Ճինքկօ, Աշխարհի ամէնէն հին կենդանի ծառատեսակներէն մէկը[1]:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ճինքկոն աւանդական չինական բժշկութեան մէջ երկար պատմութիւն ունի: Արքայական պալատի անդամներուն ծերութեան ժամանակ Ճինքկոյի կաղիններ կու տային: Ճինքկոյի այլ պատմական կիրարկումներ եղած են ազմայի, թոքատապի, երիկամներու եւ միզապարկի խանգարումներու պարագային:

Այսօր ճինքկոյի տերեւներէն արտահանուած քաղուածքը տարածուած է իբրեւ սննդային յաւելում բազմաթիւ պարագաներու համար, որոնց կարգին` մտահոգութիւնը, գերզգայնութիւնը, չորացումը (ուղեղի), աչքի հետ կապուած խնդիրները, ծայրամասային (peripheral) զարկերակներու հիւանդութիւնը (երբ լերդացումներու կուտակումը կը նեղացնէ արիւնատար անօթները, որոնք արիւնը կը տանին դէպի գլուխ, օրկաններ եւ վերջոյթներ (limbs), ականջներու զրնգոցը եւ այլ առողջական հարցեր[2]:

Հետազօտութիւններ

Խմբագրել

Ճինքկօ օգտագործող մարդոց առողջութեան վրայ հնարաւոր ազդեցութիւններու եւ վտանգներու վերաբերեալ բազմաթիւ հետազօտութիւններ կատարուած են:

  • Ոչ մէկ վերջնական ապացոյց կայ, որ ճինքկոն օգտակար է որեւէ առողջական վիճակի համար: Թէեւ որոշ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ ճինքկոն կրնայ օգնել թեթեւակիօրէն բարելաւելու չորացումի որոշ ախտանիշներ, սակայն բացայայտումները այդ մէկը բնորոշած են որպէս «անվստահելի»: Նաեւ այլ ուսումնասիրութիւններ հակասական բացայայտումներ ունեցած են: Ճինքկոն ո՛չ կ'օգնէ չորացումը կամ ճանաչողական անկումը կանխելու, ո՛չ ալ կը կանխէ Ալցհայմըրի հետ կապուած չորացումի վատթարացումը. այս մէկը, ըստ այն հետազօտութիւններուն, որոնք ներառած են Ճինքկոյի յիշողութեան վրայ երկարաժամկէտ գնահատման ուսումնասիրութիւնը, որ ընդգրկած է աւելի քան 3000 տարեց մեծահասակներ:
  • Առողջական տարբեր պարագաներու, փոքր քանակութեամբ ապացոյցներ ցոյց տուած են ճինքկօ սպառելու օգուտը, բայց ընդհանուր ապացոյցները վերջնական չեն: Այս պարագաներէն են` մտահոգութիւնը, շաքարախտային, ցանցաթաղանթի վնասուածքը (Diabetic retinopathy), խաժախտը (galucoma), նախադաշտանային համախտանիշը (PMS), հոգեհերձուածութիւնը (շիզոֆրենիա) եւ գլխապտոյտը:
  • Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ ճինքկոն չ'օգներ առողջ մարդոց յիշողութիւնը, արեան գերճշումը, ականջներու զրնգոցը, եղանակային յուզման խանգարումները կամ սիրտի կաթուածի ախտանիշները բարելաւելու:
  • 2013-ի հետազօտական ուսումնասիրութեան ընթացքին մուկերու եւ առնետներու տրուած է ճինքկոյի տերեւներու քաղածոյ եւ 2-ամեայ քննութիւններու աւարտին լեարդի եւ վահանաձեւ գեղձի քաղցկեղի զարգացման մեծ վտանգ յայտնուած է անոնց մօտ: Սակայն յստակ չէ եթէ այս արդիւնքները կը վերաբերին նաեւ մարդոց:

Կողմնակի Ազդեցութիւններ

Խմբագրել

Մարդոց մեծամասնութեան համար ճինքկոյի տերեւի քաղածոն անվտանգ կը թուի, երբ ան կ'ընդունուի բերնի միջոցով` չափաւոր քանակութեամբ:

Ճինքկոյի կողմնակի ազդեցութիւնները կրնան ներառել`

  • գլխացաւ,
  • ստամոքսի խանգարում,
  • գլխապտոյտ,
  • սիրտխառնուք,
  • պնդութիւն եւ մորթի գերզգայնութեան հակազդեցութիւններ:
  • Եթէ հիւանդը արիւնահոսութեան զգալի վտանգ ունի, պէտք է զգուշ ըլլալ ճինքկոյէն, որ հաւանաբար կրնայ մեծցնել արիւնահոսութեան վտանգը:
  • Ճինքկոն կրնայ փոխազդել որոշ սովորական դեղերու հետ միասին, որոնցմէ են արեան լերդացումը թեթեւցնող դեղերը (anticoagulants):
  • Ճինքկոն բերնի ճամբով սպառելը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ յղութեան ընթացքին: Ան կրնայ յառաջացնել կանուխ ծննդաբերութիւն կամ աւելորդ արիւնահոսութիւն ծննդաբերութեան ընթացքին, եթէ ան օգտագործուի երկունքի ժամանակին մօտ:
  • Կուրծքով կերակրած ատեն, երեխաներու համար ճինքկոյի անվտանգութեան մասին փաստերը քիչ են:
  • Ճինքկոյի թարմ (հում) կաղինները եւ ճինքկոյի չմշակուած տերեւները կրնան վտանգաւոր քանակութեամբ թունաւոր նիւթ պարունակել:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել