Հրաչ Զարդարեան (15 Յունուար 1897(1897-01-15), Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 30 Նոյեմբեր 1986(1986-11-30), Ֆրանսա), հայ գրող, թարգմանիչ, խմբագիր, հասարակական-քաղաքական գործիչ։

Հրաչ Զարդարեան
Ծնած է 15 Յունուար 1897(1897-01-15)
Ծննդավայր Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 30 Նոյեմբեր 1986(1986-11-30) (89 տարեկանին)
Մահուան վայր Ֆրանսա
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ֆրանսա[1]
Ազգութիւն Հայ[2]
Ուսումնավայր Ներսիսեան դպրոց
Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան
Փարիզի համալսարանի բժշկութեան բաժանմունք
Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Սեն Լուի Լիսէ ( lycée Saint-Louis)
Մասնագիտութիւն գրագէտ, թարգմանիչ, Խմբագիր, հասարակական ակտիվիստ, ատամնաբոյժ
Ծնողներ հայր՝ Ռուբէն Զարդարեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Խարբերդ, ու տակաւին մանուկ՝ հետեւած է հօրը աստանդական կեանքին՝ Իզմիր, Մանիսա, Ֆիլիպէ, Պոլիս. ուր իբր ուսուցիչ կը պաշտօնավարէր՝ գրագէտ Ռուբէն Զարդարեանը։ Ուսումը ստացած է Կարին՝ ուր երեք տարի կը մնայ, Սանասարեանի իբրեւ գիշերօթիկ աշակերտ։ Երբ վարժարանը Սեբաստիա կը փոխադրուի, կը վերադառնայ Պոլիս, ու Կեդրոնականի մէջ կ'աշակերտի Դուրեան Սրբազանի, Մելգոն Կիւրնեանի (Հրանդ), Ինտրայի, Ռ. Զարդարեանի, Խաժակի. Շանթի եւ ուրիշներու։

Այն տարին իսկ, երբ պիտի լրացնէր Կեդրոնականի ընթացքը, տարագրութեան խռովայոյզ օրերուն, կը հարկադրուի անցնիլ Կովկաս՝ ուր յաջորդաբար կ'աշակերտի Ներսիսեան վարժարանի, Գէորգեան ճեմարանին եւ Երեւանի Թեմական դպրոցին՝ ուրկէ կը ստանայ աւարտականի իր վկայականը։ Նոյն տարին կ'անցնի Փարիզ, ուր յաջորդաբար կը հետեւի Սորպոնի գրականութեան դասընթացքներուն, քաղաքական եւ բարոյական գիտութեանց համալսարանին, եւ, վերջապէս, Բժշկական վարժարանին՝ ուրկէ Ռուբէն Զարդարեանը տարագրուլէն ու սպաննուելէն ետք, կինը զաւակներով միասին կ'անցնի Պալքաններ, անկէ՝ Հարաւային Կովկաս։ Ի վերջոյ Հրաչ Զարդարեան կը հաստատուի Փարիզ, ուր դասընթացքներու կը հետեւի Սորպոնի համալսարանին մէջ։ Որոշ մասնակցութիւն կը բերէ փարիզահայ գրական նոր շարժման։

Կը հաստատուի հարաւային Ֆրանսա, ուր կը մնայ մինչեւ կեանքին վերջը։

Գրական Վաստակ

Խմբագրել

Զարդարեանի գրական վաստակը, բացի երկու վէպերէն, գումարն է երկարաշունչ բազմաթիւ պատմուածքներու՝ որոնք ցրուած են գրական հանդէսներու եւ թերթերու մէջ, ու, նաեւ, անտիպ կարգ մը հատորներու՝ որոնք կը սպասեն հրատարակութեան։ 30-ական տարիներուն լոյս կ'ընծայէ իր առաջին վէպը եւ մամլոյ մէջ կը հրատարակէ պատմուածքներ, խորհրդածական փորձեր ու այլ գրութիւններ։

Գործերէն

Խմբագրել
  • «Մեր Կեանքը»
  • «Որբացող Մարդիկ»
  • «Ժամանակ Եւ Խորհուրդք Իւր» (1955)

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Դար Մը Գրականութիւն, Մինաս Թէօլէօլեան, Բ. հատոր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ 1977, էջ 148-150:

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. https://gallica.bnf.fr/ark:/12148/bpt6k15800848/f34
  2. Ով ով է. հայեր / խմբ. Հ. ԱյվազյանԵրևան: Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2005. — հատոր 1.