցին հայ արհեստավարժ երաժշտութեան կազմաւորման եւ զարգացման:Այդ նախադրեալներէն ամենակարեւորներէն էին. 1. Բազմաձայնութեան ներծումը հայ աշխարհիկ եւ հոգեւոր երաժշտութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ռուսական եւ արեւմտաեւրոպական երաժշտութեան նուաճումներու գործածումը: 2. Ժողովրդային, գուսանաշուղական եւ հոգեւոր միաձայն երաժշտութիւնը, որ հարուստ նիւթ մատուցեց երաժշտահաններու ստեղծագործութեան համար եւ նպաստեց հայ երաժշտական ոճի կազմաւորումին: 3. Գրականութեան բուռն զարգացումը եւ արհեստավարժ թատրոններու հիմնադրումը (Կ.Պոլսոյ մէջ՝Արեւելեան թատրոն,օթփերէթային թատրոն,Թիֆլիսի մէջ՝Գ.Սունդուկեանի եւ Գ.Չմշկեանի թատրոն), որոնք նպաստեցին հայ երաժշտութեան տարբեր սեռերու զարգացման: Հայ ազգային յօրինողական դպրոցի առաջին շրջանի ներկայացուցիչներն են. Կ. Պոլիսինը՝Տիգրան Չուխաճեանը, Թիֆլիսինը՝ Գենարիոս Ղորղանեանը, Քրիստափոր Կարա-Մուրզան եւ Մակար Եկմալեանը, Ալեքանդրապոլիինը՝ Նիկողայոս Տիգրանեանը եւ Արմէն Տիգրանեանը: Նախորդ սերունդէն ժառանգած փորձ ւ աւանդոձթներ չունենալով՝ այս երգահաններէն իւրաքանչիւրը կ'որոնէր իր առանձին ուղին արհեստավարժ ազգային երաժշտական ոճի ստեղծման համար:Զուրկ ըլլալով ամէն նիւթական,յաճախ եւ բարոյական օգնութենէ՝անոնք անձնուիրաբար կ'աշխատէին միայն իրենց անհատական նախաձեռնութեամբ ճանապարհ հարթելով գալիք սերունդներուն: 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն ձեւաւորուեցան խմբերգավին, սենեկային եւ Opera-յին կատարողական արուեստները: 80-ական թուականներէն ի յայտ եկան տաղանդաւոր հայ երաժիշտ-կատարողներ,որոնք ճանաչում գտան Ռուսիոյ եւ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ:Անոնք մեծ դերակատարութիւնը ունեցան ինչպէս հայ երաժշտութիւնը օտարներուն ծանօթացնելու,այնպէս ալ հայ ժողովուրդի գեղարուեստական դաստիարակութեան մէջ: Երաժիշտ կատարողներէն յայտնի էին Ղորղանեաններու ընտանիքը, Նաժեդա Պապայեանը, Բեգլար Ամիրջանեանը, Արշակ Կոստանեանը,Իսկուհի Այվազեանը,Արմենակ Շահմուրատեանը եւ շատ ուրիշներ: 19-20-րդ դարերու սահմանագիծին իր գործունէութեամբ հայ մշակոյթի պատմական զարգացման ճանապարհին շրջադարձային մեծ դեր ունեցաւ Կոմիտաս վարդապետը: 19-րդ դարու վերջին տասնամեակին,շնորհիւ Վասիլ Ղորղանեանի եւ ԿԿոմիտաս վարդապետի,հիմը դրուեցաւ հայ երաժշտագիտութեան: Հայ դասական երաժշտութեան սկզբունթներու հետագայ մշակման ու զարգացման համար մեծ ծառայութիւն մատուցեցին Ալեքսանտր Սպենդիարեանն ու Ռոմանոս Մելիքեանը: Ազգային օփերայի,համանուագի,սենեկային-նուագարանային,խմբերգային եւ երգային արուեստներու սկզբնաւորումը եւ զարգացումը խթանեցին Արմէն Տիգրանեանն ու Անուշաւան Տէր-Ղեւոնդեանը,Սարգիս Բարվուդարեանն ու Սպիրիտոն Մելիքեանը,Անտոն Մայիլեանն ու Գրիգոր Սիւնին:

Աղբիւրներ Խմբագրել

Երաժշտութիւն Պատմութիւն եւ Տեսութիւն, Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան,Պէյրութ 2007, էջ 134.