Գրիգոր Սիւնի
Գրիգոր Սիւնի (բուն անունով՝ Գրիգոր Միրզայեան, 10 Սեպտեմբեր 1876, Գետաբեկ, Ելիզավետպոլի գավառ, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 18 Դեկտեմբեր 1939, Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվանիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), երաժշտահան եւ երաժիշտ։
Գրիգոր Սիւնի | |
---|---|
| |
Ծնած է | 10 Սեպտեմբեր 1876 |
Ծննդավայր | Գետաբեկ, Ելիզավետպոլի գավառ, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 18 Դեկտեմբեր 1939 (63 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվանիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն | Ռուսական Կայսրութիւն |
Ուսումնավայր |
Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան Սեն Փեթերսպուրկի Երաժշտանոց |
Մասնագիտութիւն | երգահան |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելՍիւնի ծնած է Գետաբեկ (Գանձակի շրջան): Եղած է աշուղ Դադասիին թոռը եւ որդին բանաստեղծ երգիչ Յովհաննէս Միրզայեանին: Սիւնիքի իշխանական տոհմի՝ Սիւնիներու հետ հեռաւոր կապի պատճառով, յետագային Սիւնի մականունը որդեգրած է: 1878-ին ընտանիքով փոխադրուած է Շուշի, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը: 1891 թուականէն իր կրթութիւնը ստացած է Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանին մէջ, եւ Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի ու Կոմիտաս Վարդապետի ազդեցութեամբ զբաղած՝ ժողովրդական երգերու հաւաքումով ու դաշնաւորումով: ուր Կարա-Մուրզայի եւ Կոմիտասի ազդեցութեամբ սկսած է ժողովրդական երգեր հաւաքել եւ դաշնաւորել։ Աւարտելէ ետք ուսումը Շուշիի մէջ կազմած է երգչախումբ եւ սկսած՝ բազմաձայն երգչախումբով ելոյթներ ունենալ։ 1895-ին աւարտելով ճեմարանը, Շուշիի մէջ երգչախումբ կազմակերպած եւ համերգ տուած՝ իր բազմաձայնած ժողովրդական երգերով:
Երաժշտական ուսումը շարունակելու համար մեկնած եւ ընդունուած է Փեթեսրպուրկի երաժշտանոց, միաժամանակ ստանձնելով տեղի հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբի ղեկավարի պաշտօնը[1]:
Երաժշտական ուսումը աւարտելէ ետք Գրիգոր Սիւնի 1905-1907 թուականներուն երաժշտութիւն դասաւանդած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին մէջ, ուր սկսած է թատերական ընկերութեան միջոցաւ բեմադրել «Արեգնազան» օփերան եւ Նաեւ գրած է «Ասլի եւ Քարամ» երգախառն թատերախաղը: Իր հետագայ ստեղծագործութիւնները գլխաւորաբար համերգային գործունէութեան նուիրուած են:
1908-էն սկսեալ, Գրիգոր Միրզայեան-Սիւնի, տեսած ու ապրած էր Ռուսիոյ յեղափոխութեան դրդապատճառը՝ բանուորութեան նիւթական թշուառութիւնը, տանջանքն ու զրկանքը եւ առնուած քայլերը վերջ տալու համար անարդար եւ անհաւասար համակարգին, խլելով դրամագլուխի հարստութիւնը փոքրամասնութեան ձեռքէն եւ յանձնել զայն բանուորներուն: Իսկ միւս կողմէ Կովկասի շրջանը, յատկապէս Պաքուի, Թիֆլիսի, Տրապիզոնի, Կարինի, Թեհրանի եւ Պոլսոյ հայահոծ այլ քաղաքներու մէջ հայ բանուորին վիճակը տարբեր չէր այլ ազգի բանուորներու վիճակէն. Ճարտարարուեստի նոր հնարքին հետ միասին անոնք եւս դատապարտուած էին շահագործման, ենթարկուած էին տանջանքի եւ զրկանքի: Ան հայաբնակ զանազան վայրերէն եւ այլ շրջաններէ կը հաւաքէ ժողովրդական երգեր, կը դաշնաւորէ զանոնք եւ երգչախմբային ելոյթներու ճամբով կ'ապրեցնէ երգերը:
Գրիգոր Սիւնի դաշնաւորած է երգեր Յովհաննէս Թումանեանի եւ Աւետիք Իսահակեանի ինչպէս՝ «Ինձ մի խնդրիր»ն ու «Ախ ալ վարդի» գոհարները:
Գրիգոր Սիւնի կատարած է գեղջական երգերու մշակումներ. օրինակ՝ «Սարերի հովին մեռնեմ», «Սարերը հովելա», «Ալագեազ» եւ այլ ստեղծագործութիւններ:
Սիմոն Վրացեան, Սիւնիի մասին հետեւեալը կ'արտայայտուի.
Երկեր
ԽմբագրելԳրիգոր Սիւնիի աշխատութիւններուն մէկ մասը հրատարակուած է առանձին հատորներով, որոնցմէ են՝
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ One Studio։ «ՀՅԴ կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը մարմնաւորող քայլերգը՝ «Մշակ, բանուոր, ռենչպէր աղբէր»-ը»։ m.yerkir.am (ամհարերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-02-25-ին։ արտագրուած է՝ 2022-02-25
- ↑ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-25
- ↑ «Armenian Songs and Music»։ Haybook. Armenian ebooks (անգլերէն)։ 2012-04-12։ արտագրուած է՝ 2022-02-25