Մկրտիչ Ներսիսեան

Մկրտիչ Գեղամի Ներսիսեան (25 Նոյեմբեր 1910 (Աշտարակի շրջանի Փարպի Գիւղ) - 29 Յունուար 1999), ակադեմիկոս:

Մկրտիչ Ներսիսեան
Ծնած է 25 Նոյեմբեր 1910
Ծննդավայր Աշտարակի շրջանի Փարպի գիւղը
Մահացած է 29 Յունուար 1999
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստան
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Մասնագիտութիւն Պատմաբան,խմբագիր եւ Ռեկտոր
Վարած պաշտօններ ԽՍՀՄ գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր եւ ռեկտոր?
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Միջնակարգ կրթութիւնն ստացած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան դպրոցին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1927-ին: 1913-ին աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմագրական Ֆակուլտէտի պատմութեան բաժինը, իսկ 1933-ին՝ նոյն համալսարանի ասպիրանտուրան:

1939-ին պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն՝ «Նարոդնիկական Խմբակները Անդրկովկասի մէջ 1870-1880 թուականներուն»: Սա Անդրկովկասի Նարոդնիկական խմբակներու գործունէութեան անդրադառնալու առաջին փորձն էր խորհրդահայ պատմագրութեան մէջ եւ առանձին հատորով լոյս տեսաւ 1940-ին: Մինչ այդ ՝ 1930-1937-ին Ներսիսեան աշխատած է Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութեան (ՀԿԿ) Կեդրոնական Կոմիտէին (կենտկոմ) կից կուսակցութեան պատմութեան ինստիտուտի, ապա՝ Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու Ակադեմիայի հայկական մասնաճիւղի պատմութեան եւ նիւթական կուլտուրայի Ինստիտուտին մէջ, 1940-ին դարձած վերջինիս տնօրէնը: 1941-1943-ին, իբրեւ կամաւոր, մասնակցած է Խորհրդային Միութեան Հայրենական Մեծ պատերազմին: Երեւանի վերադառնալով՝ 1943-1944-ին եղած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան Ֆակուլտէտի դեկանը, 1944-1946-ին՝ Խորհրդային Հայաստանի նորաստեղծ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատմութեան Ինստիտուտի տնօրէնի պաշտօնակատարը, 1946-1950-ին՝ ՀԿԿ Կենտկոմին առընթեր Մարքսիզմ-Լենինիզմի Ինստիտուտի հայկական մասնաճիւղի փոխ-տնօրէնը: Այդ ընթացքին՝ 1946-ին, պաշտպանած է դոկտորական ատենախօսութիւն, յաջորդ տարի՝ ստացած պրոֆեսորի կոչում: Ներսիսեանի դոկտորական ատենախօսութիւնը՝ «Հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը թրքական բռնապետութեան դէմ, 1850-1877 թուականներուն», առաջինն էր խորհրդահայ պատմագրութեան մէջ, որ կ'անդրադառնար արեւմտահայութեան ազատագրական շարժման: Այս ատենախօսութիւնը առանձին գիրքով լոյս տեսաւ, սակայն, միայն՝ 1955-ին՝ այն ալ՝ որոշ կրճատումներով՝ 1940ականներու վերջին սկիզբ առած եւ մինչեւ Ստալինի մահը (1953) շարունակուած գաղափարախօսական սեղմումներու հետեւանքով յառաջացած լուրջ դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք: Ներսիսեան 1944-1946-ին միաժամանակ խմբագրած է գիտութիւններու Ակադեմիայի հասարակական գիտութիւններու Տեղեկագիրը: 1950-ին ընտրուած է խորհրդային Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի ակադեմիկոս եւ մինչեւ 1962 վարած է սոյն կաճառի փոխ-նախագահի, իսկ 1962-1966-ին՝ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղարի եւ խմբագրական հրատարակչական խորհուրդի նախագահի պաշտօնները: Իր նախաձեռնութեամբ, 1958-ին, հիմնադրուեցաւ Ակադեմիայի Պատմա-բանասիրական Հանդէս եռամսեան, որուն անփոփոխ խմբագիրը մնաց մինչեւ իր մահը: 1966-1977-ին Ներսիսեան ստանձնած է Երեւանի Համալսարանի ռեկտորի պաշտօնը: Այդ շրջանին է որ հիմնուած են Համալսարանի քառամսեան: 1977-ին Ներսիսեան աշխատանքի վերադարձած է գիտութիւններու Ակադեմիա եւ մինչեւ իր կեանքի վերջը մնացած պատմութեան Ինստիտուտի Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններու բաժնի վարիչը:

Միաժամանակ, 1931-1968-ին ան ունեցած է մանկավարժական ու դասախօսական բեղուն գործունէութիւն՝ Երեւանի Բանուորական Ֆակուլտէտի, կոմունիստական Համալսարանի, Խաչատուր Աբովեանի Անուան Հայկական եւ Վալերի Բրիւսովի անուան Ռուսաց եւ օտար Լեզուներու Մանկավարժական ինստիտուտներուն, ինչպէս նաեւ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ։ Մասնակցած է հայոց պատմութեան դպրոցական միքանի դասագիրքերու պատրաստման:

