Ռոմանոս Մելիքեան

Ռոմանոս Յովակիմ Մելիքեան (1 Հոկտեմբեր 1883-ին, Ղզլար - 30 Մարտ 1935, Թիֆլիս, թաղուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնի մէջ[4]), հայ երգահան, երաժշտագէտ, խմբավար եւ մանկավար,

Ռոմանոս Մելիքեան
Ծնած է 19 Սեպտեմբեր (1 Հոկտեմբեր) 1883[1]
Ծննդավայր Ղզլար, Kizlyarsky Otdel, Թերեքի մարզ, Ռուսական Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 30 Մարտ 1935(1935-03-30)[2][3][1] (51 տարեկանին)
Մահուան վայր Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Մարիամեան–Յովնանեան օրիորդաց դպրոց[1]
Սեն Փեթերսպուրկի Երաժշտանոց[1]
Մասնագիտութիւն երգահան, խմբավար, հասարակական գործիչ, երաժշտութեան ուսուցիչ, դաշնակահար
Աշխատավայր Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց[1]
Ալեքսանդր Սպեդիարեանի Անուան Օփերայի Եւ Պալէթի Ազգային Ակադեմիական Թատրոն[1]

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ռոմանոս Մելիքեան ծնած է Ռուսական կայսրութեան Տաղստանի Ղզլար քաղաքին մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է այդ տեղի ծխական դպրոցին մէջ։ 1900 թուականին ստանձնած է Նոր Նախիջեւանի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ երգչախումբի ղեկավարի պաշտօնը։ Դպրոցը աւարտելէ ետք, ընդունուած է Ռոստովի երաժշտական ուսումնարանը։ Ուսումնառութեան տարիներուն հայկական ժողովրդական երգեր եւ շարականներ մշակած է երգչախումբի համար։ 1902 թուականին աւարտած է Նոր Նախիջեւանի թեմական դպրոցը, ուր անոր երաժշտութեան առաջին ուսուցիչը Գէորգ Չորեքչեանն էր (1945–1954 թուականներուն՝ Գէորգ Չ. Ամենայն հայոց կաթողիկոս): 1905 թուականին մեկնած է Մոսկուա եւ մէկ տարի անձնական դասեր ստանալէ ետք, ընդունուած է ժողովրդական երաժշտանոց։ Մոսկուայի մէջ ղեկավարած է Լազարեան ճեմարանի երգչախումբը, որուն համար մշակած է շարք մը ժողովրդական երգեր՝ «Վարդ Կօշիկս», «Արազը Հեշտացել Է», «Գնաց Գարուն» եւ այլն։ Մէկ կողմէն՝ վատառողջութիւնը, միւս կողմէն՝ նիւթական ծանր վիճակը, անոր ստիպած են կէս ձգել ուսումը եւ վերադառնալ Նոր Նախիջեւան, ապա՝ Թիֆլիս։ Աշխատած է Յովնանեան դպրոցին մէջ՝ որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ։ 1908 թուականին իր շուրջը համախմբած է դպրոցներու հետ կապուած երիտասարդ երաժիշտներուն եւ ստեղծած է «Երաժշտական Լիգա» ընկերութիւնը։ 1912 թուականին, անոր աջակցութեամբ, Ազատ Մանուկեան հրատարակած է «Փնջիկ» մանկական երգերու ժողովածուն եւ հրատարակած է «Երաժշտական Այբբենարան»ի աոաջին մասը։ Ուսանողութեան համար գրած է «Աշուն» եւ «Վարդը» երգ-ռոմանսները, «Ուռենի» զուգերգը եւ այլն։

1910-1914 թուականներուն սորված է Փեթերսպուրկի երաժշտանոցին մէջ։ Գրած է ռոմանսներ, որոնցմէ՝ «Աշնան Տողեր», «Պալլատը», «Մուրիկի Վիշտը» երգը, մշակած է վեց հայկական ժողովրդական երգ։ 1920 թուականին Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած է անոր հեղինակային անդրանիկ համերգը։ 1921 թուականին Հայաստանի կառավարութիւնը զայն հրաւիրած է Երեւան՝ երաժշտանոց հիմնելու. երաժշտանոցը 1923 թուականին հասած է իր աւարտին: 1924 թուականին մեկնած է Ստեփանակերտ` երաժշտական ուսումնարան հիմնելու, ապա՝ Թիֆլիս, ուր երկու տարի գլխաւորած է Հայաստանի երաժշտական բաժանմունքներ եւ աշխատանքներ, որմէ ետք կրկինվերադարձած է Երեւան, ուր բարեկամական յարաբերութիւններ ստեղծուած են իր եւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի միջեւ։ Մասնակցած է Սպենդիարեանի «Ալմաստ» օբերայի բեմադրութեան աշխատանքներուն եւ Երեւանի օբերայի թատրոնի հիմնադրման: Քաջալերած է Կոմիտասի երաժշտական ժառանգութիւնը Հայաստանի մէջ կեդրոնացնելու գաղափարը: 1928 թուականին յղկած ու հրատարակութեան յանձնած է «Զմրուխտ»ի երգաշարը, աւարտած է «Զառ-վառ» երգաշարը, հրատարակած երկու ժողովածու՝ «Մանկական Երգեր» եւ «Պիոներական Երգեր»ը եւ այլն։ Անոր անունը կը կրէ Երեւանի երաժշտական ուսումնարաններէն մէկը։ Մահացած է Թիֆլիսի մէջ։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել