Միհրան Թովմասի Թումաճան


Միհրան Թովմասի Թումաճան (21 Հոկտեմբեր 1890,Կիւրին,-28 Հոկտեմբեր 1973 Երեւան), հայ երաժիշտ, ազգագրագէտ։

Միհրան Թ. Թումաճան
Պատկեր:450px-T Mihran.jpg
Ծնած է 21 Հոկտեմբեր, 1890
Ծննդավայր Կիւրին, Սեբաստիա
Մահացած է 28 Հոկտեմբեր, 1973
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Պոլսոյ Համալսարան[1]
Մասնագիտութիւն երաժիշտ, ազգագրագէտ
Աշխատավայր Գուսան[1][2]
Հ․Հ․ ԳԱԱ Արուեստի համալսարան[2]

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Միհրան Թովմասի Թումաճան ծնած է 21 Հոկտեմբեր 1890-ին, Կիւրինի մէջ։ 1895-ին կը փոխադրուի Սեբաստիա, ուր նաեւ կը ստանայ իր միջնակարգ ուսումը: 1909-ին, իր ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Կ.Պոլիս, ուր եւ իր ուսումը կը շարունակէ տեղւոյն համալսարանի Իրաւաբանական դպրոցին մէջ, զոր կ՛աւարտէ 1913-ին:

1910-էն սկսեալ Մ. Թումաճան կը հետեւի Կ.Պոլսոյ մէջ Կոմիտասի կազմակերպած երաժշտագիտական դասընթացքին: 1920-ին, Կոմիտասի միւս աշակերտներուն հետ, կ՛անցնի Փարիզ, խորացնելու համար երաժշտական իր ուսումը:

երաժշտական ազգագրական բնագաւար Խմբագրել

1923-ին ան կը փոխադրուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր «Հայ երգ-Երաժշտական Միութիւն » անունով կը կազմակերպէ երգչախումբեր ու համերգներ, միաժամանակ շարունակելով իր ուսուցիչին՝ Կոմիտասի գործը երաժշտական ազգագրական բնագաւարին մէջ:

Տարիներու ընթացքին ան կը յաջողի հաւաքել արեւմտահայ ժողովրդական բազմաթիւ երգեր, ստեղծելով հարուստ հաւաքածոյ մը, գիտական եւ գեղարուեստական բարձր արժէքով:

Հայրենադարձութիւնը Խմբագրել

Հեռաւոր Ամերիկայի անկիւն մը անյայտութեան մեջ ծուարած եւ տարագիր մարդու շատ դառնութիւններ կրելէն յետոյ 1965 թուականին Միհրան Թումաճանը վերադարձաւ հայրենիք եւ հաստատուեցաւ Հայաստան: Այստեղ աշխատանքի անցաւ ՀՀ ԳԱԱ Արուեստի հիմնարկի մէջ եւ հնարաւորութիւն ունեցաւ մաս-մաս տպագրութեան պատրաստելու բազմամեայ աշխատանքի շնորհիւ ստեղծուած արժէքաւոր ժողովածուն: Նեղ շրջանակի մէջ տեղի կ'ունենայ իր այդ նիւթերու հրապարակման գործնական հարցերուն նուիրուած խորհրդակցութիւն, եւ երբ Հնագիտութեան ու ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող բանագէտ Արտաշես Նազինեանը կ'առաջարկէ ժողովածուն անուանել «Հայրենի երգ ու բան», Թումաճանը մանուկի պէս կը հրճուի՝ մեծ ոգեւորութեամբ կ'ընդունէ առաջարկը: Որմէ ետք ան եռանդով կը լծուի նիւթերը տպագրութեան պատրաստելու գործին՝ ատոնց տրամադրելով իր աշխատանքային բոլոր կարողութիւնները, որոնք, ցաւօք, արդէն շատ չէին: Թումաճանը արդէն համարեայ բոլորած էր իր ութերորդ տասնամեակը: Անոր առողջական վիճակի շարունակական վատացման եւ ֆիզիքական ուժերու աստիճանական սպառման հետեւանքով, նոյնիսկ օգնականներու առկայութեան պայմաններու մէջ, գործը դանդաղ առաջ կ'երթար: Այնուամենայնիւ առաջին հատորը լոյս տեսավժւ անոր կենդանութեան օրոք՝ 1972 թուականին [3]: Թումաճանը բառացիօրէն երջանկացած էր. «Ես հասկցայ, որ իմ աշխատանքներու գնահատողներն այստեղ են», յաճախ յուզուելով կ'ըսէր ան: Եթէ առաջին հատորի աշխատանքը տարիներ տեւեց, ապա երկրորդ հատորը մնաց գրեթէ սեւագիր վիճակի մէջ։ Թումաճանը մահացա1973 թուականի Հոկտեմբերի 28-ին Երևանի մէջ:

Հրատարակութիւններ Խմբագրել

1966-ին Միհրան Թումաճան կը հրաւիրուի Հայաստան, որպէս Ս.Ս.Հ. Գիտական Ակադեմիայի Արուեստի Հիմնարկի գիտական աշխատակից, ու կը նուիրուի իր հաւաքածոյի գիտական հրատարակութեան աշխատանքին, որուն առաջին հատորը լոյս կը տեսնէ Երեւանի մէջ, 1972-ին, ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԳ ու ԲԱՆ խորագրով [4]:

Ան հրատարակութեան կը պատրաստէ նաեւ նոյն աշխատութեան երկրորդ հատորը, սակայն մահը կը զրկէ զինք յաջորդ հատորները պատրաստելու հնարաւորութէնէն:

Միհրան Թովմասի Թումաճան կը մահանայ 28 Հոկտեմբեր, 1973, Երեւան:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հատոր ԻԴ., Պէյրութ, 1973, էջ 353