Ներսիսեան գիտական աշատութիւններ հրատարակել սկսած է դեռեւս իր ուսանողական տարիներէն: 1930ականներուն լոյս տեսած է իր մէծ ու փոքր աշխատութիւնները կը վերաբերին Ստեփան Շահումեանին, 1918 թուականի Պաքուի կոմունային, 1918-20ականներու Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական ու քաղաքական դրութեան: Այս աշխատութիւններուն մէջ բնականաբար նկատելի է ժամանակի գաղափարախօսականացած, մարտնչող ոգին, եւ իր կեանքի յետագայ տարիներուն հեղինակը շատ քիչ անդրադարձած է անոնց: Այդուհանդերձ, այս երկասիրութեանց մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի Կարօ Ղազարեանի եւ Վարդան Պարսամեանի համագործակցութեամբ լոյս տեսած առաջին մասսայական յեղափոխական շարժումները հայաստանի մէջ փաստաթուղթերու ծաւալուն ժողովածուն (1932): Իսկ իր հեղինակած Նոյեմբերեան յեղափոխութիւնը Հայաստանի մէջ (1935) գրքոյկին համար, յայտնապէս 1936-ին Հայաստանի համայնավար ղեկավար Աղասի Խանճեանի ողբերգական մահէն ետք, Ներսիսեան ենթարկուեցաւ լուրջ քննադատութեան՝ Խանճեանի հակառակորդներուն կողմէ, որու հետեւանքով ալ միառժամանակ հեռացուեցաւ իր աշխատանքէն ու Համայնավար կուսակցութեան շարքերէն:

Ներսիսեան աւելի ուշ շրջանի հիմնարար աշխատութիւնները կ'առընչուին հայ-ռուսական ռազմաքաղաքական ու մշակութային յարաբերութիւններուն, հայ ազատագրական շարժումներու պատմութեան: Բացի կենսագրական բաժնին մէջ յիշատակուած գործերէն, առանձին հատորներով լոյս տեսած են նաեւ Ներսիսեան Ա.Վ. Սուվորովը եւ ռուս-հայկական յարաբերութիւնները, 1770-1790ական թուականներուն (1944, ռուսերէն ընդարձակ տարբերակը՝ 1981-ին) Դեկաբրիստները Հայաստանի մէջ (1958, ռուսերէն թարգմանութիւնը՝ 1975-ին), 1812 թուականի Հայրենական Պատերազմի եւ կովկասի ժողովուրդները (ռուսերէն, 1965), մենագրութիւնները, Ռուս-Հայկական յարաբերութիւններու պատմութենէ (երկու հատորով, ռուսերէն, 1956-1961), հայ ժողովուրդի նոր պատմութեան էջերէն (1982) եւ պատմութեան կեղծարաները (1998) յօդուածներու ժողովածուները: 1966-ին Ռուբէն Սահակեանի հատ կազմած է եւ անձամբ խմբագրած հայերի ցեղասպանութիւնը օսմանեան կայսրութեան մէջ փաստաթուղթերու եւ նիւթերու ռուսերէն ժողովածուն, լրացուած հրատարակութիւնը լոյս տեսաւ 1982-ին, իսկ հայերէն թարգմանութիւնը (ուր նոյնպէս աւելցուած են շարք մը նիւթեր)՝ 1991-ին: Կարեւոր է նաեւ Ներսիսեանի կազմած Հայ-Ռուսական յարաբերութիւնները, 1760-1800 թուականներուն, փաստաթուղթերու ժողովածուն (1990): Ներսիսեան մասնակցած է շարք մը ընդհանրացնող խմբային աշխատութիւններու պատրաստման, խմբագրած Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը հնագոյն ժամանակներից մինչեւ մեր օրերը (1972) մէկհատորեակը, որ յետագային լոյս տեսաւ նաեւ ռուսերէն: Եղած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանի խմբագրական խորհուրդի անդամ:

1938-ին Ներսիսեան անդամակցած է Խորհրդային Միութեան կոմունիստական կուսակցութեան, քանիցս ընտրուած ՀԿԿ համագումարներու պատգամաւոր, կենտկոմի եւ Երեւանի քաղաքային կուսակցական կոմիտէի անդամ: Միաժամանակ, ան ընտրուած է խորհրդային Հայաստանի (1951-1955) եւ խորհրդային Միութեան (1966-1979) Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր: Խորհրդային կառավարութիւնը զինք պարգեւատրած է Լենինի, Աշխատանքային Կարմիր Դրօշի եւ ժողովուրդներու բարեկամութեան, իսկ անկախ Հայաստանի կառավարութիւնը՝ Մովսէս Խորենացիի, մինչ Պուլկարիան՝ Կէորկի Տիմիթրովի շքանշաններով: 1961-ին Ներսիսեան շնորհուած է նաեւ խորհրդային Հայաստանի Գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչում:

Մկրտիչ Ներսիսեան մահացաւ 29 Յունուար 1999-ին:

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս,Պէյրութ 1999,հատոր ԺԹ,Էջ (443-444-445)